Յօդուածներ

Անդրադարձ.  Քիչ Մը Գիտութիւն՝ «Անհրաժեշտ Բայց Ոչ Բաւարար»-ի եւ «Ներազդող»-ի Մասին, Որ Հաւանաբար Կը Լուսաբանէ Հայաստանի Ներկայ Իրավիճակը

Եթէ Ամերիկայի Նախագահը` Քանատան, Փանաման, Կրինլենտը Կամ Կազան Ամերիկայի Սեփականութիւնն Է Ըսէ, Այդպէ՞ս Կը Ճանչցուի… Այնպէս` Ինչպէս Եթէ Փաշինեան Մը «Արցախը Հայաստան Է Եւ Վերջ» Ըսելէն Ետք «Արցախը Ազրպէյճանի Մաս Է» Ըսելով` Այդպէ՞ս Կը Ճանչցուի…

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ «Լեռնային Ղարաբաղի իրաւական կոչումը»: Անկախ պետութեան մը որեւէ տարածքի պատկանելութիւնը, կը սահմանուի իրաւատիրական տիտղոսով, որ հաստատուած է միջազգային իրաւաբանական վաւերագիրով (1): Այսպէս կը բացատրէ իրաւաբան, պատմաբան եւ դիւանագէտ Արա Պապեան, որուն 3 հոկտեմբեր 2020-ի անգլերէն յօդուածը ամբողջութեամբ կը թարգմանեմ ստորեւ. 24 Փետրուար 1920-ին Լոնտոնի մէջ Ազգերու լիկայի քարտիսագրութեան յանձնաժողովին առաջարկած Հայաստանի քարտէսը: Թէեւ քարտէսին բացատրութիւնը տրուած է վերը...

Հայ Եկեղեցւոյ Տօներ.  Տօն Ատոմեանց Զօրավարաց

Հայ Եկեղեցւոյ Տօներ. Տօն Ատոմեանց Զօրավարաց

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Հայ եկեղեցին Սուրբ Սարգիս զօրավարի տօնէն ետք եւ Սրբոց Վարդանանց տօնէն առաջ, Բուն Բարեկենդանը կանխող երկրորդ շաբթուան երկուշաբթի օրը կը տօնէ ազգային ինքնութեան եւ քրիստոնէական հաւատքի համար հայրենի հողին վրայ նահատակուած Սրբոց Ատոմեանց զօրավարաց յիշատակը: Ատոմ Գնունի եւ Մանաճիհր Ռշտունի պարսից Յազկերտ Բ. արքայից արքայի կարգադրութեամբ իրենց գունդերով Պարսկաստանի հեռաւոր սահմանները երթալու հրաման ստացան: Արքայից արքային նպատակն էր...

Ազատէ՛ Դուն Քեզ Բոլորին Խրատներէն

Գի՞րք Ենք, Թէ՞ Մարդ

ԳՐԻԳՈՐ ԱՐՔ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ Գիրքի ընթերցանութիւնը, յատկապէս` տպագրուած թուղթերու վրայ, ներկայ աշխարհին մէջ տկարացած երեւոյթ մըն է: Համակարգիչներէն ետք, պաստառաւոր հեռաձայններուն ընձեռած յարմարութիւնները, մամուլէն սկսեալ` նոր նիւթերու մասին զանազան տեղեկութիւններ, մնայուն հետաքրքրութեան շրջագիծին մէջ կը պահեն մարդը, որ իր աչքերը եւ մատները միշտ կը ծառայեցնէ հեռաձայնի փոքրածաւալ պաստառին վրայ երթեւեկելու եւ պրպտումներ կատարելու գործին: Աշխարհի նորութիւնները անտեսել անկարելի է: Անցնող տասնամեակի...

Նախագահ Քուլիճին Նուիրուած Ղազիրի Գորգին   Նմանօրինակը Քալիֆորնիոյ  Մէջ

Հայոց Ցեղասպանութենէն Վերապրած Հայ Բժիշկներ, Ատամնաբուժներ Եւ Դեղագործներ

2018-ին հրատարակեցինք «Հայ բժիշկներուն, ատամնաբուժներուն եւ դեղագործներուն ոդիսականը Հայոց ցեղասպանութեան ընթացքին» հատորը: Երկարաշունչ ուսումնասիրութիւն մը կատարեցինք այս հատորի պատրաստութեան համար: Ուսումնասիրութենէն ի յայտ եկան հետեւեալ իրողութիւնները: Հայ բժիշկները, ատամնաբուժները եւ դեղագործները` իբրեւ հայ ժողովուրդի զաւակներուն ընտրանիին մաս կազմող փաղանգ մը, անմասն չեն մնացած Հայոց ցեղասպանութենէն: Ա՛յն ցեղասպանութենէն, որ ծրագրուեցաւ, որոշուեցաւ եւ կազմակերպուեցաւ թուրք ազգայնամոլ քաղաքական եւ զինուորական ղեկավարներու կողմէ, գործադրուեցաւ...

Խաչիկ Թէօլէօլեան Եւ Սփիւռքագիտութիւնը (ԺԵ.)

Խաչիկ Թէօլէօլեան Եւ Սփիւռքագիտութիւնը (ԺԵ.)

ԳԱՌՆԻԿ ԱՒ. Ք. Գ. ԺԱ.- Մշակոյթի Առնչաբար Ու Մասին II.- Ի՞նչ սահմանում մշակոյթի: Նախ` ի՞նչ է «սփիւռքահայ իրականութեան մէջ» հայ թերթի եւ հայ «քաղքենի մտաւորական»-ի հասկացողութիւնը: Թէօլէօլեան դիտել տուած է, թէ անոնք երբ մշակոյթ բառը կը գործածեն, «սովորաբար կ’ուզեն հասկցնել` գրականութիւնը, երաժշտութիւնը, նկարչութիւնը, թատրոնը եւ գուցէ  քանի մը ուրիշ «կրտսեր» արուեստներ (օրինակ` դասական պարը)»: Այս սահմանումը, ուրեմն, կը հետեւի այն...

Ընտրապայքարի Լուսանցքին Վրայ.  Ներազգային Անհանդուրժողութեան Եւ Պառակտումներու Հանդիսատեսի Ազատ Խոհեր

Վերականգնումի, Իրաւունքի Եւ Միացման Մասին

Յ. ՊԱԼԵԱՆ Հայաստան եւ բազմանուն գերաճող սփիւռք(ներ), ամէն օր քիչ մը աւելի կը շեշտուին որպէս ազգային բնութագրուող հարազատութեան տեսանկիւնէ դիտուած անբովանդակ տարակարծութիւնները, կը համարուին քաղաքականութիւն եւ հայրենասիրութիւն: Կարծիքի ազատութիւնը խոպան է, ուր կ’աճին  անորակ արտայայտութիւններ, փուշ ու տատասկ: Հայերու զիրար հակասող կարծիքներուն  բաց ասպարէզ են կարգ մը լրատուամիջոցներ, ուր դառնութիւններու եւ «տիրոջ ձայնը» կրկնող աղմուկ կայ: Կարծիքի ազատութեան այլասերման ականջալուր...

Տխուր Էր Յարութեան Տօնը…

Նոր Սիսը Երէկ Եւ Այսօր (Նոր Սիսի Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ 75-Ամեակին Առիթով)

Վ. ԱՒԱԳԵԱՆ  Վերիվայրումները Կազմաւորման եւ ինքնահաստատման խանդավառութիւնը երկար չի տեւեր. Նոր Սիսն ալ կ’ազդուի ներգաղթի ներազգային ցնցումէն, երբ 1946-1947 տարիներուն որոշ թիւով պուրճհամուտցիներու կարգին սիսեցիներ եւս հայրենակարօտ զգացումներով կը մեկնին Հայաստան եւ իրենց հողերը կը վաճառեն հարաւային Լիբանանէն ու Պեքայէն եկած շիիներու: Կը սկսի ստուարանալ Պուրճ Համուտի եւ յատկապէս Նոր Սիս-Նապաայի շիի բնակչութիւնը, որ հինէն արմատներ ունէր արդէն շրջանին մէջ:...

Հայ Եկեղեցւոյ Տօներ.  Արագահաս Եւ Բարեխօս Սուրբ Սարգիս

Հայ Եկեղեցւոյ Տօներ. Արագահաս Եւ Բարեխօս Սուրբ Սարգիս

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Սուրբ Սարգիսը հայ ժողովուրդին ամէնէն սիրած սուրբերէն է, որ իր որդի Մարտիրոսին եւ տասնչորս մարտիկներուն հետ նահատակուեցաւ յանուն քրիստոնէական հաւատքի: Սուրբ Սարգիս Դ. դարուն ապրած յոյն զօրավար է, ծառայած է յանուն հռոմէական բանակին մէջ, պայքարած է յանուն քրիստոնէութեան, եկեղեցիներ կառուցած է, օգնած է կարիքաւորներուն եւ նահատակուած: Սուրբ Յովհան Մանդակուի հայրապետ իր խմբագրած տօնացոյցին մէջ Սուրբ Սարգիսի տօնը սահմանած...

Երբ Կանգուն Է Աւանդութիւնը, Կենդանի Է Հաւաքականութիւնը.  (Նոր Սիսի Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ Քարաշէն Հիմնադրութեան 75-Ամեակ)

Երբ Կանգուն Է Աւանդութիւնը, Կենդանի Է Հաւաքականութիւնը. (Նոր Սիսի Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ Քարաշէն Հիմնադրութեան 75-Ամեակ)

ԱՐԱԶ ԳՈՃԱՅԵԱՆ Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ հիմնօրհնէք Ցեղասպանութենէն վերապրած մեր մեծ հայրերը Լիբանանի մէջ հայոց համայնքաշինութիւնը իրագործած են համայնքը կոթողելով երեք հիմնական սիւներու վրայ` եկեղեցի, դպրոց, ակումբ: Մէկ կողմէ այս եռասիւնը կը փաթթուի մեր շուրջ` պաշտպանելու համար մեզ այլասերման ժանիքներէն, իսկ միւս կողմէ` մենք կը պլլուինք անոնց շուրջ` ապահովելու համար անոնց յարատեւութիւնը: Մէկս միւսով կը մնանք մեր արմատներուն կառչած: Այսպէս եւս...

Ս. Սարգիս Քարաշէն Եկեղեցւոյ Օծման 75-Ամեակին Ընդառաջ.  Նոր Սիսը` Աւանդութիւններու Բնօրրան

Ս. Սարգիս Քարաշէն Եկեղեցւոյ Օծման 75-Ամեակին Ընդառաջ. Նոր Սիսը` Աւանդութիւններու Բնօրրան

ԿԱՐՕ ԱՂԱԶԱՐԵԱՆ «Ամուր կառչեցէք մեր հայրերուն կողմէ ստեղծուած, մշակուած, հաստատուած, ապրուած եւ ի գին ամէն զոհողութեան պահուած աւանդութիւններուն` այն հաստատ համոզումով ու խոր գիտակցութեամբ, որ` մեր աւանդութիւնները մեզ պահեցին ամուր` պատմութեան արհաւիրքներուն դիմաց»: Աւանդութիւններու Վերակենսաւորման Տարի (2025) ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ Կիլիկիոյ հայոց թագաւորութեան մայրաքաղաք եւ կաթողիկոսութեան աթոռանիստ քաղաք Սիսը իր պատմական, փառահեղ անցեալով դրոշմուած կը մնայ իւրաքանչիւր...

Ալեն Սիմոնեանի` Արցախցիներուն Հասցէին Կատարած Յայտարարութիւնները Խստօրէն Դատապարտուեցան

Ալեն Սիմոնեանի` Արցախցիներուն Հասցէին Կատարած Յայտարարութիւնները Խստօրէն Դատապարտուեցան

Արցախի Նախագահը Սիմոնեանէն Պահանջեց Ներողութիւն Խնդրել Արցախի Տեղահանուած Ժողովուրդէն Արցախի վերջին նախագահ Սամուէլ Շահրամանեան 12 փետրուարին դատապարտեց Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահին 11 փետրուարին կատարած յայտարարութիւնները եւ պահանջեց, որ ան հրապարակաւ ներողութիւն խնդրէ Արցախի տեղահանուած ժողովուրդէն: Արցախի տեղեկատուական շտաբը այս առիթով հրապարակեց հետեւեալ յայտարարութիւնը. «Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Սամուէլ Շահրամանեանը խիստ դատապարտում է ՀՀ ԱԺ նախագահ Ալեն Սիմոնեանի կողմից խորհրդարանի բարձր ամպիոնից...

Թրամփ-Փութին Հեռաձայնային Զրոյցով Ընթացք Առնելիք Մեծ Գնացքը

Թրամփ-Փութին Հեռաձայնային Զրոյցով Ընթացք Առնելիք Մեծ Գնացքը

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ Միացեալ Նահանգներու եւ Ռուսիոյ նախագահներ Տանըլտ Թրամփ եւ Վլատիմիր Փութին աւելի քան մէկ ժամ տեւողութեամբ հեռաձայնային զրոյցի ընթացքին համաձայնութիւն գոյացուցին փոխադարձ այցելութիւններու շուրջ եւ Ուքրանիոյ հարցով «անմիջապէս» բանակցութիւններու սկսելու շուրջ: Աւելի ուշ Թրամփ նշեց, որ Փութինի հետ պիտի հանդիպի Սէուտական Արաբիոյ մէջ` ներկայութեամբ թագաւորութեան գահաժառանգ Մուհամետ պըն Սալման իշխանին, որ, «Ռոյթըրզ»-ի համաձայն, նպաստած էր մէկ օր առաջ ամերիկացի...

Ոգեկոչելով Սըրը…

ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ Լեւոն Շանթի մահէն ետք (1951) դպրոցը կը գործէր նոր ծրագիրով: Պր. Վրացեան թէ՛ շարունակողն էր Շանթի եւ Աղբալեանի մանկավարժական ու գաղափարական աւանդներուն եւ թէ՛ մեր կրթական կեանքը նոր մտածողութեամբ օժտողը: Նոր թափ առած էր նաեւ մեր արտադասարանային գործունէութիւնը: Լսարանական  միութիւնն ու «Ջահակիր» հանդէսը նոր եռուզեռի մէջ էին: Վերջինս արդէն լոյս կը տեսնէր տպագիր... Ի դէպ, այսօրուան ընթերցողին համար...

Տխուր Էր Յարութեան Տօնը…

Նոր Սիսը Երէկ Եւ Այսօր (Նոր Սիսի Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ 75-Ամեակին Առիթով)

Վ. ԱՒԱԳԵԱՆ     Սկիզբը... 1931 թուականն էր, երբ Կիլիկիոյ պարպումէն ետք Պէյրութ ապաստանած հայ գաղթականները երկրորդ անգամ ըլլալով կը ստիպուէին գաղթականի ցուպը ձեռք առնել` այս անգամ Պէյրութի փայտաշէն ու թիթեղաշէն հիւղաւանին, աւելի ծանօթ` «Քեմփ»-ին հրկիզումէն ետք: Հիւղաւանին բնակիչները, շնորհիւ իրենց տոկունութեան եւ ձեռներէցութեան, նաեւ` լիբանանեան իշխանութիւններու ընծայած դիւրութիւններուն, կը յաջողէին Պէյրութ գետի արեւելեան ափը տարածուող Պուրճ Համուտի շրջանը հաստատուիլ եւ հայրենակցական...

Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ

Թրամփ Դարձեալ Կը «Շինէ»…

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Թրամփ՝ 2017-ին...                                     Նոր աշխարհակալութիւն...                                            Որո՞ւ հոգը թէ ով է զոհը... Տանըլտ Թրամփ առաջին անգամ Սպիտակ տուն մտաւ 2017-ին ու որդեգրեց անհաւասարակշիռ ու չհաւասարակշռուող քայլեր, որոնք խոր մտահոգութիւն տարածեցին ո՛չ միայն Միացեալ Նահանգներու, այլեւ աշխարհի չորս ծագերուն: Գլխաւոր ուրախացողները եղան... երգիծաբաններն ու ծաղրանկարիչները, որոնց համար վերաբացուած է նոր դարաշրջան մը:...

37 Տարի Առաջ, Այսօր.   Ստեփանակերտի Հանրահաւաքով Սկիզբ Առաւ Արցախի Ազգային Ազատագրական Շարժումը

37 Տարի Առաջ, Այսօր. Ստեփանակերտի Հանրահաւաքով Սկիզբ Առաւ Արցախի Ազգային Ազատագրական Շարժումը

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Արցախի ազգային ազատագրական շարժումը սկսաւ 37 տարի առաջ, այսօր` 13 փետրուար 1988-ին, Ստեփանակերտի հանրահաւաքով: Հանրահաւաքէն երկու օր առաջ` փետրուար 11-ին, Ազրպէյճանի Համայնավար կուսակցութեան Կեդրոնական կոմիտէի երկրորդ քարտուղար Վասիլի Կոնովալովի եւ Լեռնային Ղարաբաղի մարզային կոմիտէի առաջին քարտուղար Պորիս Գէորգովի մասնակցութեամբ Ստեփանակերտի մէջ տեղի ունեցած էր մարզային կոմիտէի Բիւրոյի նիստ, որուն ընթացքին որոշուած էր Լեռնային Ղարաբաղի ինքնավար մարզի շրջաններուն` Հադրութի,...

