Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ուսուցչաց Տօնը Ս. Խաչ-Հարպոյեան Վարժարանին Մէջ

March 13, 2015
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

3-06-15_Sourp-Khatch9 մարտի Ուսուցչաց տօնը առիթ մըն է բոլոր աշակերտներուն համար, որպէսզի անոնք յատուկ տօնակատարութեամբ պատուեն այն էակները, որոնք կը հոգան, կ’ուղղեն, կը դաստիարակեն, կ’ուսուցանեն եւ կ’առաջնորդեն զիրենք:

Արդարեւ, ուրբաթ, 6 մարտ 2015-ին, Ս. Խաչ-Հարպոյեան վարժարանի աշակերտները կոկիկ հանդիսութեամբ մը մեծարեցին իրենց ուսուցիչ-ուսուցչուհիները, եւ բարձր գնահատեցին անոնց անսակարկ ծառայութիւնը:

Յայտագրի բացման խօսքով 12-րդ դասարանի աշակերտուհի Նայիրի Յակոբեան նշեց, թէ այսօր մեծ խանդով հաւաքուած ենք մեծարելու մեր սիրելի ու թանկագին ուսուցիչները: Ան խօսքը ուղղելով ուսուցիչներուն` ըսաւ. «Դուք Աստուծոյ կողմէ ղրկուած իւրայատուկ էակներ էք, յանձնառու եւ գիտակից` ձեր պարտականութիւններուն: Կը կրթէք ու կը դաստիարակէք` առանց որեւէ ակնկալութեան: Ձեր տօնին առիթով շնորհակալութիւն կը յայտնենք ձեզի, ձեր անձնազոհութեան ու նուիրումին համար»: Ան նաեւ ուսուցիչներուն մաղթեց ուժ, կորով եւ համբերութիւն` շարունակելու համար այս սրբազան գործը` դաստիարակելու հայ սերունդներ:

Յաջորդաբար բեմ բարձրացան 2-րդ կարգի աշակերտները` «Ով ուսուցիչ» երգով, Կոկոն դասարանի աշակերտները` խմբային ասմունքով, Յակոբ Բամպուքեան կիթառի վրայ եւ Սոնիկ ու Մարինէ Բամպուքեաններ երգով` «Էտլվայս»: 4-րդ կարգի աշակերտները ելոյթ ունեցան արաբերէն արտասանութեամբ` «Եա մըալլըմթի», իսկ 3-րդ կարգը` անգլերէն «My Dear Teacher» ասմունքով, որուն աւարտին բացագանչութիւններով բեմ հրաւիրեցին իրենց ուսուցիչ-ուսուցչուհիները:

Արհեստից բաժնի աշակերտները տարբեր լեզուներով «շնորհակալութիւն» բառը կրող պաստառներու կենդանի պատկերի միջոցով շնորհակալութիւն յայտնեցին բոլոր ուսուցիչներուն:

Յայտագրի վերջին բաժնով թատերական ներկայացումով աշակերտները բեմականացուցին անցեալի, ներկայի եւ ապագայի դպրոցները եւ աշակերտներուն վիճակը դասարանէն ներս:

Այնուհետեւ բեմ բարձրացաւ վարժարանի տնօրէն Ռիթա Պոյաճեանը, որ իր խօսքին մէջ նշեց, թէ այսօրուան յայտագիրը նուէրի ձեւ մըն է աշակերտներուն համար` յարգելու եւ պատուելու իրենց ուսուցիչները: Բայց լաւագոյն նուէրը պիտի ըլլայ, եւ զայն ամէն ուսուցիչ կ՛ակնկալէ, աշակերտին յարգանքը, ինչպէս նաեւ` անոր կրթեալ ըլլալը եւ յաջողութիւնը բոլոր դասերուն մէջ: Ռ. Պոյաճեան աւելցուց, թէ չկայ ասկէ աւելի գեղեցիկ նուէր, եւ մենք զայն խանդավառութեամբ կը սպասենք ոչ միայն այսօր, այլ ամէն օր: Ան իր խօսքը եզրափակեց` ըսելով. «Ձեր այսօրուան ծաղիկներն ու խօսքերը իրենց տեղը ունեցան բոլորին սրտին մէջ, բայց հարկ է այս նուէրները ամբողջացնել դպրոցական յաջողութեան պսակով»:

Նախորդը

Ժապաւէնի Աշխատանոց` Մեսրոպեանի Մէջ

Յաջորդը

Աշակերտ-Եկեղեցի Կապերու Ամրապնդման Նուիրուած Միօրեայ Աշակերտական Սեմինար

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.