Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայ Եկեղեցւոյ Տօներ. Տօն Ատոմեանց Զօրավարաց

February 17, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Հայ եկեղեցին Սուրբ Սարգիս զօրավարի տօնէն ետք եւ Սրբոց Վարդանանց տօնէն առաջ, Բուն Բարեկենդանը կանխող երկրորդ շաբթուան երկուշաբթի օրը կը տօնէ ազգային ինքնութեան եւ քրիստոնէական հաւատքի համար հայրենի հողին վրայ նահատակուած Սրբոց Ատոմեանց զօրավարաց յիշատակը:

Ատոմ Գնունի եւ Մանաճիհր Ռշտունի պարսից Յազկերտ Բ. արքայից արքայի կարգադրութեամբ իրենց գունդերով Պարսկաստանի հեռաւոր սահմանները երթալու հրաման ստացան:

Արքայից արքային նպատակն էր հայոց զինուորական ուժ ներկայացնող տարրերը պատերազմական պատրուակներով հեռացնել Հայաստանէն, որպէսզի այնուհետեւ անցնէր քրիստոնէութիւնը ջնջելու եւ հայերը զրադաշտական դարձնելու եւ ձուլելու ծրագիրի գործադրութեան:

Ատոմ Գնունիի եւ Մանաճիհր Ռշտունիի գունդերուն ճամբայ ելլելէն ետք սկսան հայոց դէմ հալածանքները:

Յազկերտ արքայ Ատոմ Գնունին եւ Մանաճիհր Ռշտունին իրենց զինուորներով արքունիք հրաւիրեց` պարգեւատրելու խոստումով:

Հայ զօրավարները նախ ընդունեցին հրաւէրը, բայց յետոյ իմանալով, որ իրենց համար որոգայթ պատրաստուած է, որոշեցին հայրենիք վերադառնալ:

Ատոմ Գնունի եւ Մանաճիհր Ռշտունի իրենց գունդերով ճամբայ ելան դէպի Հայաստան:

Պարսիկներ, երբ իմացան, որ անոնք խոյս կու տան դէպի Հայաստան, մեծաթիւ զօրքով սկսան հետապնդել զանոնք:

Հայ զօրքերը Անձեւացեաց գաւառ հասած էին, երբ պարսիկներ մօտեցան անոնց:

Լեռներուն վրայ ապրող սուրբ ճգնաւոր մը տեսիլքով մարգարէացաւ, որ Ատոմ եւ իր զինուորները պէտք է նահատակուին: Ատոմ եւս գիշերը տեսիլքով իմացաւ եւ հաւատաց որ պիտի նահատակուին:

Պարսից զօրքը հասաւ եւ շրջապատեց հայ զինուորները: Ատոմ եւ իր զինուորները զինաթափ եղան: Անոնք նախընտրեցին կամաւոր նահատակութիւնը: Պարսիկներ սրոխողխող ըրին զանոնք Ձիակալ կոչուած վայրին մէջ:

Իսկ Մանաճիհր Ռշտունի եւ իր զինուորները, որոնք աւելի առաջ գացած եւ Ռշտունեաց գաւառը հասած էին, նահատակուեցան Ոչխարանից վանքին մէջ:

Ատոմի հետ նահատակուեցան որդին` Վարս Գնունի, ինչպէս նաեւ Վարս Ոստանիկ, Ներսեհ Երուանդունի եւ Վարձաւոր Արծրունի: Բոլոր նահատակներուն թիւը շուրջ հազար հոգի էր:

Երկրորդ կամ Նոր Ատոմեանները, հարիւրյիսուն հոգի, նահատակուեցան 853-ին, Դուինի մէջ: Անոնց առաջնորդը Ատոմ Անձեւացին էր: Անոնք մերժեցին արաբ ոստիկան Բուղայի հաւատուրացութեան առաջարկը եւ նահատակութեամբ հաստատեցին իրենց ընտրութիւնը:

 

Նախորդը

Գի՞րք Ենք, Թէ՞ Մարդ

Յաջորդը

Եթէ Ամերիկայի Նախագահը` Քանատան, Փանաման, Կրինլենտը Կամ Կազան Ամերիկայի Սեփականութիւնն Է Ըսէ, Այդպէ՞ս Կը Ճանչցուի… Այնպէս` Ինչպէս Եթէ Փաշինեան Մը «Արցախը Հայաստան Է Եւ Վերջ» Ըսելէն Ետք «Արցախը Ազրպէյճանի Մաս Է» Ըսելով` Այդպէ՞ս Կը Ճանչցուի…

RelatedPosts

Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Եւրոպան Քաղաքական Վերիվայրումներու Եւ Ժողովրդավարական Օրինականութեան Ճգնաժամին Միջեւ

October 31, 2026
Նախագահական Ընտրութիւններէն 6 Ամիս Առաջ.  Ֆրանսայի Խռովարար Իրադարձութեանց Խորքային Պատճառները
Անդրադարձ

Նախագահական Ընտրութիւններէն 6 Ամիս Առաջ. Ֆրանսայի Խռովարար Իրադարձութեանց Խորքային Պատճառները

October 31, 2026
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Տեղական Ինքնակառավարման Մարմիններու Ընտրութեան Փորձաքարը

October 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.