Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ոգեկոչելով Սըրը…

February 14, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ

Լեւոն Շանթի մահէն ետք (1951) դպրոցը կը գործէր նոր ծրագիրով: Պր. Վրացեան թէ՛ շարունակողն էր Շանթի եւ Աղբալեանի մանկավարժական ու գաղափարական աւանդներուն եւ թէ՛ մեր կրթական կեանքը նոր մտածողութեամբ օժտողը: Նոր թափ առած էր նաեւ մեր արտադասարանային գործունէութիւնը: Լսարանական  միութիւնն ու «Ջահակիր» հանդէսը նոր եռուզեռի մէջ էին: Վերջինս արդէն լոյս կը տեսնէր տպագիր…

Ի դէպ, այսօրուան ընթերցողին համար երեւի անհասկնալի թուի այս փաստը: Այսօր մեր պատանի թոռները կը տիրապետեն այնքան խոր համակարգչային եւ առցանց կարողականութեան, որքան անհնարին էր երազել 1954-ի պետական համակարգերուն: Կար հին օրերէն հաստատուած (եւ երեւի մեր յեղափոխական օրգանները յիշեցնող ոգեւորութեամբ) կանոն մը, որ կը պահանջէր, որ «Ջահակիր»-ը ըլլար խմորատիպ (եւ աւելի ետք` սթենսիլ) եւ լոյս աշխարհ գար ամբողջութեամբ եւ միայն լսարանականներու քրտինքով… (թոյլ տուէք, որ չբացատրեմ Նոյեան ժամանակներէն մեզի հասած խմորատիպն ու սթենսիլը…):

Յստակացման սիրոյն ըսեմ, որ Ճեմարանի վերջին երեք կարգերը կը կոչուէին լսարաններ (Ա, Բ եւ Գ): Սկզբունքով, լսարանական ուսումը տարբեր էր վարի կարգերէն:  Նիւթերու ուսուցումը շատ աւելի խորքային էր հոն եւ աւելի պահանջկոտ ու աւելի բազմակողմանի: Այդպէս եղած էր հին օրերուն, երբ Լեւոն Շանթի եւ Նիկոլ Աղբալեանի կրթական մտատեսիլով կ՛առաջնորդուէր աշխատանքը: Ան կարեւոր չափով մը փոխուեցաւ, երբ դպրոցը հետզհետէ աւելի շեշտակիօրէն ընդունեց Ֆրանսական պաքալորէայի ծրագիրը: Բայց նոյնիսկ այդ բանէն ետք լսարանական կարգերու մթնոլորտը մնաց նոյնը:

Լեւոն Շանթի մահէն ետք դպրոցի նոր տնօրէնին` պր. Վրացեանի օրով կեանքի կոչուած «Ջահակիր»-ի խմբագրական կազմին մէջ էի նաեւ ես: Կը յիշեմ, որ «Ջահակիր»-ի մեր խմբակը Գ. լսարանի մեր ընկերոջ` Սարգիս Զէյթլեանի առաջարկով որոշեց հանդէսին յաջորդ համարը նուիրել Շանթի կեանքին ու գործին: Տնօրէնութեան կողմէ մեր խորհրդատուն էր Սըրը: Եւ համարին այս յատուկ բնոյթը նկատի առնելով` միաձայնութեամբ որոշեցինք համարը ի լոյս ընծայել (ի՜նչ գայթակղութիւն) տպագիր, որուն համար պէտք էր ունենայինք համապատասխան պիւտճէ…Դարձանք Սըրին: Սըրին պատասխանն էր. «Սկզբունքով համաձայն եմ:  Indeed!»  եւ սակայն աւելցուց. «Բայց ատիկա կը հակասէ պր. Շանթի հաստատած կանոնին…Թոյլ տուէք մտածեմ»: Սըրին համար «մտածել»-ը գործել կը նշանակէր: Յաջորդ օրն իսկ, Սըրին առաջնորդութեամբ, մեր խմբագրական ամբողջ կազմը ընդունուեցաւ պր. Վրացեանին կողմէ:

Ներս մտնելէ ետք զգացինք, որ պր. Վրացեանի գրասենեակին մէջ դեռ կար կենդանի շունչը Լեւոն Շանթին…Պր. Վրացեանին ծանր շուքը աւելի եւս կը շեշտէր այդ փաստը: Բարեբախտաբար Սըրին նախապատրաստական «դիւանագիտութիւն»-ը շատ բան դիւրացուցած էր: Առաջին խօսողը պր. տնօրէնն էր: «Պր. Քեհեայեանն ասել է ինձ խմբագրական կազմիդ ցանկութեան մասին», ըսաւ ան եւ հրաւիրեց, որ պատճառաբանենք մեր «ցանկութիւն»-ը, իսկ մենք լռելեայն դարձանք Սարգիսին…առանց նախապէս համաձայնած ըլլալու, որ ինք պիտի ըլլար մեր խօսնակը: Եւ Սարգիսը խօսեցաւ այն վճռական շեշտերով, որ յատուկ էր Սարգիսին դեռ այդ օրերուն…Պր. Վրացեանը լսեց ուշադիր եւ յետոյ հարցուց բոլորիս, թէ արդեօ՞ք ունէինք յաւելեալ «ասելիք»: Խօսեցանք նաեւ միւսներս: Յայտնեցինք մեր ամբողջական համամտութիւնը: Կարգը Սըրինն էր: Սըրը եւս յայտնեց իր համամտութիւնը, բայց յիշեցուց, որ մեր որոշումը ըստ էութեան կը հակասէր Լեւոն Շանթի հաստատած աւանդութեան…Պր. Վրացեանի վերջին խօսքն էր` իր սակաւախօս սրամտութեամբ. «Թողէք, որ ես խօսեմ իմ աւագ ընկերոջ հետ…իսկ դուք լծուէք գործի»:

Մենք լծուեցա՛նք: Շաբաթներու քաոսային աշխատանքէն ետք համարը յանձնեցինք Համազգայինի տպարանը, որ կը գտնուէր դպրոցի տարածքէն ներս, մեծ դարպասի անմիջապէս աջին (ուր հետագային պիտի բարձրանար «Վասպուրական» սրահի շէնքը): Եթէ յիշողութիւնս ճիշդ է, այդ օրերուն տպարանի պատասխանատուն էր հին ճեմարանական Պարգեւ Շիրինեանը, որ շատ սերտօրէն աշխատած էր Լեւոն Շանթին հետ անոր կեանքի վերջին ամիսներուն: Պարգեւը յատուկ խանդաղատանքով յանձն առաւ փաթեթը եւ անձամբ հսկեց համարի տպագրական գործին, մինչեւ որ ան լո՜յս տեսաւ եւ հասաւ մեր ձեռքերուն` փուռէն նոր դուրս եկած հացի պէս: Պիտի ըսեմ, որ մենք նաեւ բախտաւոր էինք մեզի խմբագրական խորհրդատու ունենալով պր. Մուշեղը (Մ. Իշխան), որ մեծ փափկանկատութեամբ եւ «ոտքի վրայ» կը յայտնուէր մեր խմբագրական նիստերուն` առանց միջամտելու մեր քննարկումներուն եւ հեռուէ հեռու կը փոխանցէր իր թելադրութիւնները:

Սըրը ուզեց, որ «Ջահակիր»-ի այս բացառիկին առաջին օրինակը խմբովին յանձնէինք պր. Վրացեանին: Կը յիշեմ Սըրին ոգեւորութիւնը, երբ կը բարձրանայինք սանդուխներէն: Պր. Վրացեան ընդունեց մեզ մեծ ջերմութեամբ, որ արտայայտութիւն կը գտնէր իր լռակեաց եւ ծանրախոհ ժպիտով: Շնորհաւորեց մեզ, նստաւ իր բազկաթոռին եւ լուռ թերթեց համարը: Յետոյ բարձրացուց գլուխը եւ տուաւ իր խիտ ու տոկուն գնահատականը` «Լա՛ւն է…»: Բառերով ժուժկալ մեր մեծ ուսուցիչը աւելին ըսելու պէտք չունէր: Իր ամբողջ անձնաւորութիւնը կը ճառագայթէր ուրախութեամբ:

Յաճախ մտածած եմ, թէ ի՞նչ ճակատագիր ունեցած են տարիներու ընթացքին լոյս տեսած «Ջահակիր»-ի թիւերը: Արդեօ՞ք վերապրած են անոնք տեղ մը, մէկու մը գրադարանին մէջ: Արդեօ՞ք գոյութիւն ունի անոր հաւաքածոն Ճեմարանի պահոցներուն մէջ: Տարիներ առաջ, Ուաշինկթընի ՀՅԴ «Սեպուհ» կոմիտէութենէն իմ լուսահոգի ընկերը` Հայկ Կաքաւեան, «Ջահակիր»-ի քանի մը համարներ փոխանցեց ինծի: Անզուգական նուէր մըն էր, զոր յուզումի ալիքներով ընդունեցի այդ պահուն: Մեր օրերու համարները չէին, եւ սակայն անոնց համեստ էջերը կը խօսէին մեծ յիշատակներով: Յիշեցի յատկապէս Սըրը եւ իր հրաշալի խանդավառութիւնը մեր իւրաքանչիւր քայլափոխին:

