Հայաստանի քաղաքական բեմը դարձեալ ինկած է փաշինեանակերտ թակարդի մը մէջ (միակ բանը, որ կարող է տակաւին). մարդուկը քանի մը օր առաջ չունեցած խելապատիկէն հրապարակ նետեց նոր Հայաստանի իր գաղափարաբանութի՜ւը, եւ ահա, տո՛ւր որ կու տաս, քննարկումներ, վերլուծումներ եւ դատարկաբանութիւնները ապացուցող հակադարձութիւններ:
Կը կարծենք, որ եղածը շունչի եւ ճիգի վատնում է: Փաստօրէն, կ՛արժէ՞ շունչ վատնել մարդու մը ըսածներուն կամ ըրածներուն վրայ, մանաւանդ երբ հրապարակ եկած է «գաղափարական հրաշալիքներ»-ու փունջով մը, որոնց սնանկութիւնը ապացուցուած է իւրաքանչիւր քայլափոխի:
Կը բաւէ միայն յիշեցնել եւ այդպէսով ալ փակել մեկնաբանութիւններու շարանը. «Ա՛յ մարդակերպ արարած, դուն չէի՞ր յայտարարողը, թէ քու գաղափարաբանութիւնդ` գաղափարաբանութիւն… չունենալ է: Հիմա ի՜նչ ելեր ես եւ չունեցած բաներուդ հիմամբ կը փորձես մարդիկ համոզել, մոլորեցնել»:
Իսկ եթէ պէտք է անպայման այս արարածին եւ իր խմբակիցներուն մէջ «գաղափարաբանութիւն» փնտռել, քանիցս փաստուածը այլապէս հետեւեալն է. «Թուրքիա եւ Ազրպէճան, դուք ըսէ՛ք, մենք կ՛ընենք»: Չէ՞ որ Երեւանի քաղաքապետն ալ նման խոստմնալի՜ց «գաղափարաբանութեամբ» ընտրարշաւ վարեց եւ հիմա ալ թզենիի տերեւ կը փնտռէ իր մտային ու գործելու կարողութիւններուն մերկութիւնը ծածկելու համար: Չար բախտէն ձմեռ է, ծառերը տերեւաթափ եղած են:
Փանջունին հիմա կրնայ հանգի՜ստ ննջել: Զինք գերազանցողներու ամբողջ փաղանգ մը ունինք:
… Ճիգ ու շունչ պահանջողը ուրի՛շ բան է. հայրենապաշտպաններու համախմբումով` համաձայնութիւն գոյացնել ամբողջական տարազի մը շուրջ, որպէսզի այս ան-գաղափարները հեռացուին երկրի ղեկէն, քանի յաւելեալ կորուստներ չեն բերած հայրենիքին ու ազգին:
24 փետրուար 2025