Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ոգեկոչելով Սըրը…

Փետրուար 13, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԿԱՐՕ ԱՐՄԷՆԵԱՆ

Ճեմարանի մեր ուսուցիչներու հոյլին մէջ իր շատ յատուկ տեղը ունէր անգլերէն լեզուի եւ գրականութեան մեր ուսուցիչը` պրն. Անթուան Քեհեայեան,  որ բոլորիս յիշողութեան մէջ քանդակուած է իր «Սըր» (Sir) «անուանակոչութեամբ»: Իր հարազատ անունն ու ազգանունը հազի՜ւ թէ կը յիշուէին ճեմարանական մեր առօրեային մէջ: Առաջին իսկ օրէն անոնք կորսնցուցին իրենց ճանաչողական արժէքը: Ան մեր Սըրն էր եւ վե՛րջ: Իրեն պէս պարզ: Իրեն պէս անսեթեւեթ եւ վեհ:

Հիմա, որ կը գրեմ իր մասին, մեղաւորի զգացումը համակած է միտքս: Որքա՜ն ուշացած եմ աշակերտի այս վկայութիւնը յանձնելու թուղթին: Ինք, որ ոչինչ կը յետաձգէր եւ ճշդապահութեան այդ կանոնը շարունակաբար կը յիշեցնէր մեզի մեր ամէն մէկ քայլափոխին: Աստուած է վկայ, թէ աշակերտներս որքա՜ն քմայքոտ կրնայինք ըլլալ մեր առօրեայ առաջնահերթութիւնները ճշդելու գործին մէջ:

Անգլերէնի իր դասապահերը, լեզուի դասաւանդութեան կողքին (եւ որպէս անոր անքակտելի մա՛ս), կենսակերպի եւ վարքուբարքի ձեւաւորման աշխատանոցներ էին: Քրիստոսադէմ այս մարդը, որ բազմաթիւ սերունդներու կեանքին վրայ դրաւ իր անջնջելի դրոշմը, գործեց առաքեալի մը պէս: Իրմէ մեզի անցածը սոսկ գիտելիք չէր, այլ` իսկական մկրտութի՛ւն մը, որ մեզ կը հարստացնէր մեր ճեմարանական կեանքի իւրաքանչիւր հանգրուանին վրայ: Սըրը նեղ իմաստով դասատու մը չէր: Ան արժեհամակարգ կերտողն էր: Զայն փոխանցողն էր: Զայն քայլ առ քայլ նուիրականացնողն էր:

Ֆրանսական թեքումով ձեւաւորուած Ճեմարանի ուսումնական ծրագրին մէջ, բնականօրէն,  իրեն տրուած էր համեմատաբար համեստ տեղ մը մեր դասացուցակին վրայ, զոր ինք իմացաւորեց (conceptualize) իւրայատուկ տեսլականով մը (եւ անխո՛նջ նուիրումով)` մեզ բոլորս քայլ առ քայլ գիտակ դարձնելով անգլերէն լեզուի արտայայտչական գանձերուն: Բայց նաեւ անցաւ անկէ շատ անդին: Ան գտաւ ուղին` հասնելու մեր սրտերուն: Ան դարձաւ բոլորիս մեծ եղբայրը: Դարձաւ բոլորիս անպաշտօն խորհրդատուն: Մեր առօրեայ կեանքին կնճիռները բացողը, ձգտուած հոգեվիճակները քակողը, աշակերտական փոխյարաբերութիւններու քաոսը փարատողը եւ մեզ ճիշդ ուղիի վրայ դնո՛ղը:

Այժմ, երբ կը փորձեմ տալ ուսուցչական իր կենդանագիրը աշակերտական յիշողութիւններու իմ հետզհետէ նօսրացող պարունակէս, մտքիս մէջ կը կենդանանան` իր բարձր հասակը, օքսֆորտեան անգլերէնի հարուստ իր բառապաշարը` իր բծախնդիր շեշտադրումներով, իր ազնուական խօսքին ձայներանգներով մեզի հասնող մարդկային արժանավայելչութեան անխաթար վարքագի՛րը (code): Մենք բնազդով (եւ առաջին իսկ վայրկեանէն) հասկցանք, որ ազատօրէն ինքնապարտադիր կարգապահութիւնը (honor code) սրտբաց եւ հոգեբուխ ակերէ սնանող կենսապայման մըն էր Սըրին համար, եւ համոզուած եմ, որ մեզմէ ոչ ոք խախտեց այդ պայմանը Սըրին հետ իր փոխյարաբերութեան ամբողջ տեւողութեան ընթացքին:

Ես կը յիշեմ այն առաջին օրը, երբ մեր դասարանի դրան մէջ յայտնուեցաւ ինք` համատարած լռութեան մը մէջ բարձրանալով ամպիոն: Good morning! Հնչեց իր ջերմ եւ մտերիմ ձայնը: Կարծեմ մեր միջնակարգ ուսման երրորդ տարին էր (եօթներորդ դասարան) եւ իր պաշտօնավարութեան առաջին օ՛րը Ճեմարանի մէջ: Նշան Փալանճեան Ճեմարանի գեղանիստ շէնքի մեծ ու փարթամ դասասենեակներէն մէկն էր, եւ մենք ականջ կտրած` կը լսէինք զինք: Տարի մը առաջ մենք դուրս եկած էինք Ուատի Ապու Ժեմիլ փողոցի մեր արդէն անբաւարար տարածքէն, եւ այժմ մեր շուրջ կը տարածուէր նախկին Ֆրանսական ծովակալութեան հրաշագեղ պալատը` իր բարձր առաստաղներով, բազմադրուագ դռներով ու պատուհաններով եւ մանաւանդ` հեռուէն մեզի հասնող կապտակապոյտ Միջերկրականի լոյսերով:

Պր. Քեհեայեան զաւակն էր Կիլիկիոյ յայտնի ընտանիքներէն` Ատանայի Քեհեայեան գերդաստանին: Դաշտային Կիլիկիոյ լուսեղէն տարածութեան սրտին վրայ անոնք ունեցեր էին իրենց ընտանեկան լայնածաւալ տնտեսութիւնը: Ցեղասպանութեան տարիներէն ետք վերստին շնչող հայոց Կիլիկիան կրկին զոհ պիտի դառնար թրքական (այս անգամ` քեմալական) նախայարձակման` «հոգատար» Ֆրանսայի իսկ աչքերուն առջեւ: Նախճի՛ր, որ արմատապէս եւ միանգամընդմիշտ պիտի ջնջէր Կիլիկեան Հայաստանը աշխարհի երեսէն: Հաճընի, Մարաշի, Այնթապի եւ Չորք Մարզուանի (Տէօրթեոլ) հերոսամարտերը (Ֆրանսայի՛ իսկ դաժան մեղսակցութեամբ) անկարող պիտի ըլլային կասեցնելու քեմալական հայաջնջումի ծրագիրը: Հայկական Կիլիկիոյ ձեռներէցութեան բոյները պիտի չքանային օրերու ընթացքին: Քեհեայեաններու հարստութենէն մնացեր էր միայն ինք` սփիւռքի մէջ հասակ առած համեստ, բայց կորովի մտաւորակա՛նը, որուն համար գաղափարներն էին կեդրոնականը: Այդ առանցքին շուրջն էր, որ կը ձեւաւորուէր ամէն ինչ, որ ինքն էր եւ կը վերածուէր հաւատքի:

Ի տարբերութիւն մեր միւս ուսուցիչներուն` Սըրը Ճեմարան մտաւ հայագիտական պաշարի համեմատաբար համեստ գիտութեամբ: Առաջին օրն իսկ ան խօսեցաւ մեզի որպէս աւագ եղբայր եւ ըրաւ մեծ խոստովանութիւն մը. «Ես եկած եմ հոս ոչ միայն որպէս ուսուցիչ անգլերէնի, այլեւ` որպէս աշակերտ… Ես եկած եմ ձեր կողքին սորվելու…Ես եկած եմ աշակերտելու այն մեծ մարդուն, որ ձեր տնօրէնն է: Որ մե՛ր տնօրէնն է: Ես եւս բախտաւոր եմ այժմ, ինչպէս դուք, որպէս մըստըր Շանթի սանը…»:

Ցնցիչ էին իր խօսքերը մեզի համար: Մենք ակնկալեր էինք ծանր շուքը մեր միւս ուսուցիչներուն եւ մեր առջեւ կը գտնէինք մէկ նորատիպ խառնուածք: I am here to teach you and to learn at the same time… Մենք շուտով պիտի հասկնայինք, որ մեզի հետ մտերմանալու սոսկական լոզունգ մը չէր այս խօսքը: Ան միշտ եղաւ հեղինակաւոր ուսուցիչ մը Ճեմարանի մէջ եւ անկեղծ ու խոնարհ սորվող մը միաժամանակ: Ան տեւաբար փնտռեց ակերը մեր պատմութեան ու մշակոյթին եւ երբեք չդադրեցաւ հրապուրուած ըլլալէ մեր ազգային ինքնութեան գաղտնի ուժականութիւններով:

Պր. Քեհեայեան ամուսնացած չէր: Ան իր կեանքը (մինչեւ յետին վայրկեանը իր օրերուն) կապեց Ճեմարանին: Արդէն հաստատուած մէկ անգիր կանոն գոյութիւն ունէր մեր դպրոցին մէջ: Շանթի, Աղբալեանի, Վրացեանի, տիկ. Գոհարի, Գիւզալեանի, Սասունիի, Մուշեղ Իշխանի, Գառնիկ Բանեանի, Գառնիկ Թոփալեանի եւ մեր միւս ուսուցիչներու այս կրթարանը երբեք չունեցաւ վարչական մեծաթիւ անձնակազմ: Չկա՛ր դիւանակալութիւն (bureaucracy): Ճեմարանը հաւատքի մէկ կուռ միաբանութիւն էր գործի իր մեղուաբոյնով: Իսկ Սըրը այդ մեղուաբոյնի ամէնէն ժրաջան մեղուներէն մէկն էր միշտ: Ան պատրաստ էր իր ուսերուն վերցնելու այնքան պարտականութիւն, որքան գործը կը պահանջէր: Կը յիշեմ, երբ պր. Վրացեանի օրերուն վերաբացուեցաւ դպրոցի գիշերօթիկը, Սըրը զայն որդեգրեց որպէս իր հարազատ ընտանիքը: Հեռաւոր երկիրներէն եկած աշակերտներուն համար ան եղաւ միաժամանակ ծնող, ուսուցիչ, մատակարար, բժիշկ, դաստիարակ, խորհրդատու, ամէն ինչ: Ամերիկայէն հասնող առաջին սաները (սկսած Ռիչըրտ Յովհաննէսեանէն եւ Արման Քէօսեանէն) Սըրին մէջ գտան իրենց հարազատը: Հաղորդակցութեան բացսիրտ ճամբա՛ն:

Եւ հակառակ այս ծանրաբեռնուած օրակարգին` Սըրը երբեք չդադրեցաւ սորվող մը ըլլալէ: Ան կը տիրապետէր ոչ միայն անգլերէն լեզուին, այլեւ` ֆրանսերէնին: Ասոնք այն տարիներն էին, երբ գոյութիւն ունէր մտաւորական ճոխ բովանդակութիւն աշխարհի առօրեային մէջ եւ յատկապէս` Արեւմուտքի: Սըրը մօտէն կը հետեւէր Անգլիոյ, Ֆրանսայի եւ Միացեալ Նահանգներու քաղաքական ու մտաւորական շարժումներուն: Ան քաջատեղեակ էր աշխարհի անցուդարձին: Ան հոգւով եւ մտքով կ՛ապրէ՛ր մեր դարը եւ իր ապրումներուն յաճախ բաժնեկից կ՛ընէր նաեւ մեզ: Իսկ մենք բախտաւոր սերունդ մըն էինք` առանց իսկապէս եւ լիովին գիտակցելու այդ բանին: Մենք ժամանակակից էինք` Սարթրին, Քամիւին, Մորիաքին, Քլոտելին, Հեմինկուէյին, Ֆոքնըրին, Սթայնպեքին, Ճորճ Պերնարտ Շոյին, Սարոյեանին եւ շատ ուրիշ մեծերու: Մենք նաեւ ժամանակակից էինք` Այնշթայինին, Օփընհայմըրին, Նեհրուին, բայց նաեւ ` Պաղ պատերազմին, հիւլէական ռումբի՛ն: Սըրին ձեռքերուն մէջ էր, որ ես առաջին անգամ տեսայ Սարթրի  «Լ՛Etre et le Neant»-ը եւ  Անգլիոյ New Statesman-ի համարները: Իրմէ էր, որ փոխ առի «New Left Review»-ի այդ տարուան վերջին համարը…

Լիբանանի ամառը մեծ բարիք մըն էր մեր ուսուցիչներուն համար, երբ ուսուցչական  ասպարէզի ամէնօրեայ ճնշումը, մասամբ գէթ, կը պակսէր իրենց ուսերէն, եւ իրենք կը յաջողէին ժամանակ տրամադրել հանգիստի եւ անձնական ծրագիրներու: Լիբանանի գիւղերը իրենց չքնաղ առօրեայով կազդոյրի օրրան մըն էին մեծ թիւով հայ ընտանիքներու: Նաեւ` մեր ուսուցիչներո՛ւն: Սըրը կը նախընտրէր քաղաքէն եւ դպրոցէն չհեռանալ: Բայց այդ տարի (բացառապէս տաք ամա՛ռ մը) ան ի վերջոյ համոզուեցաւ դուրս գալ Պէյրութէն եւ բարեկամներու թելադրանքով որոշեց արձակուրդը անցընել Լեռնալիբանանի չքնաղատեսիլ մէկ անկիւնը` Մէյրուպա գիւղին մէջ: Գիւղին ծայրամասը, խնձորենիներու մտերմութեան մէջ, գեղեցիկ հովիտի լոյսերով ողողուած խրճիթ մըն էր ընտրածը: Վերադարձաւ ուրախ` պատմելով իր այս գիւտին մասին: Կը պատրաստուէր երեք օրէն ճամբայ ելլել` ամրան ամիսները հոն անցընելու հրաշալի հեռանկարով… Պատրաստեր էր մօտ տասը գիրք` որպէս իր արձակուրդային ընթերցումներու փաթեթը: Առաջինը դէզին վրայ Սարթրի «Le Diable et Le Bon Dieu» հատորն էր: Գնաց:

Եւ սակայն վերադարձաւ նոյն օրն իսկ… Շշմեր էինք զինք ճամբու դնողներս եւ կը խուսափէինք հարցնելէ: Իսկ իր դէմքը մռայլ էր: Մռայլ, բայց զո՛ւսպ: Ի վերջոյ յստակացաւ եղելութիւնը: Բա՛ն մը, որ միայն Սըրին կրնար պատահիլ… Պատմութիւնը հետեւեալն էր: Սըրը կը հասնի Մէյրուպա իր համեստ ճամպրուկով: Կը հասնի ծայրամասի «իր տունը» եւ յանկարծ կը մնայ ապշած: Պուրճ Համուտի մեր արհեստաւոր տղոցմէ մէկը իր ընտանիքով եկած եւ տեղաւորուած էր Սըրին տան մէջ…Ետ ու առաջ հարցուփո՞րձ: Կը պարզուի, որ տանտիրոջ եւ իր եղբօր միջեւ թիւրիմացութիւն մը պատճառ դարձած էր կրկնակի վարձակալութեան: Ստացագրերը ցոյց կու տան, որ նախապատուութիւնը կը պատկանի Սըրին… եւ յամենայն դէպս երիտասարդ տղան (ինքն ալ ցնցուած այս անախորժ անակնկալէն) պատրաստ է ի յարգանս Սըրին դատարկելու տունը` միաժամանակ իր բարկութիւնը թափելով տանտիրոջ վրայ… Սըրը արաբերէն չէր գիտեր եւ դժուարաւ կը հետեւի խօսակցութեան, բայց Սըրը Սը՛րն է եւ գիտէ զգալ կեանքը իր էութեամբ: Սըրը բացարձակապէս կը մերժէ առաջարկը: «Երեք անուշիկ երեխաներ կը վազվզէին շուրջս: Մարտիրո՛ս, ըսի, տեղէդ չշարժիս: Ես գացի: Վայելեցէք ամառը…»:

Յիսունական տարիներուն էր, որ Սըրը յանկարծ որոշեց անձամբ պայքարի ելլել թուրք պետութեան դէմ եւ այդ մէկը ընել նոր ժամանակներու իրաւագիտակցութեան հողին վրայ: Աշխարհով մէկ շարունակաբար կը ծանուցուէր այդ տարիներուն, որ Թուրքիան այլեւս  երբեմնի Թուրքիան չէ՜ր: Արեւմտեան քարոզչութիւնը կ՛ուզէր հաւատացնել, որ ան արդիականացա՜ծ էր: Ան այժմ կը պատկանէր յետպատերազմեան նոր աշխարհակարգին եւ «ազատ աշխարհ»-ի իրաւախոհութեան մշակոյթին…

Սըրը որոշեց համաշխարհային նոր օրինականութեան այս բեմին վրայ անձամբ հաշուի նստիլ Թուրքիոյ հետ եւ պաշտօնապէս պահանջել Կիլիկիոյ իրենց ընտանեկան կալուածներու վերադարձը …Սըրին դատական գործի մանրամասնութիւններուն ծանօթ չեմ նոյնիսկ այսօր, բայց իր գրեթէ պատանեկան ոգեւորութիւնը շատ լաւ կը յիշեմ: Նոյնիսկ մեր այդ տարիքին ես եւ քանի մը  ընկերներս կը զգայինք, որ չափազանցուած էին իր ակնկալութիւնները դատական այս գործընթացէն: Բայց ինք անբուժելի լաւատես մըն էր եւ իր հաւատքով կրնար վարակել իր շրջապատը: Վարակեց նաեւ մե՛զ: Գիտէինք, որ Սըրը ունեւոր մը չէր եւ այս դժուարին նախաձեռնութեան կը դիմէր իր դժուարաւ շահուած խնայողութիւններու հաշուոյն: Որոշած էր գործը հետապնդել մինչեւ վերջ եւ թուրք պետութենէն ետ առնուելիք իր հարստութեամբ հաստատել պահանջատիրական հիմնադրամ մը…

Սըրը հետապնդեց իր այս դատը մինչեւ վերջ եւ ի վերջոյ ինքզինք գտաւ Թուրքիոյ նոր «օրինակարգ»-ի փակուղիներուն մէջ: Փակուղինե՛ր, որոնք ձեւաւորուած էին թրքական խորամանկութեան բոլոր գործիքներով: Պարզուեցաւ, որ հնարաւոր չէր շահիլ այս դատը որեւէ փաստարկով եւ որեւէ պատճառաբանութեամբ: Վճի՞ռը… Մօտաւորապէս այսպիսի բան մըն էր իր իսկ նկարագրութեամբ. «Մր. Քեհեայեան, Թուրքիոյ այսինչ թիւ օրէնքին համաձայն, դուք իրաւունք ունիք վերատիրանալու ձեր ընտանիքի ունեցուածքին, բայց այնինչ թիւ օրէնքին տրամադրութիւններով…»: Անխուսափելի բա՛յցը…Բայցե՛րը: Թուրք իշխանութիւնը (արդէն վաղո՜ւց) «օրինական» մեծ պատուար մը բարձրացուցած էր Սըրին առջեւ եւ ի սկզբանէ ապահոված ինքզինք: Պատմութեան շարունակութեան ծանօթ չեմ: Կարծեմ Սըրը մերժեց ընդունիլ վճիռը եւ դիմեց Վերաքննիչ ատեան: Գիտեմ, թէ ան յաճախ կը շեշտէր, որ իր դատական գործը ազգին համար մեծ տեղեկութիւն կը պարունակէր, եւ թէ` ասիկա շատ կարեւոր սկիզբ մըն էր հայութեան ապագայ պահանջատիրական գործին համար:  Փաստը, սակայն, այն էր, որ Սըրին պահանջները մնացին չհատուցուած: Բայց ան երբեք չընկրկեցաւ:

3 Փետրուար 2025      
(Շար. 1)

Նախորդը

Մութ Բանականութեան Դէմ` Ճշմարիտ Լուսաբանութիւն

Յաջորդը

Դոկտ. Նարինէ Մարգարեան` «Հայոց Ցեղասպանութեան Որբերու Ինքնութեան Փոփոխութիւնները Եւ Ճիգերը` Փրկելու, Դաստիարակելու Եւ Միաւորելու Իրենց Ազգութեան Հետ»

RelatedPosts

Հայրենիքի  Հաւատքը  Պահապան   Մեր Ինքնութեան
Անդրադարձ

Փաշինեանի «Իրական Հայաստան» Գաղափարախօսութիւնը- Ի՛նչ Է Եւ Ի՛նչ Չէ

Յուլիս 12, 2025
Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?