Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ Տարելիցին Նուիրուած Ցուցահանդէս Մարսէյի Մէջ

Ապրիլ 3, 2015
| Գաղութէ Գաղութ
0
Share on FacebookShare on Twitter

3-19-15_MARSEIL2Ֆրանսայի Մարսէյ քաղաքի Պատմութեան թանգարանին մէջ հինգշաբթի, մարտ 19-ին, Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկներու ծիրին մէջ բացումը կատարուեցաւ «100 աքսորի դիմանկար. հայ փախստականներու ինքնութեան բացայայտումը» ցուցահանդէսը` Մարսէյի Հայկական յիշողութեան հետազօտման եւ արխիւացման` ARAM կազմակերպութեան եւ Մարսէյի քաղաքապետարանի համագործակցութեամբ:

Ցուցահանդէսի բացման ներկայ եղան Մարսէյի քաղաքապետ, ծերակուտական Ժան-Քլոտ Կոտեն, Մարսէյի մէջ Հայաստանի հիւպատոս Սամուէլ Լալայեան, պատմութեան թանգարանի տնօրէն Լորան Վետրին, քաղաքապետներ, տեղական ինքնակառավարման մարմիններու եւ հայ համայնքի ներկայացուցիչներ, դիւանագէտներ եւ լրագրողներ:

Ցուցահանդէսին ներկայացուած են Մարսէյ ժամանած Ցեղասպանութենէն փրկուածներու լուսանկարներ, մեծ թիւով անձնագիրներու, ծննդեան, ամուսնութեան, փախստականի` Ֆրանսայի հարաւի հայկական պատրիարքարանի կողմէ տրուած մկրտութեան վկայականներու բնօրինակներ, ինչպէս նաեւ` բազմաթիւ արժէքաւոր այլ փաստաթուղթեր:

Մարսէյի քաղաքապետ Ժան-Քլոտ Կոտեն իր խօսքին մէջ շեշտեց, որ Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչումը մշտապէս շատ կարեւոր եղած է մարսէյահայութեան համար: 2015-ը յայտարարուած է Հայաստանի տարի Մարսէյի մէջ, եւ ամբողջ տարուան ընթացքին պիտի կայանան Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցը ոգեկոչող բազմաթիւ ձեռնարկներ: Ան կարեւոր նկատեց, որ Ֆրանսան ընդունի օրէնք, որ թոյլ կու տայ պատժել ցեղասպանութիւններու եւ մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններու ժխտումը:

Ֆրանսական «Ֆրանս 24» հեռատեսիլի ալիքը լուսաբանեց ցուցահանդէսին բացումը, իսկ «Լա Փրովանս» օրաթերթի յաջորդ օրուան թիւին մէջ «Ցեղասպանութենէն փրկուած 100 դիմանկարները կը պատմեն հայկական աքսորին մասին» վերնագիրով լայնածաւալ յօդուած մը լոյս տեսաւ:

Ցուցահանդէսը բաց պիտի մնայ մինչեւ սեպտեմբեր 26:

 

Նախորդը

100 Տարի 100 Ծառ. Մարսէյի Մէջ` Ցեղասպանութեան Զոհերու Յիշատակին Նուիրուած Զբօսայգի

Յաջորդը

Հայ Գաղթական Կանայք` Աւանակի Դիակին Շուրջ. Լուսանկարի Պատմութիւն

RelatedPosts

Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Սեպտեմբեր 18, 2025
Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Սեպտեմբեր 11, 2025
Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Սեպտեմբեր 4, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?