Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պոսթըն.- Մայքըլ Կանտոլֆիի «Առաւօտ Լուսաբեր»-ը… Ի Յիշատակ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակին

Ապրիլ 3, 2015
| Գաղութէ Գաղութ
0
Share on FacebookShare on Twitter
bso-gandolfi
Մայքըլ Կանտոլֆի

Հանրածանօթ երգեհոնահար Պերճ Ժամկոչեանի (1929-2004) հիմնած «Կոմիտաս» հիմնարկը, որ 1970-էն ի վեր կը գործէ, այս տարի մտայղացումը ունեցած էր երգեհոնով յօրինուած գործ մը պատրաստել, ի յիշատակ Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակին:

Այս յօրինումը վստահուեցաւ Մայքըլ Կանտոլֆիի (ծնած 1956-ին, Մելրոզ, Մասաչուսեց), որուն համար շուտով յստակացաւ, թէ երաժշտական բնագաւառէն աւելի կարեւոր էր նոյնինքն ահաւոր դէպքին` Հայոց ցեղասպանութեան մասին աւելի մօտէն ծանօթանալն ու տեղեկանալը:

Ան 2014-ի աշնան երկար ուսումնասիրութիւններ եւ ընթերցումներ կատարեց շատ աւելի մօտէն ծանօթանալու համար 1915-ի իրադարձութիւններուն:

bso-Liza-VollԱրդիւնքը… 28 վայրկեան տեւողութիւն ունեցող գործ մը` «Առաւօտ լուսաբեր»-ը («Ascending Light»), որ առաջին անգամ ըլլալով ներկայացուեցաւ ունկնդիրներուն Պոսթընի համերգային նուագախումբի սրահին մէջ, Մարտ 26-28 (նաեւ պիտի կրկնուի մարտ 31-ին):

Նաեւ տեղւոյն համերգասրահի վերանորոգուած երգեհոնին համար պատրաստուած այս գործին համար նկատի առնուած էր ֆրանսացի երիտասարդ երգեհոնահար Օլիվիէ Լաթրին, որ ամենայն հարազատութեամբ տիրապետեց ստեղնաշարին, իր կողքին ունենալով Պոսթընի համերգային նուագախումբն ու իր երիտասարդ լաթվիացի մաէսթրոն` Անտրիս Նելսոնսը:

«Առաւօտ լուսաբեր»-ը կը բաղկանայ երկու մասերէ` «Վիս վիթալիս» եւ «Տիգրանակերտի օրօր»-ը:

Հայկական երանգներու եւ կշռոյթի ծանօթ ունկնդիրին համար շուտով յատուկ կապ մը կը ստեղծուի այս գործին ունկնդրութեամբ: Հոն կը հնչեն «Տըլէ եաման», «Հայր Մեր»-ն ու այլ հայկական մեղեդիներ, որոնք մերթ տխրութիւն եւ մերթ զուարճանք կը ստեղծեն:

Երգեհոնի կողքին, Կանտոլֆիի այս գործին մէջ կը տիրապետեն նաեւ փողային եւ հարուածային գործիքները` միշտ ալ իրենց ետին ձգելով հայկական երանգներ:

Այս գործի ներկայացման աւարտին, երկար ծափողջոյններէ ետք, նաեւ բեմ բարձրացաւ նոյնինքն յօրինող Կանտոլֆին` իր կողքին ունենալով մաէսթրօ Նելսոնսն ու երգեհոնահար Լաթրին:

Նշենք, որ նախքան այս յայտագիրը, կատարուեցաւ զրոյց եւ հարց-պատասխան` Կանտոլֆիի այս գործին մասին. այդ ընթացքին բազմիցս խօսուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին: Փոխան բանախօսութեան կամ կլոր սեղանի` այս անգամ արուեստն ու մշակոյթը կը կատարէին Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման աշխատանքը:

Այս ելոյթներուն երկրորդ մասով մաէսթրօ Նելսոնս ներկայացուց Կուսթաւ Մալըրի վիթխարի գործերէն վեցերորդ համանուագը:

ԹՂԹԱԿԻՑ

Յատուկ «Հայրենիք»-ի համար

Նախորդը

Ուրուկուէյի Մէջ Հայ Երիտասարդներու Լուռ Ցոյցը Հայոց Ցեղասպանութեան Միջազգային Ճանաչման Համար

Յաջորդը

Քոնկրեսական Շիֆ Կ՛ողջունէ Լոս Անճելըսէն Ուաշինկթըն Հեծելարշաւին Մասնակիցները

RelatedPosts

Եգիպտացի Նախարարը Հանդիպած Է Եգիպտոսէն Արտագաղթած Ամերիկահայ Ներդրողներու
Գաղութէ Գաղութ

Եգիպտացի Նախարարը Հանդիպած Է Եգիպտոսէն Արտագաղթած Ամերիկահայ Ներդրողներու

Մարտ 28, 2023
Պասրայի Եկեղեցւոյ Թաղական Խորհուրդի Ատենապետ Խաժակ Վարդանեան «Գանձասար» Այցելեց
Գաղութէ Գաղութ

Պասրայի Եկեղեցւոյ Թաղական Խորհուրդի Ատենապետ Խաժակ Վարդանեան «Գանձասար» Այցելեց

Մարտ 27, 2023
Ոչ Եւս Է Սփիւռքահայ Մամուլի Գործիչ Երուանդ Ազատեան
Գաղութէ Գաղութ

Ոչ Եւս Է Սփիւռքահայ Մամուլի Գործիչ Երուանդ Ազատեան

Մարտ 27, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In