Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Քրիստափոր» Կոմիտէութեան Կազմակերպած Քաղաքացիական Պատերազմի 40-Ամեակի Ձեռնարկին Յակոբ Լատոյեանի Արտասանած Խօսքը

Սեպտեմբեր 22, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter
Յակոբ Լատոյեան
Յակոբ Լատոյեան

Այս շաբթուան ընթացքին յաջորդաբար լոյս պիտի ընծայենք «Լիբանանի հետ, հայութեան համար» խորագիրով ձեռնարկներուն արտասանուած խօսքերը:

1978-ի ռմբակոծումներէն ետք Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Գարեգին Բ. կաթողիկոսին արտասանած պատգամէն հատուածի մը մէջբերումով կը սկսիմ խօսքս.

«Նման հայ ստեղծագործող եւ ճառագայթող գաղութ մը այս օրերուն պէտք ունի մեր սիրոյն եւ եղբայրական օժանդակութեան: Ի՞նչ պիտի ըլլայ մեր պատասխանը…

… Գործի ժամն է: Խօսքը ուժ չունի այստեղ: Գեղեցիկ տեսութիւնները օգուտ չունին: Այնտեղ ցաւ կայ: Կարիք կայ: Խօսքով ոչինչ կրնանք իրականացնել: Գործի ժամն է: Զոհողութեան պահը: Արժեցնենք այս պահը ի սէր մէկ ազգի եւ յանուն մէկ ապագայի…»:

Լիբանանը եղաւ մեր երկիրը, ինչպէս` երկիրը բոլոր անոնց, որոնք կը սիրեն ազատութիւնը, ստեղծագործութիւնը, մարդկային աստուածատուր իրաւունքներն ու պարտաւորութիւնները, մէկ խօսքով` ԼՈՅՍ-ը: Որովհետեւ լոյսն է գոյացութեան յայտնիչը, կերպացուցիչը աստուածային ձեռագործին` տիեզերքին: Լիբանանի հողին խառնեցինք մեր աստուածաշնորհ ձիրքերը, մեր ձեռքի «հունար»-ները, մեր քրտինքը: Լիբանանը խառնուեցաւ մեր արիւնին: Այս գիտակցութեամբ զինուած` նեղութեան պարագային չկորսնցնենք մեր գլուխը, երբեք չմտածենք թողելու եւ հեռանալու մասին: Ա՛լ դադրինք թափառաշրջիկութեան ջլատիչ հոգեբանութենէն, որ մեր պատմական կեանքի չարաղէտ ու քանդարար երեւոյթներէն մէկն է եղած արդէն: Ինչպէս թօթափեցինք գաղթականի հոգեբանութիւնը, շպրտե՛նք նաեւ գաղթականի ցուպը: Անցեալի սխալը չկրկնենք: Համախումբ ապրելուն մէջն է ազգի մը ուժին աղբիւրը: Որքան նօսրանանք այս աշխարհի չորս թեւերուն վրայ մշուշի պէս տարածուելով, այնքան կը տկարանանք հովերէն տարուելով եւ ընդհանուրին մէջ մեր ինքնութիւնը կորսնցնելով: Դժուարութեանց առջեւ քաջ, տոկուն, դիմացկուն կեցուածքն է, որ այս դժուարութեանց հարթումին, լուծումին կ՛առաջնորդէ մեզ: Տուն-տեղ եղած ենք այստեղ: Տնաթող չդառնանք այսօր»:

Սիրելի՛ ներկաներ,

Քառասնամեակն է Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին: Քառասուն տարիներ անցած են այն օրէն, երբ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը ծայր առաւ: Քաղաքացիական պատերազմի սկիզբը ծրագիրը ուրիշ էր: Նպատակը` յստակ: Քարտէսները` պատրաստ: Սակայն տարիներու վրայ լիբանանցի ժողովուրդին կամքը եւ հաւատքը փոխեց ամէն բան: Եղան զոհեր, կորսուածներ, գաղթականներ: Արհաւիրքի, սարսափի եւ յուսահատական օրեր անցուցինք բոլորս: Սակայն վարդահեղեղ արշալոյսի յոյսով միշտ ապրեցանք: Մնացինք միշտ պատնէշի վրայ: Տուինք նահատակներ: Անմասն չմնացինք փոթորիկէն, սակայն իբրեւ գաղութ` նուազագոյն վնասով ազատեցանք քաոսէն:

Քառասուն տարիներ ետք, այսօր եկած ենք յիշատակը յարգելու նահատակներուն:

Յիշատակը յարգելով` վեր առնելու մեր այդ օրերու արթուն եւ խիզախ ղեկավարութեան որդեգրած քաղաքականութեան: Ամէն մէկ ակումբ օրին եւ մինչեւ օրս վերածուած էր հայ մանուկին ու պատանիին, հայ երիտասարդին ու ուսանողին, բանուորին եւ ծերունիին յոյսի, լոյսի եւ ապահովութեան աղբիւրը:

Ամէն մէկ ակումբ իւրաքանչիւրիս համար յիշատակներու ծաղկեփունջ մըն է:

«Ո՛վ չի յիշեր մեր տղոց քաջագործութիւնները: Ո՛վ կրնայ մոռնալ սերունդներու կերտման եւ ազգային շունչով հասակ նետած փաղանգները: Ինչպէ՞ս կարելի է չյարգել ԼՕԽ-ականներու, թաղի քահանաներու եւ ժողովուրդին զոհողութիւնները եւ օտարներուն զմայլանքը»:

Այո՛, սիրելի՛ ներկաներ, լիբանանահայութիւնը անցնող քառասուն տարիներուն հաւատաց մայրիներու երկիր Լիբանանին: Շատեր գաղթեցին, շատեր նահատակուեցան, շատեր դասալիք եղան, ուրիշներ գիշերը ցերեկին խառնեցին եւ ակումբը դարձուցին իրենց տունը. այս բոլորին ականատես եղանք: Այս բոլորին հաւատացինք եւ յետոյ կամաց-կամաց սկսանք սերնդափոխութեան:

Քառասուն տարիներու ընթացքին սերունդներ փոխուած են: Արժեչափերը խախտած են:

Զոհողութեան եւ զոհաբերութեան հասկացողութիւնն ալ փոխուած է:

Մակերեսայնութիւնն ու նիւթապաշտութիւնը աւելի գերիշխող են, քան` բարոյական եւ գաղափարական սկզբունքները:

Ինչո՞ւ այս քառասնամեակը: Ի՞նչ արժէք կը ներկայացնէ մեզի: Մինչեւ ե՞րբ մենք պէտք է կառչած մնանք մեր սկզբունքներուն:

Այս եւ նման ձեռնարկները վերարժեւորելու եւ գօտեպնդման ձեռնարկներ են:

Նման նախաձեռնութիւնները հինը յիշելու եւ նորը հինին օրինակով ամրապնդուելու համար է:

Նման նախաձեռնութիւնները տեսնելու, գիտակցելու եւ ընդգծելու համար է, որ կեանքի մէջ հանգրուաններ կան, որ քու այսօրուան էութիւնդ ապահոված են, եւ ճիշդ այդ պատճառով պէտք է յատուկ գուրգուրանք տանինք:

Այսօր Միջին Արեւելքը ընդհանրապէս եւ Սուրիա եւ Լիբանանը մասնաւորապէս ամէնէն ճակատագրական օրերը կ՛անցընեն:

Կամաց-կամաց բացայայտուեցաւ «Արաբական գարուն»-ով սկսած յեղափոխութիւնները, որ Միջին Արեւելքի քարտէսի փոփոխութեան ծրագիր մը կը հետապնդեն:

«Լիբանանահայութիւնը, անկախ  ապահովական, տնտեսական եւ ընկերային հարցերէն, կը դիմագրաւէ նաեւ զանազան տեսակի դժուարութիւններ:

Այս դժուար պայմաններու մէջ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի քառասնամեակի յիշատակութիւնը յատուկ նպատակ մը ունի:

Այսօր մեզի համար յատկանշական օր է: Այս օրը «Ազատամարտ»-ի, «Տիգրան Ծամհուր»-ի եւ «Քրիստափոր»-ի, ակումբներուն համար այնպիսի յուշատօն մըն է, որ ոչ միայն ակումբ հասկացողութեան արժէք կու տայ, այլ շրջանները հայեցի դիմագիծով պահելու, դպրոցները, եկեղեցիները, ակումբները, հայ ծերունին եւ երիտասարդը եւ մասնաւորապէս հայութեան ֆիզիքական ապահովութիւնը երաշխաւորող կազմակերպութեան` Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան տարիներու վրայ վարած հայապահպանման քաղաքականութեան ամրապնդման օրն է:

Բոլորիս վկայութեամբ, տագնապի ամբողջ տեւողութեան դրական չէզոքութեան քաղաքականութիւնը եւ մեր տղոց հայկական թաղամասերու պաշտպանութեան գործը այսօր մեր գաղութի պատուաբեր իրավիճակին հասցուցած է Լիբանանի հետ հայութեան համար: Ամբողջ քաղաքացիական պատերազմի ընթացքին այս նշանաբանով գործեց Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը: Այս նշանաբանով դաստիարակեց սերունդներ: Այս նշանաբանով նաեւ սկզբունքային կարմիր գիծերը քաշեց: Արեան գնով շրջաններ պահեց: Արեան գնով որդեգրած քաղաքականութեան համար զոհեր տուաւ: Արեան գնով Արցախի հերոսամարտի տղաք հասցուց»:

Այսպէս եղած է եւ է Դաշնակցութիւնը:

Ամէնէն յուսահատական օրերէն նոր յոյս եւ շունչ տուող կազմակերպութիւն եղած է ու է:

Ժողովուրդէն ծնած, ժողովուրդին համար գործած է Դաշնակցութիւնը եւ կը գործէ այսօր ամէնուրեք, սփիւռքի ամէնէն հեռաւոր գաղութէն մինչեւ Հայաստան եւ Արցախ:

40-ամեակի համաժողովրդային նշումը, յարգանքի ձեռնարկները այդ տղոց եւ ղեկավարութեան համար են:

Իւրաքանչիւր ակումբ ունի իր պատմութիւնը: Իւրաքանչիւր սենեակ ունի իր յիշատակները: Մարդիկ կան, որոնք առյաւէտ բաժնուած են մեզմէ: Ուրիշներ տակաւին պաշտօններու վրայ են: Ուրիշներուն ալ զաւակները եկած են շարունակելու գործը:

Այս է գաղութի մը զօրութեան իրական պատկերը: Պէտք է ընդգծենք, որ Հայաստանի անկախութեամբ, Արցախի հերոսամարտի եւ համասփիւռքեան կառոյցներու ձեւաւորման կողքին, լիբանանահայութիւնը ունեցած է եւ ունի միշտ իր ինքնուրոյն տեղը:

Բնական հարուստ պայմաններով օժտուած մարդուժ պատրաստելու եւ բոլորին հասնելու Լիբանանի կախարդական ուժը զարմացուցած է բոլորը եւ կը զարմացնէ մինչեւ այսօր:

Քառասուն տարիներ անցած են, սակայն սերունդներ դաստիարակուած են նահատակներու օրինակով: Անոնց երազած եռագոյնը կը ծածանի այսօր անկախ Հայաստանի երկնքի տակ: Կերտած ենք անոնց օրինակով Արցախի հերոսամարտը եւ այսօր պատրաստ ենք դիմագրաւելու բոլոր դժուարութիւնները:

Այսօր ունինք զօրաւոր սփիւռք` իր մասնագիտացած մարդուժով: Սակայն սեւ եւ մութ ամպեր հաւաքուած են սուրիահայութեան ճակատագրին վրայ: Միասնական եւ կազմակերպ աշխատանքով միայն կրնանք յաղթահարել դժուարութիւնները: Փաստօրէն Միջին Արեւելքի դիմագիծի փոփոխութեան օրերուն ականատես ենք բոլորս:

Այս ամբողջական պատկերին մէջ պէտք է դիտել հարցերը: Արգիլուած է յուսահատիլ: Պէտք է մեր բոլոր կարողութիւններով օժանդակենք մեր գաղութի բարգաւաճման եւ զարգացման:

Այո արգիլուած է յուսահատիլ:

Քառասուն տարիներ ետք խօսքս կ՛ուզեմ փակել 18 յունուար 1983-ին ընկ. Աբօ Աշճեանի առեւանգման առիթով Պուրճ Համուտի հրապարակին վրայ կազմակերպուած հաւաքին Հրաչ Տասնապետեանի արտասանած խօսքէն հետեւեալ մէջբերումով.

Այսօր, այս հանդիսաւոր առիթով, ՀՅ Դաշնակցութիւնը կը յայտարարէ բոլորին, ամէնէն առաջ իրեն` հայ ժողովուրդին, բայց նաեւ` այսօրուան Թուրքիոյ վարիչներուն եւ անոնց գործակիցներուն, պետութիւններուն եւ ազգերուն, որ թուրք պետական ահաբեկչութեան վերազարթնող այս սադրանքները պիտի չկարենան զինք ընկճել, իր ղեկավարութիւնը անճիտել եւ իր շարքերը տկարացնել: ՀՅ Դաշնակցութիւնը հայ ազգային-ազատագրական պայքարի փշոտ ճանապարհին զոհաբերած է ամենաթանկագին իր զաւակները, բայց մայիսեան պայծառ առաւօտ մը ազատութեան եւ անկախութեան նարօտը կապած է տակաւին երէկ կիսով բնաջնջուած հայ ազգի ճակատին: Տարբեր են պայմանները այսօր, աւելի դժուարին ու մաշեցնող` անկասկած, բայց ո՛չ մէկ նոր դաւ, ո՛չ մէկ նոր սադրանք ու խաբէութիւն պիտի կարենայ ՀՅ Դաշնակցութիւնը շեղել Հայ դատի անխոնջ ու բազմակողմանի հետապնդման առաջնորդի իր առաքելութենէն, կամ` զայն տկարացնել հայ ազգային իրաւունքներու վճռական իր պահանջատիրութեան մէջ: Հայ ազատագրական պայքարը կրնայ տակաւին նոր զոհեր խլել Դաշնակցութենէն, նոր նահատակներ` իր ղեկավար ու գործօն անձնակազմէն, բայց ՀՅ Դաշնակցութիւնը երբե՛ք պիտի չընկրկի այդ պայքարի ճամբուն վրայ ու մի՛շտ վերանորոգ ուխտով պիտի շարունակէ ծառայել հայ ժողովուրդին եւ անոր գերագոյն շահերուն` մինչեւ մեր ազգային արդար ու առողջ իտէալներու ամբողջական իրականացումը:

 

Նախորդը

Ցեղասպանութեան 100-Ամեակի Հանգրուանին. «Զանգեր, Ղօղանջէ՛ք»… Հայ Դպրոցին Համար

Յաջորդը

Ազրպէյճանցիները Կը Պատրաստուին Հայերէն Սորվելու

RelatedPosts

25-Ամեակ Հարաւի Ազատագրութեան.  Հարաւային Լիբանան` Պատերազմի Կիզակէտ Եւ Դիմադրութեան Օրրան
Անդրադարձ

25-Ամեակ Հարաւի Ազատագրութեան. Հարաւային Լիբանան` Պատերազմի Կիզակէտ Եւ Դիմադրութեան Օրրան

Մայիս 24, 2025
«Ապագայ Լրագրողներ»-ու Ծրագիրի Չորրորդ Փուլի Մասնակիցները Ծանօթացան Լուր Գրելու Սկզբունքներուն
Անդրադարձ

«Ապագայ Լրագրող»-ներու Չորրորդ Փուլի Մասնակիցները Կը Գրեն

Մայիս 24, 2025
Վահէ Պէրպէրեան Երեւոյթը
Անդրադարձ

Վահէ Պէրպէրեան Երեւոյթը

Մայիս 24, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?