Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Զանցառութեան Մեղքեր (Մեծ Պահքի Առիթով)

Մարտ 5, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԵՐ. ԴՈԿՏ. ՎԱՀԱՆ Յ. ԹՈՒԹԻԿԵԱՆ

Մեղք եւ մեղքեր… Մեղքը Աստուծոյ դէմ ապստամբութիւն եւ հակառակութիւն է: Աստուծմէ բաժանում եւ անջատում է: Մեղքէն է, որ կը ծնին բազմաթիւ եւ այլազան մեղքեր: Հին ժամանակներու եկեղեցին փորձեց զանազանել «մահացու» մեղքերը` երկրորդական մեղքերէ:

Հռոմի պապը` Մեծն Գրիգոր, 7-րդ դարու սկիզբը մարդոց գործած ստուար մեղքերու մէջէն մէկդի դրաւ հետեւեալ 7 մեղքերը, որոնք «Մահացու մեղքեր» կոչեց: Անոնք էին` հպարտութիւն, բարկութիւն, նախանձ, ծուլութիւն, ագահութիւն, որկրամոլութիւն եւ բղջախոհութիւն:

Մեղքերու այդ զանազանութիւնը ընելով` մարդիկ այնքան ուշադիր եղած չեն, այսպէս կոչուած, «երկրորդական» մեղքերու հանդէպ: Կան անթիւ եւ անհամար մեղքեր, որոնք դուրս կը մնան «Եօթը մահացու մեղքեր»-ու ցանկէն եւ իմաստով մը չեն հակասեր Հին կտակարանի տասնաբանեայ պատուիրաններուն, սակայն անոնք չեն դադրիր մեղք ըլլալէ եւ երբեմն շատ աւելի մահացու են, քան` միւսները:

Այսպէս, կան «ընելով» մեղքեր եւ կան նաեւ «չընելով» մեղքեր: Անգլիախօս աշխարհը կոչած է զանոնք «Sins of commission» եւ «Sins of omission»: Հին եբրայեցիներ գործքով կատարուած մեղքերու ցանկը բարձրացուցած են հարիւրներու, որովհետեւ իւրաքանչիւր բարեպաշտ հրեայ կոչուած էր եբրայական 613 պատուիրանները պահելու: Անոնցմէ իւրաքանչիւրը չպահելու պարագային, անձի մը մեղքերը կ՛աւելնային: Այդ մեղքերէն ոմանց պատիժը խիստ էր: Օրինակ, շնութեան մէջ բռնուող կին մը դատապարտուած էր քարկոծուելով սպաննուելու:

Արդի ժամանակներու մէջ տեսանելի եւ շօշափելի մեղքեր օրէնքով, դատով եւ դատարանով կը պատժուին: Հանրային կարծիքն ալ կը դատապարտէ շատ մը մեղքեր, որոնք վնասակար կը սեպուին մարդկային ընկերութեան մէջ:

Երկրորդ դասակարգի մեղքերը, որոնք  «Զանցառութեան մեղքեր» կը կոչուին, ծածուկ, սրտի ու մտքի մեղքեր են, որոնք դժուար է փաստել, բայց որոնք նոյնքան դատապարտելի են: Մատթէոսի Աւետարանի 25-րդ գլխուն 31-43 համարներուն մէջ արձանագրուած է Յիսուսի «Վերջին դատաստանի առակը», որ երկու դասակարգերու կը բաժնէ մարդիկ: Անոնք, որոնք գութ, կարեկցութիւն եւ սէր ցոյց տուած են իրենց նմաններուն, արժանի կը դառնան Տիրոջ փառքին: Իսկ անոնք, որոնք զանցառու եղած են իրենց մարդկային պարտականութեանց մէջ, կը դատապարտուին դժոխք երթալու: Քրիստոս անոնց պիտի ըսէ. «Մէկդի գացէք ինձմէ, որովհետեւ այս իմ եղբայրներէս մէկուն չըրիք, ինծի ալ չըրիք»:

Յակոբոս առաքեալ քրիստոսաւանդ այս ցուցմունքին հետեւողութեամբ կը գրէ. «Ով որ բարին գիտնայ ու չընէ, ան մեղք է անոր»: Այլ խօսքով, ուրիշի մը օգնութեան կարիքը տեսնել եւ անոր չօգնել` այնքան դատապարտելի է, որքան`  մէկու մը ունեցածը յափշտակել:

Երբ ականատես եւ ականջալուր կ՛ըլլանք գործուող մեղքի մը եւ պարզապէս «աչք կը գոցենք», կամ բանիւ թէ գործով, կ՛ըսենք «ինծի ի՞նչ» «ինչի՞ս պէտք», կամ «ինչո՞ւ գէշ մարդ ըլլամ», այն ատեն մեղսակից կը դառնանք մեղաւորին: Չարիքը տեսնել ու չմիջամտել, անարդարութեան առջեւ անտարբեր մնալ` մեզ նոյնքան մեղաւոր կը դարձնեն, որքան` չարիք եւ անարդարութիւն գործող անհատը:

Բարի սամարացիին առակին մէջ քահանան եւ ղեւտացին նոյնքան դատապարտելի էին, որքան` այն աւազակները, որոնք վիրաւորեցին Երուսաղէմէն Երիքովի ճանապարհին վրայ ճամբորդը:

Միւս կողմէ, եթէ օգտակար թելադրութիւն մը ունինք, բարի արարք մը կրնանք ընել, չզլանանք ընել զայն անյապաղ: Բարեացակամ զգացումներ եւ խորհուրդներ ունենալը բաւական չէ: Զանոնք գործի վերածելու ենք առանց յետաձգումի կամ ոչ արդարանալի ձգձգումներու: Ըսուած է, որ դժոխքը սալատակուած է գեղեցիկ դիտաւորութիւններով, որոնք չեն իրականացած:

Երբեք մտահան ընելու չենք այն իրողութիւնը, որ միայն անիրաւութիւններով, չարախօսութիւններով եւ վատ արարքներով չէ, որ վնաս կը հասցնենք մարդոց, այլ նաեւ` մեր անտարբերութեամբ, լռութեամբ, չէզոք դիրքով կամ սոսկ բարեհաճ, բայց ամուլ իղձերով, կամ` զանոնք յուսախաբ դարձնելով:

 

 

 

Նախորդը

Ակնարկ. 8-րդ Եւ 9-րդ Կէտերու Փոխկապակցումը

Յաջորդը

Ճանչնանք Մեր Եկեղեցին. Քառասնօրեայ Մեծ Պահք Արեւագալ Եւ Հսկում

RelatedPosts

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը
Անդրադարձ

Իրան-Իսրայէլ 12-Օրեայ Հակամարտութիւնը Եւ Ազրպէյճանի Հնարաւոր Ներգրաւուածութիւնը

Օգոստոս 19, 2025
Նոր Գիրքերու Հետ.  ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի`  Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927  (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)
Անդրադարձ

Նոր Գիրքերու Հետ. ՀՄԸՄ-ի Գործունէութիւնը Մայր Հայրենիքի` Հայաստանի Հանրապետութեան Մէջ. 1918-1927 (Հեղինակ Յարութ Չէքիճեան)

Օգոստոս 19, 2025
Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր
Անդրադարձ

Համազգայինի Ուսանողական Հաւաք (Ֆորում) 2025` Նոր Փորձառութիւններ, Հարուստ Ծրագիր

Օգոստոս 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?