ՄԱՐԳԱՐ ՇԱՐԱՊԽԱՆԵԱՆ
Կանգնած եմ ահա հողիս վրայ մեր շէն,
որուն տենչալով երկար ապրեցայ
ուրիշի հողին օտար զգալով
ու մեր հողերուն կարօտ մնալով:
Հիմա որ ունինք սեփական հողեր,
օտարի հողին քալել չեմ տենչար:
Մեր հողերուն հետ մտերիմ եմ ես,
զայն մշակելով հպարտ ես կը զգամ:
Մեր նախնիների ոգին ես կ՛ապրիմ
հոգիիս մէջը նաեւ իմ կեանքիս
ու նոր եռանդով ես կ՛ուղղուիմ առաջ
դէպի վերելքը իմ ժողովրդիս:
Մեր հայրենիքէն ու ժողովուրդէս
ուրիշ նպատակ չեմ ունեցած ես:
Ամէն ինչ կ՛անցնն ու կ՛անհետանայ
ու միայն անոնք ընդմիշտ կը մնան:
Աստուածներ կ՛ապրին մեր հողերուն վրայ,
Աստուածներ հզօր ու երկարամեայ,
ականջ դնենք մենք անոնց կանչերունոր յաւէտ ապրինք գալիք դարերուն:
Հիմա որ ունինք ազատ հայրենիք
պէտք է որ անսանք այս ճշմարտութեան,
օտար երկիրներ չեն խօսիր մեզի
ու հոգ չեն տանիր հայու գոյութեան:
Դարերով ապրած ժողովուրդ ենք մենք
ու դարեր կանգնող հայրենիք ունինք,
դեռ երկա՜ր երկա՜ր մենք պիտի տոկանք
հողերուն մեր սուրբ եթէ մենք դառնանք:
Ուշի