Սիրելի՛ Աւիկ,
Ես ատակ չեմ դամբանականներ գրելու կամ արտասանելու հարազատներու եւ կամ մօտիկ ընկերներու մահուան առիթներով: Սակայն քու մասին պիտի գրեմ պարզապէս ցոյց տալու համար, որ դուն այնպիսի «Արտասովոր մարդ» մըն էիր, որուն «խօսք»-ն ու «գործ»-ը օրինակ կրնան ծառայել ոեւէ սովորական հայու…
Եթէ «Արտասովոր մարդ» մը չըլլայիր, ապա ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս կամովին պիտի հրաժարէիր քու սիրած ու նախընտրած այնպիսի մասնագիտութենէ (երկրաբանութենէ) մը, ուր ոչ միայն շօշափելի նուաճումներ արձանագրած էիր, այլ նաեւ հեզասահ վերելքի մէջ կը գտնուէիր: Առաւել արտասովորն ու զարմանալին այն էր, որ նախընտրեցիր տատասկներով ու եղինջներով առլի այնպիսի ճանապարհ մը, ուր մարդկային վրէպներն ու անմարդկային թիւրիմացութիւնները արդէն իսկ իրենք զիրենք հաստատած կը թուէին ըլլալ: Այս բոլորին դէմ պայքարելու համար հիմնեցիր «Հայաստանի հելսինքեան կոմիտէ»-ն ու մինչեւ մահ տոկացիր ու մնացիր մարդկային անիրաւութիւններու եւ անարդարութիւններու հետեւողական եւ բուռն իրաւապաշտպանը: Ընդ որում, քու ազգային ոգեղէն ու մարդասիրական արժէքներու պաշտպանութիւնն ու ջինջ հայրենասիրութիւնը պայմանաւորուած էին համամարդկային իրաւունքներու, իրաւ ու անեղծ համոզումներու վրայ, եւ ոչ թէ` ազգայնամոլական, ինչպէս որ շատեր կը փորձէին պիտակաւորել քեզ:
Իսկ դուն ոչ թէ սովորական հայ մըն էիր, այլ եթէ իւրաքանչիւր «սովորական հայ» քեզի պէս շարունակէր իր պապենական աւանդոյթները, այսօր մեր ազգային ճակատագիրը տարբեր պիտի ըլլար: Օրինակի համար, երբ դուն եւ Վահանը դեռեւս պատանիներ էիք, հայրդ` Ռաֆայէլ Իշխանեանը (իմ ամէնէն սիրելի դասախօսներէն ու ամէնէն վստահելի գործընկերներէն մէկը), գրեթէ ամէն տարի, Արամ Մանուկեանի ծննդեան օրը` մարտի 19-ին, ուխտի կը տանէր ձեզ (որուն ականատես վկան եմ…), միաժամանակ բացատրելով, թէ ինչո՛ւ Արամ Մանուկեանը համահայկական հերոսներու հերոսն է եւ ոչ թէ` շարքային ֆետայի մը: Դուն գրեթէ ամէն տարի նոյնը կ՛ընէիր քու ուստրերուն` Ռաֆայէլին եւ Հրաչիկին, երբեմն նաեւ եղբօրդ` Վահանի տղուն` Յովհաննէսին, ուխտի տանելով զանոնք «Հերոսներու հերոս»-ի շիրիմին… իր ծննդեան օրը… եւ ոչ թէ ուրիշներու նման` մայիս 28-ն:
Կը յիշես, չէ՞…
Երբ դուն վշտացած ու հեռացած էիր քու ամէնէն մօտիկ գործընկերներէդ իսկ, Վահանի (Զանոյեան) հետ մենք երեքով մնացինք լաւ ու հաւատարիմ ընկերներ: Մեր եռեակի հանդիպումները, որոնք տեղի կ՛ունենային մեծաւ մասամբ Հիւսիսային պողոտային վրայ, միշտ եղած են հոգեպէս կազդուրիչ ու գօտեպնդող` թէ՛ ազգային եւ թէ՛ համամարդկային առումով: Թէեւ յուսախաբ էինք, բայց երբեք յուսահատ չէինք: Մեր` երեքիս, մտահոգութիւններն ու տուայտանքները (ըլլան անոնք ազգային-քաղաքական, կրթական-կրօնական, ընկերային-տնտեսական թէ մշակութային բնագաւառներուն մէջ) գրեթէ նոյնն էին: Սակայն գործելակերպի տեսակէտէն քիչ չէին մեր տարակարծութիւնները, որոնք մէկ կողմէ երբեմն նոյնիսկ կրնային վերածուիլ բեւեռացումներու, բայց միւս կողմէ` մեր զրոյցները կը մնային կիրթ ու մտերմիկ խօսոյթի սահմաններուն մէջ, առանց վէճի կամ վիճաբանութեան… Այո՛, հակառակ մեր մասնագիտական ու մտածելակերպի տարբերութիւններուն, մենք դիւրին կը հասկնայինք զիրար ու լաւապէս կ՛ըմբռնէինք, թէ ի՛նչ կրնայ կամ պէտք է ըլլայ, մեզմէ իւրաքանչիւրին դերն ու նշանակութիւնը մեր հանրային ու քաղաքական կեանքին մէջ:
Մեր հաւատարիմ ընկեր,
Քիչ առաջ կապի մէջ էի Վահանին (Զանոյեան) հետ… Քու ուղարկած հիւանդութեանդ տեղեկանքը, վեց մասնագէտ բժիշկներու (ինք չորս, ես երկու) հետ խորհրդակցելէ ետք, երբ կը փորձէինք ըմբռնել ու «արդարացնել» արհեստական սննդառութենէ կամովին հրաժարումդ, ես դիտել տուի, որ իսկապէս վիճակդ անյոյս էր, որովհետեւ այդ նոյն հիւանդութենէն կը տառապէր նաեւ աշխարհի մեծագոյն գիտնականներէն` Ստեփան Հոկինքը (Stephan Howking), որուն ամբողջ աշխարհը չկրցաւ փրկել: Ի դէպ, Վահանը իր հերթին տեղեկացուց, որ Հոկինքը (որուն անձամբ հանդիպելու եւ անոր հետ երկու ժամ զրուցելու առիթ ունեցած է), ոչ միայն հայասէր էր, այլ նաեւ պարբերաբար արտայայտուած է ի նպաստ հայկական դատին: Ընթացքին յիշեցինք նաեւ Վարդահովիտի իր առանձնատան մէջ անցուցած մեր օրերն ու կազդուրիչ, գօտեպնդող եւ շինիչ զրոյցները…
Աւի՛կ ջան, արդէն չեմ կրնար շարունակել… կորուստդ ահաւոր է ու բացակայութիւնդ մեծ բաց մը կը ձգէ իր ետին… ստիպուած` ինքզինքս պիտի ընդմիջեմ շարունակութիւնը վերապահելով այլ առիթի:
Բայց,
Միաժամանակ չեմ կրնար չնշել, որ դուն, այո՛, չեմ վարանիր ըսելու, որ դուն` իբրեւ Համամարդկային իրաւունքներու իրաւապաշտպան, համամարդկային արժէք մըն էիր, ազգային արժէք ըլլալէ առաջ, սակայն շատեր կը փորձէին քեզ լուսանցքի վրայ մղել… Չեն յաջողիր ու քու մահէն ետքն իսկ չեն կրնար յաջողիլ, որովհետեւ դուն ոչ միայն Ռաֆայէլին, Հրաչիկին նման ու Յովհաննէսին նման հարազատներ ունիս կողքիդ, այլ ունինք բազում ու բազմահազար երիտասարդներ, որոնք կը շարունակեն եւ պիտի շարունակեն քու ազգային ու համամարդկային նուիրական գործը… Եւ որպէսզի մեր ընթերցողները իմանան թէ ո՞վ ես դուն, եւ ինչո՞ւ այսքան բարձր կը գնահատեմ քու խօսքդ ու գործդ, ստորեւ կու տամ հիւանդութեանդ շրջանին հրատարակած երկու գիրքերուդ յառաջաբանները (որոնց առաջինը վստահեցար Մովսէս Ծիրանիին, իսկ երկրորդինը Վահան Զանոյեանին): Ստորեւ կու տամ նաեւ` վերջին օրերուն ե-նամակով մեր միջեւ փոխանակուած զրոյցէն բաժին մը, թէեւ խմբագրուած, սակայն` առանց իմաստային որեւէ փոփոխութեան կամ մեկնաբանութեան:
(Մոնրէալ, 2025, փետրուար)
Աւետիք Իշխանեան
«Մենք Ու Աշխարհը»
ՎԱՀԱՆ ԶԱՆՈՅԵԱՆ
Ձախէն աջ՝ Մովսէս Հերկելեան, Վահան Զանոյեան եւ Աւետիք Իշխանեան , Վահան Զանոյեանի Վարդահովիտի Առանձնատան դիմաց. 2019, աշուն (1)
Աւետիք Իշխանեանի յօդուածներու երկրորդ հաւաքածոն մեծաւ մասամբ արտացոլումն է ժամանակակից Հայաստանը եւ ընդհանրապէս հայ ժողովուրդը յուզող հրատապ հարցերուն – ընդ որում` Արցախի կորուստը, միջազգային հասարակութեան անտարբերութիւնը Արցախի ցեղային զտման հանդէպ, Հայաստանի անկախութենէն ի վեր մսխուած առիթները պետականութիւնը ուժեղ հիմերու վրայ դնելու, 2020-ի պատերազմէն ի վեր վատնուած հնարաւորութիւնները, ազգը միաւորելու եւ ոգեւորելու, ազգային նպատակի եւ գաղափարախօսութեան մահացու բացակայութիւնը, ընդհանրացած նիւթամոլութիւնը թէ՛ հասարակութեան եւ թէ՛ տարբեր իշխանութիւններու մէջ, պետական մտածելակերպի բացակայութիւնը, մարդու իրաւունքներու հետ կապուած բազմաթիւ բացթողումները, Հայաստանի արտաքին քաղաքականութիւնը ռուսամէտ կամ արեւմտամէտ ուղղութեամբ վարելու անհեթեթ հանրային բանավէճը, եւ` այլ ազգային ու պետական հարցեր:
Հաւաքածոն կը պարունակէ նաեւ հետաքրքրական յուշագրութիւններ հեղինակին պատանեկութեան ժամանակ հօր հետ ունեցած արշաւներուն մասին` Հայաստանի եւ Արցախի տեսարժան վայրեր, ինչպէս նաեւ` իր համալսարանական տարիներէն:
Նկատի առած գլխաւոր թեմաներուն վիճելի եւ խնդրայարոյց բնոյթը եւ հայ հասարակութեան ծայրայեղ ու պառակտուած դիրքորոշումները քննարկուած հարցերուն շուրջ, բնականաբար ընթերցողներէն շատերուն համար անկարելի պիտի ըլլայ համաձայն ըլլալ Աւետիքի բոլոր ախտորոշումներուն, եզրակացութիւններուն եւ դիտարկումներուն հետ: Բայց ոեւէ գրագէտ հանրային քաղաքական խօսոյթ պէտք է կարենայ լսել եւ նկատի առնել տարբեր ու նոյնիսկ հակասական կարծիքներ: Ուրեմն թերեւս պատահական չէ, որ ժողովածուին առաջին յօդուածը ճիշդ այդ նիւթը կ՛արծարծէ, այսինքն` տարբեր կարծիք չհանդուրժելու եւ սխալը չընդունելու մեր ազգային միտումը:
Աւետիքի կարգ մը եզրակացութիւններուն հետ տարակարծիք ըլլալով հանդերձ, բացարձակ համոզումով կարելի է ընել հետեւեալ դիտարկումները.
– Կարելի չէ կասկածի տակ դնել Աւետիքին հայրենասիրութիւնը: Իր հայրենասիրութիւնը խորքային է եւ` արմատացած: Աւանդական ազգային արժէքներուն եւ պատմական իրաւունքներուն գերակայութեանը գիտակցելէն անդին կ՛անցնի եւ կը դպչի նոյնիսկ անկարեւոր թուացող հասարակական կենցաղային սովորութիւններու, ինչպէս, օրինակ, հայոց լեզուի աղաւաղումը, տեղանուններու օտարացումը, օտարը գերադասելու միտումը եւ այլն:
– Կարելի չէ չզգալ իր խոր ցաւը հայ ժողովուրդին եւ հայրենիքին կրած կորուստներուն համար, եւ ընդհանրապէս` հայ իրականութեան անմխիթար իրավիճակին նկատմամբ, ոչ ալ կարելի է այդ ցաւին անկեղծութիւնը որեւէ ձեւով հարցականի տակ դնել: Այդ ցաւը, յաճախ միախառնուած խոր ափսոսանքի զգացումի հետ, ակնյայտ է իր բոլոր յօդուածներուն մէջ:
Յուլիս, 2024
Երեւան
Աւետիք Իշխանեան
Նախքան Ընթերցելը…
ՄՈՎՍԷՍ ԾԻՐԱՆԻ
Ձախէն աջ՝ Աւետիք, Բիւրակն, Վահան եւ Ռաֆայէլ Իշխանեաններ
