Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Շնորհահանդէս` «Առաջին Երգս» Ձայնի Սկաւառակի

Մարտ 12, 2015
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

IMG_02994Նախաձեռնութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Կիրակնօրեայ դպրոցներու վարիչ տնօրէնութեան, շաբաթ, 7 մարտ 2015-ի երեկոյեան ժամը 7:30-ին «Յակոբ Տէր Մելքոնեան» թատերասրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Առաջին երգս» ձայնասկաւառակի շնորհահանդէսը: Իրենց մասնակցութիւնը բերին «Աստղ երգիչ»-ի մրցանակակիր  պատանիները:

Արդարեւ «Աստղ երգիչ»-ի 3 տարուան նախաձեռնութիւններու մրցանակակիր պատանիները` հաւատալով հայ երգի առաքելութեան, երգի բնագաւառին մէջ իրենց յաջողութեան որպէս արդիւնք պատրաստեցին իրենց առաջին սկաւառակը:

«Աստղ երգիչ» յայտագիրին առաւել եւս փայլք տուող մնայուն հանդիսավար Սիմոն Աշըգեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ նկատել տուաւ, որ 3 տարի յաջորդաբար սոյն յայտագիրին մէջ փայլող  աստղերը միասնաբար համախմբուելով ելոյթ պիտի ունենան երեկոյի մը ընթացքին: Ան ողջունեց նաեւ դատական կազմի անդամները` Անի Կոստանեան` պարուսոյց, Սեդօ Պաղտասարեան` յօրինող եւ երաժիշտ, Շողիկ Թորոսեան` երգչուհի եւ երաժիշտ, Յասմիկ Գասպարեան` դաշնակահար եւ երաժիշտ:

IMG_00252Այնուհետեւ, Սիմոն Աշըգեան հրաւիրեց 11 աստղ երգիչները, որոնք միասնաբար մեկնաբանեցին «Կ՛երգէ պատանին» երգը: Ապա, Աշըգեան ներկայացուց իւրաքանչիւր պատանի եւ հրաւիրեց զայն ներկայացնելու իր երգը: Այսպէս, յաջորդաբար ելոյթ ունեցան Մարկրիթա Գոճամանեան` «Արեւաշող իմ Հայաստան», Միսաք Ազատեան` «Կարս Կարս», Կասիա Հաճէքեան` «Կռունկ գնա», Պէթի Սուլեան` «Հաւատքի երգը», Կարօ Գալենտէրեան` «Հայաստան», Վիգէն Յարութիւնեան` «Հայորդիք», Արփի Արթինեան` «Իմ Երեւան», Ռաքէլ Թէփիրճեան` «Մայր իմ», Մինաս Ադամեան` «Բարի արագիլ», Կարինէ Շատոյեան` «Բարի հայրիկ», Ժորժէթ Թէփիրճեան` «Փոքրերու աշխարհը» երգերով:

Դատական կազմի անդամները անշուշտ ունէին իրենց կարծիքը «աստղ երգիչներու» մեկնաբանութիւններուն գծով: Շողիկ Թորոսեան, որ անցնող 3 մրցումներուն դատական կազմի անդամի հանգամանքով հետեւած էր  անոնց ընթացքին, նկատել տուաւ, թէ շատ աւելի մեծցած եւ փոխուած են եւ մաղթեց, որ մեծ աստղեր դառնան հայկական բեմերու վրայ: Անի Կոստանեան իր կարգին հաստատեց, որ մասնակիցները աւելի համարձակ դարձած են եւ հանգիստ կը զգան բեմին վրայ: Ան մաղթեց, որ լաւ մասնագէտներ ըլլան` դառնալով  հայ ազգի պարծանքը: Սեդօ Պաղտասարեան յաջողութիւն մաղթեց մասնակիցներուն յորդորելով զանոնք, որ բնաւ չվախնան եւ իրենց լաւագոյնը ներկայացնեն: Յասմիկ Գասպարեան եւս իր գոհունակութիւնը յայտնեց` հաստատելով մասնակիցներու մօտ առկայ դրական փոփոխութիւնը եւ յաջողութիւն մաղթեց անոնց:

IMG_02583Աւարտին եզրափակիչ խօսքը փոխանցեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Կիրակնօրեայ դպրոցներու վարիչ տնօրէն Ղեւոնդ վրդ. Բենդեզեան: Ան գոհունակութիւն յայտնեց, որ 3 տարիէ տեղի ունեցող «Աստղ երգիչ» յայտագիրը իր պսակումը ունեցաւ, երբ 3 տարուան աստղերը պատրաստեցին իրենց առաջին ձայնասկաւառակը, որ խորհրդանշականօրէն կոչուեցաւ «Առաջին երգս»: «Այսպէս կոչեցինք զայն, որովհետեւ կը հաւատանք, համոզուած ենք եւ յոյսով ենք, որ ապագային այս մրցանակակիրները իրենց կեանքին ընթացքին պիտի շարունակեն հայ երգի առաքելութիւնը եւ իրենց մանկապատանեկան ձայնով արձանագրուած այս սկաւառակը պիտի ըլլայ իրենց մեկնակէտը` հայ երգի առաքելութեան մէջ», հաստատեց Ղեւոնդ վրդ. Բենդեզեան:

Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, որ տեսնելով յայտագիրի յարատեւ յաջողութիւնը նեցուկ կանգնած էր, որպէսզի աւելի բարձր մակարդակով պատրաստուի անիկա: Հայր սուրբը իր շնորհակալական խօսքը ուղղեց նաեւ բոլոր անոնց, որոնք սատարեցին յայտագիրի յաջողութեան: «Կ՛աղօթեմ Աստուծոյ, որ այս պատանիներուն համար փայլուն ապագայ պարգեւէ, որպէսզի կարենան ըսել, թէ «Աստղ երգիչ»-ը կարեւոր յայտագիր մըն էր, կարեւոր երգի մրցում մըն էր, որուն մէջէն լիբանանահայութիւնը կրցաւ երգի ասպարէզին մէջ նոր ուժ եւ նոր եռանդ բերել: Կը մաղթեմ, որ մեր աստղերը կարենան իրենց անհատական ձայնասկաւառակները ունենալ, իրենց ժողովրդականութիւնը ունենալ, կարենան փայլիլ բարձր մակարդակներու վրայ` պարծանք դառնալով բոլորիս», եզրափակեց Ղեւոնդ վրդ. Բենդեզեան:

Յայտագրի աւարտին Հայ աւետ. կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանի պարախումբը ներկայացուց «Իմ երկիր հայրենի» պարը:

Նախորդը

Պատմական Մալաթիայէն Ի՞նչ Մնաց

Յաջորդը

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Վարչապետին Քուէյթ Այցելութիւնը

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

Նոյեմբեր 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

Մայիս 26, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?