Ազրպէյճանը Հայկական Միջնադարեան Նշանաւոր Դադիվանքը Կը Համարէ Ուտիական Հոգեւոր Կառոյց, Սակայն Իրականութիւնը Այլ Է

Ազրպէյճանը Հայկական Միջնադարեան Նշանաւոր Դադիվանքը Կը Համարէ Ուտիական Հոգեւոր Կառոյց, Սակայն Իրականութիւնը Այլ Է

Հայկական միջնադարեան նշանաւոր վանական համալիրներէն է Դադիվանքը (Խութավանք), որուն մասին մատենագիտական առաջին յիշատակումները կատարուած են 9-րդ դարուն: Աւանդութեան համաձայն, եկեղեցին հիմնուած է Ս. Թադէոս առաքեալի  հետեւորդ Դադէի կողմէ` Ա. դարուն: Դադիվանքը եղած է Խաչէնի կրօնական եւ մշակութային մեծ կեդրոն: Գլխաւոր եկեղեցին կաթողիկէ Սուրբ Նշանն է, որ 1214 թուականին կառուցած է Հաթերքի հայոց մեծ իշխան Վախթանգի կինը` Արզուխաթունը: Յայտնի է, որ...

Ազրպէյճանցիները Գանձասարի Վանական Համալիրը Կը Համարեն «Աղուանական», Սակայն Իրականութիւնը Այլ Է

Ազրպէյճանցիները Գանձասարի Վանական Համալիրը Կը Համարեն «Աղուանական», Սակայն Իրականութիւնը Այլ Է

13-րդ դարու հայկական ճարտարապետութեան «Գոհարն ու շտեմարան»-ն է Գանձասարի հռչակաւոր վանական համալիրը: Վանքը առաջին անգամ յիշատակուած է 10-րդ դարու կէսերուն` հայոց կաթողիկոս Անանիա Մոկացիի կողմէ: 1216-1238 թուականներուն Խաչէնի գահերէց մեծ իշխան Հասան Ջալալ-դոլան կառուցած է Գանձասարի Սուրբ Յովհաննէս Մկրտիչ եկեղեցին` անոր հիւսիսային պատին ձգելով 27 տողէ բաղկացած վիմագիր արձանագրութիւն: 14-րդ դարու վերջերէն մինչեւ 1815 թուականը վանքը եղած է Գանձասարի կաթողիկոսութեան...

Ոգեկոչելով  Սըրը…

Ոգեկոչելով Սըրը…

ԿԱՐՕ ԱՐՄԷՆԵԱՆ Ճեմարանի մեր ուսուցիչներու հոյլին մէջ իր շատ յատուկ տեղը ունէր անգլերէն լեզուի եւ գրականութեան մեր ուսուցիչը` պրն. Անթուան Քեհեայեան,  որ բոլորիս յիշողութեան մէջ քանդակուած է իր «Սըր» (Sir) «անուանակոչութեամբ»: Իր հարազատ անունն ու ազգանունը հազի՜ւ թէ կը յիշուէին ճեմարանական մեր առօրեային մէջ: Առաջին իսկ օրէն անոնք կորսնցուցին իրենց ճանաչողական արժէքը: Ան մեր Սըրն էր եւ վե՛րջ: Իրեն պէս...

Ռազմիկ  Դաւոյեան

Մութ Բանականութեան Դէմ` Ճշմարիտ Լուսաբանութիւն

ՎԵՀԱՆՈՅՇ ԹԵՔԵԱՆ Ի՜նչ անհեթեթութիւն, նոյնինքն Հայաստանի վարչապետին պէտք է բացատրել պատմական անհերքելի ցնցումը Ցեղասպանութեան, որ կը կոտտայ ամէն իրաւ հայու ներաշխարհին մէջ` թէ՛ Մեծ եղեռնի իբրեւ հետեւանք ստեղծուած սփիւռքի եւ թէ՛ Հայաստանի ու Արցախի: Ահաւասիկ` իշխանութիւն մը, որ հայ ժողովուրդի ջարդարարին, իսկ այժմ գիշեր-ցերեկ մեզ անարգողին, մեր չորս հազարամեայ պատմութեան վրայ գիծ քաշել սպառնացողին դիմաց իր ստրուկի գլուխը ծռած` «Երկիրս...

Page 127 of 1110 1 … 126 127 128 … 1,110

Արխիւներ