Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պուէնոս Այրէսի Հայ Գաղութը Անմոռանալի Օր Մը Ապրեցաւ

Ապրիլ 3, 2015
| Գաղութէ Գաղութ
0
Share on FacebookShare on Twitter

3-28-15_buenos-(2)Շաբաթ, 28 մարտի երեկոյեան, Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակին նուիրուած ձեռնարկներու ծիրին մէջ, հազարաւորներու ներկայութեան տեղի ունեցաւ բացօթեայ համերգ մը` «Քեզի համար Հայաստան» բնաբանով:

Ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Փալերմոյի պուրակին կից` Լիպերթատոր եւ Սարմիէնթօ պողոտաներու քառուղիին վրայ, ուր հոծ բազմութիւն մը, մաս մը նստած, մեծ մասը` յոտընկայս, լարուած ուշադրութեամբ, լուռ եւ երբեմն յուզուած կամ խանդավառ կը հետեւէր հոգեպարար երաժշտութեան :

Պուէնոս Այրէսի սիմֆոնիք նուագախումբը, որուն կ՛ընկերանային Երիտասարդական ազգային երգչախումբը եւ Կոյրերու փոլիֆոնիք երգչախումբը, խմբավար Սանթիակօ Չոսուրեանի ղեկավարութեամբ, ներկայացուցին դասական երաժշտութենէ կտորներ եւ արժանթինեան երգեր:

3-28-15_buenos-(1)Իփոլիթով Իւանովի «Սարտար»-ը, Ալան Յովհաննէսի «Խորհրդաւոր լեռը», Առնօ Բաբաջանեանի «Վոքալիզ»-ը` կատարողութեամբ Ալա Աւետիսեանի եւ Մարսելօ Գէորգեանի: Արամ Խաչատուրեանի «Վալս»-ը, «Ատաճօ», Սուրերով պար», Ալպերթօ Ճինասթերայի «Մալամպօ»-ն:

Ասթոր Փիացոլայի «Լիպերթանկօ»-ն, տուտուկի ընկերակցութեամբ Գագիկ Գասպարեանի, նորութիւն մըն էր ունկնդիրներուն համար: «Արտէ լա վիտա» եւ Սփինեթայի երգ մը, որ մեներգեց Լիլիանա Վիթալէ:

Ամէնէն յուզիչ վայրկեանը այն պահն էր, երբ նուագախումբը, երգչախումբը եւ մեներգողները խոր ապրումով մեկնաբանեցին Շարլ Ազնաւուրի «Քեզի համար Հայաստան» երգը` շատերուն աչքերէն արցունքներ խլելով եւ արժանանալով բուռն ծափահարութիւններու:

3-28-15_buenos-(3)Յաջորդաբար ներկայացուեցան Մոցարթի « Աւէ ռերում քորփուս» եւ Վերտիի «Ռեքուիէմ»-ը: Յայտագիրէն դուրս` Նապուքօ եւ ժողովուրդի բուռն փափաքին ընդառաջելով` կարգ մը կտորներ կրկնուեցան:

Այս ձեռնարկը գործադրուեցաւ շնորհիւ Պուէնոս Այրէս քաղաքի կառավարութեան Մարդկային իրաւանց եւ մշակութային ենթաքարտուղարութեան ատենապետ Քլաուտիօ Աւրուխի, որ անձնապէս ներկայ գտնուեցաւ, ինչպէս նաեւ քաղաքի մշակոյթի նախարարը` Էռնան Լոմպարտի, Հայաստանի դեսպան Ալեքսան Յարութիւնեան, հիւպատոս Եսթեր Մկրտումեան, նաեւ` հայ եւ օտար անձնաւորութիւններ, կազմակերպութեանց ներկայացուցիչներ:

Հանդիսավարներն էին ծանօթ լրագրողներ` Մարթին Վուլիչ եւ Լաուրա Եորղանճեան:

Համերգի աւարտին խօսք առաւ խմբավար Սանթիակօ Չոսուրեան, որ յայտնեց իր հպարտութիւնը եւ ուրախութիւնը իր հայկական ծագումին համար` միաժամանակ շնորհակալութիւն յայտնելով քաղաքի կառավարութեան, որ յարգած էր մեր զոհերուն յիշատակը, քաջալերած եւ սատարած` այս ծրագրի իրագործման:

Բեմին ճակատը հսկայ տառերով գրուած էր` «Ցեղասպանութեան հարիւրամեակ», իսկ երկու կողմերը զետեղուած էին երկու մեծ պաստառներ, երրորդ մըն ալ` բազմութեան աւելի մօտ: Ճերմակ մեծ փուչիկ մը կար օդին մէջ` վրան «Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակ» գրուած:

Ներկաները շուրջ երկու ժամ ըմբոշխնեցին հայ եւ օտար երաժշտական կտորներ եւ շատ ուրախ եւ հոգեպէս լիացած վերադարձան: Նաեւ ծանօթացան հայ ժողովուրդի կրած մեծ աղէտին, զոր թուրք պետութիւնը մինչեւ այսօր կ՛ուրանայ:

Նախորդը

Քոնկրեսական Շիֆ Կ՛ողջունէ Լոս Անճելըսէն Ուաշինկթըն Հեծելարշաւին Մասնակիցները

Յաջորդը

Քանատայի Հայ Դատի Յանձնախումբին Հրաւէրով Քանատա-Հայաստան Խորհրդարանական Բարեկամութեան Խմբակցութեան Հանդիպում

RelatedPosts

Արամ Ա. Կաթողիկոս Հանդիպումներ ունեցաւ Յունաստան Մէջ
Գաղութէ Գաղութ

Արամ Ա. Կաթողիկոս Հանդիպումներ ունեցաւ Յունաստան Մէջ

Մարտ 20, 2023
Աւելի Քան 600 Հազար Տոլար Հանգանակուեցաւ ՀՕՄ-ի Արեւմտեան Շրջանի Կալա 2023-ին` 550 Հիւրերով
Գաղութէ Գաղութ

Աւելի Քան 600 Հազար Տոլար Հանգանակուեցաւ ՀՕՄ-ի Արեւմտեան Շրջանի Կալա 2023-ին` 550 Հիւրերով

Մարտ 20, 2023
«Ներկայ Կեանքի Մարտահրաւէրներուն Դիմաց Հայ Կեանքի Վերանորոգումն Ու Վերակազմակերպումը  Հրամայական Են». Արամ Ա. Կաթողիկոս
Գաղութէ Գաղութ

«Ներկայ Կեանքի Մարտահրաւէրներուն Դիմաց Հայ Կեանքի Վերանորոգումն Ու Վերակազմակերպումը Հրամայական Են». Արամ Ա. Կաթողիկոս

Մարտ 17, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In