«Ազդակ»` Ութսունութ Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն. Սաստիկ Ռմբակոծումներ` Պէյրութէն Մինչեւ Խալտէ Եւ Գաղթակայաններ
ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ - Ալէյ - Պհամտուն-Համմանա Գօտին` Զինուորական Գործողութեանց Առանցք Իսրայէլեան ուժեր Մքալլէսի վերելքին վրայ Իսրայէլեան բանակին Լիբանան ներխուժումէն եւ Պէյրութի դուռերուն հասնելէն ետք, Պէյրութի հարաւային արուարձաններն ու մինչեւ օդակայանի գօտին տարածուող պաղեստինեան գաղթակայանները թատերաբեմ կը մնային իսրայէլեան սաստիկ ռմբակոծումներու եւ բախումներու: Երեքշաբթի, 22 յունիս 1982-ին Ալէյ-Պհամտուն-Մտէյրէժ գօտիին վրայ, լեռնային ճակատները բռնկեցան իսրայէլեան ու սուրիական ուժերը իրարու հակադրող ծանրակշիռ բախումներով,...



















