Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նոր Սիսը Երէկ Եւ Այսօր (Նոր Սիսի Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ 75-Ամեակին Առիթով)

Փետրուար 14, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վ. ԱՒԱԳԵԱՆ 

Վերիվայրումները

Կազմաւորման եւ ինքնահաստատման խանդավառութիւնը երկար չի տեւեր. Նոր Սիսն ալ կ’ազդուի ներգաղթի ներազգային ցնցումէն, երբ 1946-1947 տարիներուն որոշ թիւով պուրճհամուտցիներու կարգին սիսեցիներ եւս հայրենակարօտ զգացումներով կը մեկնին Հայաստան եւ իրենց հողերը կը վաճառեն հարաւային Լիբանանէն ու Պեքայէն եկած շիիներու: Կը սկսի ստուարանալ Պուրճ Համուտի եւ յատկապէս Նոր Սիս-Նապաայի շիի բնակչութիւնը, որ հինէն արմատներ ունէր արդէն շրջանին մէջ: Շատ չանցած` հարաւի Արապսալիմ գիւղէն շէյխ Ռիտա Ֆարհաթ Նապաայի մէջ կը հիմնէ մզկիթ մը (1950): Աւելի ուշ կը ստեղծուին` որբանոց, պետական դպրոց եւ համայնքային կարգ մը հաստատութիւններ:

ՀՄԸՄ-ական սկաուտներ կը հսկեն աւանդական մատաղի պատրաստութեան:

Ամէն ինչ բնականոն չ’ընթանար սակայն: Հայերու եւ նոր եկուորներուն միջեւ կ’արձանագրուին վէճ-վիճաբանութիւններ եւ կռիւներ: Հայր Պօղոս Արիսն է, որ կը վկայէ. «Պուրճ Համուտի մէջ երբեմն ընդհարումներ տեղի կ’ունենային հայերու եւ շիիներու միջեւ: Խնդիրներ կը յարուցուէին, վէճերը վերջ չունէին: Կատուի մը համար, անգամ մը, արիւն թափեցաւ, մէկ անձ մեռաւ, 23 անձեր վիրաւորուեցան: Ատելութիւնը վառ էր միշտ: Մեծ աշխատանք կատարուեցաւ համերաշխութեան եւ խաղաղութեան հաստատման համար»: («Մասիս», 8 մարտ 1956):

Պատարագ` նորակառոյց Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ մէջ:

Բնութիւնն ալ իր աւերը կը գործէ շրջանին մէջ: Պուրճ Համուտի թաղերէն շատերը ծովու մակերեսէն ցած վայրերու մէջ գտնուելով` ձմեռները յորդառատ անձրեւներու պատճառով կ’ողողուին ջուրով: 1951-ի դեկտեմբերը ահաւոր վնասներու կը մատնէ Նոր Սիսի եւ շրջակայքի հայութիւնը: «Ջուրը ողողած է տուները, փողոցները եւ ամէն կողմ,– կը վկայէ «Ազդակ»-ի թղթակիցը-, հակառակ աշխատող ընկերներու օգնութեան, ջուրը կը մնայ` ուր որ է… Ամէն անգամ որ երկու ժամ անդադար անձրեւ կը տեղայ, հեղեղը կը մտնէ տուներէն ներս, առնուազն` քսան սանթիմեթր բարձրութեամբ, թրջելով անկողինները եւ ամէն ինչ:

«Ութ օրէ ի վեր ժողովուրդը մատնուած է այս վիճակին, փոքրիկները սեղաններուն վրայ պպզած կ’անցընեն իրենց գիշերները, իսկ մեծերը ուժասպառ եւ շուարուն վիճակի մը մատնուած են: Կեանքը հոս անտանելի է դարձած, եւ ֆիզիքական գոյութիւնը ամէն վայրկեան վտանգի տակ է: Երկու պզտիկներ հազիւ կարելի եղած է խեղդամահ ըլլալէ փրկել… Ազիրեան մանկապարտէզը փակ է, որովհետեւ նստարանները ջուրերու վրայ կը ծփան: Պէտք է գալ եւ տեսնել` կացութիւնը զգալու եւ հասկնալու համար: Ողբերգութիւն չէ՞ միթէ այս կեանքը, երբ թէ՛ անձրեւը տանիքներու ծակտիկներէն կը կաթկթի վար, թէ՛ վարէն հեղեղը լեցուած է սենեակներուն մէջ, եւ երբ ամէն անգամ հովը քիչ մը ամուր փչէ, կը սպառնայ թիթեղեայ առաստաղը առնել ու տանիլ եւ կամ հիւղակը փլել իր բնակիչներուն վրայ»: («Ազդակ», 23 դեկտեմբեր 1951):

1932. Նոր Սիսի դաշնակցական առաջին խումբը շրջանի առաջին ակումբին մուտքին:

Գետինը նստողներ` Միհրան Յարութիւնեան, Հայկազ (սափրիչ), Սարգիս Դարբինեան (սափրիչ), Սարգիս Գուլայեան, Հաշէօլեան, ………., Յակոբ Ասատուրեան («Քէօր Յակոբ»), Վարդգէս («Քոնթ»):
Նստողներ` Գըսայակոբեան, Նորքաջ, Անդրանիկ Քէչէպաշեան («Զոնթուրուխ»), Գարեգին Մըճըրըխեան, Սարգիս Գուլայեան, Հայկազուն Յակոբեան, Արշակունի Ռաֆայէլեան, Գանարեան («Մըխթար»), ………….., Հայկ Նուրեան, Տէօվլէթեան, Գասպար Գասպարեան, Մանուկ Թապագեան, Կարապետ Չափութեան («Միթի»),
Ա. շարք կանգնածներ` Աւետիք Աւետիքեան, Գարեգին, Մինաս Գլըպոզեան, Հայկազ Ռաֆայէլեան, Աբրահամ Փափազեան, Արշաւիր Կիտցինեան, Սողոմոն Դարբինեան, Աւետիս Չոլաքեան, Սարգիս Քէլէշեան, Արտաշէս («Պիքֆայա»):
Բ. շարք կանգնածներ` Կարապետ («Շարվարլը»), ………….., Հուման Փեսայեան, Գրիգոր Սեմիզեան, «Սաղըր Աբրահամ», «Պոզօ», ……………., Գաբրիէլ Աւետիքեան, Պարսում Կրակեան, Սարգիս Դարբինեան («Կէնճ»):
Գ. շարք կանգնածներ` Եզնիկ Գուլայեան, Յակոբ Փափազեան («Տոնուզ») եւ Յակոբ Մինասեան:
Զինանշանը բռնողներ` Խաչեր Խաչերեան եւ Նազար Պալեան:

Շինարարական աշխատանքները այս հանգրուանին կը դանդաղին, բայց կանգ չեն առներ: 1950-ականներու վերջերուն Պօղոս Արիսի շէնքերու կառուցումով Նոր Սիսն ու Պուրճ Համուտը կը ստանան հայեցի շեշտուած դիմագիծ:

Ազգային միջնաբերդի վերածուելու փաստն է, որ կը տրուի այնուհետեւ: Յատկապէս օգոստոս 1976-ին, Նապաայի դէպքերու լոյսին տակ,  շրջանէն շիիներու հեռացումէն ետք, Նոր Սիսը գրեթէ ամբողջութեամբ կը հայանայ: Մեկնած շիիներու տեղ կու գան բնակելու Պուրճ Համուտէն դուրս իրենք զիրենք անապահով զգացող հայեր: Աւելի՛ն. հայութեան թիւը բազմացնող քայլով մը Նոր Սիսի «Ազիրեան» ակումբի բնակարանային յանձնախումբը տասնամեակի մը ընթացքին 150 բնակարաններ կը գնէ տեղացիներէ եւ զանոնք վերանորոգելէ ետք մատչելի պայմաններով կը վաճառէ ազգայիններու:

Այսպէս, հայաշունչ ներկայութիւնը ինքզինք կը պարտադրէ լիբանանեան պատերազմի ամբողջ տեւողութեան: Նոր Սիսի «Ազիրեան» ակումբը կը մնայ պատնէշի վրայ եւ չի զլանար իր արեան տուրքը տալու շրջանի հայութեան պաշտպանութեան գործին, երբ հինգ կուսակցականներ եւ համակիրներ կը զոհէ այդ նպատակին` Թորոս Նաճարեան, Սարգիս Թագաճեան, Օննիկ Փափազեան, Եանքօ Կէրէքմեզեան եւ Սահակ Մանուկեան:

Նորագոյն Փուլը

1990-ին, արիւնալի պատերազմին աւարտով նոր էջ կը բացուի ո՛չ միայն Նոր Սիսի, այլեւ` Պուրճ Համուտի պատմութեան մէջ: Ինքնապաշտպանութեան բնազդով քով-քովի եկած հայեր կամաց-կամաց կը տարտղնուին: Ծայր կու տայ բնական տեղաշարժ մը դէպի հեռակայ շրջաններ: «Հայը լաւ օրին չի դիմանար» ասացուածքը կը գտնէ իր հարազատ արտայայտութիւնը: Խաղաղ ու բարգաւաճ օրերը կը բանան հայկական միջնաբերդին դռները, որոնցմէ ներս կը մտնեն աշխատանքի նպատակով Լիբանան ժամանած մեծաթիւ օտարներ: Խաղաղութեան վերահաստատման հետ Պուրճ Համուտ կը սկսին վերադառնալ 1976-ին շրջանէն հեռացած շիիները: Վերադարձողները կու գան հաստատուելու Պէյրութի արեւելեան արուարձաններ փոխադրուած կամ Լիբանանէն արտագաղթած ազգայիններու տեղ:

