Կիրակի, մարտ 22-ին, կէսօրէն ետք ժամը 4:30-ին, Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին առթիւ Լոս Անճելըսէն դէպի մայրաքաղաք Ուաշինկթըն (LA2DC) հեծելարշաւին մասնակիցները հաւաքուեցան Հայց. եկեղեցւոյ Արեւմտեան թեմի առաջնորդարանի «Թրբանճեան» հրապարակը, ուր զանոնք ողջունեցին թեմակալ առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանն ու Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի անդամ Էտըմ Շիֆը (Քալիֆորնիոյ 28-րդ ընտրաշրջան):
Առաջնորդ սրբազան հայրը իր օրհնութիւնները բաշխեց դէպի Ուաշինկթըն արշաւի կազմակերպիչ յանձնախումբի անդամներուն, ապա հեծելանիւի արշաւի մասնակիցները ներկայացուց քոնկրեսական Շիֆին, որ իր կարգին գնահատեց այս կարեւոր առաքելութիւնը` ջանք թափելու համար Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման ի սպաս:
Լոս Անճելըսէն դէպի Ուաշինկթըն Տի.Սի. հեծելարշաւի մասնակիցներուն նպատակն է նաեւ գիտակցութիւնը արթնցնել ներկայի ցեղասպանութիւններուն նկատմամբ` միաժամանակ շեշտելով, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը տեղի ունեցած շատ այլ ցեղասպանութիւններէն մէկն է, որ ցարդ գրեթէ անտեսուած է համայն աշխարհին կողմէ:
Սկսելով ապրիլ 24-ին` Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ ամեակի օրը, մարզիկները ճամբայ պիտի ելլեն Լոս Անճելըսէն` կոչ ուղղելով բոլոր ազգերուն վերջ տալու ցեղասպանութիւններուն ճանչնալով անցեալի ցեղասպանութիւնները, որպէսզի առաջքը առնուի ապագայ ցեղասպանութեանց:
Արշաւը պիտի սկսի Լոս Անճելըսի «Միրաքըլ մայլ» շրջանէն եւ պիտի աւարտի մայիս 7-ին, մայրաքաղաքի «Նեշընըլ Քեթիտրըլ» ժամանումով:
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար այցելել www.la2dc.org կայքը:


