Յ. ՊԱԼԵԱՆ
Արդէն քառորդ դար:
Ինքնիշխան ըլլալու հպարտութիւնը ինչպէ՞ս դիմաւորեցինք եւ այդ հպարտութիւնը ազգի միացման տեսանկիւնէ ինչպէ՞ս դրսեւորուեցաւ անցնող տարիներուն եւ կը դրսեւորուի այսօր:
Պետութիւն կայ:
Ան է՛, ի՛նչ որ է, ի՛նչ ալ ըլլան մեր տեսակաւոր կարծիքները: Միշտ կարելի է թերի եւ թերացում տեսնել, ինչ որ կարելի է ընել միշտ եւ բոլոր երկիրներուն համար: Այսինքն քննադատութիւնը յառաջդիմութեան ազդակ է, անվարան պէտք է ընթանալ այդ ուղիով:
Պետութեան պարտականութիւնն է երկրի տնտեսութեան զարգացումը: Անոր համար արդարութիւնը համակարգող օրէնքներու եւ բարենպաստ պայմաններու ստեղծումը անհրաժեշտ է: Քառորդ դար ետք հաշուեկշիռ մը պէտք է ընել եւ անոր հիման վրայ դատել-գնահատել իշխանութիւնները` առանց կողմնապաշտական բարեացակամութեան եւ չարակամութեան:
Այդ ընդհանուր հաշուեկշիռը պէտք է ընէ իշխանութենէն անկախ մասնագէտներու եւ իմաստուններու ազգային գերագոյն խորհուրդ մը, որ պէտք է արտայայտուի բազմապիսի խնդիրներու մասին: Այսպէս, պէտք է ըսէ, թէ ինչո՞ւ գործարանները չեն բանիր, ինչո՞ւ մայրաքաղաքէն դուրս երկիրը չի զարգանար եւ աստիճանաբար կ՛ամայանայ, ինչո՞ւ զանգուածային աղէտ-արտագաղթը կը շարունակուի, ինչո՞ւ եւ ինչպէ՞ս խորհրդային ենթադրեալ հաւասարութեան համակարգէ դուրս հազիւ դուրս եկած` ընկերային անհաւասարութիւնները ակնբախօրէն շեշտուեցան, ինչո՞ւ մշակութասէր ժողովուրդը յանկարծ դարձաւ հակամշակոյթ եւ մակերեսային: Երազուած անկախութեան իրականացումէն քառորդ դար ետք, Հայաստան եւ սփիւռքներ, հայրենադարձութիւնը քաղաքական առաջադրանք չեղաւ (նկատի չունիմ դէպքերու ճնշման տակ Հայաստան հաստատուողները եւ թոշակառու հայրենասէրները): Յարգելի եւ սիրելի են անոնք, որոնք գիտակցաբար վերադարձի ընտրութիւն կը կատարեն:
Արտագաղթ եւ հայրենադարձութեան բացակայութիւնը հայրենիքի եւ ազգի արմատները փճացնող վերաբերումներ են, հակահայրենասիրութիւն, զոր երթեւեկի, խորհրդաժողովներու մասնակցութեան եւ բարեսիրական ծխածածկոյթի ետին արդար չէ թաքցնել: Այդ խաբէութիւն է արտաքին աշխարհին եւ մեզի համար: Այս ըմբռնումը անվարան պէտք է կրկնել, Հայաստան եւ սփիւռքներ: Գործարարութիւնը, ինչպէս ախտ դարձած է ըսել` պիզնեսը, հայրենադարձութեան եւ հակաարտագաղթի տեսիլքի վրայ պէտք է պատուաստել, ոչ միայն անհատական եւ արագ շահու:
Անկախացած Հայաստանը ապահովութեան եւ կայունութեան երաշխիք կ՛ընծայէ իր բանակով: Արդարեւ, բանակը իր արհեստավարժ կազմակերպութեամբ եւ մարտունակութեամբ, իսկական հայրենասիրական կառոյց է: Հայ զինուորը, յատուկ նախաձեռնութիւններով, գաղափարական պատրաստութիւն կը ստանայ գիտնալու համար, թէ ի՛նչ կը պաշտպանէ եւ ինչո՞ւ:
Բայց, դժբախտաբար, անցնող քառորդ դարու փորձը քաղաքացիական զարգացման ժամանակաշրջան չեղաւ: Կար ժամանակ, երբ կուսակցութիւնները հարիւրով կը հաշուէինք: Այսօր ալ անոնց թիւը շատ մեծ է փոքրիկ երկրի մը համար: Դրական ծրագիրներու իրականացման նախաձեռնութիւններու համար ուժերու մէկտեղում անհրաժեշտ է: Հայաստանի կեանքին հետեւողը այն տպաւորութիւնը կ՛ունենայ, որ կուսակցութիւններու ստուար մեծամասնութիւնը անհատներու շուրջ կազմուած ընտրական համախմբումներէ կը բաղկանայ: Ժողովուրդը դրական վերաբերում չունի կուսակցութիւններուն նկատմամբ, անոնց ղեկավարներուն դիրքի շահագործումը եւ ընչաքաղցութիւնը յաճախ կը յիշեցուի տարբեր վայրերու մէջ եւ մակարդակներու վրայ:
Հայաստանի մէջ խօսքի ազատութիւնը կը յարգուի, կը հանդուրժուի: Բայց կացութենէն ոչինչ կը փոխուի: Ոչ ոքի համար գաղտնիք է, որ ստեղծուած է մեծ կալուածատիրական դրութիւն, հիմնական կարեւորութիւն ունեցող մթերքներու եւ ապրանքներու ներածումներու մենաշնորհներ կան: Թերեւս այդ իսկ պատճառով գործարաններու շէնքերը կը նմանին հոյամողէզներու կմախքներու: Մարդիկ կը խօսին, բայց ճակատագրապաշտի պէս կ՛ընդունին կացութիւնը:
Բայց կրկին պէտք է կրկնել, որ կայ պետութիւն, որուն հզօրացումը համազգային նպատակ պէտք է ըլլայ` առանց զայն շփոթելու իշխանութեան եւ իշխանաւորի հետ: Այդ հզօրացման արտայայտութիւնն է հետզհետէ հայոց իրաւունքներու հետապնդման եւ վերականգնման ուղղութեամբ կատարուող աշխատանքը, որուն ուշագրաւ դրսեւորումը եղաւ Ցեղասպանութեան եւ հայրենահանման հարիւրամեակի պետական մակարդակով եւ համահայկական տարողութեամբ նշումը, մասամբ նաեւ` միջազգային մասնակցութեամբ:
Ընկերութիւններու, մշակոյթներու, տնտեսութեան, բարքերու եւ ընդհանրապէս քաղաքակրթութեան հոլովոյթը դարերու արագութեամբ չէ որ կ՛ընթանայ այսօր, այլ` տասնամեակներու: Հայաստան-Արցախի զարգացումը եթէ դատապարտուի դանդաղ ընթացքով յառաջանալու` ինքզինք դատապարտելով մասնակիի եւ տեղականի տեղքայլին, այսինքն` ճահճացման, ազգովին մենք մեզ կը գտնենք քաղաքական պարտուողականութեան հոսանքի մէջ:
Պարզ ձեւով պէտք է ըսել, որ ժամանակ կորսնցնելու իրաւունք չունինք: Կորսուած ժամանակը մեր բոլոր տեսակի թշնամիներուն հետ մեղսակցութեան փաստ է:
Վերականգնում եւ անկախութիւն մնայուն օրակարգ պէտք է ըլլան:
Այդ զոյգ յղացքները կը մնան ճառային աղմուկ, եթէ`
ա. Հայրենատիրութեան գիտակցութիւնը չըլլայ համազգային յանձնառութիւն: Իսկ հայրենատիրութեան թշնամի են աղէտ-արտագաղթը եւ հայրենադարձութեան բացակայութիւնը: Իսկ հայրենադարձութիւնը ո՛չ արձակուրդ է, ո՛չ ալ զբօսաշրջութիւն: Հայրենատիրութեան յաջողութիւնը երկրի զարգացումն է, ժողովուրդի կենսամակարդակի բարձրացումը, երկրի արտադրած բարիքներէն ժողովուրդին հաւասարապէս օգտուելու պայմաններու ստեղծումը:
բ. Հայրենատիրութեան զարգացումը անկախութեան լրիւ գիտակցութեամբ եւ յանձնառութեամբ կ՛իրականանայ: Անկախութիւնը կ՛երաշխաւորուի տնտեսական անկախութեամբ: Առանց այդ երաշխաւորութեան` բազմազգ ընկերութիւններ եւ դրամատիրական հզօրութիւններ (երկրին մէջ կամ երկրէն դուրս) կը պարտադրեն իրենք զիրենք, եւ անկախութիւնը կը դառնայ ձեւական, զարդ, պղպջակ:
գ. Հայրենատիրութեան զարգացումը սերտօրէն կ՛առնչուի մշակութային անկախութեան եւ հզօրացման: Մշակոյթը մեր ժողովուրդի ճառագայթումն է: Անոր մէջ էական է ազգային լեզուի անաղճատ ինքնութեան պահպանումը, որուն համար պետական լրջագոյն պատասխանատուութիւն պէտք է ցուցաբերել, զտել, մաքրել, զօրացնել, հարազատութեան ենթահողի վրայ` զայն զերծ պահելով համաշխարհայնացման միալեզու դառնալու աղէտէն:
դ. Հայրենատիրութիւն կ՛իրականանայ համահայկական (Հայաստան եւ սփիւռքներ) իրաւ մասնակցութեան գիտակցութեան եւ պատասխանատուութեան ստանձնումի պայմաններու ստեղծումով, ազատութեան, հաւասարութեան եւ անկաշկանդ ժողովրդավարութեան մթնոլորտի մէջ:
ե. Հայրենատիրութիւնը կ՛իրականանայ, երբ մտահան չենք ըներ ՀԵՌԱՆԿԱՐը, այսինքն` ազգի եւ հայրենիքի հատուածներու միացումը:
Վերանկախացման երկրորդ քառորդ դարը դարձնելու համար իսկական վերականգնումի ժամանակաշրջան` պէտք է որ նուաճենք ազգային իմաստութիւն, գիտակցելով, որ օտարի դրանը մեզ կը կոչեն հիւր, որպէսզի չըսեն ծառայ (յիշել կրկին եւ կրկին Վիգէն Խեչումեանը), որ մագաղաթը աւելի կ՛ապրի, քան մարմարը (յիշել կրկին եւ կրկին Յակոբ Օշականը):
Եւ երբեմն ալ մտածենք, որ ժողովուրդներ մեծցած են, երբ յանկարծ իրենց ծոցէն յայտնուած են անանձնական արտակարգ դէմքեր, անոնց անունները յաճախ կը յիշեմ, ինչպէս` Մահաթմա Կանտի մը, որ անձնական ոչինչ ունէր, ինչպէս` Նելսըն Մանտելա մը, որ իր ժողովուրդին համար քառորդ դար բանտի մէջ մնաց, ինչպէս` զօրավար տը Կոլ մը, որ իր երկիրը գրաւած թշնամիին դէմ ծառացաւ եւ իր ետեւէն տարաւ ազգը դէպի վերականգնում եւ յաղթանակ:
Հեռանալով սնամէջ ճառերէ` Հայաստանի անկախութիւնը հարկ է դիտել հեռանկարային գիտակցութեամբ, վերականգնումի, ազատութեան, արդարութեան, Հայաստանի եւ Արցախի իւրաքանչիւր թիզ հողը բնակեցնելու եւ միացման հզօր յանձնառութեամբ` ժողովուրդ եւ ՀԱՅՐԵՆԻՔ:
Մեր հողին վրայ շարունակութիւն ըլլալու մեծահոգութեամբ:
13 սեպտեմբեր 2015, Նուազի-լը-կրան