Գոյութիւն ունի Սըրին հետ կապուած մանրավէպերու ամբողջ հարստութիւն մը, որ կը մնայ անգիր մեր բոլորին յիշողութեան մէջ: Մեր սերունդի ճեմարանականներու հանդիպումները աշխարհի անսպասելի ուղիներուն վրայ, տարիներու ընթացքին,  առիթներ հանդիսացած են այդ յիշողութիւնները կրկին ու կրկին ոգեկոչելու: Միշտ ալ նկատած եմ, որ Սըրը կը շարունակէր ապրիլ մեր մէջ, ինչպէս` մենք իր:

Սըրը բարութեան խորհրդանիշն էր մեր կեանքին մէջ: Ազնուութեան, պարկեշտութեան, վեհանձնութեան խաչակիրն էր ան իր համեստ կենսակերպի բոլոր դրսեւորումներով: Անհամար են իր անձնական բարեգործութիւնները, որոնք երբեք անուն չեն ունեցած եւ չունին: Տարիներու ընթացքին (եւ յետմահու միայն) կրցեր եմ բացայայտել այդ պարագաներէն շատերը եւ շշմեր…Հազուագիւտ են Սըրին պէս մարդիկ: Կեանքը պէտք է շատ ունենայ այս հարստութենէն, եւ դժբախտաբար միշտ չէ, որ ունի: Անոնք երեւի ստեղծուած են, որպէսզի զգանք մարդ արարածին իսկական մեծութիւնը եւ ամէն ճիգ ընենք հասնելու այդ մեծութեան: Ստեղծուած են, որպէսզի մենք` ինքնե՛րս կարողանանք նուաճել այդ չափանիշները: Նուաճել զմե՛զ: «Մինչեւ հոս ես կրնայի բերել ձեզ. մինչեւ հոս կարելի է բերել մարդը, բայց հոսկէ անդին…հոսկէ անդին մարդ ի՛նքը պիտի երթայ…», կ՛ըսէ Լեւոն Շանթի Վանահայրը: «Հին աստուածներ»-ու այս տողերը միշտ կը յիշեմ, երբ կը յիշեմ Սըրին անմոռանալի կերպարը իր ամէնօրեայ հեւքին մէջ:

Երբ ան ի վերջոյ յօժարեցաւ հանգստեան կոչուիլ, որոշեց ճամբորդութիւն մը ընել դէպի Ամերիկա եւ գտնել հետքերը իր ցանած հունտերուն: Ըսեմ, որ ան համեմատաբար երկար կեանք ունեցաւ եւ իր աչքերով տեսաւ Արեւմտեան Պէյրութի մեր շքեղ ոստանին (եւ դպրոցի՛ն) անշքացումը Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի բովին մէջ: Այդ հրաշալի համալիրին մէջն էր, որ ինք ծառայեց հայակրթութեան` որպէս անխոնջ մշակ: Նախ Լեւոն Շանթի (Աղբալեանը արդէն մահացած էր, երբ Սըրը եկաւ Ճեմարան), ապա Սիմոն Վրացեանի եւ ի վերջոյ Հրաչ Տասնապետեանի առաջնորդութեամբ, ան մաս կազմեց մեր ուսուցիչներու մատեան գունդին եւ պատուով աւարտեց իր առաքելութիւնը:

Նիւ Եորքի մէջ Սըրը հիւրն էր (այլոց կարգին) նաեւ մեր ընկերներէն Վարդան Գրիգորեանին, որ կարծեմ Նիւ Եորքի Հանրային մատենադարան (New York Public Library) հեղինակաւոր հասատատութեան նախագահն էր այդ օրերուն: Վարդանը հրաւիրուած էր Միացեալ Նահանգներու նախագահական պալատ (Սպիտակ տուն) յատուկ հանդիպման մը, եւ իր այդ ժամադրութիւնը կը զուգադիպէր Սըրին այցելութեան օրերուն: Վարդանին առաջարկն էր, որ Սըրը ընկերանար իրեն դէպի Ուաշինկթըն Սպիտակ տան շրջագայութիւնը ընելու: Կ՛ուզէր նաեւ իր հիւրընկալ` Միացեալ Նահանգներու նախագահին ծանօթացնել իր ուսուցիչը…Եւ մեծ եղաւ Վարդանին յուսախաբութիւնը, երբ Սըրը բացարձակապէս մերժեց այս բացառիկ պատիւը: Վարդանին թախանձագին պնդումները պարզապէս արդիւնք չտուին: Սըրը մէկ պատասխան ունէր.«Ես լիովին վարձատրուած եմ, որ իմ աշակերտս հրաւիրուած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահին հետ տեսակցելու…» (I am fully rewarded by the fact that my pupil is invited to meet with the President of the United States of America.) «Սպիտակ տունը ձեր տեղն է, իմս չէ: Տէր ընդ ձեզ»: (The White House is YOUR place. Not mine. Godspeed!)

Վարդանը խնդրեց, որ իր բացակայութեան Միացեալ Նահանգներու մայրաքաղաքի ճեմարանականներս հանդիպում կազմակերպէինք Սըրին հետ: Ունէինք քանի մը շատ թանկագին ժամեր մեր աննման ուսուցչին հետ: Վրէժուհին եւ ես փութացինք Սպիտակ տան կողքին գտնուող «Ուիլըրտ» պանդոկը: Ուզեց, որ ելլէինք իր համարը: Տասնամեակներու  կարօտը կար մեր ողջագուրման լուռ վայրկեանին մէջ: Եւ թուեցաւ, որ մեր խօսակցութիւնը շարունակուեցաւ ճիշդ այն կէտէն, ուր ան ընդհատուած էր տարիներ առաջ, Ճեմարանի մեծ դարպասին առջեւ…Նկատեցի, որ սեղանին վրայ էր Տէյվիտ Լոյտ Ճորճի «Պատերազմի յուշեր»-ու հատորը…Յափշտակութեամբ խլեցի թերթատելու համար` «Վարդանին գրադարանէ՞ն էր»: «Ոչ,- ըսաւ,- հետս բերի ճամբան կարդալու համար…Կան գիրքեր, որոնք պէտք է կարդացուին քանի մը անգամ»: «Կար պատճառ մը,  որ իրենց զրահանաւերը չէին կրնար մեր լեռները բարձրանալ…», ըսաւ: «Մենք դեռ շատ բան ունինք սորվելու…», աւելցուց:

Ճեմարանականներու փոքրիկ մեր խումբը այդ իրիկուն բոլորուեցաւ մեր տան ճաշասեղանին շուրջ: Սըրին բարձր հասակը նոյն պատկառելի տեսքը ունէր, եւ ձայնը` նոյն ազնիւ ու ինքնավստահ շե՛շտը: Հակառակ քաղաքացիական պատերազմի մեծ վերիվայրումներուն` ան պահպանած էր իր թարմ եւ անուշ սրամտութիւնը: Ուզեց գիտնալ, թէ ո՞ւր հասած էր մեզմէ ամէն մէկը: Հետաքրքրուեցաւ մեր այլ ճեմարանական ընկերներով եւ ընկերուհիներով: Նկատեցի, որ «գաղտնօրէն» կը հետեւէր մեր անգլերէն խօսակցականի որակին…Նոյնիսկ ըրաւ քանի մը քերականական յիշեցումներ…պոռթկուն քաշքշուքներու տեղի տալով:  Յանկարծ կրկին Ճեմարա՛նն էր այդ իրիկուն: Անկեղծ, սրտբաց, հարազատ, խանդավառ, եռուն, ճառագայթող: Ոչ ոք մտածեց, որ այս մէկը մեր վերջին հանդիպումն էր Սըրին հետ:

Յարգա՜նք իր յիշատակին:

3 փետրուար 2025
(Շար. 2 եւ վերջ)

—

(Շար. 1)

Նախորդը

Յայտարարութիւններ (13 Փետրուար 2025)

Յաջորդը

Թրամփ-Փութին Հեռաձայնային Զրոյցով Ընթացք Առնելիք Մեծ Գնացքը

RelatedPosts

Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Եւրոպան Քաղաքական Վերիվայրումներու Եւ Ժողովրդավարական Օրինականութեան Ճգնաժամին Միջեւ

October 31, 2026
Նախագահական Ընտրութիւններէն 6 Ամիս Առաջ.  Ֆրանսայի Խռովարար Իրադարձութեանց Խորքային Պատճառները
Անդրադարձ

Նախագահական Ընտրութիւններէն 6 Ամիս Առաջ. Ֆրանսայի Խռովարար Իրադարձութեանց Խորքային Պատճառները

October 31, 2026
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Տեղական Ինքնակառավարման Մարմիններու Ընտրութեան Փորձաքարը

October 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.