Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Վարչապետին Քուէյթ Այցելութիւնը

Մարտ 12, 2015
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանդիպում Համայնքի Գործարարներուն Հետ
Ազգային Առաջնորդարանին Մէջ

2-28-15_Kuwait55Շաբաթ, 28 փետրուար 2015-ին, Քուէյթի Ազգային առաջնորդարան այցելեցին Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան վարչապետ Արա Յարութիւնեան եւ անոր ընկերակցող քանի մը նախարարներ, նաեւ «ԱՌԻ»-ի (Արցախ ռուց ինվեսթմընթ) պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ  Սուրէն Սարգիսեանի:

Հանդիպման ներկայ էին Քուէյթի մէջ Հայաստանի դեսպան  Ֆատէյ Չարչօղլեան, եւ ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեան:

Բարի գալուստի խօսքով ելոյթ ունեցաւ Քուէյթի թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ` Մասիս Ծ. վրդ. Զօպուեան, որ անդրադարձաւ Արցախի աշխարհագրական դիրքին կարեւորութեան եւ Հայաստան-Արցախ փոխյարաբերութեան, ջերմօրէն գնահատեց «ԱՌԻ»-ի լայնածաւալ ու ազգանուէր աշխատանքը, նաեւ յարատեւ յաջողութիւն ու բարի կեցութիւն մաղթեց հիւրերուն:

10982739_936986919679216_7207170812361286740_n«Արցախ Ռուց Ինվեսթմընթ» կազմակերպութեան ներկայացուցիչներէն ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Բենիամին Պչաքճեան հաստատութեան մասին ներածական մը փոխանցեց եւ մանրամասնօրէն ներկայացուց անոր ընդհանուր ծրագիրն ու աշխատանքային հանգրուանները: Ելոյթ ունեցան նաեւ պատուիրակութեան մաս կազմող քանի մը անդամներ:

Հանդիպման աւարտին խօսք առաւ վարչապետ Արա Յարութիւնեան եւ շնորհակալութիւն յայտնեց համայնքի պատասխանատուներուն, որոնք բծախնդրօրէն կազմակերպած էին սոյն հանդիպումը: Ան իր խօսքի ընթացքին անդրադարձաւ այն իրողութեան, որ «ԱՌԻ»-ի նման ընկերութեան մը վսեմ նպատակը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ վերաբնակեցումն ու բարենորոգումներ կատարելը դիւրացնելն է, աւելցնելով, որ անոնք համոզուած են, որ հողը կը պատկանի անոր, որ կը բնակի այդ հողին վրայ: Վարչապետին համաձայն, «ԱՌԻ»-ի գիւղատնտեսական ծրագիրին առաջին քայլերը Լեռնային Ղարաբաղի երկու շրջաններու` Քաշաթաղի եւ Շահումեանի մէջ էր, այդ շրջանները այսօր հարուստ են իրենց նորաբնակ հայ ընտանիքներով, որոնց թիւը ժամանակի ընթացքին պիտի աճի, շնորհիւ «ԱՌԻ»-ի արդիւնաւէտ աշխատանքներուն եւ համասփիւռքեան միացեալ ճիգերուն:

Հանդիպման աւարտին տեղի ունեցաւ յատուկ ընթրիք` ի պատիւ հրաւիրեալներուն: Մտերմիկ հաւաքի ընթացքին առաջնորդ սրբազանը դարձեալ խօսք առաւ ու համայնքի զաւակներուն անունով շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն: Ան կրկին հաստատեց ազգային միասնութեան ամրապնդման միտող ծրագիրներու կարեւորութիւնը մերօրեայ կեանքին մէջ, ապա յայտարարեց, որ այս ծրագիրին Քուէյթի թեմը իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ 100,000 տոլարով:

Այցելութիւն` Քուէյթի
Ազգային Վարժարան

1613918_936987896345785_5372598169345269967_nԿիրակի, 1 մարտ 2015-ին, Քուէյթի Ազգային վարժարան այցելեցին Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան վարչապետ Արա Յարութիւնեան, Քուէյթի թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Մասիս Ծ. վրդ. Զօպուեան, Քուէյթի մէջ Հայաստանի դեսպան Ֆատէյ Չարչօղլեան, Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ներդրումային ծրագիրներ իրականացնող «ԱՌԻ» ընկերութեան անդամները, որոնց կարգին ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Բենիամին Պչաքճեան: Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին նաեւ գաղութի հոգեւոր հովիւը` Արտակ քհնյ. Քէհայեան, ազգային մարմիններու ներկայացուցիչներն ու վարժարանի հոգաբարձական կազմը:

Հիւրերը դիմաւորուեցան վարժարանի տնօրէն Մանուկ Մանուկեանի կողմէ: Աշակերտութեան բուռն ծափողջոյններով անոնք մուտք գործեցին  շրջափակը: Հայաստանի քայլերգի կատարումէն ետք նախակրթարանի աշակերտութիւնը գեղարուեստական կոկիկ յայտագիրով` ասմունքներով եւ հայրենաշունչ երգերով, ողջունեցին ներկաները:

Վարժարանի տնօրէնը բարի գալուստի խօսքը փոխանցեց հիւրերուն: Ան շեշտը դրաւ հայ դպրոցին` յատկապէս Քուէյթի Ազգային վարժարանի հիմնական դերակատարութեան` վեր առնելով սփիւռքի հայկական դպրոցի առաքելութիւնն ու անոր կատարած դերը` մայրենի լեզուի պահպանման աշխատանքին մէջ:

Սրտի խօսքը փոխանցեց նաեւ Մասիս Ծ. վրդ. Զօպուեան: Ան Հայաստան-Արցախ-սփիւռք եռամիասնութիւնը հայոց պետականութեան հիմնական սիւնը նկատեց: Հաստատեց, որ գաղութս իր եկեղեցիով եւ ազգային վարժարանով միշտ զօրավիգ հանդիսացած է Հայաստանին եւ Արցախին, եւ իր զոհողութիւններով ու նուիրումներով պիտի շարունակէ իր այս առաքելութիւնը` յանուն հայրենիքի ամրապնդման եւ ազգը պահպանելու:

Աւարտին իր սրտի խօսքը փոխանցեց Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան վարչապետ Արա Յարութիւնեան: Ան իր զարմանքը, յուզմունքն ու անսահման ուրախութիւնը յայտնեց Ազգային վարժարանի աշակերտութեան ունեցած ելոյթներուն առնչութեամբ: Գնահատեց Ազգային վարժարանի տնօրէնութիւնն ու ուսուցչաց կազմը` հայապահպանման աշխատանքին մէջ իրենց ցուցաբերած անսահման զոհողութեան համար: Վարչապետը խոստացաւ յարաբերական սերտ կապեր ստեղծել Ազգային վարժարանի եւ Արցախի դպրոցներուն միջեւ, որպէսզի սփիւռքի հայ աշակերտը ծանօթանայ նաեւ հայրենիքի մէջ գտնուող իր հասակակիցներուն դպրոցական առօրեային: Ապա մաղթեց դպրոցին անխափան երթ եւ նորանոր յաջողութիւններ: Այցելութեան աւարտին հոգաբարձութիւնը հիւրերուն նուիրեց վարժարանին 50-ամեակին առիթով հրապարակուած յուշամատեան:

Այցելութիւն` Քուէյթի Մէջ
Հայաստանի Դեսպանատուն

IMG_4028Լեռնային Ղարաբաղի վարչապետին եւ պատուիրակութեան այցելութեան վերջին կայանը Քուէյթի մէջ Հայաստանի դեսպանատունն էր, ուր հանդիպում մը կայացաւ դեսպան  Ֆատէյ Չարչօղլեանին հետ: Հանդիպման ներկայ էին վերոյիշեալ հիւրերը, նաեւ հիւպատոս` Լեւոն Պետրոսեանը: Ջերմ ընդունելութեան ընթացքին արծարծուեցան ազգային կեանքին առնչուող զանազան հարցեր:

Նախորդը

Շնորհահանդէս` «Առաջին Երգս» Ձայնի Սկաւառակի

Յաջորդը

Մամլոյ 101-րդ Լսարան. Արեւմտահայերէն «Ուիքիփետիա»-ի Ստեղծման Ու Զարգացման Ծրագիրը

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

Նոյեմբեր 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

Մայիս 26, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?