Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նոր Սիսը Երէկ Եւ Այսօր (Նոր Սիսի Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ 75-Ամեակին Առիթով)

Փետրուար 13, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վ. ԱՒԱԳԵԱՆ    

Սկիզբը… 1931 թուականն էր, երբ Կիլիկիոյ պարպումէն ետք Պէյրութ ապաստանած հայ գաղթականները երկրորդ անգամ ըլլալով կը ստիպուէին գաղթականի ցուպը ձեռք առնել` այս անգամ Պէյրութի փայտաշէն ու թիթեղաշէն հիւղաւանին, աւելի ծանօթ` «Քեմփ»-ին հրկիզումէն ետք:

Հիւղաւանին բնակիչները, շնորհիւ իրենց տոկունութեան եւ ձեռներէցութեան, նաեւ` լիբանանեան իշխանութիւններու ընծայած դիւրութիւններուն, կը յաջողէին Պէյրութ գետի արեւելեան ափը տարածուող Պուրճ Համուտի շրջանը հաստատուիլ եւ հայրենակցական խմբակներու բաժնուելով` սեփական թաղամասեր կառուցել:

Սիսեցիներ եւս կ՛ունենային իրենց առանձին թաղամասը` Նոր Սիսը: 94 տարի առաջ, գրեթէ ամայի, տեղ-տեղ ճախճախուտներով ու պարտէզներով լեցուն տարածք մը, որ այսօր մարդկային կեանքով կ՛եռայ եւ հայեցի շունչով կ՛ապրի: Լիբանանահայ պատմիչը օրին մէկը պիտի ներկայացնէ այն դժնդակ պայմանները, որոնց մէջ ծնաւ Նոր Սիսը եւ այն ոգին, որ մղիչ ուժը եղաւ այս թաղամասին զարգացման:

Հիմնադրութիւնը

Ս. Սարգիսի աւանդական մատաղի պատրաստութիւն:

Նոր Մարաշի հիմնադրութենէն երկու տարի ետք, 1931-ին, սիսեցիներ, փոխան 1500 օսմանեան ոսկիի, պրն. Սըմաանէն կը գնեն Նոր Սիսի թաղամասը, 57 հազար քառ. մեթր տարածութեամբ շրջան մը: Գնման եւ ժողովուրդի տեղափոխման հարցերով կը զբաղի Տեղաւորման յանձնախումբը` գլխաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Եղիշէ եպս. Կարոյեանի, անդամներ` Միհրան Գասարճեան, Յակոբ Տալտալեան, Արամ Պէքմէզեան, Միսաք Ազիրեան, Սամուէլ Էքիզեան, Պօղոս Այվազեան, տոքթ. Միհրան Փաշապէզեան, Արշակունի Ռաֆայէլեան եւ Հայկ Նուրեան:

Գնուած հողաշերտը կը բաժնուի 160 ընտանիքի՝ իւրաքանչիւրին տալով 100-160 քառ. մեթր տարածութիւն: Շրջանին ջուրը կ՛ապահովուի Նապաայէն եւ Նոր Մարաշէն: Ելեկտրականութիւնը Նոր Սիս կը հասնի 1942-1943 տարիներուն, իսկ հեռաձայնը` 1953-ին:

Սկզբնական այդ տարիներուն Նոր Սիսը կ՛ըլլայ պարտէզներով լեցուն շրջան մը: Ներկայ «Ազիրեան» ակումբին շրջակայքը կը հանդիսանայ բանջարանոց մը, ուր կը ցանուի մեծաթիւ կուտատուկ («պամիա»): Այդ պատճառով ալ թաղամասը  երկար ժամանակ կը կոչուի «Պամիալըք»:

Կազմաւորումը. Եկեղեցի–Ակումբ–Դպրոց

Հազիւ ընտանեկան երդիք մը ապահոված` սիսեցիներու առաջին գործը կ՛ըլլայ 1931-ի աշնան կառուցել հաւատքի իրենց տունը` Նոր Սիսի փայտաշէն եկեղեցին, որ միաժամանակ կ՛օգտագործուի իբրեւ վարժարան, յատկապէս` մանկապարտէզ:

Ս. Սարգիս նորակառոյց եկեղեցին 1950-ին:

1949-ին կ՛որոշուի փայտաշէն եկեղեցին փոխարինել քարաշէն եկեղեցիով, եւ հոգեւոր հովիւ Աւետիս քհնյ. Լաչինեանի ու ժողովրդային ճիգերով անմիջապէս կը սկսի աշխատանքը:

  • Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ շինութեան յանձնախումբը: Կեդրոնը` յանձնախումբի նախագահ Խադ արք. Աջապահեան: Անդամներ` Աշոտ Ս. Գասարճեան, Հայկազուն Յակոբեան, Արշակունի Ռաֆայէլեան, Հայկ Նուրեան, Սարգիս Գուլայեան, Արշաւիր Կիտցինեան եւ Եզնիկ Գուլայեան:

Եկեղեցւոյ օծումն ու անուանակոչութիւնը կը կատարուին 8 փետրուար 1950-ին, հանդիսապետութեամբ` Շինարարութեան յանձնախումբի նախագահ եւ Կիլիկիոյ կաթողիկոսական փոխանորդ Խադ արք. Աջապահեանի, որ կը մատուցէ նորակառոյց եկեղեցւոյ անդրանիկ ս. պատարագը:

Մանկապարտէզը չորս տարի փայտաշէն եկեղեցւոյ երդիքին տակ գործելէ ետք, 1935-ին կը փոխադրուի նոյն թաղին ծայրը գտնուող Միսաք Ազիրեանի քարաշէն կառոյցը, որ բաղկացած էր երեք սենեակներէ եւ ընդարձակ սրահէ: Այժմու «Ազիրեան» ակումբին վայրը գտնուող այս կառոյցը, ի դէպ, 17 տարի կը ծառայէ իբրեւ ՀՅԴ Պուրճ Համուտի առաջին ու միակ կոմիտէութեան կեդրոն: Կոմիտէութիւն, որմէ 1949-ին կը ճիւղաւորուին եւ առանձին կեդրոններով կոմիտէութիւններու կը վերածուին ՀՅԴ «Սարդարապատ» եւ «Նիկոլ Դուման» կոմիտէութիւնները:

Օրին բախտաւորութիւն էր, որ սիսեցիներ ունէին նաեւ իրենց սեփական տունը` գետնայարկ առանձին կեդրոնը, ուր կը կազմակերպուէին Սիսեցիներու միութեան եւ սիսեցի երիտասարդացին ընկերային ձեռնարկները: Հայրենակցական միութեան կազմալուծումէն ետք կեդրոնը կը դրուի ՀՅԴ Լիբանանի երիտասարդական միութեան տրամադրութեան տակ:

Եկեղեցւոյ շինարարութեան մասնակիցներու խմբանկար` թերաւարտ կառոյցին առջեւ: Ձախէն երրորդը` Միսաք Ազիրեան: Աջէն երկրորդը եւ երրորդը` Հայկ Նուրեան եւ Արշակունի Ռաֆայէլեան:

Մեծ կ՛ըլլայ ազգային բարերար Միսաք Ազիրեանի ներդրումը Նոր Սիսի հիմնադրութեան եւ կազմաւորման մէջ` ստանձնելով նիւթական եւ բարոյական կարեւոր զոհողութիւններ: 1963-ին, երբ Ազգ. Լուսինեան (հետագային` Աքսոր Գասարճեան) վարժարանին կառոյցը կ՛ամբողջանայ, բարերարը, իշխանական վերաբերումով մը քարաշէն իր կառոյցը կը նուիրէ Լիբանանահայ օգնութեան խաչին` իբրեւ «Ազիրեան» ակումբ:

Նոր Սիսի նախակրթարանը կ՛ապրի այլ ոդիսական մը: Սկզբնական տարիներուն աշակերտներ իրենց դասերը կը կատարեն եկեղեցւոյ թաղեցիներու բնակարաններուն մէջ, մինչեւ որ երկու հայրենակիցներ` Պօղոս Այվազեան եւ Պետրոս Ռաֆայէլեան կը տրամադրեն իրենց ընդարձակ մարագները, ուր կարելի կ՛ըլլայ համախմբել 250-ի հասնող աշակերտութիւն մը:

Քարաշէն վարժարանը կը կառուցուի 1934-ին եւ Լուսինեան կը կոչուի` ժողովուրդի հոգիին մէջ վերակենդանացնելու համար պատմական Սիսի մայրավանքի ժառանգաւորաց դպրեվանքը, որ կը կրէր Լուսինեան անունը: Քանի մը տարի ետք, 1937-1938 տարեշրջանին, աշակերտութեան թիւը արդէն կ՛անցնի 370-ը, յաջորդ տարին հասնելու համար 548-ի: Վարժարանին պատերը նեղ կու գան աշակերտութեան:

Սիսեցիներ հաւանաբար օրին չէին նախատեսած նման արագ յաջողութիւն եւ վարժարանի հողաշերտին գնումը կատարած էին հետեւողութեամբը իրենց բնօրրանի վարժարանին տարածութեան` ենթարկուելով… խնայողութեամբ վարուելու հայկական ծանօթ քաղաքականութեան: Հետեւաբար անոնք շուտով կը ստիպուին գնել  վարժարանին կից նոր հողաշերտ մը` չորս սենեակներով: Կարգ մը նորոգութիւններով եւ փոփոխութիւններով այդ սենեակները կ՛օգտագործուին իբրեւ դասարաններ, մինչեւ 1955, երբ անոնք կ՛ենթարկուին հիմնական բարեփոխութիւններու: Կը գնուին հինգ նոր հողաշերտեր եւ կը միացուին վարժարանին: Անոնց վրայ եւս կը կառուցուին շարք մը դասարաններ եւ օրուան չափանիշներով արդիական մանկապարտէզ:

Պատմական ճշմարտութիւններուն հաւատարիմ մնալու համար պէտք է նշել, որ 30 տարի Նոր Սիսի շինարարական բոլոր ծրագիրները կ՛իրագործուին շրջանի մարմիններուն եւ ժողովուրդին միակամ գործակցութեամբ` առանց մասնաւոր բարերարներու օժանդակութեան: Բոլորը կը շինուին «ժողովուրդի՛ն քսակէն», ձրի: Հայ հաւատքի եւ դպրութեան տուները կը բարձրանան ժողովրդային նուիրատուութեամբ եւ մասնակցութեամբ: Իւրաքանչիւր արհեստաւոր, որմնադիր, քարտաշ կամ վարպետ-շինարար կը բերէ իր սիրայօժար մասնակցութիւնը: Կիներ ու աղջիկներ քար կը կրեն, աղիւս կը կրեն, ջուր կը կրեն օգնելու համար եկեղեցւոյ շինարարներուն, գիշեր թէ ցերեկ:

Բարերարութիւնը, իշխանական նուիրաբերումով մը, կու գայ աւելի ուշ` 1963-ին, երբ գաղթականութեան եւ աքսորի ծնունդ` Աքսոր Գասարճեան կրթասիրական զգացումներէ մղուած` ամբողջութեամբ կը վերաշինէ կրթական այս օճախը եւ իր վեհոգի վերաբերումին իբրեւ գնահատանք` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Խորէն Ա. վեհափառին կողմէ կ՛արժանանայ ազգային բարերարի կոչումին: Իր անունով վարժարանը կը վերամկրտուի Ազգային Աքսոր Գասարճեան:

1963-էն ետք վարժարանը կը վերանորոգուի եւ կը բարեփոխուի բազմիցս` միշտ մնալով թաղեցիներու գուրգուրանքին առարկան: Վարժարանը կը գործէ մինչեւ 2017, երբ Ազգային Միացեալ վարժարանի հիմնադրութեամբ, վարժարանին աշակերտները կը միանան ազգային հինգ այլ վարժարաններու աշակերտութեան եւ կը տեղափոխուին Միացեալի յարկին տակ: Այնուհետեւ վարժարանին կարգ մը բաժիններուն մէջ կը հաստատուի «Զուարթնոց» յատուկ դաստիարակութեան կեդրոնը:

Երախտաւորները

 

1963. երջանկայիշատակ Զարեհ վեհափառ իր վախճանումէն օրեր առաջ կ՛այցելէ Ս. Սարգիս եկեղեցի:

Երբ Նոր Սիսի կազմաւորման դէպքերու շղթան կը յիշենք, մեր աչքերուն առջեւ եւ մեր հոգիներուն մէջէն կը տողանցեն հոյլ մը կորովի, ձեռներէց մարդիկ, որոնք հայ կեանքի ամէնէն դժուարին օրերուն յանդգնութիւնը ունեցան ազգին եկեղեցիներէն ու դպրոցներէն մէկն ու մէկը քար առ քար շինել եւ իրենց աչքին լոյսին պէս պահպանել: Թաղականներ, հոգաբարձուներ եւ տնօրէններ, որոնք անցնող 94 տարիներուն իրենց խանդն ու եռանդը, իրենց տքնաջան աշխատանքն ու օգտակար ծառայութիւնը դրին ի սպաս շրջանի հայութեան վերելքին:

Հիները կը յիշեն, նորերը կրնան պրպտել ու ճանչնալ վաստակաշատ թաղականներէն` Արշակունի Ռաֆայէլեանը, Բակուր Աղասարգիսեանը, Հայկ Նուրեանը, Սարգիս Գուլայեանը, Հայկազ Յակոբեանը, Յակոբ Մինասեանը, Պարգեւ Արաբսէսեանը, Գառնիկ Դարբինեանը, Ստեփան Տուտագլեանը, Թորգոմ Աղասարգիսեանը, Աւետիս Կէրէքմեզեանը, Էտուար Ատուրեանը եւ Պօղոս Գիզիրեանը, հոգաբարձուներէն` Եզնիկ Գուլայեանը, Արշաւիր Կիտցինեանը, Ալպեր Ունճեանը, Սարգիս Մաճառեանը, Յակոբ Յովակիմեանը, Վազգէն Էթիեմեզեանը, Յովհաննէս Մանճիկեանը, Պօղոս Տալլուզեանը եւ Գօգօ Գապագեանը: Տնօրէններէն` Մատաթիա Սարգիսեանը, Սարգիս Ջուլճեանը, Կարապետ Թաթուլեանը, Գրիգոր Գուտուլեանը, Գալուստ Թոփալեանը, Շաւարշ Մակարեանը, Ներսէս արք. Բախտիկեանը (օրին` ծ. վրդ.) եւ վերջապէս Անդրանիկ Ուրֆալեանը, ան, որուն անունը սերտօրէն կապուեցաւ շրջանի վարժարանին, իր տնօրէնութեան 33 տարիներու փայլուն գործունէութեան շնորհիւ:

Աւանդական մատաղի պատրաստութիւն:

Եւ դեռ, առանց մոռնալու եկեղեցւոյ յաջորդական հոգեւոր հովիւները` Աւետիս քհնյ. Լաչինեանը, Գրիգոր քհնյ. Սարգիսեանը, Յովհաննէս քհնյ. Պօղոսեանը, Գրիգոր Ա. քհնյ. Ֆարաճեանը եւ ուրիշներ:

Թող ներուի, եթէ համեստութիւններ չվիրաւորելու համար չյիշենք ողջերու անուններ: Նաեւ` կանխայայտ ներողամտութիւն, եթէ առանց դիտումնաւորութեան անուններ մոռնանք:

(Շար. 1)

 

Նախորդը

Թրամփ Դարձեալ Կը «Շինէ»…

Յաջորդը

«Էն. Պի. Էյ.» Տիւրենթ Փայլեցաւ, Բայց Սանզ Պարտուեցաւ

RelatedPosts

Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
Անդրադարձ.  Հայաստանի Հանրապետութեան Հիմնադիր Արամ Մանուկեանի Կիսաքանդ Բնակարանի Ճակատագիրը Ո՞վ Կ՛որոշէ
Անդրադարձ

Ինչո՞ւ Այս Երկրին Յաջորդ Յեղափոխութիւնը Կրնայ Վանքէ Մը Սկսիլ

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?