ՅՈՎՍԷՓ ՊԱՐԱԶԵԱՆ
Սեպտեմբեր 21-ի Հայաստանի նորագոյն հանրապետութեան պատմութիւնը ե՛ւ ետ, ե՛ւ առաջ կը բերէ մեզ նոր իրականութիւններու դէմ յանդիման, եւ կը հարկադրէ հայ հաւաքականութիւնները անկախութեան տարբեր հանգրուանները տեսնելու բաց ու իրապաշտ աչքերով:
Դիտեցէք ձեր շուրջը. հայ ժողովուրդը ինքն իր մէջ փակուած չէ, հակառակ որ համայն հայութիւնը կ՛ապրի սեփական տագնապ մը, համատարած հաւաքական ներկայ տագնապի մը մէջ: Հաստատելի է այլեւս, որ դիւրին դերերը եւ դիւրին լուծումները վերջացած են:
Կ՛ըսենք. ազգը կը գնահատենք իր պատմութենէն: Բայց ատենէ մը ի վեր մեր պատմութիւնը անհրաժեշտ չափով հայրենասիրական ընդունուած ու նուիրականացած գաղափարներ չի ներշնչեր, որովհետեւ քիչ մը ամէն տեղ կը յամենայ քաղաքական կասկածամտութեան ու գաղափարական երկընտրանքի անվստահութիւնը:
Հաշտուա՞ծ ենք, ներկայ ժամանակներու գաղափարական թերահաւատութեան հետ:
Հաշտուա՞ծ ենք, այն գաղափարին հետ, որ յոյս կը ներշնչէ, թէ` հայութիւնը ապագային պիտի գոյատեւէ մեր ճանչցած հայով, կամ ալ` ժամանակակից հայու խնդրական ինքնութեամբ ու այդ ինքնութեան ձեւաւորուող նկարագրով ու դիմագիծով: Ուզենք թէ չուզենք, ինքնութիւնը կը ճշդէ գաղափարը, հայութիւնը, հայրենիքը` գաղափարաբանական տեսաբանութիւններով, ի հարկին, նաեւ առանց անոնց:
Եկէք բոլորս համաձայնինք մեր հարազատ Հայաստանին շուրջ: Երկիրը արագօրէն իր վէրքերը պէտք է բուժէ: Բուժումը, որեւէ բուժում լաւատեսութեամբ կը բարելաւուի, եթէ յամեցող ազգային անորոշութիւնը չքանայ եւ լաւատեսութեան առաջուան հաստատակամութիւնը չտկարանայ: Եկէ՛ք` չվախնանք տարբեր ըլլալէ, եթէ հարկը այդ կը պարտադրէ:
Այսօր Հայաստանի պատմութիւնը կը գրուի մերթ կարեւորութեամբ, մերթ ալ անկարեւորութեամբ: Անցեալ ժամանակներու կարգ մը քաղաքական մարտավարութիւններու եւ ռազմավարական արեւելումներու սխալ ընտրանքները կրկնելու որեւէ պատճառ չունինք:
Այսօր աւելի քան առաջնահերթ է պահպանել ազատութեան ու անկախութեան ազգային ու մշակութային նկարագիրը, քանի անկախութիւնը ամէն բանէ առաջ մշակութային տուեալ է` հիմնուած հին ու նոր փոխանակելի փորձառութիւններու վրայ: Այդ անկախութեան համար, առաջ, հայերը իրարու հետ տաք աչքերով կը խօսէին: Հիմա եւս նոյն աչքերով պէտք է խօսին:
Հայութիւնը որոշ կարեւոր բաներ արձանագրած է իր հաւաքական յուշի պաստառին վրայ: Եթէ կ՛ուզենք մեր ազգային արժէքները գուրգուրանքով պահպանել, ամէն բան իր անունով պէտք է կոչել:
Մեր ապագայի ազգային քալուածքը պահպանելու համար, հրամայականօրէն պարտաւորիչ է ճշդել, թէ ի՞նչ տեսակ նոր հանրապետութիւն մը կ՛ուզենք: Անկախութեան ինքնութեան բնորոշումը բազմակողմանի է:
Զգացա՞ծ ենք արդեօք, թէ տարիներու ընթացքին անկախութիւնը կը կորսնցնէ իր աւանդական գրաւչութիւնն ու թիրախը: Անկախութեան նախապատուութիւնը ամէն բանէ վեր Հայաստանն է, մանաւանդ` Հայաստանի գաղափարը: Բայց ինչպէ՞ս կը պատահի, որ արժէքներու համատարած այս տագնապին մէջ հայերու խնդիրները կը լուծուին, սակայն Հայաստանի խնդիրները չեն լուծուիր: Հայը խզուա՞ծ է Հայաստանէն, հայութենէն:
Անկախութիւնը միայն հայերու մենաշնորհը չէ: Բայց մեր անկախութիւնը ճիշդ ձեւով բացատրեցի՞նք մեր ժողովուրդին, մեր նոր սերունդներուն: Չմոռնա՛նք. լաւ քաղաքացին լուսաբանուած քաղաքացին է:
Անկախութեան ճամբան կոյր ճամբայ մը չէ: Անկախացած զգացող այսօրուան քաղաքականացած հայը ինչպէ՞ս է, դո՛ւրսը, նե՛րսը: Երկրին մէջ որո՞նք պիտի մնան. անկախացած զգացող «յոգնածնե՞րը», «տրտնջացողնե՞րը»: Որքա՞ն կը դիմանայ անկախութիւնը հոն, ուր չի կիրարկուիր:
Ի՜նչ է, յանկարծ հայութիւնը խենթեցա՞ւ: Յանկարծ սփիւռքը խենթեցա՞ւ: Քաղաքական մշակոյթը դիմագի՞ծ փոխեց:
Հայրենիքը կը սիրենք մօտէ՞ն, հեռուէ՞ն: Հաւատացողներ կան, որ Հայաստանը կարգի կրնան դնել երկրէն դուրս ապրողները: Կը տեսնէ՞ք, թէ ճեղքերը ինչպէ՛ս կը շատնան ժողովուրդին մէջ: Ի՛նչ ալ ըլլայ` հաղորդակցութեան ճանապարհները բաց պէտք է պահել ամէն ուղղութեամբ: Ուզենք թէ չուզենք, Հայաստան եւ Սփիւռք անբաժանելի հարազատ եղբայրներ են: Հայաստանն ու սփիւռքը փաստեցին, թէ արենակցօրէն կրնան համագոյակցիլ, քաղաքական հասունութեան բարձրագոյն ցուցանիշներով: Հայաստանն ու սփիւռքը տեղ մը նոյն հասցէն ունին:
Սակայն իրապաշտօրէն դիտելով` Հայաստանը գահավէժօրէն կը պարպուի: Իշխանութիւններ, կուսակցութիւններ այս հարցով ներկայիս որքանո՞վ կը զբաղին` հռետորական միջամտութիւններէ անդին: Կուսակցութիւններու համար չէզոք գաղափարներ չկան:
Գիտէ՞ք` բոլոր կուսակցութիւններն ու կառավարութիւնները արժէքներու տագնապ կը դիմագրաւեն, իտէալ չեն արտադրեր: Անոնցմէ ոմանք պեթոնով պատուած են: Անոնք, որոնք գաղափարական թարմութիւն չեն արտադրեր, դատապարտուած են չքանալու ժամանակին մէջ` զոհ դառնալով գաղափարական նոյնացումին:
Ըստ ՄԱԿ-ի 2015 թուականի «Աշխարհի բնակչութեան հեռանկարները» զեկոյցին, կը նախատեսուի, որ մինչեւ 2100 թուական Հայաստանի բնակչութիւնը պիտի նուազի մօտ կէս չափով` ներկայի 3 միլիոն բնակչութենէն հասնելով մօտ 1,8 միլիոնի:
Կը մտաբերեմ. առաջ վահանը կորսնցուցինք, վերջը սուրը, վերջն ալ` մեր պայքարունակութիւնը, յեղափոխականութիւնը: Սկսած ենք չյիշել կարգ մը կարեւոր բաներ, ուստի հիմա ժամն է չափուելու մեր անցեալի ու ներկայի պատասխանատուութիւններուն հետ: Ամէն բան գեղեցկացած ներկայացնելու միտումը լաւ տեղ չ՛առաջնորդեր ազգային կառոյցներն ու զանգուածները, քանի պէտք չէ անտեսել երբեք, որ մեր անկախութիւնը չափահաս դառնալու ճամբուն վրայ է` հազիւ բոլորած քառորդ դարու հապճեպ ժամանակաշրջան մը: Ուստի պատասխանատուութիւններու վրայ հաւասարակշռութիւններ պահպանելու չափանիշը պէտք է գտնել ու պահպանել:
Ճակատագրապաշտութիւնը կարեւոր դեր պէտք չէ խաղայ այլեւս հայու կեանքին մէջ: Այս զանազանութիւնը հասկնալու բնազդը պէտք չէ տկարանայ մեր մէջ: Ազգային ու պետական մակարդակի հարցերու հանդէպ, խտացած փորձառութենէ մեկնելով, քննարկող մօտեցում պէտք է որդեգրել:
Շատ ժամանակ չմնաց արդէն: Ժամանակին հետ խաղը դիւրին չէ: Փորձենք քննել ամէն ինչի պատճառները եւ ոչ միայն առիթները:
***
Պաղ պատերազմի աշխարհաքաղաքական պատերը, անոնք, որոնք տապալեցան, եւ անոնք, որոնք չինկան ու դեռ կանգուն կը մնան, որպէս յամառող մնացորդացը ազգային բախումներու եւ անհաղորդ անցեալի վերիվայրումներու: Հին թէ նոր պատերուն մէջ մենք կա՞նք:
Համաշխարհայնացումը նոր պատեր բերաւ. վտանգաւոր եւ ոչ հիւրասէր` կառավարութիւններու կողմէ խաղաղասէր ժողովուրդներու հանդէպ: Համաշխարհայնացումը շատ արագ կը փոխուի: Լաւատես նախատեսումներ կա՞ն, մնացի՞ն: Ժողովուրդներու մեծ թէ փոքր յաղթանակներն ու պարտութիւնները նորանոր պարտաւորութիւններ կը ստեղծեն: Յստակացումի ու ախտաճանաչումի կարօտ պարտաւորութիւններ, որոնք կը փորձեն գոյատեւել փաստուած կամ տատանող արժէքներու թէ առաքինութիւններու լաբիւրինթոսի մը մէջ:
Այս լաբիւրինթոսին մէջ մեծ շահերը մեծ սխալներ կը բերեն, որովհետեւ սրածայր բեւեռներ կան, որոնք կը պարտադրուին մարդկութեան: Ժողովուրդները պէտք է շարունակեն դիմադրական մթնոլորտի մէջ ապրիլ բոլոր մարզերուն մէջ, առանց յանդգնութեան ու չբիւրեղացած քաջութեան անիմաստ ու ապաքաղաքականացած մարզանքներու փորձութեան մէջ իյնալու:
Յանդգնութիւնն ու քաջութիւնը ներշնչում կ’ուզեն: Այդ ներշնչումը կա՞յ:
Ուրախ պիտի ըլլայի, եթէ սխալած ըլլայի, բայց դիտելով Հայաստանի անկախութեան հոլովոյթը` կարգ մը խօսուն հարցականներ կը ծագին մէջս: Ուրկէ՜ սկսիլ:
Օրինակ. ինչպէ՞ս խրախուսական երեւոյթ չհամարել, այս ամսուան սկիզբը տասը հազար երիտասարդներու առաջին անգամ համալսարաններ յաճախելու դրական պատկերը:
Ինչպէ՞ս խրախուսական երեւոյթ չհամարել սահմանադրական բարեփոխումներու հոլովոյթի անհրաժեշտութիւնը` որպէս մեր հայրենիքի կայունութեան, ազգային ապահովութեան եւ ինքնիշխանութեան երաշխիք:
Բայց, ինչպէ՞ս խրախուսական համարել Հայաստանի Ա. Հանրապետութեան խորհրդարանի շէնքի քաղաքական ու քաղաքակրթական դիմագիծի աղաւաղումը եւ զայն փիցցայի սեղանատան շուկայական տարածքի վերածումը: Անհաւատալի՜ է. բայց հայկակա՜ն է:
Ազգային ճշմարտութիւնը քաղաքական մարզանք չէ: Ահա, թէ ինչպէ՛ս կը կորսուի պատմութիւնը, որքան ալ ան կապուած ըլլայ իր անցեալով ու ներկայով: Պատմութիւնը, ամէն տեղ եւ ամէն ժամանակի մէջ, հայութեան պարտական է, մենք ալ պարտական ենք պատմութեան:
Բայց, ինչպէ՞ս խրախուսական համարել պետական աւանդական կառոյցներ քազինոյի վերածելու հիասթափեցնող թոյլտուութիւնը, երբ այլ երկիրներու մէջ անոնք պատմական արժէք ներկայացնող պահպանելի գօտիներու կը վերածուին, ու պետական գանձանակէն հսկայ գումարներ կը յատկացուին` զանոնք վերանորոգելու, բարելաւելու եւ թանգարանային արժէքի վերածելու համար: Արժէքները թղթախաղի ակումբ չեն:
Ազգային, պատմական եւ մշակութային հասկացողութիւնները ինչպէ՞ս պիտի պահպանուին ժամանակի չափանիշներու հոլովոյթի երկայնքին:
Այսօր, երէկ ալ, իշխանութիւններու մէջ մարդիկ կան, որոնք կը խօսին բաներու մասին, որ չեն հասկցած, չեն հաւատացած: Իշխանաւորներու խօսքն ու գործը կը համընկնի՞ մեր ժամանակի արժէքներուն: Մեր այսօրի իրականութեան հետ կապ ունի՞: Հայաստան հասա՞ծ է հասունացումի անհրաժեշտ մակարդակին: Մարդիկ կան, որոնք հասկացած չեն, որ անկախ ենք:
Մտքիս մէջ բաղդատական տրամադրութիւններ չկան, ուրիշ ժամանակներ յիշեցնող, բայց հաւաքական մտածողութեան խտացումով հաստատենք, որ տարիներու թաւալքին հետ փոխուեցան ազգային յատկանիշներ ու առաքինութիւններ, որոնցմով մեր ազգը մեծցաւ, եւ որոնք մեր ազգը մեծցուցին տարբեր ու տարբեր, սակայն ներդաշնակուած հոգեբանական նոյնացումներով:
Չեմ գիտեր, թէ դուք ինչպէ՛ս կը գնահատէք, բայց Հայաստանի մէջ գրասենեակներ կան, որ զբօսաշրջական ծրագիրներ կը վաճառեն, որպէսզի հայ բարեկեցիկ ազգայիններ վայելեն թրքական երկնակամարի արեւու, օդի, ջուրի, լողաւազաններու ու ծովեզերքներու բարիքները: Ուրիշներ ալ կը նախընտրեն մեր ազգակիցներու ճամբորդութիւնները կազմակերպել դէպի մեր պատմական ու բռնագրաւուած հայրենիքը` Վան, Մուշ, Անի, Կարս, Արտահան, Էրզրում:
Ի՜նչ հաստատակամ մրցակցութիւն, որ անակնկալօրէն կը յայտնաբերուի, երբ պատմութիւնը կը քերես տարբեր անկիւններէ: Եւ այս բոլորին տակ ինչպէ՞ս չտեսնել թրքական միտումնաւոր յարձակողապաշտութիւն, ուր կ՛օգտագործուի զբօսաշրջութիւնը իբրեւ կրաւորական զէնք` զոհ դարձնելով պատմական յուշը, յուշին ինքնութիւնը եւ կարգ մը խորթ երեւոյթներ, որ կը զուգորդուին մեր շփոթահար իրականութեան խաղերուն հետ: Խաղեր, որոնք թաքնուած են անթափանցելի իրապաշտութեան մը գորշ քողին տակ:
Փաստ, որ Թուրքիա կ՛ապրի հայկական պատմական ժառանգութեան ցուցադրումով ու հայ զբօսաշրջիկներէն դրամ շահելով: Հայերու ինքնաբնորոշուող պատմութիւնը համաշխարհային պատմութեան մաս կը կազմէ: Միւսները 3000 տարի առաջ չկային ու չկային:
Այսօր Հայաստանի համար ամէնքս առաջին խօսքի իրաւունք ունինք: Ո՛վ որ քաջութիւն ունի, կը խօսի: Մենք բոլորս որեւէ պատճառ չունինք կորսնցնելու այն, ինչ որ ձեռք բերինք անարիւն անկախութեամբ: Ներկայիս խօսքը դիւանագիտութեան կը պատկանի: Դիւանագիտութիւնն ալ զէնք է:
Ի՜նչ ալ ըսենք, վերջաւորութեան մեր բառերու իմաստն ալ պիտի կորսնցնենք: Հայրենասիրութիւնը չի չափուիր. իր նկարագիրը ունի: Խիղճը, թիւը, զգացումը չափ չունի: Հայրենասիրութիւնը կ՛ապրի խիղճի բնորոշումով: Խիղճը մտածում ու մշակոյթ է, խորհրդանիշ է, ինքնաճանաչում է:
Հայաստանի անկախութիւնը իր նիւթը չէ վերջացուցած: Այս պատմութիւնը երկար¬երկար պոչ ունի: Յիշեցնենք` ի՛նչ որ կը մոռնանք անկախութեան համար: Պարտինք ըսել. լռութեան երդում տուած չենք:
Կարծեմ, անկախութեան արժէքը սորված ենք, գիտե՛նք: Զայն չմսխենք. շուտ կը սպառի: Անկախութիւնը երբ երկար կը տեւէ, չի նշանակեր միշտ, որ յաջողած է:
Շատ սուղ դաս մը, որպէսզի չկիրարկենք հակասութիւններու դասը:
Մեր յաջորդ օրը շատ կարեւոր է:
Աթէնք