Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Կիպրոս
Այցելութիւն Հանրապետութեան Նախագահին
24 փետրուարին կիպրահայոց թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Կոմիտաս արք. Օհանեան, ընկերակցութեամբ պետական ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեանի, Յովհաննէս ծ. վրդ. Սաղտըճեանի եւ Երեսփոխանական ժողովի ատենապետ Վահան Այնէճեանի, քաղաքավարական այցելութիւն մը տուաւ Կիպրոսի հանրապետութեան նախագահ Նիկոս Խրիստոտուլիտիսի:
Հանդիպումի ընթացքին արծարծուեցան կիպրահայ համայնքը յուզող տարբեր հարցեր:
Հանդիպումի աւարտին տեղի ունեցաւ յուշանուէրներու փոխանակում:
Միացեալ Նահանգներ
Մոնթեպելլոյի Հայոց Ցեղասպանութեան Նահատակներու Յուշարձանը` Քալիֆորնիոյ Պատմական Կոթող
Վերջերս Մոնթեպելլոյի Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յուշարձանը ներառուեցաւ Քալիֆորնիոյ պատմական կոթողներու ցանկին մէջ եւ այս մասին պաշտօնապէս յայտարարուեցաւ 21 փետրուարին` «Պիքնըլ» զբօսայգիի մէջ գտնուող յուշահամալիրին մէջ կայացած արարողութեան ժամանակ:
Յուշարձանը նահանգի պատմական կոթող հռչակելու նախաձեռնութիւնը, որ միաձայնութեամբ ընդունուեցաւ նահանգի Պատմական հարստութիւններու յանձնաժողովին կողմէ, կը պատկանի Քալիֆորնիոյ ծերակոյտի անդամ Պոպ Արչուլետայի: Ան իր խօսքին մէջ շեշտեց, որ Հայոց ցեղասպանութեան մէկ ու կէս միլիոն հայերու բնաջնջումը երբեք պէտք չէ մոռցուի, հաստատելով, որ Մոնթեպելլոյի յուշարձանի ճանաչումը որպէս Հարաւային Քալիֆորնիոյ պատմական կոթող` բազմաթիւ քայլերէն առաջինն է: Ան ըսաւ, որ այս յուշակոթողը վկայութիւն է, որ մեզի կը յիշեցնէ, որ շարունակենք աշխատիլ Արցախէն տեղահանուած աւելի քան100 հազար հայերու համար: Ան ըսաւ, որ սոյն յուշարձանը միայն կառոյց չէ, այլ` մշտական յիշեցում, որ 1915 թուականի իրադարձութիւնները երբեք պէտք չէ կրկնուին: Քալիֆորնիոյ Ներկայացուցիչներու տան անդամ, Հայկական օրէնսդրական յանձնաժողովի նախագահ Ճան Հայրապետեան պատմական համարեց սոյն օրը եւ ըսաւ, որ ինք միակ հայն է այս յանձնաժողովին մէջ եւ կրնայ փաստել, որ Սաքրամենթոյի մէջ թէեւ մարդիկ չունին հայկական արիւն, բայց սրտով հայ են, եւ անոնց շնորհիւ` Մոնթեպելլոյի հայկական յուշարձանը ճանչցուեցաւ որպէս պատմական կոթող:
Ներկայացուցիչներու տան եւ Հայկական յանձնաժողովի անդամ Մարք Կոնզալես երախտագիտութիւն յայտնեց Արչուլետայի, որ հնարաւորութիւն ընձեռած է պահպանելու Մոնթեպելլոյի մեծագոյն եւ ամէնէն հին յուշարձանը, որ նուիրուած է Հայոց ցեղասպանութեան:
Ելոյթ ունեցան նաեւ Մոնթեպելլոյի քաղաքապետարանի կառավարիչը եւ քաղաքապետ Սալվատոր Մելենտեսը, որ նշեց, թէ յուշարձանը հայերուն համար եղած է որպէս տոկունութեան, յիշողութեան եւ արդարութեան հզօր խորհրդանիշ:
Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան (Էջմիածին) պատմական անուանեց պահը եւ յայտնեց, որ երեւոյթը ոչ միայն պատիւ է, այլ նաեւ պարտականութիւն` յիշելու, կրթելու եւ երաշխաւորելու, որ պատմական ճշմարտութիւնը երբեք չի ջնջուիր:
Արեւմտեան Ամերիկայի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան ըսաւ, որ Մոնթեպելլօ քաղաքին մէջ Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներու յուշարձանի ճանաչումը որպէս Քալիֆորնիոյ պատմական յուշակոթող` 20-րդ դարու Հայոց ցեղասպանութեան ժամանակ կորսուած կեանքերը յիշելու եւ յարգելու մեր յանձնառութեան հզօր հռչակագիր է, աւելցնելով, որ ասիկա յաղթանակ է բոլոր անոնց համար, որոնք կը հաւատան արդարութեան ձգտումին, եւ երախտագիտութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք այս օրը հնարաւոր դարձուցին:
Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի ատենապետ Օշին Յարութիւնեան յայտնեց, որ սոյն ձեռնարկը հայ համայնքի կազմակերպութիւններուն համար լաւագոյն առիթ է վերահաստատելու Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման ուղղութեամբ յանձնառութիւնը:
Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի անունով Արմէն Յովհաննիսեան ըսաւ, որ Մոնթեպելլոյի յուշարձանը ոչ միայն հայ ժողովուրդի տոկունութեան վկայութիւնն է, այլ նաեւ յանդուգն պատասխան` անոնց, որոնք կը ձգտէին ջնջել մեր պատմութիւնը:
Մեսրոպեան Ազգային վարժարանի տնօրէն Լենա Կարապետեան իր ելոյթին մէջ ըսաւ, որ այս յուշարձանը որպէս պատմական ճանչնալը ժառանգութիւն է, որ ոչ միայն յարգանքի տուրք է անցեալին, նաեւ կը կրթէ ապագայ սերունդներ:
Ճորճ Աղճայեան Ստանձնեց Ամերիկայի Հայ Դատի Յանձնախումբի Ատենապետի Պաշտօնը
Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, որ ամերիկահայ համայնքի երկարամեայ գործիչ Ճորճ Աղճայեան ստանձնեց կազմակերպութեան ատենապետի պաշտօնը` փոխարինելով Րաֆֆի Համբարեանը: Ան պիտի շարունակէ յառաջ մղել հայութեան իրաւունքները պաշտպանելու ջանքերը: Աղճայեան մեծ պատիւ համարեց այս պաշտօնին ստանձնումը հայ ժողովուրդին համար յոյժ կարեւոր ժամանակաշրջանի մը ընթացքին, աւելցնելով, որ Հայ դատի աշխատանքը կը շարունակէ կենսական մնալ, որովհետեւ մենք պայքար կը մղենք յանուն արցախահայութեան իրաւունքներուն նաեւ` ապահովելու, որ Ազրպէյճան իր ոճիրներուն համար պատասխանատուութեան կ՛ենթարկուի: Կը պայքարինք նաեւ ապահովելու համար Հայաստանի երկարաժամկէտ ապահովութիւնը եւ կենսունակութիւնը: Ան դիտել տուաւ, որ Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը միշտ եղած է ամերիկահայութեան ամէնէն արդիւնաւէտ ձայնը Ամերիկայի թէ՛ արտաքին եւ թէ՛ ներքին քաղաքական կեանքին մէջ, աւելցնելով, որ ինք անհամբեր է աշխատելու տեղական մասնաճիւղերուն, համայնքային գործիչներուն եւ նուիրեալ ղեկավարներուն հետ` ընդարձակելու համար մեր ազդեցութիւնը եւ յառաջ մղելու մեր գործը: Յայտնենք, որ Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի նախորդ ատենապետ Րաֆֆի Համբարեանի ղեկավարութեամբ, Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը աւելի ազդու ներկայութիւն դարձած էր թէ՛ օրէնսդիրին եւ թէ՛ գործադիր իշխանութիւններուն մօտ` ստեղծելով համագործակցութեան բազմաթիւ հարթակներ նաեւ ոչ հայկական համայնքային կազմակերպութիւններու հետ:
Համբարեանի բազմաթիւ յաջողութիւններու շարքին է Հայ դատի երիտասարդական ծրագիրներու աննախընթաց ընդարձակումը թէ՛ մայրաքաղաք Ուաշինկթընի մէջ եւ թէ՛ երկրին տարածքին. երիտասարդներու քաղաքական աշխուժացումը զանազան ոլորտներու մէջ անոնց ներգրաւուածութեան ընդարձակումը եւ համայնքային ղեկավար դիրքեր ստանձնող երիտասարդ սերունդին դաստիարակութիւնը Համբարեանի առաջնահերթութիւններէն էին:
Ողջունելով Աղճայեանի այս պատասխանատուութիւնը ստանձնելը` Համբարեան յայտնեց, որ Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի ատենապետի պաշտօնը ստանձնելը իր կեանքի մեծագոյն պատիւներէն մէկն է, աւելցնելով, որ աշխատանքը միայն քաղաքական չէ, այլ հայ ժողովուրդի գոյատեւումը եւ արժանապատուութիւնը ապահովելու աշխատանք է: Համբարեան հաստատեց, որ Աղճայեան իր ամբողջ կեանքին ընթացքին Հայ դատի ջատագովը եղած է, վստահեցնելով, որ այս գործին նուիրուելով` ան կազմակերպութիւնը պիտի առաջնորդէ եռանդով եւ հաստատակամութեամբ:
Արեւմտեան Թեմի Ազգային Առաջնորդարան Այցելեց Արցախի Պահանջատիրութեան Նուիրեալ Ցւեթանա Փասքալեւա
31 յունուարին Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեան ընդունեց բարեկամական այցելութիւնը Արցախի առաջին պատերազմէն մինչեւ մեր օրերը հայկական արծուաբոյնի պատմագրութեամբ զբաղող պուլկարացի վաւերագրող եւ ժապաւէն արտադրող լրագրողուհի Ցւեթանա Փասքալեւայի` ընկերակցութեամբ Սամուէլ Ամիրաղեանի:
Սրբազան հայրը Փասքալեւային հետ բարեկամական ծանօթութիւն մշակած է Լիբանանի առաջնորդութեան տարիներուն, երբ ան հայաշատ գաղութներ կը շրջագայէր եւ հրապարակային դիտումի կ՛արժանացնէր Արցախի պահանջատիրութեան նուիրուած իր վաւերագրական ժապաւէնը: Օրին Գեղամ արք. Խաչերեան, իր կարգին, պուլկար լրագրողուհին հրաւիրած է Լիբանան, կազմակերպած է հրապարակային դիտում, ապա զայն պարգեւատրած` «Խրիմեան Հայրիկ» շքանշանով: Հանդիպումի ընթացքին սրբազանը գնահատեց Փասքալեւայի աւելի քան 30-ամեայ գործունէութիւնը` յանուն ղարաբաղեան հարցի բարձրաձայնման եւ արցախահայութեան իրավիճակի բացայայտման` անցեալ դարու վերջին տասնամեակին բռնկած արցախեան պայքարի օրերէն եւ մինչեւ այսօր:
Ժողովուրդներու արդար պայքարին նուիրեալ պուլկարուհի լրագրողուհին իր ուրախութիւնը յայտնեց սրբազան հօր հետ վերահանդիպման համար, ապա շնորհաւորեց անոր առաջնորդի պաշտօնին ընտրութիւնը Արեւմտեան թեմին: Առաջնորդը հայասէր պուլկարուհիին Լոս Անճելըսի շրջան այցելութիւնը յարմար առիթ նկատեց, որ ան, ազգային առաջնորդարանի Խնամակալ մարմինի դասաւորումով, նաեւ այցելէ ազգային վարժարաններ եւ Արցախի ու արցախահայութեան մասին զրոյց ունենայ աշակերտական խումբերու հետ` իր անհատական վկայութիւններն ու մասնագէտ վաւերագրողի փորձառութիւնը բաժնեկցելու համար աշակերտներուն հետ:
Աւարտին սրբազան հայրը օրհնեց հայանպաստ գործունէութիւն վարող պուլկար լրագրողուհին, գնահատեց անոր բեղուն արտադրութիւնը եւ նորանոր նուաճումներ մաղթեց` Արցախի դատին նուիրուած անոր շնորհալի գրիչին ու ֆիլմարուեստին:
Սրբազան Հայրը Կը Բանախօսէ Աբրահամեան Ընտանիքի Կեդրոնին Մէջ
10 փետրուարին Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց, Քաթարի եւ շրջակայից հայոց թեմի առաջնորդ Մեսրոպ արք. Սարգիսեան Աբրահամեան ընտանիքի կեդրոնին մէջ կաթողիկէ եկեղեցւոյ վարդապետին հրաւէրով բանախօսեց Իտալիայէն կրօնական համագումարի ժամանած հոգեւորականներուն` միջեկեղեցական յարաբերութեանց ու Ծոցի եկեղեցիներու խորհուրդի մասին:
Սրբազան հայրը ընդլայնուած գիծերու մէջ ներկայացուց միջեկեղեցական կազմակերպութիւնները, անոնց աշխատանքը եւ ունեցած դերակատարութիւնը` ներկայ քրիստոնեայ աշխարհէն ներս: Ապա կեդրոնանալով Ծոցի եկեղեցիներու խորհուրդին վրայ` անդրադարձաւ համերաշխ գոյակցութեան, շրջանի եկեղեցիներու սիրալիր յարաբերութիւններ մշակելու եւ ներկայ ընկերութիւնը յուզող ընկերաբարոյական հարցերու շուրջ:
Եզրափակելով իր խօսքը` սրբազան հայրը անդրադարձաւ Ծոցի երկիրներէն ներս քրիստոնեայ համայնքներու միջեւ տեղի ունեցած սիրալիր փոխյարաբերութեանց ու գործակցութեանց մասին:
Իրան
Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Հիմնադրութեան 135-Ամեակի Նշում
19 փետրուարին Նոր Ջուղայի Հայ մշակութային «Արարատ» միութեան սրահին մէջ հանդիսաւոր տօնակատարութեամբ նշուեցաւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան հիմնադրութեան 135-ամեակը:
Օրուան հանդիսավար Մանիա Ղուկասեան հանդէս եկաւ ողջոյնի եւ ՀՅԴ-ի 135-ամեայ երթին ակնարկող խօսքերով:
Օրուան բանախօս, պատմաբան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Գառնիկ Դանիէլեան իր խօսքին մէջ անդրադառնալով Հայոց պատմութեան մէջ ՀՅԴ-ի ունեցած անփոխարինելի դերակատարութեան` թուարկեց կուսակցութեան մեծագոյն գործողութիւններէն մէկ քանին` ընդգծելով, որ հայութեան միաւորումը, քաղաքական եւ տնտեսական ազատութեան ապահովումը, պատմական արդարութեան վերականգնումն ու միացեալ, զօրեղ հայրենիքի կերտումը կը շարունակեն մնալ կուսակցութեան ազգային նպատակներու շրջագիծին մէջ:
Ան շեշտեց, որ ներկայիս հայրենիքը կանգնած է ամէնէն լուրջ մարտահրաւէրներուն դիմաց, աւելցնելով, որ այն, ինչ որ տեղի կ՛ունենայ 2018 թուականէն ի վեր, գիտակցուած դաւաճանական քայլ է սեփական ժողովուրդի հանդէպ: Դանիէլեան մատնանշելով Հայաստանի տարածքէն թշնամիին կատարուող հողային զիջումները` յատկապէս շեշտեց, որ կառավարութեան յանցաւոր արտաքին քաղաքականութեան պատճառով կը վտանգուին պատմականօրէն մշակութային, տնտեսական եւ քաղաքական ընդհանուր շահեր ունեցած բարեկամ երկիրներու` ի մասնաւորի Իրանի հետ ունեցած մեր սերտ յարաբերութիւնները: Ան գնահատելով իրանահայ համայնքին գործադրած բոլոր ջանքերը` Իրան-Հայաստան յարաբերութիւններու սերտացման ուղղութեամբ, շնորհակալական խօսք ուղղեց Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան իշխանութեան` տարիներու ընթացքին Հայաստանի Հանրապետութեան կողքին կանգնելու եւ յատկապէս Սիւնիքի հարցին մէջ իրենց դրսեւորած աննահանջ մօտեցումին համար:
Աւարտին ան կոչ ուղղեց համայն հայութեան` համախմբուելու հայրենիքի փրկութեան օրակարգին շուրջ, որովհետեւ այլեւս կորսնցնելու բան չէ մնացած:
Ձեռնարկին ընթացքին գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր:
Հերպերթ Քարիմ Մասիհիի Լուսանկարչական Ցուցահանդէսը
5 փետրուարին Թեհրանի Ազգային թանգարանի կեդրոնական պատկերասրահին մէջ բացումը կատարուեցաւ «Իրան. սրբացած երկիր» խորագրեալ Հերպերթ Քարիմ Մասիհիի լուսանկարչական ցուցահանդէսին:
Պատկերասրահի չորս սրահներուն մէջ ցուցադրուած աւելի քան 60 լուսանկարներով իրանահայ լուսանկարիչը կը պատմէ հազարամեակներու քարակերտ կոթողներու մասին, զորս լուսանկարելու համար ան տրամադրած է աւելի քան տասը տարի: Արուեստագէտը արդէն յայտնի է իբրեւ պատմական կոթողներու լուսանկարիչ եւ հնագոյն իրեր լուսանկարելու ուրոյն ոճ ունի: Նիւթին անոր հայեացքը կարելի է մեկնաբանել որպէս վաւերագրականի ու կերպարուեստի ոճերու միաձուլում:
Ցուցահանդէսը շարունակուեցաւ մինչեւ 20 փետրուար:
Ֆրանսա
Միսաք Եւ Մելինէ Մանուշեաններու Յիշատակը Յաւերժացնող Կոթողի Բացում
8 փետրուարին Մարսէյի հիւսիսային արուարձաններէն Լէ-Փեն-Միրապոյի մէջ կատարուեցաւ հանդիսաւոր բացումը Միսաք եւ Միլինէ Մանուշեաններուն յիշատակը յաւերժացնող կոթողին:
Քաղաքի գրադարանի` Իտեթեքի բակին մէջ տեղադրուած յուշարձանին բացումը կատարեց Լէ-Փեն-Միրապոյի քաղաքապետը` Միշէլ Ամիէլ, ներկայութեամբ` ծերակոյտի մշակոյթի, կրթութեան, հաղորդակցութեան եւ մարմնակրթանքի յանձնախումբի փոխնախագահ Ժերեմի Պաչիի, Ֆրանսայի մէջ Արցախի մնայուն ներկայացուցիչ Յովհաննէս Գէորգեանի եւ Մելինէ Մանուշեանի քրոջ թոռան` Քաթիա Կիրակոսեանի:
Մեծարանքի այս արարողութիւնը տեղի կ՛ունենար Ֆրանսայի ազատագրման ի խնդիր պայքար մղած, Միսաքի պարագային` կեանքի գինով վճարուած պայքար, Մանուշեան ամոլին Պանթէոն մուտք գործելու առաջին տարեդարձին նախօրեակին:
Յուշակոթողին վրայ քանդակուած արձանագրութեան մէջ կարելի է կարդալ. «Վստահ եմ, որ ֆրանսացի ժողովուրդը եւ ազատութեան ի խնդիր պայքարած բոլոր մարտիկները մեր յիշատակը պիտի մեծարեն արժանապատուօրէն», Միսաք Մանուշեան:
Վրաստան
Տեառնընդառաջի Հանդիսաւոր Նշում Փոքր Խանչալի Գիւղին Մէջ
13 փետրուարին Նինոծմինտայի քաղաքապետարանի Փոքր Խանչալի գիւղին մէջ հանդիսաւոր կերպով նշուեցաւ Տեառնընդառաջի նախատօնակը: Գիւղի Սուրբ Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ Արմաշ քհնյ. Պօղոսեան աղօթք բարձրացուց առ Աստուած:
Աւարտին եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ Արմաշ քհնյ. Պօղոսեանի առաջնորդութեամբ վառեցաւ աւանդական խարոյկը, որուն զուգահեռ կազմակերպուեցաւ հիւրասիրութիւն` հովանաւորութեամբ Արտակ Իսպիրեանի, որ միշտ աջակից է գիւղին:
Բանավէճ` Նուիրուած Մայրենիի Տօնին
22 փետրուարին Ախալքալաքի Հայկական երիտասարդական կրթամշակութային կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ ձեռնարկ-բանավէճ` նուիրուած Մայրենի լեզուի միջազգային օրուան, որուն նպատակն է` աշխարհասփիւռ հայութեան միասնութեան ու համազգային հիմնախնդիրներու լուծման ճանապարհին անհրաժեշտութիւն դարձնել հայկական ներուժը ուղղորդել հայոց լեզուի պահպանման եւ զարգացման:
ԱԵԿ-ի պատասխանատու Կարինէ Թադեւոսեան, ողջունելէ ետք ներկաները, շնորհաւորեց Մայրենի լեզուի միջազգային օրը: Ապա դարձեալ շնորհաւորական խօսքով ելոյթ ունեցաւ Նարեկ քհնյ. Տիգրանեան:
Բանավէճը սկիզբ առաւ Տէրունական աղօթքով, որմէ ետք բանավէճը վարողները հնչեցուցին մայրենիի պահպանման, արդի մարտահրաւէրներու եւ ընկերային ցանցերու մէջ սխալ գործածութեան վերաբերող հարցեր: Բանավէճին իրենց մասնակցութիւնը բերին շուրջ 30 պատանիներ ինչպէս Ախալքալաքի ու Նինոծմինդայի հայկական երիտասարդական կեդրոններու սաները, այնպէս ալ տարբեր հանրակրթական դպրոցներու եւ Ջաւախքի ընդհանուր առաջնորդական փոխանորդութեան կիրակնօրեայ դպրոցի երեխաները:
Մայրենիին նուիրուած ձեռնարկ-բանավէճը ընթացաւ հետաքրքրական եւ բովանդակալից քննարկումներով ու լեզուի պահպանման վերաբերեալ պատանիներու առաջարկներով ու մտահոգութիւններով: