
Մարսէյի քաղաքապետ Ժան-Քլոտ Կոտենի եւ ֆրանսացի երեսփոխան Վալերի Պուայէի հովանաւորութեամբ, Ֆրանսահայ Կապոյտ խաչը ծառատունկ կազմակերպեց Մարսէյի Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած յուշաքարին մօտ:
Յուշաքարին մօտ կայացած ձեռնարկին ներկայ էր Վալերի Պուայէ: «2015-ի ընթացքին ծրագրուած է տնկել 100 ծառ` նշենիներ եւ նռնենիներ: Այս տարածքը պիտի դառնայ յիշատակի զբօսայգի: Պատմութիւնը երբեք պէտք չէ մոռնալ, յատկապէս եթէ խօսքը մարդկութեան դէմ գործուած յանցագործութեան մասին է», յայտնեց ֆրանսացի երեսփոխանը:
Յիշատակի զբօսայգիի շինարարութիւնը պիտի աւարտի 2015-ի աշնան` ծառատունկի երկրորդ փուլին, որուն ընթացքին տնկուած ծառերուն թիւը պիտի հասնի 100-ի:


