Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թուրքիոյ Թափանցումի Քաղաքականութիւնը Եւրոպայի Պաշտպանական Համակարգին Մէջ

Մարտ 7, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՔԵՐՈԲ ԷՔԻԶԵԱՆ

Քանի մը տարի առաջ աներեւակայելի պիտի համարուէր Գերմանիոյ, Ֆրանսայի, Մեծն Բրիտանիոյ կամ այլ եւրոպացի ղեկավարներու` Թուրքիոյ հետ սեղանակից ըլլալու իրողութիւնը, կառուցելու համար Եւրոպայի պաշտպանական համակարգը: Մինչդեռ այսօր Թուրքիան ինքզինք կը ներկայացնէ որպէս եւրոպական աշխարհամասի պաշտպանութեան երաշխաւոր:

Աշխարհաքաղաքական փոփոխութիւններու լոյսին տակ, մանաւանդ երբ Միացեալ Նահանգներ կը յայտնեն իրենց ռազմական ներկայութեան նուազումը արեւմտեան դաշինքին մէջ, Թուրքիոյ համար պատեհ առիթ կը ստեղծուի վերադառնալու եւրոպական հարթակներուն եւ ստաձնելու առաջնակարգ դեր ՕԹԱՆ-ի եւ Եւրոպայի մէջ:

Որքան եւրոպացի ղեկավարները պիտի փորձեն հակազդել ամերիկեան դժկամութեան` ուքրանական պատերազմի գործողութիւններուն առնչութեամբ, Թուրքիան պիտի ջանայ զօրացնել տպաւորութիւնը, թէ տարածաշրջանի ամէնէն նկատառելի ուժը կը հանդիսանայ: Արդէն վերջին տասնամեակին Անգարան կարողացաւ իր ռազմական ներկայութիւնը հաստատել Լիպիա, Սուտան եւ Սոմալի, իսկ Սուրիոյ վերջին իրադարձութիւններն ու Ասատի վարչակարգի տապալումը Թուրքիոյ ուժեղացած ազդեցութեան ճամբան բացին Միջին Արեւելքի մէջ:

Վերջին օրերուն ակնյայտ կը դառնայ Թուրքիոյ ղեկավարութեան համադրուած աշխատանքը` թափանցելու եւ տեղ գրաւելու Եւրոպայի առաջնորդներու շրջանակին մէջ, մաս կազմելով ծանրակշիռ որոշումներու հոլովոյթին:

Պատահական չէր Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտանի ներկայութիւնը եւրոպացի ղեկավարներու խորհրդաժողովին, որ գումարուեցաւ Բրիտանիոյ մէջ: Այն պահուն, երբ Միացեալ Նահանգներ կը սառեցնեն իրենց ռազմական օգնութիւնը Ուքրանիոյ զինեալ ուժերուն, ակներեւ կը դառնան Թուրքիոյ ջանքերը` յառաջ քշելու երկրի ռազմական արհեստագիտութեան եւ ճարտարարուեստին ձեռք ձգած փորձառութիւնը` տեղ գրաւելով ռուս-ուքրանական հակամարտութեան եւ մասնաւորաբար եւրոպական պաշտպանական համարկարգի կառուցման գործընթացին մէջ:

Միւս կողմէ` աննկատ պէտք չէ ձգել Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի յայտարարութիւնները օտար երկիրներու դեսպաններուն ի պատիւ սարքած ճաշկերոյթին, թէ կարելի չէ դիմագրաւել ընթացող աշխարհաքաղաքական փոփոխութիւնները` առանց Թուրքիոյ լիիրաւ մասնակցութեան եւրոպական ընտանիքէն ներս: Նոյնիսկ ան հաստատ համոզում արտայայտեց, որ Թուրքիոյ համար ռազմավարական առաջնահերթութիւն կը հանդիսանայ անոր անդամակցութիւնը Եւրոպայի մեծ ընտանիքին: Յատկանշական էին թուրք նախագահին խօսքերը. «Եւրոպայի համար հետզհետէ անկարելի կը դառնայ պահել իր միջազգային դիրքը` առանց Թուրքիոյ արդար մասնակցութեան»: «Ուղիղ խօսելով, Եւրոպայի ապահովութիւնը` առանց Թուրքիոյ ներկայութեան, անկարելի կը դառնայ: Մենք կը սպասենք մեր եւրոպացի բարեկամներէն` ընդունիլ ներկայ իրականութիւնը եւ իրագործել մեր ամբողջական անդամակցութեան հեռանկարը»:

Օգտագործելով Եւրոպայի ցուցաբերած քաղաքական եւ ռազմական տկարութիւնը, Թուրքիոյ ղեկավարը կը փորձէ սիրաշահիլ իր խօսակիցները` ճկուն կերպով «տարածաշրջանային խաղաղութեան միտող» կեղծ դիմագիծ մը, նախ յայտնելով, որ` «Թուրքիա կը նպաստէ Արեւելեան Միջերկրականի եւ Եգէական ծովուն մէջ կայունութեան, պահելով դրացի Յունաստանի հետ դրական մթնոլորտը եւ փոխադարձ վստահութեան յարաբերութիւնները»: Միաժամանակ նախագահ Էրտողան յայտնեց, որ իր երկիրը կը շարունակէ Հայաստանի հետ յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթը. «Կը շարունակենք Հարաւային Կովկասի մէջ կայունութիւն ապահովելու ջանքերը: Կ՛աշխատինք Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիրի ստորագրման ուղղութեամբ», նշած է ան:

Ուշագրաւ էր Յունաստանի բացակայութիւնը բրիտանական հողին վրայ կայացած եւրոպացի ղեկավարներու խորհրդաժողովէն ու ծանրակշիռ որոշումներու սեղանէն, մինչ քաղաքական դէտերը կը մատնանշեն երկրի ռազմական արհեստագիտութեան բացթողումները եւ դանդաղ շարժը: Այս իրականութեան տակ, վերջերս Յունաստանի եւ Հայաստանի զինեալ ուժերու ղեկավարութեան ու պատուիրակութիւններուն միջեւ կայացած հանդիպումներն ու գոյացած համաձայնութիւնները նկատել կուտան անհրաժեշտութիւնը առաւել խորացնելու երկու երկիրներու համագործակցութիւնը, ինչպէս նաեւ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու իրագործումը` աւելի ամուր եւ ընդլայնուած հարթակներու վրայ:

Իր քաղաքական հետապնդումներուն առընթեր, Թուրքիա արդէն սկսած է նկատուիլ կարեւոր դերակատար` նաեւ եւրոպական պաշտպանական համակարգի ստեղծման գործընթացին մէջ:

Կը մնայ, որ տարածաշրջանի այլ ուժեր, որոնք իրարու դաշնակից ըլլալու սերտ գործակցութեան մէջ կը գտնուին, յստակօրէն մեկնաբանեն Թուրքիոյ ուժեղացման փորձերը` որպէս տարածաշրջանային եւ աշխարհաքաղաքական մեծ յաւակնութիւններ ունեցող գործօն:

 

Նախորդը

ՀՅԴ 35-րդ Ընդհանուր Ժողովը Ընտրեց ՀՅԴ Բիւրոյի Նոր Կազմը

Յաջորդը

Յայտարարութիւններ (7 Մարտ 2025)

RelatedPosts

Մկրտիչ Եւ Լիանա Միքայէլեաններու Համերգը
Անդրադարձ

Մկրտիչ Եւ Լիանա Միքայէլեաններու Համերգը

Հոկտեմբեր 30, 2025
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Իրական Հայաստան Եւ Իրական Ամբարիշտներ

Հոկտեմբեր 29, 2025
Ընտրապայքարի Լուսանցքին Վրայ.  Ներազգային Անհանդուրժողութեան Եւ Պառակտումներու Հանդիսատեսի Ազատ Խոհեր
Անդրադարձ

Սփիւռքի Անելիքը Եւ Կարողականութիւնը

Հոկտեմբեր 28, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?