Թէ Ինչպէ՞ս Գիրքեր Ունեցայ
ԿԻՒԼԷՆ ԳՈՃԱՅԵԱՆ Չեմ գիտեր` այդ օրերուն ինչպէ՛ս պատահեր է, որ հօրեղբայրս իր չորս զաւակներէն մէկը մեծ հօրս անունով չէր կոչած: Պարտադիր օրէնքի պէս բան մըն էր, որ տղաքը իրենց անդրանիկ տղայ զաւակը անուանէին իրենց հօր անունով: Ինձմէ ետք, երբ եղբայրս լոյս աշխարհ եկաւ, անունը որոշուած էր արդէն. ան պիտի կրէր մեծ հօրս անունը: Ինձմէ պզտիկ էր, բայց քանի որ տղայ...



















