Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վենետիկի Հայ Մշակոյթի Ուսումնասիրութեան Եւ Վաւերագրումի Կեդրոնի Բազմահազար Լուսանկարներու Արխիւի Մասնագիտական Աշխատանոց

Դեկտեմբեր 24, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ընթացիկ տարուան 24-29 նոյեմբերին տեղի ունեցաւ Վենետիկի Հայ մշակոյթի ուսումնասիրութեան եւ վաւերագրումի կեդրոնի (CSDCA) կողմէ կազմակերպուած մասնագիտական աշխատանոց մը, յատկացուած` լուսանկարչական արխիւներու պահպանումի, ցուցակագրումի եւ արժեւորումի խնդիրներուն: Ամբողջ շաբթուան մը տեւողութիւնը ունեցող խտացեալ այս աշխատանոցը տեղի ունեցաւ նոյնինքն կեդրոնի տարածքէն ներս, եւ հայ ու տարածաշրջանի պատմամշակութային կոթողներու բազմահազար լուսանկարներու ու չափագրութեանց նիւթերուն վրայ:

Աշխատանոցին մասնակցեցան Երեւանի պետական համալսարանի արուեստի պատմութեան կաճառէն չորս ուսանողներ (Լիլիթ Տատոյեան, Արամ Յարութիւնեան, Դիանա Ղազարեան եւ Մարինէ Աբրահամեան), ընտրուած` արուեստաբան փրոֆ. Սաթենիկ Չուքասզեանի կողմէ: Ուսանողները առիթը ունեցան հետեւելու եւ հաղորդակցելու Իտալիոյ կարեւորագոյն մասնագէտներէն տոքթ. Մարկերիթա Նայիմի (արուեստի պատմութեան Եւրոպայի եւ աշխարհի մեծագոյն լուսանկարչական արխիւներէն` Kunsthistorisches Institut in Florenz | Max-Planck Institut), տոքթ. Պարպարա Քաթթանէօ (Իտալիոյ մշակոյթի նախարարութեան պահպանումի ու վերանորոգումի կարեւորագոյն հաստատութիւն` Ֆիրենցէ քաղաքի Opificio delle Pietre Dure), տոքթ. Մոնիքա Փասսանելլօ (Իտալիոյ մշակոյթի մեծագոյն հիմնարկութիւններէն եւ  լուսանկարչական հսկայական արխիւ ունեցող, Վենետիկի Fondazione Giorgio Cini հիմնարկութիւնը), մասնայատուկ բնաբաններու շուրջ, ինչպէս լուսանկարչական արհեստագիտական մեթոտներուն եւ ճանաչումին, լուսանկարչական նիւթերու պահպանումի կարեւոր կիրարկումներուն եւ լուսանկարչական արխիւի ցուցակագրումի ռազմավարութեանց:

Սոյն աշխատանոցը առաջին փուլն է «To Armenia and Back Through Photos: the CSDCA Collection as a Bridge Between Venice and Yerevan» ծրագիրին, որուն հովանաւորն է «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան Հայկական բաժանմունքը, մասնագիտական ու բարոյական նեցուկը վայելելով նաեւ Giorgio Cini հիմնարկութեան արուեստի պատմութեան բաժանմունքին ու Երեւանի պետական համալսարանին:

Ծրագիրը, որուն համադրողներն են կեդրոնի աշխատակիցներ, միջնադարու արուեստաբան տոքթ. Փէատրիչէ Սպամպինաթօ եւ միջնադարու ճարտարապետութեան մասնագէտ տոքթ. Ֆրանչեսքա Պենոնի, կը միտի արժեւորել Հայ մշակոյթի ուսումնասիրութեան եւ վաւերագրումի կեդրոնի լուսանկարչական հարուստ արխիւը, կազմուած` անցեալ դարու վաթսունականներէն մինչեւ ինիսունականները երկարող քանի մը տասնեակ հետազօտական գիտարշաւներու ընթացքին, ուսումնասիրելու եւ վաւերագրելու Հայաստանի, Վրաստանի, Պարսկաստանի ու պատմական Հայաստանի տարածքին վրայ գտնուող պատմամշակութային ժառանգութեան կոթողները:

Ուսումնական-մասնագիտական կազմաւորումի այս առաջին շաբաթը եւ 2025-ի յունուար-յունիս ամիսներու վարժեցումի շրջանը ուսանողներու մասնագիտացումին եւ կեդրոնի լուսանկարչական արխիւի արժեւորումին բացառիկ հնարաւորութիւն մը կ՛ընծայէ:

Անշահախնդիր այս կառոյցին` Վենետիկի Հայ մշակոյթի ուսումնասիրութեան եւ վաւերագրումի կեդրոնի ռազմավարութիւնն է` զանազան ծրագիրներով կարելի եղածին չափ արագ եւ առցանց մատչելի դարձնել լուսանկարչական, երաժշտական ու վաւերագրական եզակի եւ հարուստ արխիւները, որոնց համար հարկաւոր են նաեւ կարեւոր նպաստներ եւ նուիրատուութիւններ:

Դիւան` Վենետիկի Հայ մշակոյթի ուսումնասիրութեան
եւ վաւերագրումի կեդրոնի

Վենետիկ, դեկտեմբեր 2024

 

Նախորդը

Ակնարկ. Ուաշինկթընի Փուլային Նախապայմանները

Յաջորդը

Ոչ Թէ Աքտամար, Այլ` Աղթամար

RelatedPosts

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը
Անդրադարձ

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը

Օգոստոս 19, 2025
Նոր Գիրքերու Հետ.  ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի`  Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927  (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)
Անդրադարձ

Նոր Գիրքերու Հետ. ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի` Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927 (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)

Օգոստոս 19, 2025
Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր
Անդրադարձ

Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր

Օգոստոս 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?