Այս տարի ամբողջացաւ ՀԲԸՄ-ի Պօղոս Գ. Կարմիրեան վարժարանի հիմնադրութեան 40-ամեակը, եւ դպրոցի անձնակազմը պատուով իրագործեց յոբելենական ձեռնարկներու շարքին երկրորդը` աշակերտական մարզահանդէսը:
Փետրուար 28-ի երեկոյեան ժամը 6:30-ին ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան կեդրոն»-ի գոց մարզադաշտին մէջ ազդարարուեցաւ մարզահանդէսին մեկնարկը:
ՀԵԸ-ի փողերախումբի նուագակցութեամբ դաշտ մտան վարժարանի Բողբոջ դասարանէն մինչեւ իններորդ` աւարտական դասարանի աշակերտները:
Շուրջ քառասուն վայրկեան տեւողութիւն ունեցող մարզահանդէսը, որուն մտայղացման ու իրագործման հեղինակը եղաւ դպրոցի մարմնամարզի ուսուցիչ Նայիրի Սուէյտին, վարժարանի ներքին կարգապահութեան իւրօրինակ արտացոլումը դարձաւ:
Հաճելի բաժիններէն մէկը հին ու նոր կարմիրեանական աղջիկներուն պարն էր: Խորհրդանշական էր նաեւ քառասնամեակի ջահը բոցավառող Բողբոջ դասարանցիին երթը:
Մարզահանդէսի ընթացքին ելոյթ ունեցաւ դպրոցի տնօրէն Մարալ Պալեօզեան, որ իր խօսքը եզրափակեց` յիշելով Օրմանեան պատրիարքին տողերը, որոնց մէջ անդրադարձ կը կատարուէր «խոհեմութեամբ մտածուած, իմաստութեամբ կազմակերպուած եւ ուղղամտութեամբ գործադրուած ՀԲԸ Միութեան»: Իսկ Կարմիրեան վարժարանը ՀԲԸՄ-ի անքակտելի մասն է, հաստատեց տնօրէնը: