Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փաշինեանը Նենգօրէն Կը Պնդէ, Որ Նախկին Ղեկավարները Արցախը Ճանչցած Են Իբրեւ Ազրպէյճանի Մաս

Մարտ 7, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպանը` Օլիվիէ Տըքոթինիյին, որ յայտնի է խիստ հայանպաստ դիրքորոշումներով, անցեալ շաբաթ բոլորը զարմացուց` Հայաստանի Հանրային ռատիոյին տուած հարցազրոյցին ընթացքին անճիշդ կերպով հաստատելով, որ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան առաջին հայ ղեկավարը չէ, որ ընդունած է Արցախը իբրեւ Ազրպէյճանի պատկանող տարածք:

Տըքոթինիյին աւելցուց. «Հայաստանը Լեռնային Ղարաբաղը ճանչցած է Ազրպէյճանի կազմին մէջ` սկսեալ 1991 թուականէն, Ալմա Աթայի հռչակագիրին ընդունումէն, քանի որ Լեռնային Ղարաբաղը Խորհրդային Ազրպէյճանի մէկ շրջանն էր: Հետեւաբար անոնք, որոնք կ՛ըսեն, թէ Լեռնային Ղարաբաղը Ազրպէյճանի մաս ճանչցուեցաւ 2022 թուականին Փրակայի մէջ, կը ստեն, որովհետեւ Լեռնային Ղարաբաղը Հայաստանի կողմէ իբրեւ Ազրպէյճանի կազմին մէջ ճանչցուած էր Ալմա Աթայի հռչակագիրէն ի վեր»:

Հայաստանի բարեկամ երկրի մը ներկայացուցիչին կողմէ ասիկա ոչ դիւանագիտական եւ կեղծ յայտարարութիւն է: Կան երեք պատճառները, թէ ինչո՛ւ Ֆրանսայի դեսպանը նման սխալ յայտարարութիւն կատարեց.

1.- Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնը փրկել մեղադրանքներէն, որոնք կը վերաբերին 2022 թուականի հոկտեմբեր 6-ին Փրակայի մէջ Եւրոպական խորհուրդի այն ատենուան նախագահ Շարլ Միշէլի հետ միասին  կատարուած միջնորդութեան` Փաշինեանի եւ Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի միջեւ բանակցութիւններուն, ուր Փաշինեան ճանչցաւ Ազրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը` ընդունելով Արցախը իբրեւ Ազրպէյճանի մաս:

2.- Արդարացնել եւ աջակցիլ Փաշինեանի խարխափող իշխանութեան` ներքին հակառակորդներու դէմ, Արցախը Ազրպէյճանին յանձնելէ ետք:

3.- Բարելաւել Ազրպէյճանի եւ Ֆրանսայի լարուած յարաբերութիւնները:

2022 թուականին Փրակայի մէջ կայացած քառակողմանի հանդիպումէն ետք հրապարակուած յայտարարութեան մէջ նշուեցաւ, որ Հայաստանն ու Ազրպէյճանը, 1991 թուականի Ալմա Աթայի հռչակագիրին համաձայն, «կը ճանչնան միմեանց տարածքային ամբողջականութիւնն ու ինքնիշխանութիւնը», ինչ որ կը նշանակէ, թէ Արցախը կը պատկանի Ազրպէյճանին: Այնուհետեւ Փաշինեան բազմիցս բացայայտ ու կեղծ կերպով յայտարարեց, որ Ալմա Աթայի հռչակագիրի հիման վրայ Արցախը Ազրպէյճանի մաս է:

Նման յայտարարութեամբ Փաշինեան մտադիր էր մեղքը բարդել Հայաստանի նախկին ղեկավարներուն վրայ` 1991 թուականին Արցախը Ազրպէյճանին յանձնելու համար` 2018 թուականին իր իշխանութեան գալէն շատ աւելի առաջ:

Բայց եւ այնպէս, կան կարեւոր փաստեր, որոնք կ՛ապացուցեն Ֆրանսայի դեսպանին եւ Փաշինեանին հաստատումներուն սխալ ըլլալը.

– 1991 թուականի դեկտեմբեր 21-ին Ալմա Աթայի հռչակագիրին մէջ Արցախի մասին որեւէ յիշատակում չկար: Անոր մէջ նշուած է, որ նախկին տասնմէկ խորհրդային հանրապետութիւնները, ներառեալ` Հայաստանն ու Ազրպէյճանը, «կը ճանչնան ու կը յարգեն իրարու տարածքային ամբողջականութիւնը եւ առկայ սահմաններու անձեռնմխելիութիւնը»:

–  Նախկին նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեան 1991 թուականին Ալմա Աթայէն վերադարձի ճամբուն վրայ խորհրդային պատկերասփիւռի կայանին ըսաւ, որ երբ Հայաստանի Գերագոյն խորհուրդը վաւերացնէ հռչակագիրը, վերապահում պիտի աւելցուի Լեռնային Ղարաբաղի ինքնավարութեան կարգավիճակին վերաբերեալ, «որպէսզի կարողանանք ամուր երաշխիքներ ստանալ Լեռնային Ղարաբաղի` որպէս ինքնավար կառոյցի գոյութեան համար»:

– 1992 թուականի փետրուար 18-ին Հայաստանի Հանրապետութեան Գերագոյն խորհուրդը վաւերացուց 1991 թուականի դեկտեմբեր 8-ի Մինսքի համաձայնագիրը` Անկախ պետութիւններու համագործակցութեան (ԱՊՀ) ստեղծման մասին, որ Ալմա Աթայի հռչակագիրին նախադրեալն էր: Նկատի ունենալով այն փաստը, որ Արցախը 10 դեկտեմբեր 1991-ին հանրաքուէ կատարեց` յայտարարելով Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ստեղծումը, Հայաստանի Գերագոյն խորհուրդը աւելցուցած է հետեւեալ վերապահումը, որ կը վերաբերէր Արցախին. ԽՍՀՄ բոլոր նախկին ինքնավար կառոյցները, որոնք նախապէս հանրաքուէ կատարած էին` հռչակելով իրենց անկախութիւնը, կրնան միանալ ԱՊՀ-ին:

– Հայաստանի Գերագոյն խորհուրդը 8 յուլիս 1992-ի որոշմամբ վերահաստատեց իր դիրքորոշումը Արցախի վերաբերեալ` յայտարարելով, որ անընդունելի կը նկատէ որեւէ փաստաթուղթ, ուր Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը նշուած պիտի ըլլայ Ազրպէյճանի կազմին մէջ:

– 15 ապրիլ 1994-ին Հայաստանի օրուան նախագահը մերժեց ստորագրել «Անկախ պետութիւններու համագործակցութեան մասնակից պետութիւններու ինքնիշխանութեան, տարածքային ամբողջականութեան եւ սահմաններու անձեռնմխելիութեան մասին» հռչակագիրը` այն մտահոգութեամբ, որ Ազրպէյճան այդ փաստաթուղթը պիտի օգտագործէ Արցախի դէմ:

– Հայաստանի 1995 թուականի սահմանադրութեան նախաբանին մէջ յղում կայ Անկախութեան հռչակագիրին, որ իր կարգին յղում կը կատարէ Խորհրդային Հայաստանի Գերագոյն խորհուրդի եւ Արցախի Ազգային խորհուրդի 1989 թուականի «Հայկական ԽՍՀ-ի եւ Լեռնային Ղարաբաղի վերամիաւորման մասին» միացեալ որոշման:

– Վերջապէս, 1996 թուականին ԵԱՀԿ Լիզպոնի վեհաժողովին Հայաստանի կառավարութիւնը վեթօ դրաւ բանաձեւի մը դէմ, որով Լեռնային Ղարաբաղին բարձրագոյն ինքնակառավարութեան աստիճան կը տրուէր Ազրպէյճանի կազմին մէջ:

Արցախի` Ազրպէյճանէն անջատ կարգավիճակին վերաբերող վերոնշեալ բոլոր յիշատակումներէն ետք Փաշինեան ինչպէ՞ս կրնայ պնդել, որ Հայաստանի նախկին ղեկավարները Արցախը տուած են Ազրպէյճանին: Եթէ այդպէս էր, ապա`

– Ինչո՞ւ Ազրպէյճան Արցախը չբռնագրաւեց 1991 թուականէն մինչեւ 2020 թուական:

– Ինչո՞ւ Ազրպէյճան 2020 թուականին մեծ պատերազմի ձեռնարկեց Արցախը նուաճելու համար` կորսնցնելով հազարաւոր զինուորներ:

– Ինչո՞ւ հայ զինուորները կռուած են ազրպէյճանական զօրքերուն դէմ 1991 թուականէն ետք:

– Ինչո՞ւ Հայաստանի իշխանութիւնը տասնամեակներ շարունակ, նաեւ` Փաշինեանի օրօք, հայկական բանակի զինուորներ տեղակայած է Արցախի մէջ:

– Ինչո՞ւ Հայաստանի կառավարութիւնը հարիւր միլիոնաւոր տոլարներ ներդրած է Արցախի պիւտճէին մէջ, եթէ Արցախը եղած է Ազրպէյճանի կազմին մէջ:

– Ինչո՞ւ Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձր ներկայացուցիչ Ժոզեփ Պորել 2023 թուականին Եւրոպական խորհրդարանին մէջ յայտարարեց, որ` «Հայաստանը ճանչցած է Լեռնային Ղարաբաղը իբրեւ Ազրպէյճանի անբաժանելի մաս, եւ Նիկոլ Փաշինեանը Հայաստանի առաջին ղեկավարն է, որ նման յայտարարութիւն կատարած է»:

– Ինչո՞ւ Փաշինեան 5 օգոստոս 2019-ին Ստեփանակերտի մէջ արցախցիներուն դիմաց խօսք առաւ եւ յայտարարեց` «Արցախը Հայաստան է, եւ վերջ», եթէ Արցախը տրուած էր Ազրպէյճանին:

– Ինչո՞ւ միջնորդներու Մինսքի խումբը` Ֆրանսայի, Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու գլխաւորութեամբ, տասնամեակներ շարունակ կը փորձէին լուծում գտնել Արցախի կարգավիճակին, եթէ անիկա 1991 թուականէն ի վեր Հայաստանի կողմէ ճանչցուած էր իբրեւ Ազրպէյճանի մաս:

Այս բոլոր հարցերուն պատասխանը այն է, որ Հայաստանի նախկին ղեկավարները Արցախը չեն յանձնած Ազրպէյճանին: Փաշինեան առաջին հայ ղեկավարն է, որ Արցախը ճանչցաւ իբրեւ Ազրպէյճանի մաս:

www.TheCaliforniaCourier.com

Նախորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

Յաջորդը

Կազայի Ապագան` Արեւմուտքի Եւ Արաբական Աշխարհի Բախուող Շահերու Լոյսին Տակ

RelatedPosts

Շուշիով Կրնա՛նք Վերապրիլ  (9 Մայիս)
Անդրադարձ

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Խրոխտ Շուշիի Ազատագրման Յիշատակին

Մայիս 17, 2025
Մուսա Լերան Պատմական Յուշարձանը Դարձեալ Ծնունդ Կ՛առնէ Ֆրեզնոյի Մէջ
Անդրադարձ

Մուսա Լերան Պատմական Յուշարձանը Դարձեալ Ծնունդ Կ՛առնէ Ֆրեզնոյի Մէջ

Մայիս 17, 2025
Ազրպէյճան Մտադիր Է Գրաւել Հայաստանը Եւ Ստեղծել «Արեւմտեան Ազրպէյճան»
Անդրադարձ

Հայերը Կը Կարծեն, Թէ Միայն Իրենք Անմիաբան Են, Սակայն Իրականութիւնը Այդպէս Չէ

Մայիս 17, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?