Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Աշակերտ-Եկեղեցի Կապերու Ամրապնդման Նուիրուած Միօրեայ Աշակերտական Սեմինար

Մարտ 13, 2015
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

10982235_398248567010250_3354667422873769679_nԿազմակերպութեամբ Լիբանանի Ազգային առաջնորդարանի տեղեկատուական բաժանմունքին եւ գործակցութեամբ Ազգային առաջնորդարանի Կրօնական ժողովին, շաբաթ, 7 մարտ 2015-ին, Ճիւնիի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ազգային վարժարաններու միջնակարգ դասարաններու աշակերտներու միօրեայ սեմինար մը, որուն նիւթն էր «Աշակերտ-եկեղեցի կապը. կարեւորութիւն, հարցեր եւ ծրագիրներ»:

Սեմինարին մասնակցող վարժարաններն էին` Ազգ. Լ. եւ Ս. Յակոբեան քոլեճը, Ազգ. Եղիշէ Մանուկեան քոլեճը եւ Ազգ. Ս. Խանամիրեան քոլեճը:

Ժամերգութիւն-աղօթքէն ետք միօրեայ սեմինարին բացումը կատարեց Տեղեկատուական բաժանմունքի պատասխանատու Րաֆֆի Տեմիրճեան, որ նշեց, թէ հայ եկեղեցին պատանիներով եւ երիտասարդներով շունչ կը ստանայ, կ’ապրի: Ան յայտնեց, որ այսօր հայ աշակերտը հեռու է մեր կառոյցներէն եւ ի մասնաւորի մեր եկեղեցիներէն, ինչ որ մտահոգիչ է, եւ hարցին լուծումը կը կարօտի ծրագրուած եւ կազմակերպուած աշխատանքի:

Օրուան դասախօսն էր Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան միաբան  Պարոյր աբղ. Շերնեզեան, որ խօսեցաւ եկեղեցւոյ մէջ աշակերտութեան դերին մասին:  Հայր Շերնեզեան շեշտեց, որ ոեւէ մէկը, որ եկեղեցի կու գայ, պէտք է ըսելիք եւ ընելիք ունենայ, որովհետեւ Աստուծոյ տունն է, մեր տունն է, եւ եթէ մեր տունն է, ապա պէտք է լաւապէս ճանչնանք ու հոգեկան հանգստութիւն ունենանք:  Ան աւելցուց, որ ճանաչողութեան աշխատանքը, որ աշակերտ- եկեղեցի յարաբերութիւններու սկիզբն է, կը սկսի եկեղեցւոյ մէջ ներկայութիւն ըլլալով եւ համապատասխան հետաքրքրութիւն եւ կապուածութիւն ցուցաբերելով:

Ապա Սարգիս քհնյ. Սարգիսեան անդրադարձաւ եկեղեցւոյ կեանքին մէջ հայ աշակերտին աշխատանքներուն եւ պարտաւորութիւններուն եւ ներկայացուց խմբային աշխատանքներու չորս նիւթերը` «Ինչո՞ւ հայ աշակերտը ընդհանրապէս եկեղեցւոյ մէջ ներկայութիւն չէ», «Դպրոցներու մէջ ի՞նչ միջոցներով կարելի է աշակերտ-եկեղեցի կապերը ամրապնդել», «Ընկերային ցանցերը ինչպէ՞ս կարելի է օգտագործել հաւաքելու աշակերտութիւնը հոգեւոր նիւթերու եւ եկեղեցւոյ շուրջ» եւ «Բջիջային ծրագիրներուն մէջ հոգեւոր ծրագիր մը ունենալը կարեւո՞ր է եւ ի՞նչ տեսակի բովանդակութիւն պէտք է ունենայ»:

Ճաշի դադարէն ետք խումբերը կատարեցին իրենց ներկայացումները, եւ աշակերտները նիւթերուն շուրջ յայտնեցին իրենց տեսակէտներն ու կեցուածքները: Աշակերտները առաջարկեցին ունենալ Սուրբ Գիրքի ընթերցման պահ, հոգեւորականներու հետ հերթական հանդիպումներու առիթներ, շաբաթական դրութեամբ Ս. պատարագի մասնակցութիւն, հերթաբար աշակերտները ծառայեն եկեղեցւոյ, կազմակերպուին հոգեւոր կեդրոններու այցելութիւններ, ծնողները կատարեն իրենց վստահուած պարտականութիւնը, տրամադրուին գրաբարի ուսուցման պահեր, օգտագործուին ընկերային ցանցերը ծրագրուած եւ նպատակայարմար միջոցներու գործածութեամբ եւ ստեղծուի աշակերտներուն յատուկ հոգեւոր նիւթեր արծարծող ու եկեղեցւոյ գործունէութիւնը ներկայացնող հեռաձայնային ծրագիր մը:

Սեմինարի աւարտին խօսք առաւ Րաֆֆի Տեմիրճեան, որ նշեց, թէ այս հաւաքը պէտք է սկիզբ հանդիսանայ աշակերտ-եկեղեցի կապերու ամրապնդման ու ծրագրուած-կազմակերպուած աշխատանքներու իրականացման, որոնց մէջ մեծագոյն դերակատարութիւնը պէտք է յանձնուի հայ աշակերտին, որ գիտակցաբար կրնայ կատարել իրեն վստահուելիք պարտականութիւնը:

Իր կարգին, Սարգիս քհնյ. Սարգիսեան մաղթեց, որ աշակերտը յառաջիկային կը մօտենայ եկեղեցւոյ եւ գոյութիւն ունեցող «պատ»-ը կը քանդուի ու յարաբերութիւնները կը հիմնուին սիրոյ եւ հաւատքի վրայ: Տէր հայրը մեծապէս գնահատեց սեմինարին մասնակից աշակերտներուն լրջութիւնը, բծախնդրութիւնն ու ցուցաբերած հետաքրքրութիւնը, եւ յայտնեց, թէ աշակետներուն օգտաշատ մասնակցութիւնն ու գործնական առաջարկները կու գան հաստատելու, որ պատանիներուն եւ երիտասարդութիւններուն մօտ տակաւին հաւատքի լոյսը  չէ մարած:

Նախորդը

Ուսուցչաց Տօնը Ս. Խաչ-Հարպոյեան Վարժարանին Մէջ

Յաջորդը

Բառերը Ուժ Ունին. Կարելի Չէ Արհամարհել Զանոնք

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

Նոյեմբեր 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

Մայիս 26, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?