Հայութեան թիւի նկատառելի նուազումին հետ, Նոր Սիսի ազգաբնակչութեան պատկերը կը կրէ զգալի փոփոխութիւն: Երկու այլ ազդակներ եւս կ’ունենան ժխտական անդրադարձ: Առաջինը` քաղաքաշինական կարգ մը ծրագիրներու եւ յատկապէս Էշրեֆիէ-Տըքուէնէ կամուրջին շինութիւնը, որ կ’անցնի Նոր Սիսի կեդրոնէն եւ տեղահան կ’ընէ կամուրջին երկու կողմը գտնուող ժողովրդային բնակարաններու, Պօղոս Արիսի եւ Նոր Սիսի բազմատասնեակ հայ ընտանիքները: Երկրորդը՛ Լիբանանը հարուածող տնտեսական յաջորդական տագնապները, որոնք պատճառ կը դառնան բնակարանային մեծ ծրագիրներու կասեցման եւ հայութեան թիւի սահմանափակման:

Այսօր, երբ Նոր Սիսը կը նշէ իր քարակերտ եկեղեցւոյ կառուցման 75-ամեակը, աշխարհով մէկ սփռուած սիսեցիներ երանութեամբ կը յիշեն իրենց երբեմնի թաղամասին ժողովրդային բազմամբոխ տօնախմբութիւնները, Ս. Սարգիսի աւանդական մատաղի պատրաստութիւնները եւ սիսեցի «աղա»-ներու դիմաւորումը` առաջնորդ սրբազաններու կամ վեհափառ հայրապետներու, որոնց շքախումբերուն դիմաց «Բարի գալուստ»-ի կամարներ կը բարձրացուէին, ոչխարներ կը զենուէին, պատշգամներէն գորգեր կը փռուէին, բրինձ ու շաքար կը թափուէին ի նշան ժողովրդային ցնծութեան եւ կրօնական ջերմեռանդութեան:

20 դեկտեմբեր 1964. նորակառոյց «Ազիրեան» ակումբի բացման օրէն յիշատակելի նկար: Կեդրոնը նստած ծերունին` Միսաք Ազիրեան,  ետին` աղջիկը: Ձախին` Անդրանիկ Ուրֆալեան, աջին` Արշակունի Ռաֆայէլեան:

Տօնախմբութիւնները չեն դադրած, թէեւ փոխած են չափ ու ձեւ: Ոգին կը մնայ, տօնախմբութիւնները կը շարունակուին, որովհետեւ Նոր Սիսը կանգուն է իր Ս. Սարգիս եկեղեցիով եւ անոր գմբէթին տակ գործող միաւորներով` թաղականութիւն, տիկնանց, դպրաց դաս, կիրակնօրեայ վարժարան եւ այլն: Կանգուն է կուսակցական-միութենական եռուն կեանքով` ՀՅԴ «Իշխան» կոմիտէի, ԼԵՄ-ի «Արաբօ» մասնաճիւղի, «Քրիստափոր» պատանեկան միութեան եւ ԼՕԽ-ի «Արշալոյս Ազիրեան» մասնաճիւղի բազմաճիւղ գործունէութեամբ: Կանգուն է մանաւա՛նդ ազգային իր կառոյցներով. Նոր Սիսի մէջ են «Զուարթնոց» յատուկ դաստիարակութեան կեդրոնը, Ազգային ծերանոցը եւ երբեմնի կուրանոցը: Թրատի Հայ աւետարանական դպրոցը եւ հայ կաթողիկէ Ս. Ագնէս վարժարանը թէեւ փակուած են, սակայն կը ծառայեն համայնքային օգտակար այլ նպատակներու:

«Ազիրեան» ակումբը լիբանանեան պատերազմի տարիներուն:

Նոր Սիսի մէջ սիսեցիներ իրենց կեանքը կը շարունակեն` հայ մարդու արդար վաստակով, քրտինքով եւ անխաթար հայու ոգիով, աւելի լաւ ապագայի նկատմամբ իրենց մնայուն յոյսով ու լաւատեսութեամբ, այն խոր համոզումով, որ հակառակ ժամանակի ու միջավայրի մաշեցնող պայմաններուն`

Նոր Սիսը պէտք է մնայ օրինակ` համախումբ ու կազմակերպ կեանքի:

Պէտք է մնայ ցուցանիշ` ոչինչէն ամէն ինչ կերտող հայ մարդու կամքի:

Ու պէտք է մնայ փարոս` հայկականութեան եւ պայքարի:

(Շար. 2 եւ վերջ)

——–

(Շար. 1)

 

Նախորդը

Հայ Եկեղեցւոյ Տօներ. Արագահաս Եւ Բարեխօս Սուրբ Սարգիս

Յաջորդը

«Էն. Պի. Էյ.» Քայրի Ըրվինկ Տալասը Առաջնորդեց Յաղթանակի` Ուորիըրզի Դէմ

RelatedPosts

Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
Անդրադարձ.  Հայաստանի Հանրապետութեան Հիմնադիր Արամ Մանուկեանի Կիսաքանդ Բնակարանի Ճակատագիրը Ո՞վ Կ՛որոշէ
Անդրադարձ

Ինչո՞ւ Այս Երկրին Յաջորդ Յեղափոխութիւնը Կրնայ Վանքէ Մը Սկսիլ

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?