ԱՐԱԶ ԳՈՃԱՅԵԱՆ
Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ հիմնօրհնէք
Ցեղասպանութենէն վերապրած մեր մեծ հայրերը Լիբանանի մէջ հայոց համայնքաշինութիւնը իրագործած են համայնքը կոթողելով երեք հիմնական սիւներու վրայ` եկեղեցի, դպրոց, ակումբ: Մէկ կողմէ այս եռասիւնը կը փաթթուի մեր շուրջ` պաշտպանելու համար մեզ այլասերման ժանիքներէն, իսկ միւս կողմէ` մենք կը պլլուինք անոնց շուրջ` ապահովելու համար անոնց յարատեւութիւնը: Մէկս միւսով կը մնանք մեր արմատներուն կառչած:
Այսպէս եւս իրականացած է կազմութիւնը Պուրճ Համուտի Նոր Սիս թաղամասի: Ազգ. Աքսոր Գասարճեան վարժարանի եւ ՀՅԴ «Միսաք Ազիրեան» ակումբի կողքին, թաղամասին հայկականութեան պահպանման համար կեդրոնական դեր խաղացած է Ս. Սարգիս եկեղեցին, որուն (քարաշէն) հիմնադրութեան եւ անուանակոչութեան 75-ամեակը լրացաւ այս տարի, փետրուար 9-ին: 1972 թուականին հրատարակուած վերոնշեալ վարժարանի քառասնամեակին նուիրուած ալպոմ-յուշամատեանը շատ հակիրճ ու գեղեցիկ կերպով կը նկարագրէ պատմութիւնը:
1931-ին սսեցիք, տեղաւորուած հայրենիքէն դուրս թաղամասի մը մէջ ու զայն կոչած` Նոր Սիս, նախաձեռնութեամբ Եղիշէ եպս. Կարոյեանին, կը լծուին կառուցելու եկեղեցիի մը: 1932-ին արդէն կը շինուի փայտաշէն, թիթեղածածկ փոքրիկ կառոյց մը եւ կը ծառայէ նաեւ որպէս մանկապարտէզ: Եկեղեցւոյ փայտաշէն դրութիւնը կը տեւէ մինչեւ 1949 թուական, երբ, մեկնած այլեւս անյետաձգելի կարիքէ` կը յառաջանայ եկեղեցւոյ Շինութեան յանձնախումբ մը` նախագահութեամբ Խադ արք. Աջապահեանի, ատենապետութեամբ եւ հաշուակալութեամբ Աշոտ Գասարճեանի, ատենադպրութեամբ Հայկազուն Յակոբեանի, գանձապահութեամբ Արշակունի Ռաֆայէլեանի եւ խորհրդականներ ունենալով` Հայկ Նուրեանը, Սարգիս Գուլայեանը, Արշաւիր Կիտցինեանը եւ Եզնիկ Գուլայեանը: Ապաւինելով թաղի ժողովուրդի միակամութեան եւ հայրենակիցներու նիւթաբարոյական օժանդակութեան, յատկապէս` Միսաք Ազիրեանի, յունիս 26-ին կը կատարուի հիմնարկէքի արարողութիւնը. շուրջ ութ ամիս ետք արդէն քարաշէն եկեղեցին իր դռները կը բանայ հաւատացեալներուն դիմաց:
Զանգակատուն
Աւանդական մատաղ-ճտապուրը կը սպասէ օրհնութեան
9 փետրուար 1950-ին կը կատարուի եկեղեցւոյ անուանակոչութեան փառաշուք հանդիսութիւնը` Ս. Սարգիս Զօրավարի տօնին օրով, եւ եկեղեցին կը կոչուի Ս. Սարգիս: Յատկանշական է, որ այդ օր կը պատրաստուի Սիսի աւանդական մատաղ-ճտապուրը եւ կը հրամցուի հանրութեան: Այս արարողութիւնը կը դառնայ տարեկան աւանդութիւն, որովհետեւ Ս. Սարգիս Զօրավարի տօնը կը յայտարարուի նաեւ եկեղեցւոյ ուխտի օր, որ կը յարգուի ու կը նշուի մինչեւ օրս: Եկեղեցին տարիներու ընթացքին ապրած է բարեզարդման զանազան առիթներ: Առաջին շրջանին Արշալոյս Ազիրեան յանձն առած է մկրտութեան աւազանի ամբողջ ծախսը, իսկ վերջերս Սարգիս Կէրէքմէզեան ստանձնած է անոր նորոգութիւնը: Անդրէաս Պապաօղլանեան կատարած է եկեղեցւոյ մայր դրան եւ գահի շինութիւնները: Հաճի Եղիազար Փաթաթեան նուիրած է եկեղեցւոյ զանգակը, եւ Անդրանիկ Աթայեան ստանձնած է եկեղեցւոյ գեղակերտ խորանին շինութիւնը: Եկեղեցին ներկայիս ունի իր սրահը` բարերարութեամբ Աթայեան եղբայրներուն, որոնք նաեւ վերջին տարիներուն եկեղեցւոյ մնայուն բարերարներն են: Սրահը նախապէս կը ծառայէր նաեւ իբրեւ կողքի վարժարանի սրահ` բարերարութեամբ Բակուր Աղասարգիսեանի:
