Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թրամփ Դարձեալ Կը «Շինէ»…

Փետրուար 13, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ

Թրամփ՝ 2017-ին…                                     Նոր աշխարհակալութիւն…                                            Որո՞ւ հոգը թէ ով է զոհը…

Տանըլտ Թրամփ առաջին անգամ Սպիտակ տուն մտաւ 2017-ին ու որդեգրեց անհաւասարակշիռ ու չհաւասարակշռուող քայլեր, որոնք խոր մտահոգութիւն տարածեցին ո՛չ միայն Միացեալ Նահանգներու, այլեւ աշխարհի չորս ծագերուն: Գլխաւոր ուրախացողները եղան… երգիծաբաններն ու ծաղրանկարիչները, որոնց համար վերաբացուած է նոր դարաշրջան մը:

Մէկ ամիսէ ի վեր մարդիկ չեն հաշուեր, թէ ան քանի՛ սուտ կը նետէ, կամ ընտրապայքարի օրերուն տրուած քանի՛ խոստում գետնին տակը անցուցած է: Հիմա, «հաշիւ բռնողները» լծուած են անոր արտառոցութիւններուն ցուցակը կազմելու: Օր մը առեւտրական (ինքնագլուխ) պատերազմ կը յայտարարէ Քանատայի, Մեքսիքայի, Փանամայի, Չինաստանի, մինչեւ իսկ եւրոպացի դաշնակիցներու դէմ, ուրիշ օր մը հրապարակ կու գայ Կրուելանտան (Կրինլենտը) կուլ տալու յաւակնութեամբ, յետոյ` արար աշխարհի աչքերուն առջեւ հանդիպում կ’ունենայ ոճրագործ ու ցեղասպան Նեթանիահուին հետ եւ հրապարակ կը նետէ Կազան պաղեստինցիներէ մաքրագործելու չնաշխարհիկ ծրագիր մը (կը ձայնակցի Նեթանիահուին` «Համաս»-ը պիտի կործանենք նշանաբանը կրկնելով, մոռնալով, որ նոյնինքն Նեթանիահու կը բանակցի «Համաս»-ի հետ), բացայայտ կը դարձնէ նոր տեսակի աշխարհակալութեան մը հետամուտ ըլլալը: Այլ գիծի մը վրայ, «Ուքրանիոյ պատերազմը անմիջապէս պիտի դադրեցնեմ»-ը եւ «Փութինի հետ լեզու պիտի գտնեմ»-ները յայտնապէս փոշիի պէս աւլուած են եւ` գորգին տակ ծածկուած, հրապարակ եկած է « (ուքրանացինե՛ր) եթէ զէնք կ՛ուզէք, պէտք է մեզի նուիրէք ձեր սուղ մետաղները, ազգային հարստութիւնները»: Սա մէկ տարբերակն է Կազան ամերիկեան շահարկումներու բեմ դարձնելու հեռանկարին… Վաղը նման ձգտումներ կրնան «ողողել» Իրանէն մինչեւ Ծայրագոյն Արեւելք, ինչո՞ւ չէ, նաեւ` եւրոպական եւ հարաւամերիկեան գօտիները: (Ափրիկէն նուաճելու առաքելութիւնը կրնայ վստահիլ Իլոն Մասքի…)

Եթէ այս գլխագիր արտառոցութիւններու ցանկը երկարենք, կրնանք հասնիլ աշխարհի տարբեր ծագերը: Իսկ եթէ աչք մըն ալ նետենք «ներքին»` Միացեալ Նահանգներու ժողովուրդը վրդովմունքի մատնող ծրագիրներուն վրայ, հոն ալ կը բացուին դժոխքի այլ դուռեր. գիներու բարձրացում, ընկերային ապահովութեան մարզին ուղղուած կացին, օտարներու արտաքսումներ եւ անոնցմէ բխող վտանգներ: Բնական էր, որ այս թղթածրարը կարգաւորումի կը կարօտի, սակայն ինչ որ կ՛ընեն Թրամփ եւ սերտ գործակիցները` նոյնինքն անմարդկայնութիւն է. այս ըսելով` նախորդներուն նոյն տեսակի անմարդկայնութեան բարի վարուց վկայական չենք տար… Իսկ ի՞նչ ըսել բնական աղէտները քաղաքական քարոզչութեան շոգեկառքին կապելու յոխորտանքներուն մասին, հապա՞… հապա՞…

***

Արդար ըլլալու համար արձանագրենք, որ Թրամփ միակը չէ, որ աշխարհի դէպքերուն կը փորձէ անբնական եւ վնասակար ընթացք տալ: Եթէ մեր հեռադիտակը պտտցնենք աշխարհի այլ ցամաքամասերուն վրայ, դժուար չէ տեսնել, թէ արտառոցութիւնը, բնական աշխատանքի ընթացքէն 180 աստիճանի շեղումները «նարնջագոյն մարդ»-ուն մենաշնորհը չեն, այն տարբերութեամբ, որ այլ տեղեր խաղը կը բեմադրուի «տրամաբանական» երեւցող ոճով:

Պարզ խօսքով, աշխարհի ղեկին, ըսել կ՛ուզենք` տարբեր երկիրներու իշխանութեանց գագաթին բազմած են (բերուած են) այնպիսի արարածներ, որոնք բնական պայմաններու մէջ պիտի առաջնորդուէին մէկ տեղ` բանտ (կամ հոգեբուժարան): Փաստօրէն Թրամփ վկայեալ յանցագործ է, անոր դէմ արձակուած է քանի մը տասնեակ մեղադրանք, սակայն նոյնքան այլանդակ դարձած իրաւապահ մարմինները զայն անպարտ հռչակած են (Գերագոյն ատեան), իսկ իշխանութեան բոլոր թեւերը իրողապէս իւրացուած են անոր «խունթա»-ին կողմէ եւ, հետեւաբար, ան շահած է «ընտրեալ» եւ «օրինական» որակումները: Եւ այս մարդիկը իրենց երկրին ու աշխարհի ժողովուրդներուն հետ կը վարուին այնպէս, թէ անոնք ըլլային ապուշներ (ստրկամտութիւնը ուրիշ տեղ կը տանի մեզ):

Եկէ՛ք, պահ մը պզտի՜կ բաղդատութիւն մը ընենք` տեսնելու, թէ հանրութիւնը ինչպէ՜ս ապուշի տեղ կը դրուի նաեւ ուրիշ «սարքերու» կողմէ (որոնք այլապէս բաժին ունին նման այլանդակներ իշխանութեան բերելու մէջ): Հետեւա՞ծ էք պատկերասփիւռէն կրկնուող ու զիրար նմանակող ծանուցումներու` գովազդներու: Եթէ քիչ մը ուշադիր եւ լուրջ աչքով դիտէք զանոնք, անմիջապէս պիտի նկատէք, թէ ինչպիսի՜ այլանդակութիւններ, անբնական վիճակներ եւ մինչեւ իսկ «սեփական ոտքին կրակող» պատկերներ կը ցուցահանուին ձեր փոքր պաստառներէն (անշուշտ կան բացառութիւններ): Կարելի է բազում օրինակներ թուել (նշենք հատ մը. ապահովագրութեան ընկերութեան մը գովազդին մէջ մէկը բացայայտ դիտաւորութեամբ ինքնաշարժի արկածի պատճառ կ՛ըլլայ, որպէսզի ինքնաշարժին տէրը, ապահովագրուելով` հանգիստ զգայ…), սակայն մեր նպատակը ուրիշ բան է: Մեր նպատակը լուսարձակի տակ բերել է այն, որ իշխանութիւններ կ՛ընեն (եւ իբրեւ բնական ընթացք «կը կլլուին») այնպիսի՛ բաներ, որոնք ըստ էութեան հականիշն են իրենց իսկական առաքելութեան, բարիքի տեղ չարիք կը բաշխեն: Քարոզչական մեքենաներ եւ երգիծանքի վարպետներ, ընդդիմախօսներ մերթ ընթ մերթ խարանող բացայայտումներ կը կատարեն, ուրիշներ չարիքը իբրեւ բարիք կը քարոզեն, եւ սակայն շոգեկառքը չի շեղիր իր վնասարար ու կորստաբեր ուղիէն, վնասուող զանգուածներուն ձայնն ու արդար ակնկալութիւնները կը խլացուին, կը ճնշուին բիրտ կամ թաւշային միջոցներով…

***

Կ՛արժէ՞ արդեօք առանձնաբար խօսիլ այլ երկիրներու, մասնաւորաբար մեր մտահոգութեանց սեւեռակէտն ու աչքի լոյսը եղող հայրենիքին մասին: Եթէ սկսինք մանրամասնութիւններ թուել, պիտի իյնանք կրկնութիւններու ոլորապտոյտին մէջ: Հարցը հոն է, որ եթէ Թրամփի կամ նմաններու արտառոցութիւնները հեռուէն դիտողը աւելի դիւրին կը տեսնէ անբնականութեան տարածումը (կան անշուշտ նման օտար «հանճարներու» թելերէն կախուիլ փափաքողներ) Հայաստանի մէջ, նաեւ` սփիւռքի. տակաւին, կայ զանգուած մը, որ ուխտած է չտեսնել վնասարար քայլերթը, ներողամտութիւն խաղալ հայրենիքը կորուստէ կորուստ տանող «յաղթարշաւ»-ին հանդէպ, տարուիլ այնպիսի՜ ցնորքներով, թէ Հայաստան պատերազմին մէջ կրած պարտութիւններով ինքնիշխանութիւնը ամրապնդեր է (հիմա ո՞վ է յիշողը «Յաղթելու ենք»-ները), հայը պէտք է նորէ նոր աչքերը բանայ եւ փնտռէ, թէ Ցեղասպանութիւնը ինչո՞ւ տեղի ունեցած է, ո՞վ է յանցաւորը, մինչեւ իսկ սկսի կասկածիլ, թէ անցեալի եւ երէկի ցեղասպանութիւններուն մէջ (խօսքը հայասպանութեան մասին է) հայեր ալ յանցանքի բաժին կրնան ունեցած ըլլալ (մոռցէ՜ք, որ այս բոլորը թրքական ծանօթ վարկածներու թութակում է), ուրեմն, պէտք է մտածել միջազգային ատեաններու ճամբով թշնամիէն արդար հատուցում պահանջելէ ետ կանգնելու մասին եւ սպասել, որ ան ալ ետ կանգնի իր շինծու եւ ստապատիր մեղադրանքներէն:

… Թրամփի արտառոցութիւնները գրեթէ միաբերան դատապարտանքի եւ բուռն հակադարձութիւններու կը մատնուին աշխարհով մէկ, մինչեւ իսկ` դաշնակիցներէ: Ան կը ստիպուի առայժմ ձեւական (վաղը աւելի շօշափելի) ետդարձեր կատարել, որովհետեւ այս ուղիին շարունակումը կործանարար պիտի ըլլայ բոլորին, սկսեալ` Միացեալ Նահանգներու համար, շահաբեր` «ընտրանի» շահամոլներու: Մեր հայրենիքին գլխավերեւին կախուած պատուհաասները աւելի՛ հեռահաս են եւ կը վազեն դէպի անդառնալիի սահմանները: Մեր ժողովուրդն է, որ պիտի հակադարձէ ուժգնօրէն եւ կասեցնէ ամէն այլանդակութիւն: Եւ ասիկա կը սկսի դաժան իրականութիւնները համաչափ դիտելու ունակութեան, հայրենտիրութեան կամքի վերականգնումով:

9 փետրուար 2025

Նախորդը

37 Տարի Առաջ, Այսօր. Ստեփանակերտի Հանրահաւաքով Սկիզբ Առաւ Արցախի Ազգային Ազատագրական Շարժումը

Յաջորդը

Նոր Սիսը Երէկ Եւ Այսօր (Նոր Սիսի Ս. Սարգիս Եկեղեցւոյ 75-Ամեակին Առիթով)

RelatedPosts

Հայրենիքի  Հաւատքը  Պահապան   Մեր Ինքնութեան
Անդրադարձ

Փաշինեանի «Իրական Հայաստան» Գաղափարախօսութիւնը- Ի՛նչ Է Եւ Ի՛նչ Չէ

Յուլիս 12, 2025
Սեդա Մարկոսեան-Խտըշեանի «Մեր Տունը» Գիրքին   Յառաջաբանի Փոխարէն
Անդրադարձ

Սեդային Տան Երդիքին Տակ

Յուլիս 12, 2025
Բացարձակապէս Մերժելի Է Փաշինեանի Կողմէ Արցախի Յանձնումը Ազրպէյճանին
Անդրադարձ

Փաշինեան Հատեց Բոլոր Կարմիր Գիծերը. Անոր Օրերը Հաշուըւած Են

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?