Մարտ 28-ին Վանքուվըրի մէջ կայացաւ «Կամուրջ դէպի յաջողութիւն» երեկոն, որուն հովանաւորն էր Քանատայի Պրիթիշ Քոլոմպիա նահանգի վարչապետ Քրիսթի Քլարք: Հանդիսութեան ներկայ էր Արեւմտեան Քանատայի Հայ դատի յանձնախումբի ատենապետ Վահէ Անտոնեան, որ առիթ ունեցաւ յատուկ առանձնազրոյց ունենալու վարչապետին հետ: Վահէ Անտոնեան հրաւէր ուղղեց վարչապետ Քլարքին` մասնակից դառնալու Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Վանքուվըրի մէջ կայանալիք գլխաւոր ոգեկոչման ձեռնարկին: Վարչապետ Քլարք խոստացաւ յատուկ յայտարարութիւն հրապարակել Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով: