Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ներքին Խոհանոցը Մաքուր Պահելու Անհրաժեշտութիւնը (ՀՀ Վերանկախացման Առիթով)

Սեպտեմբեր 21, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

yerevan1_9-21-15

ՎԱՉԷ ԲՐՈՒՏԵԱՆ

24 տարիէ ի վեր Հայաստան վերանկախացած է, ու այդ օրէն սկսեալ չեն դադրած ներքին ու արտաքին վտանգները: Ո՛չ ալ պիտի դադրին: Այնպէս որ, աչալուրջ վերաբերում կը պահանջուի մեզմէ` թէ՛ իբրեւ պետութիւն, թէ՛ իբրեւ ժողովուրդ եւ թէ՛ իբրեւ քաղաքական հոսանքներ կամ կազմակերպութիւններ:

Արտաքին ճակատի մարտահրաւէրները երբեմն կրնան ստանալ վտանգաւոր բնոյթ, ինչպէս` պատերազմի հաւանականութիւն, թշնամի երկիրներու ոտնձգութիւններ, ճշդուած թիրախներու հետապնդումի ընթացքին հաւանական «ռիսք»-եր եւ այլն:

Այս վտանգները կարելի է դիմագրաւել քաղաքական – դիւանագիտական միջոցներով, ուժի` մտածուած ու խելամիտ դրսեւորումով, ռազմավարական զինակցութիւններով, քաղաքական ազատ շարժումի լայն ծիր ստեղծելով եւ այլն:

Սակայն այս բոլորին ազդու կերպով հետամուտ ըլլալու նախապայմանը, ըստ այս յօդուածագրին, ներքին «խոհանոցի մաքրութիւն»-ն է, տան ներքին կարգուսարքը կարգի բերելն է: Խօսքը բնականաբար կը վերաբերի Հայաստանի Հանրապետութեան ներքին կեանքը:

Դարձեալ այս յօդուածագրին կարծիքով, Հայաստանի Հանրապետութեան սահմաններէն դուրս ապրող հայութիւնը եւս անհրաժեշտ է համարել Հայաստանի Հանրապետութեան «ներքին կեանք»-ին մէկ մասը, որովհետեւ արտասահմանի հայութիւնը մեր երկրի ժողովրդագրական հարստութեան մէկ մասն է, իր մարդկային ներուժով ու այլազան կարելիութիւններով:

Հայաստանի ներքին կեանքի բնագաւառէն ներս կան շարք մը քայլեր, որոնց անհրաժեշտ է, որ հետամուտ ըլլայ մեր պետութիւնը:

ԱՌԱՋԻՆ. ստեղծել եկամուտի ու տնտեսական բարիքներու արդար բաշխումի համակարգ: Նման համակարգ մը առաջին հերթին կ՛ուժեղացնէ միջին դասակարգը: Իսկ ուժեղ միջին դասակարգը ողնայարն է երկրի (որեւէ երկրի) ներքին կայունութեան:

Նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի պաշտօնավարման տարիներուն ակնբախ էր միջին խաւի մը դանդաղ, բայց հետեւողական ստեղծումը (թէեւ արդարօրէն` ոչ բաւարար չափով): Ոչ միայն անոր համար, որ տնտեսութիւնը ամէն տարի 6 կամ աւելի տոկոսով աճ կ՛արձանագրէր, այլ որովհետեւ այդ աճը իր մէջ սկսած էր ներառել բնակչութեան հետզհետէ աւելի լայն խաւ մը:

Նախագահ Սերժ Սարգսեանի օրով, սակայն, միջին խաւի աճումի թափը դանդաղեցաւ ակնբախ կերպով: Կրնայ առարկուիլ, որ 2008-ի համաշխարհային տնտեսական ճգնաժամն էր հիմնական մեղաւորը, բան մը, որ իր անխուսափելի հետեւանքները ունեցաւ Հայաստանի համար: Այս առարկութիւնը կրնայ միայն մասամբ ճիշդ ըլլալ: Մասամբ, որովհետեւ վարչակազմին վարած ներքին տնտեսական քաղաքականութեան թիրախը ոչ թէ երկրի ներքին ընկերային ու տնտեսական կարգուսարքի ամրապնդումն էր, այլ` համաշխարհային տարողութեամբ առաջ տարուող նոր – ազատականութեան պարտադրանքները գոհացնելը: Ասոր օրինակներէն են արտաքին գործոց նախարարութեան շէնքին, Որոտանի ելեկտրակայանի սեփականաշնորհումը` անթափանց (կամ առնուազն` ոչ անհրաժեշտ չափով թափանցիկ ) գործընթացով:

Պէտք չէ մոռնալ այն փաստը, որ երբ Համաշխարհային դրամատունը, կամ Միջազգային դրամական հիմնադրամը (IMF) վարկեր կը տրամադրեն, այս քայլին գաղափարական նախապայմանը (կամ թիրախը) ոչ թէ համաժողովրդային բարօրութիւն ստեղծելն է, այլ` դրամատէր խաւին, Դրամագլուխի (գլխագիր) ուժեղացումը:

ԵՐԿՐՈՐԴ.  Վերահաստատել վստահութիւնը վարչակարգին ու  ժողովուրդին միջեւ: Վերոնշեալ սեփականաշնորհումներու մեթոտաբանութիւնը նորագոյն օրինակն է, որ միայն կը խորացնէ գոյութիւն ունեցող այս անվստահութիւնը:

Ոչ միայն այս, այլեւ ընտրական ամբողջ համակարգը վերածուած է ձեւականութեան: 1991-ի սեպտեմբեր 21-էն ասդին, Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ կայացած ընտրութիւնները երբեք ժողովուրդին չներշնչեցին, թէ իր խօսքը, իր քուէն արժէք ունի: Հայաստան շատ սուղ գին վճարեց ու կը շարունակէ վճարել Լեւոն Տէր Պետրոսեանի նախկին պաշտօնատարներէն Վազգէն Սարգսեանի այն յայտարարութեան համար, 1996-ի նախագահական ընտրութիւններուն, որ նոյնիսկ եթէ 100 տոկոս ստանար ընդդիմադիր թեկնածուն, միեւնոյնն է, իրենք իշխանութիւնը պիտի չյանձնէին: Այնպէս որ, մէկ ու միակ յայտարարութիւն մը շատ բան կը քանդէ. իսկ քանդուածը վերականգնելը բաւականին բարդ գործընթաց է:

Յուսադրիչը այն է, որ սահմանադրական բարեփոխումի ներկայ գործընթացը իր մէջ կը ներառէ նաեւ ընտրական գործընթացին բիւրեղացումը, ինչ որ կրնայ աստիճանաբար վերականգնել ժողովրդային վստահութիւնը:

Ներկայիս գոյութիւն ունեցող շահակցական յարաբերութիւնները եւս, պետական եւ սեփական մարզերուն միջեւ, կամ քաղաքական դաշտէն ներս առհասարակ կը խորացնեն անվստահութիւնը պետութեան եւ ժողովուրդին միջեւ: Այս «մշակոյթը» կարելի է քանդել մասամբ նաեւ ընտրական համակարգին բարփոխումով:

ԵՐՐՈՐԴ. Ազգային ու հոգեմտաւոր արժէքներու նկատմամբ յարգանք ու գուրգուրանք: Այս մէկը բաւական լայն տարողութիւն ունի: Իր մէջ կ՛ընդգրկէ ոչ միայն մշակոյթի նախարարութեան կամ պետական այլ օղակներու գործունէութիւնը, այլեւ ներքին հաղորդակցութեան միջոցներու գիտակից յանձնառութիւնը: Մինչեւ ե՞րբ հայկական կայանները, Հայաստանի մէջ թէ սփիւռքի, պիտի սփռեն գողական աշխարհի «սխրագործութիւնները» (սերիալներու ճամբով), թունաւորելով նոր հասնող սերունդին հոգեկերտուածքը, թէ կեանքի մէջ յաջողիլ կը նշանակէ մեծ հարստութեան տէր դառնալ (միայն) եւ այդ մէկը կարելի է® շորթելով, սպաննելով, կամ գողնալով. այդ ալ` անպատիժ: Կարելի՞ է ակնկալել, որ այս մթնոլորտին մէջ հասակ առած հայ երիտասարդը դառնայ պարկեշտ ու նուիրուած պետական պաշտօնեայ, գործարար, ճարտարապետ կամ նոյնիսկ արհեստաւոր: Բնականաբար` ոչ:

Չի բաւեր ըսել` «ազատ շուկայ է, ուր աղբն ալ կայ` ոսկին ալ, զատեցէք որը որ կ՛ուզէք»: Սա անպատասխանատու վերաբերում է ու երբեք չի նպաստեր Հայաստանի ու ամբողջ հայութեան հաւաքական կամքի ամրապնդումին:

Մինչ այս տողերը կը գրուին, վնասը կը շարունակուի, օրինակ, Արամ Մանուկեանի տան, կամ 1918-ի հանրապետութեան կառավարութեան շէնքին նկատմամբ ցուցաբերուած անփոյթ վերաբերումով:

Ընդհանուր պատկերին մէջ սակայն, կան լրջօրէն յուսադրիչ երեւոյթներ եւս: Ասոնցմէ ամէնէն ցայտունը սահմանադրական բարեկարգումներու ներկայ գործընթացն է: Բայց որքան կարեւոր է այդ առաջարկներուն յղկուիլը եւ կոկուիլը, նոյնքան կարեւոր է նաեւ այս գործընթացին ժողովրդականացումը, ժողովուրդը իրազեկելը, որովհետեւ վերջին հաշուով, ժողովուրդն է, որ իր քուէով պէտք է վճռէ ամէն ինչ: Այնպէս որ  Հայաստանի վերանկախացման յաջորդ` 25-րդ տարին կը սպասենք տրամաբանական յոյսերով եւ իրագործելի քայլերու հեռանկարով:

16 սեպտեմբեր, 2015

vproodian@gmail.com

Նախորդը

Հայաստանի Անկախութեան Ճանապարհին. 1987-1991

Յաջորդը

Հիմա Որ Ունինք Սեփական Հողեր (Սեպտեմբեր Քսանմէկի Առիթով)

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Աւարտական Վտանգաւոր Ջղաձգումներ

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Մեր Համայնքի Քաղաքական Գործօնի Հանգամանքը Առաջին Հերթին Հիմնուած Է Մեր Հաւաքական Քուէի Ուժին Վրայ*

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Պաշտօնները Կու Գան ու Կ՛երթան, Մեր Ժողովուրդին Բարօրութիւնը, Բարգաւաճումը Եւ Հզօրացումը Էականն Են ու Մնայուն*

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?