Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեր Պատկառանքը Եւ Երախտագիտութիւնը Ձեզի, Սիրելի՛ Ուսուցիչներ

March 8, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ

«Լաւ է աչքով կոյրը, քան` մտքով կոյրը»:

5-րդ դարու պատմիչ Եղիշէի այս արտայայտութիւնը կարծես ուղենիշ է հայ ժողովուրդին համար: Հայ ժողովուրդը ի սկզբանէ սիրած է դպրութիւնը եւ ունեցած է  բազմաթիւ երախտաւորներ, որոնք իրենց ողջ կեանքը նուիրած են  մեր ժողովուրդի  կրթութեան, յառաջընթացին:

Մեսրոպ Մաշտոց` մեր առաջին ուսուցիչը, ստեղծելով հայոց այբուբենը, լուսաւորեց ու  փառաւորեց հայ ժողովուրդի հետագայ  ուղին: Ան ուսանողներուն կը յորդորէր  ամէնուր լոյս սփռել` գրաճանաչ դարձնել, կրթել, դաստիարակել մեծն ու փոքրը:

Ոսկեդարէն մինչեւ այսօր հայը հաւատարիմ  կը մնայ Մեծ ուսուցիչին պատգամին: Հայ  ժողովուրդը միշտ առանձնայատուկ   համակրանք տածած է ուսումին, գիտութեան:  Հայը ոչինչ խնայած է իր զաւակին կրթութիւն  ջամբելու համար:

Ուսուցիչներս` խոնարհ հերոսներ, կեանքի  դաստիարակներ եղած են… Յուշերը անգին կը դառնան, երբ կը գիտակցիս, որ անցնող ակնթարթները չեն կրկնուիր այլեւս…

Սիրած եւ յարգած եմ բոլորը: Անգնահատելի ներգործութիւն ունեցած են ներաշխարհիս վրայ, որովհետեւ դաստիարակի եւ դասատուի կողքին, ընկեր եւ անկեղծ բարեկամներ էին անոնք: Մէկ առ մէկ  կը յիշեմ  մեծամասնութիւնը: Իր առաքելութեան հարազատ եւ հաւատարիմ զինուորն էր  իւրաքանչիւրը: Ծով եւ անսահման երախտագիտութիւն` անոնց բոլորին: Անտրտունջ աշխատանքով եւ նուիրումով սերունդներ յղկեցին, դաստիարակեցին: Մարդկային արժէքներ փոխանցեցին: Հայեցի դաստիարակութեամբ սնուցանելու, իբրեւ  մարդ  եւ հայ կազմաւորուելու, իբրեւ հայ ապրելու հպարտութիւն,  ընկերութեան ծառայելու առաքինութիւն ներշնչեցին: Պատասխանատուութեան ոգի, հայրենասիրութիւն, նուիրում սերմանեցին մեր սրտերուն  մէջ:

Ուսուցիչը եղած է ու կը մնայ     հասարակութեան ամենայարգուած,  միաժամանակ եւ ամենահամեստ խաւը:

Այսօր, երբ ուսուցիչի սով կը տիրէ քիչ մը ամէն տեղ, անհրաժեշտ է աչքի լոյսի նման  փայփայել բոլոր այն ուսուցիչները,  որոնք  չափազանց լուրջ եւ նուիրումով կը վերաբերին իրենց աշխատանքին: Մեծագոյն  պարգեւն է ունենալ այնպիսի ուսուցիչ, որ  արժանի դառնայ աշակերտի կամ ուսանողի համար երկրորդ ծնող կոչուելու իրաւունքին:

Ուսուցչաց տօնին առիթով, կը խոնարհիմ սերունդներ դաստիարակած Մեծ երախտաւորներուն առջեւ: Բարձրաձայն` «Վա՛րձքդ կատար» կ՛ըսեմ իւրաքանչիւրին: Կը խոնարհիմ առյաւէտ մեկնողներուն  յիշատակին առջեւ: Երկար կեանք, ամենայն  բարիք, ամուր առողջութիւն կը մաղթեմ ողջերուն:

Պատուարժա՛ն ուսուցիչներ, Ուսուցչաց օրուան առիթով ընդունեցէք ջերմ  շնորհաւորութիւններս եւ   բարեմաղթութիւններս: Կը խոնարհիմ ձեր առջեւ, ձեր մեծութեան առջեւ, ձեր ծով  համբերութեան եւ նուիրուածութեան առջեւ` մատաղ սերունդի դաստիարակութեան եւ կրթութեան դժուար, սակայն վեհ ու  փառաւոր առաքելութեան մէջ:

Պատի՛ւ եւ յարգանք` բոլո՛ր ուսուցիչներուս:

Պատիւ` ու յարգանք` հա՛յ ուսուցիչին:

Մեր պատկառանքը եւ երախտագիտութիւնը ձեզի, սիրելի՛ ուսուցիչներ:

 

 

 

Նախորդը

Ի՞նչ Է Արհեստական Բանականութիւնը (ԱԲ)

Յաջորդը

Իմ Սիւնակը – Ձեր Աշխարհը. Երնէ՜կ Այդ Օրերուն… (Ուսուցչաց Տօն)

RelatedPosts

Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Եւրոպան Քաղաքական Վերիվայրումներու Եւ Ժողովրդավարական Օրինականութեան Ճգնաժամին Միջեւ

October 31, 2026
Նախագահական Ընտրութիւններէն 6 Ամիս Առաջ.  Ֆրանսայի Խռովարար Իրադարձութեանց Խորքային Պատճառները
Անդրադարձ

Նախագահական Ընտրութիւններէն 6 Ամիս Առաջ. Ֆրանսայի Խռովարար Իրադարձութեանց Խորքային Պատճառները

October 31, 2026
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Տեղական Ինքնակառավարման Մարմիններու Ընտրութեան Փորձաքարը

October 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.