Ազրպէյճանի մէջ լոյս տեսած է «Հայոց լեզու» ուսումնական դասագիրքը. այս մասին կը յայտնէ ազրպէյճանական «Թուրան»-ը: Գիրքին հեղինակը գիտութիւններու դոկտ. Հաթամ Ճապպարլըն է:
Գիրքը նախատեսուած է ընթերցողներու լայն շրջանակի համար եւ բաղկացած է 4 մասէ` հնչիւնաբանութիւն, ձեւաբանութիւն, շարահիւսութիւն եւ բառակազմութիւն:
Նախաձեռնողներուն հաստատումով, գիրքը պիտի ծառայէ Ազրպէյճանի ազգային անվտանգութեան պահպանման ու լրատուամիջոցներու ճամբով հայկական լրատուութեան հակադարձելու:
«Ձեռնարկը նոր կարելիութիւն պիտի տայ տեղեկատուական պատերազմի պայմաններուն մէջ աշխատող ազրպէյճանցի մասնագէտներուն համար», շեշտած են անոնք: