Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱ
Նոր Ջուղա
Ս. Ամենափրկչեան Վանքի «Տաթեւ»
Երգչախումբին Տարեկան Համերգը`
Նուիրուած Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակին
Փետրուար 27-ին Նոր Ջուղայի ՀՄՄ «Արարատ» միութեան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Ս. Ամենափրկչեան վանքի «Տաթեւ» երգչախումբին տարեկան համերգը ղեկավարութեամբ Համիկ Ալեքսանդրեանի, նուիրուած Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին:
Ձեռնարկին բացումը կատարեց Վեհանուշ Խուտապախշեան: Ան անդրադառնալով համերգի ընթացքին ներկայացուելիք երգերուն` հաստատեց, թէ երգչախումբին նպատակն է միշտ վառ պահել մեր բռնագաւուած հայրենիքին ու հարազատ ժողովուրդին անմոռաց յիշատակը:
Այնուհետեւ ներկայացուեցան Արեւմտեան Հայաստանի տարբեր շրջաններէն ընտրուած հայկական ժողովրդական երգեր:
Աւարտին, թեմի առաջնորդ Բաբգէն արք. Չարեան գնահատեց սոյն նախաձեռնութիւնը` հաստատելով, որ ներկայացուած երգերը ապացոյց են, որ թէեւ թշնամին կարող է մեր մարմինը սպաննել, մեր եկեղեցիները մզկիթի վերածել, մեր ամրոցները, բերդերը եւ դաշտերը քանդել, սակայն չի կրնար մեր հոգին ջնջել եւ մեր ինքնութիւնը խաթարել: Նման երգեր չեն մեռած, կ՛ապրին ու կ՛ապրեցնեն մեր ժողովուրդը:
Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակին
Նուիրուած Համերգ
Նախաձեռնութեամբ Սպահանի հայոց թեմի Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Կեդրոնական յանձնախումբին մշակութային ձեռնարկներու ենթայանձնախումբին, 5-6 մարտին Նոր Ջուղայի Հայ Մ. Մ. «Արարատ» միութեան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Արփա» նուագախմբին ելոյթը` ղեկավարութեամբ դոկտ. Արբի Բաբումեանի:
Ձեռնարկին ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ օրուան հանդիսավար Ռուբէն Խաչիկ Գրիգորեան, որ անդրադառնալով Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին` ընդգծեց, որ մէկ դար անցած է այն ահաւոր ողբերգութենէն, սակայն անիկա չէ անհետացած համայն մարդկութեան յիշողութենէն: Ան ցաւով նշեց, որ Թուրքիոյ իրերայաջորդ կառավարութիւնները կը շարունակեն իրենց ժխտողական քաղաքականութիւնը, ինչպէս նաեւ` կատարած յանցագործութիւնն ու անոր հետեւանքները լռութեան մատնելու փորձերը, իսկ միւս կողմէ` շարք մը երկիրներ կ՛ուրանան Հայոց ցեղասպանութիւնը:
Այնուհետեւ հայ եւ պարսիկ երաժիշտներու եւ մեներգիչներու կատարողութեամբ հնչեցին Կոմիտասի, Արա Գէորգեանի, Մոցարթի, Մեսչեանի, Ալպինոնի, Ժան Քլոտ Փեթի, Եսայիի եւ Հայփեր Սոլի ստեղծագործութիւններէն կտորներ:
Երաժշտական կատարումներուն զուգահեռ, ներկայացուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան եւ հայ ժողովուրդի պահանջատիրութեան պատմութիւնը, ինչպէս նաեւ դրուագներ Կոմիտասի կեանքէն ու գործունէութենէն: Համերգի ընթացքին ցուցադրուեցաւ նաեւ Հանրի Վեռնոյի «Մայրիկ» ժապաւէնէն պարսկերէնի թարգմանուած հատուածներ:
Յունաստան
Նախիջեւանի Հայկական Մաշակութային
Ժառանգութեան Նուիրուած Երեկոյ
Նախաձեռնութեամբ եւ կազմակերպութեամբ յունահայոց Ազգային վարչութեան, 6 մարտին Քոքինիոյ «Զաւարեան» կեդրոնի «Զաքարեան-Սարաճեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ դասախօսական երեկոյ:
Յունահայոց Ազգային վարչութեան անունով Նազար Աւագեան ներկայացուց օրուան բանախօսը` անդրադառնալով իր հետազօտական աշխատանքներու կարեւորութեան եւ շեշտելով, որ Նախիջեւանի գաւառներուն մէջ հայկական մշակութային ժառանգութիւնը կանգուն, կիսաւեր թէ աւերակ վիճակի մէջ գտնուելով հանդերձ, պերճախօս եւ հաւաստի վկայութիւնն է հայութեան անցեալին ու ստեղծագործ ոգիին:
Օրուան բանախօսն էր հայագէտ, Նախիջեւանագէտ Արգամ Այվազեան, որ խորապէս ուսումնասիրած եւ երկար տարիներու աշխատանք ծաւալած է հայ ժողովուրդի քարակերտ ամէնէն հարուստ ժառանգութեան մաս կազմող Նախիջեւանի յուշարձաններուն շուրջ: Ան իր խօսքին մէջ բացատրեց, թէ Նախիջեւանի ճարտարապետական ժառանգութիւնը սկսաւ հեթանոսութեան շրջանին, ապա յատկապէս զարգացաւ քրիստոնէութեան ժամանակ եւ ներկայիս այդ ժառանգութեան հանդէպ կը շարունակուի անտարբերութիւնը կամ պետական միջամտութեամբ աւերումը:
Այնուհետեւ ցուցադրուեցան բանախօսին հեղինակութեամբ ու աշխատանքով պատրաստուած երկու ժապաւէններ` Ջուղայի խաչքարերուն վերաբերեալ, ուր մանրամասնօրէն ցոյց կը տրուէին իւրաքանչիւր յուշարձանի, գերեզմանի տապանաքարերու, խաչքարերուն վրայ քանդակուած նրբատաշ նաշխերը, Ազրպէյճանի պետութեան կողմէ անոնց քանդումն ու աւերումը:
Կոմիտասի Նուիրուած Երեկոյ
Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած ձեռնարկներու ծիրին մէջ 6 մարտին Քսանթիի մէջ տեղի ունեցաւ առաջին ձեռնարկը, որ ձօնուած էր Կոմիտասին:
Բացման խօսքը կատարեց Մարալ Պետրոսեան, որ փոքր ներածական մը կատարեց Ցեղասպանութեան մասին` անդրադառնալով 100-ամեակի նշանակութեան: Ապա գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր, որուն իր մասնակցութիւնը բերաւ երգչուհի Հռիփսիմէ Դանիէլեան` ընկերակցութեամբ Լարա Քելեսիտուի (դաշնակ) եւ Մարինա Փաւլուի (ջութակ): Ան մեկնաբանեց Կոմիտասի ստեղծագործութիւններէն փունջ մը, ինչպէս` «Կռունկ», «Ծիրանի ծառ», «Քելէ-քելէ», «Անտունի», «Հով արէք» եւ այլն: Ձեռնարկը փակուեցաւ «Հայաստան» երգով, Դանիէլեանի կողքին, մասնակցութեամբ Քսանթիի քաղաքապետական երաժշտանոցի երկսեռ երգչախումբին:
Միացեալ Նահանգներ
«Կեանք 100» Աշխարհահռչակ
Հայ Արուեստագէտներու Ցուցահանդէս
Մարտ 14-ին Կլենտէյլի «Պրենտ» գրադարանի արուեստի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած ցուցահանդէսի բացում` «Կեանք 100» խորագիրով, մասնակցութեամբ 60 աշխարհահռչակ հայ արուեստագէտներու:
Կազմակերպիչ յանձնախումբի անդամ Հերի Որբերեան նկատել տուաւ, որ ցուցահանդէսը անուանած են «Կեանք 100», որպէսզի ընդգծեն, թէ հայ ազգը կրցաւ վերապրիլ Ցեղասպանութենէն եւ գոյատեւել: Ցուցահանդէսը իւրայատուկ է, որովհետեւ առաջին անգամ ըլլալով Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան ափին մէջ ներկայացուած են հայ դասականներու եւ ժամանակակից արուեստագէտներու աշխատանքները, միաժամանակ փոխանցուած է Լոս Անճելըսի մէջ ստեղծագործող հայ արուեստագէտներու ամբողջական պատկերը:
Ամերիկացի նշանաւոր արուեստի քննադատ Փիթըր Ֆրենք հաստատեց, որ հայ արուեստագէտները մեծ նպաստ ունին ամերիկեան եւ եւրոպական արուեստի ու մշակոյթի գործին մէջ:
Աիդա Նաւասարդեան յայտնեց, թէ արուեստի աշխարհի մէջ հայերու ներկայութիւնը միշտ զօրաւոր եղած է եւ պահն էր միասնաբար ներկայացնելու այդ տաղանդաւոր անհատներու աշխատանքները Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի առիթով:
«Կեանք 100»-ի կազմակերպիչ յանձնախումբի անդամ Քարոլին Թուֆենքեան տեղեկացուց, որ պիտի հրատարակուի ալպոմ մը, ուր պիտի ներկայացուին արուեստագէտները իրենց գործերով, միաժամանակ` արուեստի քննադատներու կողմէ գրուած յօդուածներ:
Ցուցահանդէսը,բաց է մինչեւ 1 մայիս:
Վաստակաշատ Երգահան Տիգրան
Մանսուրեանի Մեծարանքի Ձեռնարկ
Հինգշաբթի, մարտ 19-ի երեկոյեան հայրենի տաղանդաւոր երգահան Տիգրան Մանսուրեանի ի պատիւ մեծարանքի ձեռնարկ մը տեղի ունեցաւ Ազգ. առաջնորդարանի «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահին մէջ, հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի: Ձեռնարկը կազմակերպուած էր Ազգ. առաջնորդարանի մշակութային, դաստիարակչական յանձնախումբին կողմէ:
Յայտագիրը սկիզբ առաւ մեծարեալ երաժշտագէտի «Հնչիւններու տարածութիւն» վաւերագրական ամփոփ ժապաւէնին ցուցադրութեամբ, որմէ ետք օրուան հանդիսավարը` Ազգ. վարչութեան փոխատենապետ դոկտ. Տիգրան Պապիկեան, իր սրտի գոհունակութիւնը յայտնեց, որ առիթ ընձեռուած է ներկաներուն` Տիգրան Մանսուրեանի հետ ըլլալու եւ ըստ արժանւոյն պատուելու զայն` իր ազգանուէր ճանապարհորդութեան ընթացքին:
Ողջոյնի ջերմ խօսքերէն ետք հանդիսավարը բեմ հրաւիրեց արուեստագիտուհի Թագուհի Արզումանեանը, որ խօսեցաւ Տիգրան Մանսուրեանի երաժշտական տաղանդին ու ձիրքերուն մասին, ներկայացուց Տիգրան Մանսուրեան երգահանն ու երաժշտագէտը` որպէս հայրենիքի մէկ գանձը, երգի անսպառ գանձերու աղբիւրը, երաժշտութեամբ հայրենիքն ու հայը հարստացնող ու անոնց գոհունակութեամբ հարստացնող հայը:
Յայտագիրի յաջորդ հանգրուանին, մեծարեալին ստեղծագործութիւններէն ճաշակ մը վայելելու նպատակով, գեղարուեստական բաժին մը` իբրեւ ծաղկեփունջ, պատրաստուած էր Տիգրան Մանսուրեանի արուեստի ճանապարհը պատկերող ժապաւէններէն քաղուած հատուածներով, որոնցմէ իւրաքանչիւրին մասին Թագուհի Արզումանեան հակիրճ, բայց օգտաշատ պատմականներ եւ բացատրութիւններ տուաւ նախքան ցուցադրութիւնը:
Գեղարուեստական բաժինի աւարտին օրուան հանդիսավարը բեմ հրաւիրեց արուեստագէտ, խմբավար ու «Լարք» երաժշտանոցի հիմնադիր-տնօրէն փրոֆ. Վաչէ Պարսումեանը, որ տարիներու մտերմութեան եւ առաջին լսած երաժշտական կտորին առթած հիացմունքին մասին իր յուշերը բաժնեկցելէ ետք, ներկայացուց Տիգրան Մանսուրեան բանաստեղծը: Ոչ թէ միայն բանաստեղծական հոգիի շնորհքը, այլ Եղիշէ Չարենցի ամէնէն դժուար բանաստեղծութիւնները երաժշտութեամբ զարդարելու Մանսուրեանին գերազանց կարողութիւնը դրուատեց ան, եւ որպէս երաժիշտ` քաջալերեց ներկաները չբաւարարուելու գեղարուեստական յայտագիրի կարճ ներկայացումներով, այլ Մանսուրեանի բանաստեղծական ոգին ըմբոշխնելու, կրկին եւ կրկին ունկնդրելու իւրաքանչիւր կտոր, մինչեւ երաժշտութիւնը հասկցած ըլլալու գոհունակութիւնը կարենան վայելել:
Վերջին գեղարուեստական քաղուածքը Տիգրան Մանսուրեանի յօրինած եւ եղանակաւորած` Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած «Ռեքուիէմ» գործէն հատուած մըն էր, որ առաջին անգամ կատարուեցաւ Գերմանիոյ մէջ, Պերլինի երգչախումբին եւ Միւնիխի սենեկային նուագախումբին կատարողութեամբ:
Ներկայացման աւարտին, առաջնորդը խօսք առնելով` իր գնահատանքը փոխանցեց բոլոր ներկաներուն, մշակութային-դաստիարակչական յանձնախումբին եւ բանախօսներուն, ի մասնաւորի` երեկոն իր ներկայութեամբ հարստացնող Տիգրան Մանսուրեանին:
Ան Մանսուրեանը նմանցուց Ս. Ստեփանոս սարկաւագին, որպէս տաղանդաւոր, շնորհքներով լի, զօրեղ ոգիով անձ մը, որ սուրբին նման, իր ժողովուրդին ու նաեւ օտարներուն մէջ հրաշալի ստեղծագործութիւններով ու երաժշտական քաղցրաճաշակ եղանակներով ազգանուէր ու աստուածահաճոյ գործեր կը կատարէ: Տիգրան Մանսուրեանի համեստութեան եւ հեզութեան մասին իր անձնական տպաւորութիւնները յայտնելէ ետք, առաջնորդը Ս. Ստեփանոսին համար գրուած «Յորովայնէ ընտրեալ Ս. Ստեփանոս» ժամամուտի բառերը նշեց եւ շեշտեց, որ Մանսուրեան եւս աստուածային նախախնամութեամբ որովայնէ ընտրուած մշակ մըն է, որովհետեւ իրեն նման ընտրեալ մարդիկ միայն կրնան այսպիսի շնորհք ունենալ եւ երաժշտահան ըլլալ: Ապա առողջութեան ու արեւշատութեան ջերմ մաղթանքներ ըրաւ ու Աստուծոյ շնորհքը հայցելով` օրհնեց զայն ու անոր ամբողջ ընտանիքը:
Ապա սրբազան հայրը յայտնեց, թէ իր ու Ազգային վարչութեան խնդրանքին ընդառաջելով` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա. կաթողիկոս մեծարեալին շնորհած է գնահատանքի ու շնորհաւորանքի սրբատառ կոնդակ, որով կաթողիկոսը «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով կը պարգեւատրէ Տիգրան Մանսուրեանը: Սրբատառ կոնդակի ընթերցման աւարտին սրբազանը «Ս. Մեսրոպ Մաշտոց» շքանշանով պարգեւատրեց Տիգրան Մանսուրեան հայրենի տիտանը, երաժշտագէտն ու երգահանը:
Յուզմունքի ու երախտագիտական խօսքերով մեծարեալ Տիգրան Մանսուրեան շնորհակալութեան խօսքեր փոխանցեց վեհափառ հայրապետին, առաջնորդ սրբազանին, Վաչէ Պարսումեանին, Թագուհի Արզումանեանին եւ հանդիսավար դոկտ. Տիգրան Պապիկեանին: Իրեն վերագրուած համեստութեան եւ խոնարհութեան մասին ակնարկելով` ան ըսաւ. «Եթէ համեստ եմ, ինչո՞ւ իմ անձիս թոյլ տուած եմ զբաղելու գործով մը, որոնցմով զբաղած են Կոմիտաս վարդապետ եւ Պեթհովեն: Բայց նաեւ եթէ այս մարդիկը զբաղած են այս գործով, ուրեմն անշո՛ւշտ պէտք է համեստ ըլլամ»:
Յայտագիրը իր աւարտին հասաւ սրբազան հօր «Պահպանիչ»-ով, որմէ ետք ներկաները առիթ ունեցան վաստակաշատ մեծարեալին հետ հանդիպելու եւ շնորհաւորանքներ փոխանցելու:
Աւստրալիա
Հայկական Փառատօն. Սփիւռքի Նախարար
Հրանուշ Յակոբեան Սիտնիի Մէջ
Կազմակերպութեամբ Աւստրալիոյ ՀՅԴ «Դրօ» կոմիտէին, ուրբաթ, 20 մարտին, Սիտնիի Հայ մշակութային կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն մը` ի պատիւ Հայաստանի Հարապետութեան սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանի: Ընդունելութեան ներկայ էին Հայ Առաքելական եւ Աւետարանական եկեղեցիներու հոգեւոր պետերը, ինչպէս նաեւ քաղաքական երեք կուսակցութիւններու` ՍԴՀԿ, ՌԱԿ եւ ՀՅԴ ներկայացուցիչները եւ գաղութին մէջ գործող մշակութային, բարեսիրական եւ մարզական միութիւններու ներկայացուցիչները: Ընդունելութեան ընթացքին իւրաքանչիւր կազմակերպութեան ներկայացուցիչ փոխանցեց իր սրտի խօսքը: Երեկոն խանդավառեց Հայաստանէն ժամանած Հայաստանի Հանրապետութեան վաստակաւոր արուեստագէտ Զարուհի Բաբայեանը:
Նախարար Յակոբեան Սիտնի կը գտնուի մասնակցելու համար ՀՅԴ-ի եւ անոր ուղեկից միութիւններու կազմակերպած Հայկական փառատօնին, որ տեղի ունեցաւ կիրակի, մարտ 22-ին Սիտնիի «Թամպըլոնկ» զբօսայգիի «Տարլինկ հարպըր» նաւահանգիստին մօտ, Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան եւ Աւստրալիոյ Հայ դատի յանձնախումբին հովանաւորութեամբ ու ՀՄԸՄ-ի, Համազգայինի, Հայ օգնութեան միութեան միացեալ նախաձեռնութեամբ:
Փառատօնը նուիրուած էր Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին: Ներկայ էին հազարաւոր հայեր եւ օտարներ:
Նախարար Հ. Յակոբեան Աւստրալիոյ Նոր Հարաւային Ուելզ նահանգի փոխադրամիջոցներու նախարար Կլետիս Պելեճիկեանին հետ շրջեցաւ փառատօնի բոլոր տաղաւարները եւ զրուցեց հայրենակիցներու հետ:
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Կլետիս Պելեճիկեան, ապա ելոյթ ունեցաւ նախարար Հ. Յակոբեան: «Ուզում եմ շնորհակալ լինել Աւստրալիայի իշխանութեանը, որ ստեղծել է այն պայմանները, որ դուք, հաստատուելով այս երկրում, կարողացել էք պահպանել լեզուն, մշակոյթը, աւանդոյթը եւ դա իր հերթին ի ցոյց դնել միւսների համար. շնորհակալութիւն, Աւստրալիա՛», իր խօսքին մէջ ըսաւ նախարարը` աւելցնելով. «Դուք դարձել էք Աւստրալիայի լաւագոյն քաղաքացիներ, օրինապաշտ քաղաքացիներ եւ միաժամանակ պահպանել ձեր ինքնութիւնը: Ձեր ջանքերի, մեր կուսակցութիւնների համատեղ ջանքերի, Հայ դատի ջանքերի շնորհիւ հարաւային Ուելզը ճանաչել է մեր երկրորդ հանրապետութեան անկախութիւնը: Կեցցէ՛ Արցախի Հանրապետութիւնը»:
Նախարարը անդրադարձաւ նաեւ Ցեղասպանութեան 100-ամեակին` ըսելով. «Մենք յաղթեցինք թուրքին, թուրքը չկարողացաւ ոչնչացնել մեզ, նրա պետական քաղաքականութիւնը չիրականացաւ»:
Փառատօնին երգի ու պարի ներկայացումներով հանդէս եկան` Համազգայինի Սիտնիի պարախումբը, Համազգայինի «Նայիրի» պարախուբը, Քոլսթըն ճեմարանի աշակերտութիւնը, Պլէք պըրտ խումբը, Մարիա Ղարեմանեան, Վարդան Մարտիրոսեան, իսկ երեկոն եզրափակեցին Հայաստանէն ժամանած փառատօնի պատուաւոր հիւրեր Զարուհի Բաբայեանն ու Համլեթ Գէորգեանը:
Քանատա
Մոնրէալի Ճեմարանականներու
Վարչութեան Կազմութիւն
Շաբաթ, 21 մարտ 2015-ին Մոնրէալի Հայ կեդրոնի «Ա. Ահարոնեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Պանիրի եւ գինիի երեկոյ» մը` կազմակերպուած Մոնրէալի Ճեմարանականներու վարչութեան կողմէ:
Բարի գալուստի եւ բացման խօսքով հանդէս եկաւ վարչութեան ատենապետ Սերժ Եսայեան. ան իր խօսքին մէջ ըսաւ, որ այս ձեռնարկով Մոնրէալի Ճեմարանականներու վարչութիւնը ասկէ ետք պաշտօնապէս գործունեայ պիտի ըլլայ իր անուանացանկին վրայ ունենալով 228 ճեմարանականներ: Ան ընդհանուր ակնարկով մը անդրադարձաւ Ճեմարանի պատմականին, ապա յիշեցուց ներկաներուն, թէ 2015-ը կը հանդիսանայ Ճեմարանի հիմնադրութեան 85-ամեակը:
Ապա ցուցադրուեցաւ ճեմարանի հիմնադրութեան 85-ամեակին առիթով Մ. եւ Հ. Արսլանեան ճեմարանի տնօրէն Տիգրան Ճինպաշեանին խօսքը` ուղղուած Մոնրէալի ճեմարանականներուն, ապա իրենց սիրայօժար մասնակցութեամբ գեղարուեստական յայտագիրով հանդէս եկան Անահիտ Թորոսեան- Պալեան` ասմունք, Նարեկ Ղազարեան` ասմունք, Սարին Գրաճեան` դաշնակ, Լիա Սապպաղեան` դաշնակ եւ Նայիրի Փիլոյեան` ջութակ ընկերակցութեամբ Խաչատուր Ղազարեանի` դաշնակի վրայ:
Գեղարուեստական յայտագիրին յաջորդեց վիճակահանութիւն. մթնոլորտէն խանդավառուած` Համազգայինի ճեմարանին նուիրատուութիւններ կատարուեցան:
Ձեռնարկի աւարտին ընկերային մթնոլորտը խանդավառեց տի. ճէյ. Գէորգ Գէորգեանը:
Արժանթին
Պատարագ Ցեղասպանութեան
Զոհերու Յիշատակին
Մարտ 19-ին, մայրաքաղաքի Մեթրոփոլիթանօ տաճարին մէջ կարտինալ Մարիօ Փոլի արքեպիսկոպոս` Պուէնոս Այրէսի եւ Արժանթինի առաջնորդ մատուցեց սուրբ պատարագ եւ կատարեց հոգեհանգստեան պաշտօն` նուիրուած Ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակին: Երգեցողութիւնը կատարեց «Կոմիտաս» երգչախումբը, խմբավարութեամբ Մաքրուհի Էօլմեսեքեանի: Մեներգեց Ալա Աւետիսեան:
Ներկայ էին Հայաստանի դեսպան Ալեքսանտր Յարութիւնեան, Հայաստանի հիւպատոս Եսթեր Մկրտումեան, Արժանթինի եւ Չիլիի հայոց թեմի առաջնորդ Գիսակ արք. Մուրատեան, կաթողիկէ եկեղեցւոյ առաջնորդ ԷքզարքՎարդան արք. Պօղոսեան, առաջնորդ Փաւլօ եպս. Հեքիմեան, տեղացի եւ օտար պաշտօնատարներ, դիւանագէտներ, տարբեր կազմակերպութիւններու եւ այլ գաղութներու ներկայացուցիչներ, պատուոյ հիւրեր, կղերականներ, նաեւ` հայկական եւ այլ գաղութներէ անհատներ:
Պոլիս
Պոլսոյ Մէջ Կայացող Ցուցահանդէսին
Տեղ Յատկացուած Է
Հայոց Այբուբենին Եւ Ցեղասպանութեան
Վերջերս Պոլսոյ կեդրոնը գտնուող «Սոլթ Պէյօղլու» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Հարիւրամեակներու հարիւրամեակը» ցուցահանդէսի բացում` նուիրուած տարբեր իրադարձութիւններու 100-ամեակներուն: Ցուցահանդէսին տեղ յատկացուած էր նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան նիւթին:
Ներկայացուած էին նկարներ` առնչուած Կալիփոլիի գործողութեան 100-ամեակին, Պալքանեան պատերազմին (100-ամեակը 2013 թուականին էր), Ա. Աշխարհամարտին (100-ամեակը 2014 թուականին էր), ինչպէս նաեւ` Հայոց ցեղասպանութեան:
Ցուցահանդէսին մասնակցող Տիլեք Վինչեսթեր իրեն տրամադրուած բաժինին մէջ ներկայացուցած էր հայոց այբուբենով իր աշխատանքը: Հեղինակը այս ձեւով փորձած է հարիւր տարի առաջ այդ հողերու տարածքին օգտագործուող հայոց այբուբենը ներկայացնել այցելուներուն:
«Հարիւրամեակներու հարիւրամեակը» ցուցահանդէսը կը շարունակուի մինչեւ 24 մայիս:
Վրաստան
Դասական Երաժշտութեան Համերգ
Նախաձեռնութեամբ Վրաստանի Հայ երաժիշտներու միութեան եւ աջակցութեամբ վիրահայոց թեմի «Հայարտուն» կեդրոնին, 21 մարտին վիրահայոց թեմի «Հայարտուն» կեդրոնի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ դասական երաժշտութեան համերգ` նուիրուած Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու 100-ամեակին: Ելոյթ ունեցան Թիֆլիսի Վանօ Սարաճիշվիլիի անուան պետական երաժշտանոցի լարային երաժշտութեան ամպիոնի վարիչ Էռնեսթ Առաքելովի ջութակի դասարանի ուսանողներ` երիտասարդ ջութակահարուհիներ Մարիանա Կիրակոզովա եւ Սթելլա Մկրտչեան, որոնք ընկերակցութեամբ դաշնակահարուհի Թէոնա Միքելածէի մեկնաբանեցին Մոցարթի, Փականինիի, Պախի, Պեթհովենի, Վէյաւսքիի, Խաչատուրեանի եւ այլ երաժիշտներու ստեղծագործութիւնները:
Վրաստանի հայերու միութեան նախագահ Հենրիխ Մուրատեան եւ վիրահայոց թեմի առաջնորդ Վազգէն եպս. Միրզախանեան իրենց արտասանած խօսքերուն մէջ մէջ բարձր գնահատեցին երիտասարդ ջութակահարներուն կատարումները եւ երախտագիտական խօսքեր ուղղեցին խմբավարին` դասական երաժշտութեան համերգով Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յարգելու համար: Անոնք նաեւ հաստատեցին, որ Ցեղասպանութենէն ճողոպրած հայերը վերապրեցան եւ կը յիշեն ու կը դատապարտեն գործադրուած աղէտը: