Վերադարձ Նախկին Լիբանանին
ՏԻԳՐԱՆ ՃԻՆՊԱՇԵԱՆ Ժողովրդավարական վարչակարգ ունեցող երկիրներու մէջ կառավարական դահլիճներու կազմութիւնը ընթացիկ ու սովորական երեւոյթ է: Անիկա սովորաբար կը յաջորդէ խորհրդարանական ընտրութեան եւ իր կազմը կը ցոլացնէ խորհրդարանին մէջ մեծամասնութիւն կազմած կուսակցութեան կամ կուսակցութիւններու դաշինքի մը գոյութիւնը: Բացառութիւն կը կազմէ միայն կառավարական տագնապի մը յաջորդող դահլիճի կազմութիւնը, երբ մեծամասնական դաշինքի անդամներուն միջեւ տարակարծութիւններ կը ծագին, ու դաշինքը կը փլուզուի: Կը յաջորդէ...




















