Հայկական միջնադարեան նշանաւոր վանական համալիրներէն է Դադիվանքը (Խութավանք), որուն մասին մատենագիտական առաջին յիշատակումները կատարուած են 9-րդ դարուն: Աւանդութեան համաձայն, եկեղեցին հիմնուած է Ս. Թադէոս առաքեալի հետեւորդ Դադէի կողմէ` Ա. դարուն: Դադիվանքը եղած է Խաչէնի կրօնական եւ մշակութային մեծ կեդրոն: Գլխաւոր եկեղեցին կաթողիկէ Սուրբ Նշանն է, որ 1214 թուականին կառուցած է Հաթերքի հայոց մեծ իշխան Վախթանգի կինը` Արզուխաթունը: Յայտնի է, որ Դադիվանքին մէջ 1184 թուականին Մխիթար Գոշ աւարտած է իր հռչակաւոր «Դատաստանագիրք Հայոց»-ը: Վանական համալիրի տարածքին մէջ պահպանուած են բազմաթիւ խաչքարեր եւ որմնագիր հայալեզու արձանագրութիւններ: 2021 թուականի մայիսէն հայերու մուտքը բռնագրաւուած Դադիվանքի տարածք արգիլուած է ազրպէյճանցիներու կողմէ: Այս մասին գրած է «Գեղարդ» հիմնադրամը:
Թէեւ ուտիները քրիստոնեաներ են եւ կրած են հայ ժողովուրդի մշակութային ազդեցութիւնը, սակայն Դադիվանքի եկեղեցական ճարտարապետութիւնն ու նիւթական մշակոյթը կը վկայեն վանական համալիրին հայկական ըլլալուն անհերքելիութիւնը: