Մարտ 25-ին Քանատայի խորհրդարանին մէջ տեղի ունեցաւ Քանատա-Հայաստան խորհրդարանական բարեկամութեան խմբակցութեան հանդիպումը, որուն ներկայ գտնուեցան խորհրդարանի 15 անդամներ եւ մէկ ծերակուտական: Հանդիպումը կազմակերպուած էր Քանատայի Հայ դատի յանձնախումբին կողմէ: Հաւաքին ներկայ էր նաեւ` Քանատայի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Արմէն Եգանեան:
Հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով Քանատայի մէջ յառաջիկայ ծրագիրները, ինչպէս նաեւ Միջին Արեւելքի տագնապի ծիրին մէջ սուրիահայերու եւ քրիստոնեայ փոքրամասնութիւններու հարցը:
Հանդիպման աւարտին, խմբակցութեան անդամները Հարըլտ Ալպրեխթը վերընտրեցին նախագահ: