Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վերականգնումի, Իրաւունքի Եւ Միացման Մասին

Փետրուար 17, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

Հայաստան եւ բազմանուն գերաճող սփիւռք(ներ), ամէն օր քիչ մը աւելի կը շեշտուին որպէս ազգային բնութագրուող հարազատութեան տեսանկիւնէ դիտուած անբովանդակ տարակարծութիւնները, կը համարուին քաղաքականութիւն եւ հայրենասիրութիւն: Կարծիքի ազատութիւնը խոպան է, ուր կ’աճին  անորակ արտայայտութիւններ, փուշ ու տատասկ:

Հայերու զիրար հակասող կարծիքներուն  բաց ասպարէզ են կարգ մը լրատուամիջոցներ, ուր դառնութիւններու եւ «տիրոջ ձայնը» կրկնող աղմուկ կայ: Կարծիքի ազատութեան այլասերման ականջալուր եւ հանդիսատես ենք, տեսակէտի մը եւ անոր հակառակի դատափետման հանդէս: Կայ վարկաբեկումը եւ սուտը փաստարկ համարելով տեսակէտ պաշտպանելու վարակը` մի՛շտ յանուն կարծիքի ազատութեան: Որպէս մարդ եւ հայ` կ’ամչնամ կարդալով եւ լսելով ամէն օր անցանկապատ եթերով սփռուող լեղին: Այլ տեղ եւ այլազան պատճառներով դառնացածներու խօսքը կարդացող եւ լսող ունի: Զիրար լսելու ունակ ըլլալէ դադրած ենք: Մի՞թէ «սեւացրէ՛ք»-ի կարգախօսով լուսաւոր ճամբաներ պիտի բանանք:

Խօսքի եւ քննադատութեան շուկային եւ շուկայիկին մէջ ոչ ոք ողջախոհութեամբ պահ մը կանգ կ’առնէ եւ կը մտածէ, որ ուրիշը, միւսը  կամ ընդդիմախօսը նաեւ կրնան ճիշդ եւ ազնիւ ըլլալ: Եթէ այդ ընենք, մեր դատումները, վէճերը եւ անսխալականի վճիռները տարբեր որակ կ’ունենան եւ ըստ այնմ կը գործենք, կ’առաջնորդուինք, կը հասկնանք, կը հասկցուինք, մեր ներկան եւ անմիջական գալիքը տարբեր կ’ըլլան: Նուազ կը սխալինք:

Մի՞թէ Այնշթայն, Պղատոն կամ Խորենացի պէտք է ըլլալ` տեսնելու եւ հասկնալու համար, որ սփիւռքը, ազգի գոյութեան ըմբռնումի տեսանկիւնէ, ճամբու ծայրը լոյս չունեցող անել մըն է, որքան ալ իմաստուն եւ տպաւորիչ ըլլան` նախաձեռնութիւնները, դպրոցները, եկեղեցիները, հրատարակութիւնները հռչակները, մեզի եւ աշխարհի հիացում պատճառող  նուաճումները:

Սփիւռքի մարդկային համրանքը եւ աշխարհագրութիւնը կը բազմապատկուին: Պարզ չէ՞, որ սփիւռքը ժամանակաւոր ընկերային երեւոյթ է, պարտադրաբար կամ կամովին անհայրենիք դարձածներու թափառումներու անպարագիծ դաշտ, որքան ալ շաբաթավերջի հայրենասիրական համարուած աղմուկով ուզենք ինքնահաստատման եւ ոտքի մնալու ճապկումներ ընել եւ փորձել ներկան իմաստաւորել երփներանգ լեզուագարութիւններով:

Համացանցի կայքի մը վրայ կարդացի, որ բազմաթիւ ԽԱԼԻՖԱ-ներու մայրերը հայ եղած են: Գիտենք, որ Բիւզանդիոնի գահին վրայ եղած են հայ կայսրեր եւ կայսրուհի: Հզօր Խորհրդային Միութեան Գերագոյն խորհուրդի հայ նախագահ եղած է: Եգիպտոսը ունեցած է հայ վարչապետ: Յետո՞յ ինչ: Անոնք ազգին եւ հայու հայրենիքին համար դուռ եւ պատուհան չեն շինած, մինչ  թշնամիներ հայուն հայրենիքը շարունակ ասպատակած են, կտրատած, հայը դատապարտելով ըլլալու գաղթական, թափառական, հիմա ինքնամխիթարութեան եւ ընկճուածութիւն յաղթահարելու համար կ’ըսենք` ՍՓԻՒՌՔ, Diaspora, որ կարծէք հայրենիքի պակասի ցաւը  ամոքող դարման դեղահատ է:

Բնակած քաղաքիս մէջ գեղարուեստական հանդիսութեան մը ներկայ եղայ, որուն ընթացքին բազմիցս յիշեցին Շարլ Ազնաւուրը, լսեցինք անոր միշտ հաճելի երգերը : Ըսին` ֆրանսացի երգիչ: Ներկայ բազմութեան համար կարեւորը ֆրանսերէն երգն էր: Երգիչին ինքնութիւնը կամ ծագումը տեղ չունէին ո՛չ բեմին վրայ, ո՛չ ալ սրահի բազմաբղէտ զբօսնողներուն մէջ:  Եթէ ինծի պէս հայեր կային սրահին մէջ, անոնք թերեւս հպարտութեամբ, թերեւս մորմոքով յիշեցին, որ երգերը հայ արուեստագէտի գործ էին  եւ ներկաներուն հետ ծափահարեցին:  «Պոհեմը» երգին ընկերակցողներուն համար կար  յուզող «Ազնաւուրի երգը»… եւ վե՛րջ:

Մերուած, intռgrռ եղած հայածնունդին եւ դեռ ինքզինք ՀԱՅ համարողին համար այս միտքերը մանրապատում են, պահ մը կը տեւեն, ակնթարթ մը ինքնասիրութիւն շոյելէ ետք, մատնաչափ մը հեռու չեն երթար:

Իրաւը տէր ունեցող եւ ինքնութիւն պահած նախահայրերու կտակ հայրենիքը եւ ինքնութիւն պահած ժողովուրդն են` քաղաքական, մշակութային եւ հոգեւոր անխարդախ առաջնորդութեամբ: Մնացեալը ցուցադրութիւն է, կ’ըսենք` ՇԱՈՒ, show:

Միշտ պէտք է խօսիլ` մնալով իրաւ եւ ըստ այնմ` ընթանալ, դատել, ընտրել, չգոհանալ եղած-չեղածի, առթած սնափառութամբ, այդ չհամարել ապագայակերտ: Ազգի ներկային եւ վաղուան համար գոյութենական պատուանդան չեն բոլոր ՍԻՆ-երը, անոնք ըլլան քաղաքական, տնտեսական եւ այլ: Արեւելքցիի եւ քաղքենիի ինքնասիրութեան շոյանքէ  անդին` հարց կու տա՞նք, թէ ի՞նչ ենք, վաղը ի՞նչ պիտի ըլլանք այլազան երկինքներու տակ, պիտի ըլլանք այլոց թիւի լրացո՞ւմ,  կորսցնելէ ետք ինքնութիւն, հաճոյանանք ծագումով հայ այս կամ այն ըլլալու իրաւունքով:

Ինչպէ՞ս կ’ապրինք եւ կը բնորոշենք ԱԶԳ ըլլալու մեր յաւակնութիւնը:

Ազգային վաւերական ի՞նչ օրակարգ ունի սփիւռք(ներ)ը, որուն շուրջ կարելի ըլլայ վիճիլ, եթէ հարկ ըլլայ` գլուխ ջարդել, իրականացումներու  տեսանելի հաշուեկշիռ եւ հաշուետուութիւն ընել, ՎԱՂԸ մտածել: Հայկական համրանքը, անոր ինքնութեան որակը, լինելիութեան պատուանդան նախնիներու ժառանգութիւն ՀՈՂ-ՀԱՅՐԵՆԻՔ-ը, նաեւ `բռնագրաւեալը, ԻՐԱՒ օրակա՞րգ են, թէ՞ սոսկ անցեալ եւ պատմական յիշողութիւն, թուղթ, գիր, առասպել, զորս դեռ ժամանակ մըն ալ կրնանք` պատմել, երգել, յուզուիլ եւ հիանալ, ցաւ ու մորմոք շոյել, հպարտանալ խալիֆաներու հայ մայրերու, հայ կայսրերու եւ մոլորակի այս կամ այն վայրին մէջ յայտնուած ծագումով հայ մեծանուն մը յիշելով:

Ազգը մարդ է,  համրանք է եւ զանոնք սնուցանող հող-հայրենիք (կենսատարածք) է: Երբ կորսուի համրանքը, ազգ ըլալու համար հաւաքականութիւն-ուժ  չի մնար, երբ կենսատարածքը կորսուի, մարդկային տուեալ խմբաւորումը կը տարտղնուի եւ հուսկ կ’այլանայ:

Պատմութեան խառնակ աւերներու հետեւանքով ՀԱՅ ԱԶԳԻ ստացած հարուածները պատճառ եղած են, որ կացութիւն բնորոշելու եւ հասկնալու համար հայերը նոյն եզրերով չխօսին, անոնց նոյն իմաստները չտան, տարբերութիւններ զարգացնեն եւ պառակտուին, նոյն ուղղութեամբ չնային: Նոյն բանի մասին կը կարծենք խօսիլ, կը բազմապատկենք կարծիք, տեսութիւն, որոնց թոհուբոհին մէջ կը մոռցուին անոնց առարկաները. ՀԱՅ-ը եւ անոր ՀԱՅՐԵՆԻՔ-ը:

Եթէ սկսէինք ԱԶԳԻ կացութիւնը հասկնալու եւ ըստ այնմ գործելու համար հարցումներ բանաձեւելով, ներկայի պարտադրանքերու մեզի հագցուցած զսպաշապիկներէն ազատելով` կը  դադրէինք ճապկումներ ընելէ այս կամ այն փակուղի տարած ընտրանք-ընտրանքներ արդարացնելու համար:»Ինչպէ՞ս սահմանել ՀԱՅ, ՀԱՅՈՒԹԻՒՆ եւ ՀԱՅ ԱԶԳ, ՀԱՅ ԱԶԳԻ ՀԱՅՐԵնԻՔ, ՀԱՅ ՄԱՐԴՈՒ ԻՐԱՒՈՒՆՔ եւ ԻՆՔՆՈՒԹԻՒՆ: Պատասխաններէն մեկնելով պէտք է ճշդել եւ հասկնալ, թէ ի՞նչ է եւ ո՞ւր է ՀԱՅՈՒՆ եւ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՀԱՅՐԵՆԻՔԸ,  մոլորակի մի ոմն բնակիչը ե՞րբ հայ կը համարուի, եւ յոգնակիանալով` ՀԱՅ ԱԶԳ կը դառնայ:

Մեր բառապաշարին մէջ կան կացութիւններու մասին եւ գալիք բնորոշելու համար եզրեր, ինչպէս` մերուած, ձուլուած, օտարուած, պատմական, ներկայ, համաշխարհային ազգ, որոնք կը վերաբերին բազմանուն եւ բազմահասցէ հայերու: Անոնք հասարակաց ին՞չ ունին: Ընկերաբանը, քաղաքական գործիչը, ղեկավարները, մտաւորականները կրնան աւելցնել այլ եզրեր եւ հարցումներ ալ: Բազում լրատուամիջոցները եւ եթերը դարձուցած են ինքզինք փնտռող ժողովուրդի մը բաց ակադեմիա կամ իրարու դէմ ճակատելու կրկէս:

Պիտի գիտնա՞նք անցեալի եւ ներկայի վերջնականապէս ձուլուած-օտարուած հայերու իրական թիւը: Կ’ըսեն, թէ Ֆրանսայի պասքերը հայեր եղած են:

Կրնա՞նք ճշդել, թէ ո՞վ է հայը, ինչպէ՞ս կը բնորոշուի ան, ո՞ր ստորոգելիներով, ո՞ր յանձնառութեամբ եւ ներկայութեամբ, ապա միայն կարելի կ’ըլլայ խօսիլ ինքնուրոյն եւ ինքնութիւն ունեցող հաւաքականութեան մասին, զոր կը սիրենք կոչել ՀԱՅ ԱԶԳ եւ ճշդել անոր թիւը: Ո՞ՒՐ է ԱՅԴ ԱԶԳԸ, Ո՞Ր ԻՆՔՆՈՒԹԵԱՄԲ ԵՒ ԿՇԻՌՈՎ  ՏԵՂ ԿԸ ԳՐԱՒԷ ԱԶԳԵՐՈՒ ՇԱՐՔԻՆ:

Կարելի՞ է ազգ ըլլալ առանց հայրենիքի: Ազգային ինքնութիւն չունեցող բնակչութեան հայրենիքը օտար ուժերու կողմէ գրաւման տակ գտնուող աշխարհագրական տարածք է:

Այս մտորումները շարունակելը կը յուսահատեցնէ:

Ի՞նչ պէտք է ընել` որպէս ազգ վերականգնելու համար, հայկական հանրապետութեան մէջ եւ բազմադէմ ու աշխարհատարած ՍՓԻՒՌՔ: Այդ չենք կրնար ընել` պառակտուելով, զիրար մերժելով, անցեալ, իրաւունք եւ ինքնութիւն ուրանալով: Թեր ըլլանք թէ դէմ, պետութիւն մը կայ, կայ Հայաստան կոչուող հայրենիքի բեկոր, ներսը եւ դուրսը ունինք ղեկավարութիւն(ներ)` իրարու դէմ նիզակ ճօճող, ունինք ինքնուրոյն լեզու ու մշակոյթ եւ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ: Մոգական ճիպոտ ունեցող չկայ, որ միացնէ եւ վերականգնէ:

Հա՛յ մտաւորականութիւն-ը, յաղթահարելով հրէի եւ հեթանոսի տարբերութիւն, «թագ ու գահ» ունենալու կիրք ու բարդոյթ, ՄԻԱՑՄԱՆ ԵՒ ՄԷԿՈՒԹԵԱՆ ՕՐԱԿԱՐԳՈՎ ընդառաջ պէտք է երթայ հայու վերապրումի լուռ յոյսի ցանկութեան, հասկնայ եւ հասկցնէ, որ թշնամին մեր մէջ չէ, եւ իրականացնէ հայրենասիրական եւ հայրենատիրական հրաշքը, որ կը խտանայ պարզ իմաստութեան մը մէջ. ՄԻԱՅՆ ԱԶԳԸ ԵՒ ՀԱՅՐԵՆԻՔԸ ԻՐԱՒՈՒՆՔ ՈՒՆԻՆ:  Այն ատեն  Ժողովուրդ-ը կը լսէ եւ կը հետեւի` հասկնալով, որ վերականգնումը ո՛չ վերէն եւ ո՛չ վարէն պիտի գայ, այլ պիտի գայ իւրաքանչիւր հայէ: Ուստի իրաւութեամբ պէտք է խօսիլ ժողովուրդին, զայն հրաւիրելով ազգի ՏԻՐՈՒԹԵԱՆ, յաղթահարելով հայ նախարարական տուներէն ժառանգուած մեծ կամ պզտիկ թագ կամ եսի փափուկ գահ ունենալու ախտը:

Հոգեբուժութեան մէջ դարամանումը կը սկսի խոստովանութեամբ: Այդպէս է նաեւ հաւատացեալի պարագային:

Իրաւութեամբ խօսիլ` ներսի եւ դուրսի հայերուն, թաքնուածին, մերուածին, ձուլուածին, դժգոհին, մեծին եւ փոքրին, յիշելով եւ յիշեցնելով, որ ՎԱՂԸ ՄԻՇՏ ՈՒՇ Է:

Հետեւելով մեծն Կանտիի  ուսուցման` ինչո՞ւ իրաւազրկողի, հակառակորդի եւ թշնամիի հետ անսեթեւեթ եղանակով եւ առանց գրգռութիւն յառաջացնող ոճի չենք խօսիր եւ ըսեր, որ մեր իրաւունքը արդար եւ ճշմարիտ է,  եւ սկիզբը դնել իրաւ բարոյականացած քաղաքական երկխօսութեան` միամիտի պէս հաւատալով, որ վաղ թէ ուշ ճշմարիտը լսող կ’ըլլայ:

3 փետրուար 2025, Փարիզ

Նախորդը

Մամլոյ Արձակուրդ

Յաջորդը

Խաչիկ Թէօլէօլեան Եւ Սփիւռքագիտութիւնը (ԺԵ.)

RelatedPosts

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը
Անդրադարձ

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը

Օգոստոս 19, 2025
Նոր Գիրքերու Հետ.  ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի`  Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927  (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)
Անդրադարձ

Նոր Գիրքերու Հետ. ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի` Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927 (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)

Օգոստոս 19, 2025
Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր
Անդրադարձ

Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր

Օգոստոս 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?