Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայ Գաղթական Կանայք` Աւանակի Դիակին Շուրջ. Լուսանկարի Պատմութիւն

Ապրիլ 3, 2015
| Գիտութիւն
0
Share on FacebookShare on Twitter

news-25.03Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկը իր «100 լուսանկարչական պատմութիւններ Հայոց ցեղասպանութեան մասին» յատուկ նախագիծի ծիրին մէջ կը ներկայացնէ բացառիկ տեսարան մը, ուր ներկայացուած են սովի մատնուած եւ ամիսներ շարունակ խոշտանգումներու ենթարկուած հայ գաղթական կիներ, որոնք խմբուած են սատկած աւանակի դիակին շուրջ:

Այս լուսանկարը առնուած է 1916 թուականին Սուրիոյ մէջ գտնուող Հորանի շրջանին մէջ: Լուսանկարին հեղինակը Հասան Ամճան է, որ Ճեմալ փաշային կողմէ նշանակուած էր հայ բռնագաղթեալներու տեսուչ: Ան անձամբ զբաղած է տեղահանուած հայերուն Սուրիոյ ու Լիբանան վերաբնակեցնելու գործով:

Այս լուսանկարը կը վկայէ հայ բռնագաղթեալներու օրհասական կացութեան մասին: Մարդիկ իրենց քաղցն ու ծարաւը յագեցնելու համար դիմած են աներեւակայելի քայլերու. արձանագրուած են նաեւ մարդակերութեան դէպքեր: Նոյնիսկ այն ժամանակ, երբ Հասան Ամճան լուսանկարչական սարքով մօտեցած է անոնց` այդ տեսարանը լուսանկարելու, անոնցմէ ոչ մէկը ուշադրութիւն դարձուցած է, հայեացքը բարձրացուցած ու նայած է անոր ուղղութեամբ:

Այս լուսանկարը հետագային Հասան Ամճան յանձնած է հայերու զանգուածային ոչնչացման գործը քննող Նեմրութ Մուստաֆա փաշայի գլխաւորած արտակարգ ռազմական դատարանին` որպէս ապացոյց Օսմանեան կայսրութեան հայ բնակչութեան հանդէպ կատարուող ոճրագործութեան:

Վերեւ յիշուած Եղեռնի դրուագը կը հաստատագրուի նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան ականատես, գերմանական բանակի սպայ Արմին Վեկների հետեւեալ տողերով.

«Նրանք սնւում էին իրենց քակորով,
Խոտ ու արմատով, լէշով ձիերի.
Մինչ լափում էր քաղցը վերջին կայծ, կորով…
Սփռելով երկրին մոխիր դիերի»:

 

Նախորդը

Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ Տարելիցին Նուիրուած Ցուցահանդէս Մարսէյի Մէջ

Յաջորդը

«Ես Էլ Եմ Ձախակողմեան» Ռայիֆէ Ենիկիւլ

RelatedPosts

Ոտնակոխ Տունը
Գիտութիւն

6-րդ Զգայարանքներու Բնագիտութիւնը

Մարտ 27, 2025
Ոտնակոխ Տունը
Գիտութիւն

6-րդ Զգայարանքներու Բնագիտութիւնը

Մարտ 25, 2025
Գիտական Նորութիւններ
Գիտութիւն

Գիտական Նորութիւններ

Փետրուար 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?