Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ս. Սարգիս Քարաշէն Եկեղեցւոյ Օծման 75-Ամեակին Ընդառաջ. Նոր Սիսը` Աւանդութիւններու Բնօրրան

February 14, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԿԱՐՕ ԱՂԱԶԱՐԵԱՆ

«Ամուր կառչեցէք մեր հայրերուն կողմէ ստեղծուած, մշակուած, հաստատուած, ապրուած եւ ի գին ամէն զոհողութեան պահուած աւանդութիւններուն` այն հաստատ համոզումով ու խոր գիտակցութեամբ, որ` մեր աւանդութիւնները մեզ պահեցին ամուր` պատմութեան արհաւիրքներուն դիմաց»:

Աւանդութիւններու Վերակենսաւորման Տարի (2025)

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ
ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ

Կիլիկիոյ հայոց թագաւորութեան մայրաքաղաք եւ կաթողիկոսութեան աթոռանիստ քաղաք Սիսը իր պատմական, փառահեղ անցեալով դրոշմուած կը մնայ իւրաքանչիւր հայատրոփ հայորդիի մտածողութեան եւ յիշողութեան մէջ: Հետաքրքրական է սակայն, որ Սիս քաղաքի անկումէն ետք շնորհիւ հայուն անկոտրում հաւատքին, շինարար կամքին, ինքնութեան պահպանման տեսլականին, սփիւռքի հեռաւոր ափերուն` հիւրընկալ Լիբանանի մէջ Ցեղասպանութենէն ճողոպրած հայը իր կայքը հաստատելէ անմիջապէս ետք հիմնեց եկեղեցի, դպրոց, ակումբ` իր պապերուն թողած ժառանգը վառ պահելու եւ նոր սերունդին փոխանցելու նուիրական առաքելութեան լծուելով:

Այսպէս, երբ պատմութեան էջերը թերթատենք, այնտեղ կը տեսնենք այնպիսի ձեռներէց հայեր, որոնք օրն ի բուն տքնեցան հայապահպանման գործին ի խնդիր: 1932-ին պատմական Կիլիկիոյ Սիս քաղաքէն հայ գաղթականներ Պուրճ Համուտի մէջ կը հիմնեն Սիս թաղամասը եւ փայտաշէն եկեղեցին, զոր կ՛անուանեն Ս. Սարգիս: Աւելի ուշ, 1949-ին, այս եկեղեցին կը փոխարինուի քարաշէն եկեղեցիով եւ մարմարեայ խորանով, որուն օծումը կը կատարուի 1950-ին: Եկեղեցւոյ մէջ կը ջամբուի դպրոցական ուսումը, եւ կը հիմնուի Ազգային Լուսինեան վարժարանը:

Իմ հայրենակցական պատկանելիութիւնս սսեցի չէ, սակայն մօտ քսան տարիներ համանուն եկեղեցւոյ Ազգային Աքսոր Գասարճեան վարժարանին (նախապէս Ազգային Լուսինեան) մէջ հայոց լեզուի իբրեւ ուսուցիչ պաշտօնավարած ըլլալով, ուզեցի իմ մտորումներս բաժնել ընթերցողներուն:

Ա. Նոր Սիսը` Հայատրոփ Շրջան

Պուրճ Համուտի քարտէսին վրայ թէեւ Նոր Սիսը կը գտնուի Պուրճ Համուտի ծայրամասը, սակայն ատիկա ոչ մէկ ձեւով կ՛արգիլէ անոր հայատրոփ ըլլալու իրողութիւնը: Ըստ նախկին պաշտօնակիցներուս եւ երէց սերունդի վկայութեան, Նոր Սիսը առաւելաբար հայաբնակ եղած է, իսկ Ազգային Աքսոր Գասարճեան վարժարանը մինչեւ 500-ի հասնող աշակերտութիւն ունեցած է: Այդ վարժարանէն շրջանաւարտներ մեր ազգին իրենց ներդրումը ունեցած են, ազգային գործիչներ պատրաստուած են մինչեւ դպրոցին վերջնական փակուիլը` 2017-ին: Դժբախտաբար կեանքի պայմաններու բերումով (արտագաղթ, մահ եւ այլ շրջան փոխադրութիւն) շրջանը սկսած է հայաթափիլ` տեղի տալով լիբանանցի եւ ոչ լիբանանցի բնակիչներու: Սակայն շնորհիւ շրջանի պատասխանատուներու ջանքերուն եւ տեսլականին, զանազան նախաձեռնութիւններ կը կատարուին Նոր Սիսը հայաշունչ պահելու նպատակով:

Բ. Ս. Սարգիս Եկեղեցին` Հաւատքի Օճախ

Հոյլ մը ձեռներէց հայերու հաւատքով եւ սսեցի հայրենակիցներու նիւթական օժանդակութեամբ կառուցուած Ս. Սարգիս գեղակերտ եկեղեցւոյն երդիքին տակ Աստուծոյ խօսքին մատուցումը կատարուած է իր հիմնադրութենէն ի վեր: Ս. պատարագի քուլայ քուլայ շարականներու երգեցողութեամբ հոգեկան անդորր պարգեւուած է տաճար յաճախող հաւատացեալներուն եւ վարժարանի համար մատուցուած յատուկ աշակերտական պատարագներու ներկաներուն համար: Յիրաւի հայ եկեղեցւոյ աւազանէն մկրտուած սերունդներ քրիստոնէական եւ հայկական գողտրիկ բոյն կազմեցին ու երաշխաւորեցին ապագայ սերունդի գոյատեւումը:

Գ. Ս. Սարգիսի Անուանակոչութիւն

Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին նաեւ շրջանին մէջ գործող կառոյցներու տօնի համարժէք պատրաստութիւն կը կատարուէր: Արդարեւ, տարիներու աւանդութիւնը շարունակուեցաւ մինչեւ վարժարանին փակուիլը:

Ազգային Աքսոր Գասարճեան վարժարանի Ծնողաց յանձնախումբը տօնէն ամիս մը առաջ կը լծուէր Ս. Սարգիսի տօնին շաբթուան զուգադիպող Առաջաւորաց պահքի (եռօրեայ ծոմապահութեան) ճաշի տօնավաճառի պատրաստութեան աշխատանքին: Արդէն տօնավաճառին նախորդող օրը ծնողներ, ուխտաւորներ պահեցողութեան ուտելիքներ կը բերէին վարժարան, որպէսզի չորեքշաբթի առաւօտեան անոնք պատրաստ ըլլային եկեղեցի յաճախող հաւատացեալներուն համար:

Անշուշտ այս աշխատանքին կ՛օժանդակէին վարժարանի տնօրէնութիւնն ու ուսուցչաց կազմը: Տօնին օրը, շաբաթ, կը զենուէին մատաղցու արու ոչխարները, եւ կը պատրաստուէր աւանդական ճտապուրը: Կիրակի օր առաւօտեան ժողովրդային ընդունելութիւն կը կատարուէր Թեմի օրուան առաջնորդին` առաջնորդութեամբ ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին: Եկեղեցւոյ աստիճաններուն վրայ կարգապահ շարքերով շարուած վարժարանի աշակերտութիւնը ծափողջոյններով կը դիմաւորէր առաջնորդ սրբազան հայրը:

Երկուշաբթի օր դպրոցը փակ կը մնար Ս. Սարգիս Զօրավարի տօնին առիթով: Վերջին տարիներուն շրջանի հայեցի դիմագիծը պահելու միտումով Նոր Սիս թաղամասին մէջ կը կազմակերպուէր տօնավաճառ եւ գեղարուեստական յայտագիր` ՀՅԴ «Իշխան» կոմիտէի նախաձեռնութեամբ:

Դ. Աւանդութեանց Պահպանումը` Ապագայի Գրաւական

Եթէ աւանդութեանց պահպանումը եւ յաջորդող սերունդներուն ջահի փոխանցումը չկատարուի, այդ ատեն մեր կեանքը անջրդի պիտի ըլլայ եւ պիտի պարպուինք մեր ազգային արժէքներէն: Ի զուր չէ, որ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը 2025-ը հայրապետական հռչակագիրով յայտարարեց «Աւանդութիւններու վերակենսաւորման տարի», շեշտելու համար անոնց կարեւորութիւնը, վերադասաւորումի ենթարկելու ու զանոնք վերականգնելու, վերանորոգելու եւ ներկայ պայմաններուն պատշաճեցնելու ուղղութեամբ աշխատանքի մղուելու հրամայականին ընդառաջ:

Թող Ս. Սարգիսի տօնը զարթուցիչ զսպանակը դառնայ մեր ժողովուրդի զաւակներուն, ընտանիքներուն եւ պատասխանատուներուն` աւանդութեանց եւ մեր արժէքներուն պահպանման ի խնդիր:

 

 

Նախորդը

Ալեն Սիմոնեանի` Արցախցիներուն Հասցէին Կատարած Յայտարարութիւնները Խստօրէն Դատապարտուեցան

Յաջորդը

Երբ Կանգուն Է Աւանդութիւնը, Կենդանի Է Հաւաքականութիւնը. (Նոր Սիսի Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ Քարաշէն Հիմնադրութեան 75-Ամեակ)

RelatedPosts

Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Եւրոպան Քաղաքական Վերիվայրումներու Եւ Ժողովրդավարական Օրինականութեան Ճգնաժամին Միջեւ

October 31, 2026
Նախագահական Ընտրութիւններէն 6 Ամիս Առաջ.  Ֆրանսայի Խռովարար Իրադարձութեանց Խորքային Պատճառները
Անդրադարձ

Նախագահական Ընտրութիւններէն 6 Ամիս Առաջ. Ֆրանսայի Խռովարար Իրադարձութեանց Խորքային Պատճառները

October 31, 2026
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Տեղական Ինքնակառավարման Մարմիններու Ընտրութեան Փորձաքարը

October 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.