Եկեղեցւոյ վարի մուտքին կը գտնուի գեղեցիկ խաչքար մը` բարերարութեամբ Սարգիս Կիտցինեանի: Հարկ է յիշել եկեղեցւոյ ծխատէր քահանաները, կարգով` Աւետիս քհնյ. Լաչինեան, Գրիգոր քհնյ. Սարգիսեան, Յովհաննէս քհյն. Պօղոսեան, Գրիգոր քհնյ. Ֆարաճեան եւ Յակոբ քհնյ. Պզտիկեան: Ներկայիս Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ ծխատէր քահանան Ներսէս քհնյ. Պասիլեանն է:
Պահելով աւանդութիւնը, այս տարի եւս, 75-րդ տարին ըլլալով, վերոնշեալ սերունդին շառաւիղները եւ Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ ծխայինները` Նոր Սիս եւ Արագած թաղամասերու բնակիչները, պիտի հաւաքուին եկեղեցւոյ շուրջ, ճտապուրի պատրաստութեան եւ եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնին առիթով մատուցուած ս. պատարագին մասնակցութեան համար: Ճտապուրի պատրաստութիւնը վերջին տասնամեակներուն կը կատարուի գեղարուեստական յայտագիրի ընկերակցութեամբ եւ շրջանի միութիւններու մասնակցութեամբ: Այս տարի, 75-ամեակի առիթով, Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ յարկին տակ ի մի խմբուեցան տարիներ շարունակ ճտապուրի պատրաստութեան մղուած երէց սերունդի ներկայացուցիչներ եւ եկեղեցւոյ ծառայութեամբ տարիք առած ծխայիններ. անոնք պատմեցին իրենց յուշերն ու տպաւորութիւնները հին օրերէն: Այս հաւաքին արձանագրութիւնը լոյս պիտի տեսնէ շաբաթ, 15 փետրուարի երեկոյեան ժամը 6:00-ին` Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ «Եութիուպ»-ի կայանէն եւ Դիմատետրի էջէն:
Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ կառուցում
Վերջապէս, հետեւելով Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին «Աւանդութիւններու վերականգնման տարուան» հռչակագիրի մէջ հնչող աւանդութեան կարեւորութեան առնչուած այն հաստատումներուն, ուր կ՛ընդգծէ, որ մեր ժողովուրդին գոյութիւնը ամրապնդողը, ներկան անցեալին կապողը, մեր ազգին միութիւնը ապահովողը եւ իւրայատկութիւնը արտայայտողը, մեր արժէքները, տեսլականները, հաւատքն ու ոգին պահողը եւ մեր հաւաքական կեանքէն ներս հունաւորողը աւանդութիւնն է, դիտել տալով, որ հայկական սփիւռքի տարածքին հայապահպանման զօրեղ ազդակներէն մէկն է աւանդութիւնը, բոլորդ կը հրաւիրենք կատարելու ձեր ուխտը Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ եւ մասնակցելու համայնքային այս ձեռնարկին, այս աւանդութեան, կաթողիկոսանիստ Սիսի զաւակներուն ձեռքով կառուցուած Նոր Սիս թաղամասին մէջ: