ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
Բուն Բարեկենդանի կիրակի երեկոյեան ժամերգութենէն ետք կը սկսի Քառասնօրեայ Մեծ Պահքը, որուն կը յաջորդէ Աւագ շաբթուան պահքը: Քառասունութ օր տեւող Մեծ Պահոց շրջանին կը յաջորդէ Տեառն մերոյ Յիսուսի Քրիստոսի Սուրբ Յարութեան տօնը:
Եկեղեցական տօնացոյցին համաձայն, տարին կը բաժնուի տօնական եւ պահոց օրերու: Պահոց հարիւրյիսունութ օրերուն մեծ մասը օրապահքեր (չորեքշաբթի եւ ուրբաթ օրերը, բացի Զատիկէն Հոգեգալուստ` Յինանց շրջանէն) եւ շաբաթապահքեր (Առաջաւորաց, Եղիական, Լուսաւորչի, Վարդավառի, Վերափոխման, Խաչվերացի, Վարագայ Սուրբ Խաչի, Յիսնակաց, Ձմեռնամուտի եւ Սուրբ Ծննդեան) են: Ամէնէն երկարատեւը Քառասնօրեայ Մեծ Պահքն է:
Պահքի ժամանակ կարեւոր է հրաժարիլ կենդանական ծագում ունեցող ուտելիքներէ` մսեղէնէ, կաթնեղէնէ ու հաւկթեղէնէ, եւ օգտագործել բուսական ծագում ունեցող սննդամթերք: Հիւանդութիւնը մարմինի ներդաշնակ գործունէութիւնը խանգարող գործօն է, որկրամոլութիւնը` մարմնական եւ բարոյական ախտերու աղբիւր, իսկ ճարպային սնունդէ հրաժարիլը եւ բուսական ուտելիքները դրական ազդեցութեան կ՛ունենան մարմինի առողջութեան համար:
Պահքի ընթացքին պէտք է հեռու մնալ մոլութիւններէ, մեղանչական միտքերէ, խօսքերէ ու գործերէ եւ աղօթքով, զղջումով ու ապաշխարութեամբ աստուածահաճոյ կեանքին դառնալ:
Մեծ Պահոց շրջանին, չորեքշաբթի եւ ուրբաթ օրերը եկեղեցիներուն մէջ տեղի կ՛ունենան առաւօտուն` Արեւագալի եւ երեկոյեան` Հսկումի արարողութիւններ:
* * *
Արեւագալի Ժամերգութիւն
Արեւագալի ժամերգութիւնը կը կատարուի արեւածագին, «ի դէմս Հոգւոյն Սրբոյ, այլ եւ ի դէմս Յարութեանն Քրիստոսի, որ երեւեցաւ աշակերտացն»:
Ժամերգութիւնը կը սկսի Տէրունական աղօթքով: Ապա ժամօրհնող հոգեւորականը կ՛արտասանէ «Եղիցի անուն Տեառն օրհնեալ յաւիտեան, զի յառաջ քան զարեւ է անուն նորա» սաղմոսը:
«Յարեւելից մինչ ի մուտս. ի հիւսիսոյ եւ ի հարաւոյ. ամենայն ազգ եւ ազինք, յօրհնութիւն նոր օրհնեցէք զարարիչն արարածոց, որ ծագեաց զլոյս արեգականն այսօր յաշխարհ» երգը աշխարհի չորս ծագերուն ապրող ժողովուրդներուն կոչ կ՛ուղղէ օրհներգելու աշխարհի լոյսը ծագեցնող Աստուածը:
«Յարեւելից մինչ ի մուտս արեւու» քարոզով սարկաւագը հաւատացեալներուն կը թելադրէ խնդրել Աստուծոյ, որ թողութիւն շնորհէ իրենց մեղքերուն` սուրբերու բարեխօսութեամբ եւ քրիստոնեաներու ուխտանուէր աղօթքներով. «Զառաւօտս լուսոյ եւ զառաջիկայ օրս խաղաղութեամբ անցուցանել` հաւատով ի տեառնէ խնդրեսցուք»:
Այնուհետեւ քահանան կը կարդայ «Յարեւելից մինչեւ ի մուտս արեւու օրհնեալ ես, Տէր», աղօթքը:
Կը սկսի ժամերգութեան երկրորդ բաժինը: Դպիրներ կը կարդան «Աղաղակեցէք առ Տէր ամենայն երկիր, ծառայեցէք տեառն ուրախութեամբ» սաղմոսը, որ հրաւէր է փառաբանելու Տէրը:
Կը յաջորդէ «Ճգնաւորք» երգը: Հաւատացեալներ կը դիմեն ճգնաւորներուն, նահատակներուն եւ մարտիրոսներուն` հայցելով անոնց բարեխօսութիւնը: Երգը ունի իր յորդորակը. «Ճգնաւորք ճշմարիտ, վըկայք Քրիստոսի, բարեխօսեցէ՛ք առ Տէր վասն անձանց մերոց»:
Քահանան կը կարդայ «Աղաչեմք ողորմեաց» մաղթանքը` հայցելով Աստուծոյ ողորմութիւնը:
Կը հետեւի սարկաւագին «Սուրբ ճգնաւորօքն» քարոզը, որուն մէջ կ՛ոգեկոչուին սուրբ ճգնաւորները եւ կը խնդրուի անոնց բարեխօսութիւնը:
Ապա քահանան կը կարդայ «Սուրբ ես Տէր» աղօթքը, եւ յանուն ժողովուրդին կը հայցէ Սուրբ Աստուածածնի եւ բոլոր սուրբերուն բարեխօսութիւնը:
Դպիրներէն մէկը կ՛արտասանէ «Յիշեա Տէր» քարոզը` Աստուծմէ խնդրելով յիշել մեր ծնողները, ուսուցիչները, ուխտաւորները, ապաշխարողները, խոստովանողները, գերութեան մէջ եղողները, հիւանդները, նեղութեան մէջ եղողները, բարեգործները եւ նոյնիսկ` չարագործները, թշնամիները եւ ատելի նկատուող մարդիկը:
Արձագանգելով քարոզին` քահանան «Յիշեա Տէր եւ ողորմեա» աղօթքով բազումողորմ Աստուծմէ կը խնդրէ անմոռաց գիտութիւն եւ անբաւ մարդասիրութիւն բոլոր հաւատացեալներուն համար:
Կը սկսի ժամերգութեան երրորդ բաժինը:
«Աստուած, Աստուած իմ, ես առ քեզ առաւօտ առնեմ» սաղմոսը կը կարդան փոխասաց դպիրները` խնդրելով Աստուծմէ, որ յագեցնէ մեր հոգիներու ծարաւը:
Կը հետեւի «Լո՜յս, արարիչ լուսոյ, առաջին լոյս, բնակեալդ ի լոյս յանմատոյց» շարականը, որ ամբողջութեամբ լոյսի փառաբանութիւնն է: Առաջին տունը ուղղուած է Հօր Աստուծոյ, երկրորդ տունը` Որդի Աստուծոյ, երրորդ տունը` Հոգի Աստուծոյ եւ չորրորդ տունը` Սուրբ Երրորդութեան:
Երգին կը հետեւի «Անեղանելիդ Աստուած, Հայր ամենակալ. ընկալ զաղաչանս մեր քոց պաշտօնէից» յորդորակը:
Քահանան կը կարդայ «Լուսովդ քո, Քրիստոս, ամենեքեան լուսաւորեցաք» աղօթք-մաղթանքը` խնդրելով աստուածային խաղաղութիւնն ու ողորմութիւնը:
Ապա սարկաւագը կը կարդայ «Փառաւորեսցուք զամենակալն Աստուած» քարոզը` յորդորելով հաւատացեալները փառաբանելու զԱստուած, որ առաւօտեան լոյսը ծագեցուց իրենց վրայ:
Քահանան կը կարդայ «Զառաւօտու աղօթս եւ զբանաւոր պաշտօնս» աղօթքը` խնդրելով Աստուծմէ, որ առաւօտեան աղօթքը ընդունի իր անապական եւ երկնային խորաններուն մէջ եւ արդարութեան ու իմաստութեան լոյսը ծագեցնէ հաւատացեալներուն վրայ:
Ընթացք կ՛առնէ ժամերգութեան չորրորդ բաժինը:
«Տէր հովուեսցէ զիս» սաղմոսին կը յաջորդէ «ճանապարհ եւ ճշմարտութիւն եւ կեանք Քրիստոս» երգը: Հաւատացեալներ Աստուծմէ կը խնդրեն, որ իրենց հոգիները առաջնորդէ երկրէն դէպի երկինք եւ անցնելով Իր դռնէն` մօտենան Հօրը եւ Սուրբ Հոգիին:
Ժամերգութիւնը կ՛աւարտի Տէրունական աղօթքով եւ արձակման օրհնութեամբ:
* * *
Հսկում
Հսկումի արարողութիւնը միացումն է Խաղաղական եւ Հանգստեան ժամերգութիւններուն:
Խաղաղական ժամերգութիւնը կը կատարուի «ի դէմս Հոգւոյն Աստուծոյ, այլ եւ ի դէմս Բանին Աստուծոյ , որ եդաւ ի գերեզմանի, եւ էջ ի դժոխս, եւ խաղաղութիւն արար հոգւոցն»:
Խաղաղական ժամերգութիւնը կը կատարուի մայրամուտէն ետք: Այդ ժամուն Քրիստոս աղօթեց Գեթսեմանիի պարտէզին մէջ: Այդ ժամուն գերեզման դրուեցաւ: Եւ այդ նոյն ժամուն, Յարութենէն ետք եկաւ աշակերտներուն մօտ եւ անոնց ողջոյն տուաւ: Այդ նոյն ժամուն ալ մենք Աստուծմէ կը խնդրենք մեղքերով ծանրացած մեր հոգիներուն խաղաղութիւն եւ հանգստութիւն տալ:
Ժամերգութիւնը կը սկսի Տէրունական աղօթքով:
«Տէր Աստուած փրկութեան իմոյ, ի տուէ կարդացի եւ ի գիշերի առաջի քո» սաղմոսին կը յաջորդէ «Ի կարդալ իմում»-ին փոխը` կազմուած եօթը սաղմոսներէ` «Ի կարդալ իմում լուար ինձ Աստուած», «Տէր, մի՛ սրտմտութեամբ», «Մինչեւ յե՞րբ, Տէր, մոռանաս զիս իսպառ», «Պահեա զիս, Աստուած», «Լուր Տէր արդարութեան», «Դատ արա ինձ, Աստուած», «Աստուած, յօգնել ինձ նայեաց», եւ երկու տուն յաւելուած` «Տուր զօրութիւն ծառայի քո»:
Սուրբ Ներսէս Շնորհալիի հեղինակած «Շնորհեա՜ մեզ Տէր, ի գիշերի զերկնային խաղաղութիւն քո» խորհրդաւոր երգով հաւատացեալներ Աստուծմէ կը խնդրեն, որ զիրենք փորձութիւններէ ազատէ եւ պաշտպանէ` հաւատալով որ «Զի Աստուած ընդ մեզ է»:
Քահանան կ՛արտասանէ «Ի մերձենալ երեկոյիս` համբառնամք զձեռս մեր ի սրբութիւն» մաղթանքը: Սարկաւագը կը հետեւի քահանային` կարդալով «Գոհացարուք զՏեառնէ» քարոզը: Ապա քահանան կը կարդայ «Տէր բարերար, որ մեծաւ գթութեամբ քով» աղօթքը:
Կը սկսի ժամերգութեան երկրորդ բաժինը «Տէր լոյս իմ եւ կեանք իմ, ես յումմէ՞ երկեայց» սաղմոսի փոխացասական ընթերցումով:
Սուրբ Ներսէս Շնորհալիի «Նայեաց սիրով» երգը բաղկացած է տասներկու տուներէ: Տասը տուներուն առաջին տառերը միացնելով կը կարդացուի` «Նէրսեսի էրգ»: Վերջին երկու տուները յաւելուած են, առնուած են շարակնոցէն եւ նուիրուած Սուրբ Խաչին` «Հալածեա ի մէնջ, Տէր» եւ Սուրբ Աստուածածին` «Բարեխօսեա վասն մեր, Աստուածածին Մարիամ»:
Այնուհետեւ քահանան կ՛արտասանէ «Տէր, մի՛ դարձուցաներ զերեսս քո յինէն» մաղթանքը: Սարկաւագը կը կարդայ «Աղաչեսցուք» քարոզը, որուն կը հետեւի քահանային աղօթքը` «Շնորհատու բարեաց` ամենայնի առատ անմահ Տէր»:
Ժամերգութեան երրորդ բաժինը կը սկսի «Երանեալ են ամբիծք ի ճանապարհի» սաղմոսով, որուն կը հետեւի «Ի քէն հայցեմք Հայր գթութեանց եւ Աստուած մխիթարութեանց» շարականի երգեցողութիւնը:
Ժամերգութիւնը կը փակուի «Հոգւոցն հանգուցելոց» մաղթանքով, «Վասն հանգուցեալ» քարոզով, «Քրիստոս որդի Աստուծոյ» աղօթքով եւ «Հայր մեր»-ով:
Հանգստեան ժամերգութիւնը կը կատարուի «ի դէմս Հօր Աստուծոյ, զի պահպանողական աջով Միածնին պահեսցէ զմեզ ի խաւարային գիշերիս»:
Ժամերգութիւնը կը սկսի Տէրունական աղօթքով: Քահանան կ՛արտասանէ «Առաքեա Տէր զլոյս քո եւ զճշմարտութիւն քո, զի առաջնորդեսցին ինձ եւ հանցին զիս ի լեառն սուրբ եւ ի յարկս քո» սաղմոսը: Սարկաւագը կը պատասխանէ. «Մտից առաջի սեղանոյ Աստուծոյ առ Աստուած, որ ուրախ առնէ զմանկութիւն իմ»:
Ապա կը կարդացուի զղջական եւ օրհնաբանական «Եկեսցէ» երկար փոխը, որ կազմուած է «Ամբիծք»-ի երեք գոբղաներէ, Ամբակում մարգարէի օրհնութենէն, Երից մանկանց օրհնութենէն, Սիմէոնի երգէն եւ Աստուածամօր օրհնութէնէն (գոբղան կամ գոբողան երկուքէն չորս գլուխ սաղմոս է, որ կը կարդացուի իբրեւ մէկ միութիւն եւ կը վերջանայ «Փառք Հօր»-ով, բայց «Եկեսցէ»-ի պարագային` առանց «Փառք Հօր»-ի):
Քահանան կ՛արտասանէ «Անձն իմ ի ձեռս քո է յամենայն ժամ» մաղթանքը: Ապա սարկաւագը կը կարդայ «Աղաչեսցուք զԱմենակալն Աստուած» քարոզը:
Կը հետեւի քահանային «Տէր Աստուած մեր, Դու պահեա զմեզ խաղաղութեամբ ի գիշերիս յայսմիկ եւ յամենայն ժամանակի» աղօթքը, որ կ՛ընդմիջուի «Խաղաղութիւն ամենեցուն» բառերով: Այս աղօթքով Աստուծմէ կը խնդրենք, որ մեր մտածումները սեւեռած պահէ Իր երկիւղին վրայ, որպէսզի Իրմով պաշտպանուած ըլլանք թշնամիի բոլոր որոգայթներէն: Նաեւ կը խնդրենք խաղաղութեան հրեշտակին յանձնել մեր անձերը ցերեկ թէ գիշեր անխռով մնալու, որովհետեւ Աստուած Ինքն է արարիչը լոյսի եւ ստեղծիչը տիեզերքի:
Երկու դասերէն կը սկսին երգել «Խաղաղութեամբ յայս եւ ի սոյն ննջեսցուք եւ զարթիցուք» սաղմոսը:
Քահանան Յովհաննու Աւետարանէն կարճ հատուած մը կը կարդայ, որմէ ետք սարկաւագը կ՛արտասանէ «Փառք քեզ Տէր Աստուած մեր» քարոզը: Քահանան կու տայ օրհնութիւնը «Պահպանեա զմեզ, Քրիստոս Աստուած մեր»: Այստեղ արարողութիւնը կ՛աւարտի «Հայր մեր»-ով:
Հետագային աւելցուած է բաժին մը` բաղկացած գլխաւոր երկու մասերէ:
Քահանան կ՛արտասանէ «Անկանիմք առաջի քոյ» մաղթանքը: Դպիրներ կը սկսին եղանակել Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի «Ընկալ քաղցրութեամբ, Տէր Աստուած հզօր, զդառնացողիս զաղաչանս» աղօթքը:
Ապա կը կարդացուի Սուրբ Ներսէս Շնորհալիի «Հաւատով խոստովանիմ» աղօթքը, բաղկացած` քսանչորս տուներէ:
Այնուհետեւ ծնկաչոք կ՛երգուի «Տէր Ողորմեան»-ն, որուն կը յաջորդէ «Վասն սրբուհւոյ Աստուածածնին» մաղթանքը: Սարկաւագը կը կարդայ «Սուրբ Աստուածածինն» քարոզը: Քահանան կ՛արտասանէ «Ընկալ, Տէր, զաղաչնս մեր» աղօթքը:
Դարձեալ «Հայր մեր»-ը կ՛երգուի, որմէ ետք վերջին մաղթանք մը կ՛եղանակուի. «Փառք քեզ, Տէր Աստուած մեծ, որ պարգեւեցեր զօրս զայս բարեաւ եւ խաղաղութեամբ անցուցանել»:
«Օրհնեալ եղերուք ի շնորհաց Սրբոյ Հոգւոյն, երթայք, հանգերուք ի խաղաղութեամբ, եւ Տէր եղիցի ընդ ձեզ ընդ ամենեսեանդ. ամէն» ըսելով քահանան տեառնագրելով կ՛արձակէ ժողովուրդը: