Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՄԱԿ-ը Դեկտեմբեր 9-ին Կ՛ոգեկոչէ Բոլոր Ցեղասպանութիւններու Զոհերը

Սեպտեմբեր 22, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի
հրատարակիչ եւ խմբագիր

Սեպտեմբեր 11-ին, երկար տարիներու դիւանագիտական յամառ ջանքերէ ետք, Հայաստանի Հանրապետութիւնը յաջողեցաւ հասնելու բոլոր ցեղասպանութիւններու վերաբերեալ ընդհանուր բանաձեւի միաձայն ընդունման` Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան Ընդհանուր ժողովին կողմէ:

Հայաստանի եւ համահեղինակ 83 այլ պետութիւններու կողմէ ներկայացուած բանաձեւը դեկտեմբեր 9-ը կը հռչակէ որպէս «Ցեղասպանութեան յանցագործութեան զոհերու յիշատակի եւ արժանապատուութեան եւ այդ յանցագործութեան կանխարգելման միջազգային օր»: Այդ օրը ընտրուեցաւ, քանի որ դեկտեմբեր 9-ը, 1948-ին, Ցեղասպանութեան յանցագործութեան կանխարգելման եւ պատիժի մասին ՄԱԿ-ի համաձայնագիրի ընդունման օրն է:

Այսուհետեւ, իւրաքանչիւր դեկտեմբեր 9-ին, ՄԱԿ-ը պիտի ոգեկոչէ եւ յարգէ բոլոր ցեղասպանութիւններու զոհերը: Թէեւ բանաձեւը չի նշեր որեւէ յստակ ցեղասպանութիւն, հայերէն կախեալ է երաշխաւորել, որ իրենց ցեղասպանութիւնը ընդգրկուած ըլլայ ՄԱԿ-ի այդ օրուան պաշտօնական յիշատակութիւններուն մէջ: Ոչ ոք կը զարմանայ, եթէ թրքական կառավարութիւնը փորձէ խափանել նման հայկական ջանքեր…

Զաւեշտալի է, որ Թուրքիա ցեղասպանութեան բանաձեւի համահեղինակներէն մէկն էր` հաւանաբար վախնալով, որ ընդդիմանալը պիտի բացայայտէր անոր արմատացած մտատանջութիւնը ցեղասպանութեան թեմային վերաբերեալ: Հետեւաբար թուրք պաշտօնեաները իրենց այնպէս պահեցին, կարծես թէ այս բանաձեւը կապ չունի հայերու, ասորիներու, յոյներու եւ քիւրտերու դէմ իրենց երկրի անցեալին եւ ներկայ ցեղասպանական ոճիրներուն հետ…

Այս բանաձեւի համահեղինակ 84 պետութիւններու շարքին էին` Միացեալ Նահանգները, Ռուսիան, Մեծն Բրիտանիան, Ֆրանսան, Գերմանիան, Հնդկաստանը, Ճափոնը եւ Իրանը: Հետաքրքրական է, որ Ազրպէյճանը եւ Ռուանտան անոր համահեղինակ չեղան: Ազրպէյճանը չցանկացաւ աջակցիլ Հայաստանի կողմէ առաջարկուած որեւէ բանաձեւի: Միւս կողմէ, Ռուանտան բանաձեւը աւելորդ համարեց, քանի որ ՄԱԿ-ը ապրիլ 7-ը յայտարարած էր որպէս Ռուանտայի մէջ ցեղասպանութեան յիշատակի միջազգային օր: Ի տարբերութիւն Ռուանտայի` Իսրայէլը այս բանաձեւի համահեղինակ է, հակառակ ՄԱԿ-ը յունուար 27-ը արդէն հաստատած է որպէս Հոլոքոսթի զոհերու յիշատակի միջազգային օր:

«Պատասխանատուութիւն պաշտպանութեան համար համաշխարհային կեդրոն»-ը (The Global Centre for the Responsibility to Protect) անցեալ ուրբաթ հանդէս եկաւ յայտարարութեամբ` բարձր գնահատելով ՄԱԿի բանաձեւի ընդունումը եւ թուարկելով «նախորդ դարու ամենասոսկալի ոճիրներու կարեւոր տարելիցները», ներառեալ` «Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակը, Աշուիթցի (Auschwitz) ազատագրման 70-ամեակը, Քամպոտիոյ Կարմիր խմերներու սպանդի 40-ամեակը, եւ Ռուանտայի, Սրեպրենիցայի, Պոսնիա եւ Հերցեկովինայի ցեղասպանութիւններուն 20-ամեակը»:

ՄԱԿ-ի մէջ Հայաստանի ներկայացուցիչ, դեսպան Զոհրապ Մնացականեան, առաջարկուող բանաձեւը սեպտեմբեր 11-ին Ընդհանուր ժողովին ներկայացնելու ընթացքին, խօսեցաւ իր «պարտքի զգացումին» մասին: Յարգանքի տուրք մատուցանելով Ռաֆայէլ Լեմքինի, որ ստեղծած էր ցեղասպանութիւն եզրը, դեսպանը ըսաւ. «Միջազգային օրը կը վերականգնէ անցեալին անտարբերութեան մատնուած զոհերու արժանապատուութիւնը: Միլիոնաւոր մարդոց կեանքի անձեռնմխելիութեան ժխտումը ծայրագոյն անարդարութիւն է: Ժխտողականութիւնը կը խոցէ ցեղասպանութիւնը վերապրածներու սերունդները: Մենք կը խօսինք մեր փորձէն մեկնած»:

Ցեղասպանութեան մէկ այլ շրջադարձային տարեթիւ, որ մոռացութեան մատնուած է միջազգային հանրութեան եւ հայ ժողովուրդին կողմէ` ՄԱԿ-ի խտրականութեան կանխարգելման եւ փոքրամասնութիւններու պաշտպանութեան ենթայանձնաժողովի կողմէ ընդունուած զեկոյցի 30-ամեակն է: «Վերանայուած եւ նորացուած զեկոյց ցեղասպանութեան յանցագործութեան կանխարգելման եւ պատժման հարցի վերաբերեալ» խորագիրը կրող պատմական փաստաթուղթը մշակուած էր բրիտանացի զեկուցող Պենճամին  Ուիթաքըրի կողմէ: Յատկանշական է, որ դեսպան Մնացականեան, ցեղասպանութեան բանաձեւը ՄԱԿ-ին ներկայացնելու ատեն, իր ելոյթին մէջ երկու անգամ անդրադարձ կատարեց այս զեկոյցին:

Ուիթաքըր իր զեկոյցի 24-րդ պարբերութեան մէջ մէջբերած է 20-րդ դարուն տեղի ունեցած ցեղասպանութիւններու քանի մը դէպքեր` յատուկ տեղ յատկացնելով Հայոց ցեղասպանութեան: Բացի այդ, 13-րդ տողատակին Ուիթաքըր աւելցուցած է. «Անկախ հեղինակութիւններու եւ ականատեսներու ստոյգ գնահատումէն` առնուազն 1 միլիոն մարդ, եւ հնարաւոր է հայ բնակչութեան կէսէն աւելին կը համարուի սպաննուած կամ մահուան երթի դատապարտուած: Ասիկա հիմնաւորուած է Միացեալ Նահանգներու, Գերմանիոյ եւ Մեծն Բրիտանիոյ, ինչպէս նաեւ Օսմանեան կայսրութեան մէջ ժամանակակից դիւանագէտներու, ներառեալ դաշնակից Գերմանիոյ արխիւներուն մէջ գտնուող զեկոյցներուն մէջ: Գերմանիոյ դեսպան Ուանկենհայմ, օրինակ, 1915 յուլիս 7-ին գրած է. «[թրքական] կառավարութիւնը, իրօք նպատակ կը հետապնդէ բնաջնջել հայ ցեղը Օսմանեան կայսրութեան մէջ» (Ուանկենհայմի արխիւ)»:

Ցաւօք, Ուիթաքըր անցեալ տարի մահացաւ: Սակայն ողջ են ՄԱԿ-ի ենթայանձնաժողովի միւս երեք նախկին անդամները` Էրիքա Տայեսը (յոյն), Լէանտրօ Տեսփույը (արժանթինցի) եւ Լուիզ Ժուանէն (ֆրանսացի), որոնք Հայոց Ցեղասպանութեան յիշատակման անխոնջ ջատագովներ էին Ուիթաքըրի զեկոյցին մէջ, որ ընդունուեցաւ 1985-ի օգոստոս 29-ին, ձայներու 14 կողմ, 1 դէմ յարաբերակցութեամբ: 2015-ի դեկտեմբեր 9-ին մարդու իրաւունքներու երեք պաշտպանները պէտք է հրաւիրել ՄԱԿ` նշելու Ուիթաքըրի զեկոյցին 30-ամեակը եւ ճանչնալու անոր եզակի աւանդը ցեղասպանութեան յանցագործութեան կանխարգելման եւ պատժման գործին մէջ…

Դեսպան Մնացականեան, Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութիւնը եւ Հայաստանի կառավարութիւնը արժանի են յատուկ գնահատանքի` ՄԱԿ-ի մէջ ցեղասպանութեան կանխարգելման վերաբերեալ իրենց արդիւնաւէտ դերակատարութեան համար:

Թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ

Արեւմտահայերէնի վերածեց`
«Եռագոյն» կայքը

Նախորդը

Արտագաղթը` Ազգային Կենսակերպ

Յաջորդը

Ցեղասպանութեան 100-Ամեակի Հանգրուանին. «Զանգեր, Ղօղանջէ՛ք»… Հայ Դպրոցին Համար

RelatedPosts

Ժամանակակից Հեքիաթ` Մեծերու Համար
Անդրադարձ

Ի՛մս Է Ճեմարանը

Յունիս 11, 2025
Մայիսեան Յաղթանակի Հպարտութեամբ, ՀՄԸՄ-ականի Խրոխտ Կեցուածքով ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Ընտանիքը Նշեց Հայաստանի Անկախութիւնը
Անդրադարձ

ՀՄԸՄ-ը` Վստահելի, Հարազատ Ու Ապահով Բոյն, Հայեցի Դաստիարակութեան Դարբնոց Եւ Հայապահպանման Ամրոց*

Յունիս 11, 2025
Մայիսեան Յաղթանակի Հպարտութեամբ, ՀՄԸՄ-ականի Խրոխտ Կեցուածքով ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Ընտանիքը Նշեց Հայաստանի Անկախութիւնը
Անդրադարձ

Կ՛երդնունք Շարունակել Ծառայել Ազգին Ու Հայրենիքին, Շարունակել Մեր Սրբազան Պայքարը*

Յունիս 11, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?