Խօսքը կը վերաբերի այս հատորի բովանդակութեան, որուն հեղինակէն առաջ ճանչցած եմ իր հայրը` Ռաֆայէլ Իշխանեանը, նախ իբրեւ սիրուած ու գնահատուած դասախօս, ապա նաեւ` իբրեւ իրաւ մարդ, նուիրեալ հայ ու վստահելի գործընկեր: Ան առաջին հերթին ուսանողներուն մէջ կը գնահատէր ու կը զարգացնէր անոնց անհատականութիւնը, կը սորվեցնէր մեզի ինքնուրոյն մտածել ու գործել, յատկապէս` «դիմադրելու» համար խորհրդային կաղապարուած գաղափարախօսութեանն ու անոնց ռուսականացման քարոզարշաւին: Աւետիքը հասակ առաւ ու դաստիարակուեցաւ Ռաֆայէլ Իշխանեանի եւ նոյնքան նուիրեալ հայ ու իրաւ մարդ իր մօրը` Բիւրակն Չերազի շունչին տակ… միաժամանակ ժառանգելով անոնց իրաւութիւնն ու ազգային ու մարդկային արժէքները, գնահատելու ու պաշտպանելու վճռակամութիւնը եւս…
Այս բոլորով հանդերձ, Աւետիքը ոչ միայն բոլորովին անկախ ու ինքնուրոյն մտածելակերպ ունեցող, ամուր անհատականութեան տէր մտաւորական է, այլ նաեւ ի հարկին, ան կը խնայէ ո՛չ ընկերները, ո՛չ իր գործակիցները եւ ո՛չ ալ նոյնի՛սկ մտերիմները…
Ան` իբրեւ հանրային եւ քաղաքական գործիչ ու հրապարակախօս, յայտնի է նաեւ իր սուր ու դիպուկ յօդուածներով, որոնց կարեւորագոյնները հնարաւորութիւն ունիք ընթերցելու ներկայ հատորին մէջ, ուր արտայայտուած համարձակ միտքերը, դիպուկ նշումներն ու ազգային եւ համամարդկային գաղափարները, սակայն, կրնաք ընդունիլ կամ մերժել` համաձայն անոնց հանդէպ ձեր ունեցած կեցուածքներուն: Երբ հեղինակը յանո՛ւն ճշմարտութեան կրնայ «կտրուիլ», բայց «չի ճկիր», շատ բնական է, որ վիճայարոյց արտայայտութիւններ ըլլան իր յօդուածներուն մէջ… յատկապէս նկատի առնելով մեր ժամանակներու խայտաբղէտ քաղաքական հոսանքները եւ մարդկային ու ազգային արժէքները գնահատելու տարբեր մօտեցումները, ուրիշ կերպ չէր կրնար ըլլալ:
Երբ Աւետիքին առաջին անգամ հանդիպեցայ 1972-ին, ինք տակաւին պատանի էր, իսկ ես` հասուն երիտասարդ: Սակայն ժամանակի ընթացքին տարիքային տարբերութիւնը հետզհետէ վերացաւ, ու մենք դարձանք լաւ ընկերներ, իսկ հետագային նաեւ` մտերիմներ: Թէեւ մեր համամարդկային արժէքներու գնահատումն ու ազգային գաղափարական ըմբռնումները շատ տարբեր չեն եղած իրարմէ, այնուամենայնիւ, մենք եւս որոշ հարցերու շուրջ եղած ենք տարակարծիք:
Հնարաւոր է, որ դուք եւս ըլլաք տարակարծիք, կարելի է հակափաստարկներ յառաջ քաշել, հակադրուիլ անոր ու նոյնիսկ` մեղադրել զինք…
Սակայն,
Դուք չէք կրնար կասկածի տակ դնել անոր իրաւութիւնն ու անկեղծութիւնը, որոնք կը բխին նախ իր մարդասիրական ու ազգասիրական ըմբռնումներէն, եւ ապա նաեւ` իր լեզուամտածողութեան մէջ առհաւականօրէն ամրագրուած ջինջ համոզումներէն…
Աւետիք Իշխանեանը «իրաւապաշտպան» է բառին ամենալայն ու ամբողջական իմաստով (Attorney of Human Rights): Իր յօդուածներուն հենքը նախ եւ առաջ մարդու «Մարդկային իրաւունքներու» անշահախնդիր եւ յարատեւ պաշտպանութիւնն է, որոնք արդարօրէն կը տարածուին նաեւ ազգային անսակարկելի արժէքներու վրայ:
Երեւան, 2023, մարտ
*****************
Վերջին Գրառում
Արցախի Կորուստը Ողբերգութիւն Է. Յաջորդ Ողբերգութիւնները Չեմ Ուզում Տեսնել
Երէկ ԱՄՆ-ում գարշապետը վերջնականապէս խոստովանեց, որ ստի եւ կեղծիքի յեղափոխութեան եւ, բնականաբար, իրեն իշխանութեան բերող օտար-թշնամական երկրների յատուկ ծառայութիւնների նպատակը եղել է հայոց հինաւուրց ամրոց Արցախի պատերազմով, հազարաւոր զոհերով յանձնումը: Եւ ի՞նչ…
Այո՛, խիստ քննադատութիւններ, բայց` ոչ մի ընդվզում: Գոնէ այսօր ողջ ընդդիմութիւնը պէտք էր համախմբուէր եւ վռնտէր դաւաճաններին:
Հաւատացնում եմ, որ բաւարար քանակով ժողովուրդ կը հաւաքուէր:
Փաստօրէն մենք բոլորս հաշտուել ենք ոչ միայն Արցախի, այլեւ Տաւուշի, Ջերմուկի, Գորիսի, մօտ ապագայում` Մեղրիի տարածքների կորստին:
Ի՞նչ էք կարծում վերլուծաբան-ընդդիմադիրներ, այդ կորուստների համար դուք անցեալում եւ ապագայում, ըստ էութեան, Հայաստանի կործանման համար պատասխանատու չէ՞ք լինելու:
Չգիտեմ, բայց անձամբ ինձ համար Արցախի կորուստը ողբերգութիւն է:
Յաջորդ ողբերգութիւնները չեմ ուզում տեսնել:
ԱՒԵՏԻՔ ԻՇԽԱՆԵԱՆ
Հրաժեշտի Խօսք
– «2020թ. դաւաճան-վարչապետի կողմից հրահրուած պատերազմը ինձ հունից հանեց, իսկ նոյեմբերի 9-ը, կարելի է ասել, կործանեց կեանքս: Դրանից յետոյ, այնուամենայնիւ, որոշակի յոյսեր էի փայփայում, որ դաւաճանին հեռացնելուց յետոյ թերեւս հնարաւոր է ինչ-ինչ հարցեր կարգի բերել, փոխել անդառնալի թուացող իրադարձութիւնների ընթացքը:
– Սակայն, աւա՜ղ, ոչ միայն չկարողացանք պարտութեան պատասխանատու եւ խորհրդանիշ ճիւաղին հեռացնել, այլեւ նա առաւել ամրապնդեց իշխանութիւնը` շարունակելով հայրենիքի վաճառքը: Այս տարիներին խոր հիասթափութիւն ունեցայ շատ մտերիմներից` բարեկամներ, ընկերներ, գործընկերներ, ինչպէս նաեւ` հայ ժողովրդից եւ ողջ մարդկութիւնից… ինքս ինձնից: Այս ամէնին ջղերս չդիմացան եւ օր օրի առողջութիւնս քայքայուեց: Այլեւս չեմ տեսնում որեւէ յոյսի շող Հայաստանի եւ Արցախի ապագայի համար:
– Լինելով «Ղարաբաղ» կոմիտէի անդամ, որի նպատակն էր ազատագրել Արցախը, այսօր իմ պատասխանատուութիւնն ու միաժամանակ անզօրութիւնն եմ զգում Արցախի հարցում: Չեմ ցանկանում տեսնել հայրենիքիս վերջնական կործանումը, չեմ ցանկանում, որ իմ պահուածքի պատճառով հետապնդուեն իմ զաւակները, նաեւ` իմ տրամադրութեամբ եւ առողջութեամբ բեռ դառնալ հարազատներիս, ընկերներիս համար: Կեանքն ինձ համար այլեւս դարձել էր տառապանք` ե՛ւ ֆիզիքապէս, ե՛ւ հոգեպէս: Ամէն գիշեր պառկելուց, մեծ յոյսեր էի փայփայում, որ այլեւս չեմ արթնանայ:
– Ներեցէք, եթէ կարող էք, առաջին հերթին կինս` Նունէն, մայրս` Բիւրակն Չերազ-Անդրէասեանը, տղաներս` Ռաֆայէլն ու Հրաչեան, քոյրս` Վարդուհին, բոլոր հարազատներս, ընկերներս, համախոհներս»:
ԱՒԵՏԻՔ ԻՇԽԱՆԵԱՆ