Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պաքուի Մէջ Շինծու Դատավարութեան Ընթացքին Լեւոն Մնացականեան Հաստատեց Արցախի Ազատագրական Պայքարին Իր Մասնակցութիւնը

March 6, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պաքուի մէջ ընթացող շինծու դատավարութեան ընթացքին Արցախի պաշտպանութեան բանակի նախկին հրամանատար զօրավար Լեւոն Մնացականեան հաստատեց իր մասնակցութիւնը Արցախի ազատագրական պայքարին` նշելով, որ հոն, ուր ինք չէ մասնակցած, եթէ անհրաժեշտութիւնը ըլլար,  կը մասնակցէր:

Յիշեցնենք, որ աւելի կանուխ, դատավարութեան ընթացքին, Արցախի երկրորդ նախագահ Արկադի Ղուկասեան ըսած էր, որ Հայաստանի ներգրաւուածութիւնը 44-օրեայ պատերազմին պայմանաւորուած էր Արցախի ապահովութեան երաշխաւոր ըլլալու հանգամանքով, ինչ որ իրաւական տեսանկիւնէ կը նկատուի օրինական:

Վարդանեանի Ընտանիքին Փաստաբանը` Փաշինեանի Ընելիքներուն Մասին

Ռուբէն Վարդանեանի ընտանիքի փաստաբան Ճերըտ Կենսըր «Էքս»-ի իր էջին ճամբով կոչ ուղղեց Հայաստանի իշխանութիւններուն` աւելի աշխուժ կերպով միանալու Պաքուի բանտերէն գերիները ազատ արձակելու գործին, եւ բացատրած է, թէ Փաշինեան ի՛նչ կրնայ ընել:

«Առաջնահերթութիւն յայտարարել գերիներու ազատ արձակումը, հրաւիրել մամլոյ ասուլիս եւ յօդուած գրել առաջատար թերթի մը մէջ: Հանդիպում ունենալ գերիներու ընտանիքներուն հետ, դիմել Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէին եւ ԵԱՀԿ-ին` «դատարաններ»-ը դիտորդներ ուղարկելու խնդրանքով: Կոչ ուղղել դաշնակից երկիրներուն, որոնք դեսպանատուներ ունին Պաքուի մէջ, իրենց ներկայացուցիչները ուղարկել «դատարաններ»-ը եւ նոյնիսկ խնդրել Պաքուէն` թոյլատրել հայ դիտորդներու մասնակցութիւնը: Դիմել Միացեալ Նահանգներու նախագահին եւ արտաքին գործոց նախարարին, Ֆրանսայի եւ Եւրոպական Միութեան առաջնորդներուն:  Շարունակել դատավարութիւնները ՄԱԿ-ի Միջազգային դատարանին եւ Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանին (ՄՔԴ) մէջ, պահանջել ՄՔԴ դատախազէն` Արցախէն Հայաստան 120.000 հայերու արտաքսման վերաբերեալ հետաքննութեան սկսիլ: Դիմել ՄԱԿ-ի Ընդհանուր քարտուղարին եւ ՄԱԿ-ի Մարդու իրաւունքներու գերագոյն յանձնակատարին»:

Ազրպէյճանի Մարդու Իրաւունքներու Պաշտպանը Այցելեց Հայ Գերիներուն

Ըստ «Էյ.Փի.Էյ.» լրատուական գործակալութեան, Ազրպէյճանի մարդու իրաւունքներու պաշտպան (ՄԻՊ) Սապինա Ալիեւա այցելեց Պաքուի բանտը պահուող Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարներուն:

Ալիեւա հանդիպում ունեցաւ` Արայիկ Յարութիւնեանի, Ռուբէն Վարդանեանի, Բակօ Սահակեանի, Դաւիթ Բաբայեանի, Արկադի Ղուկասեանի եւ միւսներուն հետ:

Ան յայտնեց, որ Ազրպէյճանի Պետական ապահովութեան ծառայութեան քննչական մեկուսարանին մէջ պահուող Ռուբէն Վարդանեան եւ Բակօ Սահակեան յայտարարած են, թէ «խտրականութեան կամ վատ վերաբերմունքի չեն արժանանար, պահման պայմաններէն գոհ են, բժշկական օգնութենէ չեն զրկուած»:

Կարելի չէ անկախ աղբիւրներէ ճշդել Ազրպէյճանի մարդու իրաւունքներու պաշտպան Սապինա Ալիեւայի յայտարարութիւնները:

Ազրպէյճանագէտը Կ՛արտայայտէ Հակառակ Տեսակէտը

«Այս լուսանկարը շատ ակնյայտ ցոյց կու տայ, թէ ի՛նչ վիճակի մէջ է Վարդանեանը, որքան ալ ազրպէյճանական կողմը կը փորձէ այդ մէկը կոծկել», Դիմատետրի իր էջին մէջ գրած է ազրպէյճանագէտ Տաթեւիկ Հայրապետեան:

«Ազրպէյճանական մամուլը հրապարակում տարածած է այն մասին, որ Ազրպէյճանի Մարդու իրաւունքներու պաշտպանը այցելած է Ռուբէն Վարդանեանին, Բակօ Սահակեանին եւ տեսակցած` Պաքուի մէջ պատանդառութեան մէջ գտնուող մեր այլ հայրենակիցների: Հաղորդագրութեան մէջ նշուած է, որ իբր թէ Վարդանեանը ըսած է, որ` «Դաժան վերաբերմունքի չէ ենթարկուած եւ կը գտնուի բնական պայմաններու մէջ… Կը կարծեմ` այս լուսանկարը շատ ակնյայտ ցոյց կու տայ, թէ ի՛նչ վիճակի մէջ է Վարդանեանը, որքան ալ ազրպէյճանական կողմը փորձէ ծածկել ատիկա: Իսկ ՄԻՊ-ի այցելութիւնն ու այս հաղորդագրութեան հրապարակումը կը վկայեն, որ Պաքուի վրայ ճնշումները չեն կրնար ազդեցութիւն չունենալ: Այս այցելութեամբ անոնք կը փորձեն ցոյց տալ` իբր թէ ամէն ինչ «կարգին է»: Եթէ ամէն ինչ այդքան «կարգին» է, ապա թող թոյլ տան Վարդանեանին եւ այլ պատանդ հայերուն այցելեն միջազգային իրաւապաշտպաններ, բժիշկներ եւ այլ ներկայացուցիչներ…», գրած է Հայրապետեան:

 

 

Նախորդը

Գաղութէ -Գաղութ

Յաջորդը

Բակօ Սահակեան Բանտէն Յայտարարեց, Որ Արցախի Հարցը Դատարանի Քննարկման Նիւթ Չէ

RelatedPosts

Սուրիահայութիւնը Իրաւա-Սահմանադրական Խաչմերուկին Վրայ՝ Քաղաքացիութիւն, Փոքրամասնութիւններու Իրաւունքներ Եւ Արդարութիւն
Անդրադարձ

Սուրիահայութիւնը Իրաւա-Սահմանադրական Խաչմերուկին Վրայ՝ Քաղաքացիութիւն, Փոքրամասնութիւններու Իրաւունքներ Եւ Արդարութիւն

January 21, 2026
Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Միջազգային Իրաւունքի Մահը

January 21, 2026
Պատերազմը Որպէս Հիմնական Մարդկային Հակամարտութիւն` Արհեստագիտական Յեղափոխութեան Լոյսին Տակ
Անդրադարձ

Պատերազմը Որպէս Հիմնական Մարդկային Հակամարտութիւն` Արհեստագիտական Յեղափոխութեան Լոյսին Տակ

January 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.