Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
Հայաստանի անկախութեան վերահաստատումէն ասդին սահած են շուրջ երկուքուկէս տասնամեակներ, որոնք ի յայտ բերած են դրական ու բացասական զարգացումներ: Բնական ընթացք` որեւէ ժամանակաշրջանի համար:
Զուգահեռաբար, 20-րդ դարը ետին ձգած ու դէպի 21-րդ դարու խորերը արշաւող աշխարհիս լաւ ու վատ իրադարձութիւնները նա՛եւ մեզ ու մեր հայրենիքը դրած են ծանրակշիռ փոթորիկներու ուղղակի ու անուղղակի ազդեցութիւններուն տակ` յաճախ զգացնելով, որ պէտք է արագօրէն յարմարինք ստեղծուած կացութիւններու, նախանձախնդիր մնալով, որ բացասական ազդեցութիւնները մնան նուազագոյնի սահմաններուն մէջ: Իսկ թէ որքա՞ն կ՛օգտուինք դրական հոսանքներէ, քննարկելի այլ հարց է:
Ի մտի ունենալով, որ Դատ ունեցող ժողովուրդ ենք, ներազգային ու միջազգային զարգացումները յաճախ մեզ կը մղեն դարաւոր մտածողութեան մը, թէ` մեր իրաւունքներուն կենսագործման համար ինչպէ՞ս կրնանք օգտագործել արտաքին նպաստներ` այս կամ այն երկիրին, միջազգային կազմակերպութեան զօրակցութիւնը, չէզոքացնել մեր թշնամիին ու անոր նեցուկ կանգնողներուն վատոգի վարմունքը: Ասոնք մեր պարտականութիւնն են ու իրաւունքը` միաժամանակ. այսինքն պարտաւոր ենք քայլ պահելու աշխարհի իրականութիւններուն հետ, նաեւ իրաւունք ունինք աշխարհէն ակնկալութիւններ ունենալու` ի խնդիր արդարութեան հաստատման:
Նոր աշխարհին բերած ալիքներուն մէջ լողալով` երբեմն կը տարուինք ստորագնահատելու (հաւանաբար այս բառը ճիշդ չէ) պարզ իրականութիւն մը, թէ` ներազգային հարցերու տնօրինման ու միջազգային գետնի վրայ իրագործումներու համար առաջին ու վերջին հերթին պէտք է վստահինք մեր սեփական բազուկին, մեր դիմագրաւած հարցերուն լուծման համար պէտք չէ գերագնահատենք արտաքին աջակցութիւններու գործօնը, ընդունելով հանդերձ, որ արտաքինը կրնայ բարերար դեր ալ ունենալ:
***
Կար ժամանակ, ու մեր պատմութեան մէջ այդ ժամանակաշրջանը տասնեակ դարերու տեւողութիւն ունեցած է, երբ արտաքին աշխարհէն ակնկալութիւն չունէինք, կամ` այդ ընտրանքը եղած է լուսանցային, ոչ այնքան վճռորոշ, որքան կը պատկերացնենք այսօր, պատկերացուցած ենք վերջին դարերուն: Այդ հին դարաշրջաններուն մեր ճակատագիրը տնօրինած ենք առաւելաբար սեփական բազուկով, մինչեւ անգամ ուրիշներ մեզի դիմած են պատերազմներու կամ ճակատագրական հակամարտութեանց մէջ օժանդակութիւն ունենալու համար: Աշխարհի ընդհանուր վիճակն ու հաւասարումները այսօրուան պատկերէն տարբեր չեն եղած (թէեւ բացարձակապէս ճիշդ պիտի չըլլայ նման համեմատութիւն):
Եթէ արագ ակնարկով թռիչքներ կատարենք մեր ժողովուրդի կազմութեան օրերէն մինչեւ մեր օրերը, մերթ ընդ մերթ կանգ առնելով քանի մը հանգրուանի վրայ` դժուար չէ տեսնել, որ Հայկ Նահապետը Բելին դէմ ճակատումի ելաւ միայն իր ու զաւակներուն բազուկին վստահելով ու յաղթեց (Հայկի պատմութիւնը մինչեւ իսկ եթէ առասպելներու սիւնակին մէջ դիտենք, անոր իմաստէն բան չի փոխուիր): Ժառանգորդները` Արտաշիսեաններէն, Արշակունիներէն մինչեւ Բագրատունիներ, Սիւնիներ ու Արծրունիներ, ինչո՞ւ չէ, նաեւ Կիլիկիոյ իշխանաւորներ, իրենց երկիրն ու ժողովուրդը պահելու-պաշտպանելու համար առաւելաբար վստահած են իրենց բազուկներուն: Իբրեւ օրինակ` արձանագրենք, որ մեր պատմութեան մէջ հզօրագոյններէն նկատուող Մեծն Տիգրանը, իր կայսրութիւնը կերտելու պահուն, որոշ չափով ապաւինած է Պոնտոսի Միհրդատին, սակայն գիտենք նաեւ, որ այդ դաշնակցութիւնը ինչպիսի՞ հիմերու վրայ էր եւ որքանո՞վ նպաստեց-չնպաստեց Տիգրանի երազներուն իրականացման: Աւելի ուշ ունեցած ենք Մամիկոնեան սպարապետ մը, որ ամենայն ինքնավստահութեամբ յայտարարած է զինք դաւադրաբար պատանդ բռնող թշնամիին, թէ կար ժամանակ, երբ երկու ոտքերով կանգնած էր արեւելեան ու արեւմտեան կայսրութիւնները խորհրդանշող լեռներու վրայ. երբ յենէր մէկ ոտքին, արեւելեան կայսրութիւնը գետինին կը հաւասարէր, իսկ երբ յենէր երկրորդ ոտքին, արեւմտեան կայսրութիւնը կը մատնուէր նոյն ճակատագիրին: Սա սեփական բազուկին վստահելու հայուն ամէնէն ուշագրաւ դրուագներէն մէկն է անկասկած:
Յիշեալ դարաշրջաններուն, մեր հոգեբանութեան մէջ շատ տեղ չունէր «Մենք տկար եւ փոքր ժողովուրդ ենք» մտածողութիւնը: Մենք մեզ համահաւասար մրցակից կը նկատէինք մօտակայ թէ հեռաւոր ուժերուն, մեր վարմունքն ալ կը հիմնուէր գործնական, ոչ տեսական ինքնավստահութեան վրայ, թէեւ թիւով կամ բանակներով կրնայինք համազօր չըլլալ օրուան հզօրներուն (Աւարայրը):
***
Օտարէն աջակցութեան ակնկալութեան տրամաբանութիւնն ու հոգեբանութիւնը կարծէք թէ կամաց-կամաց տարածում գտած է մօտաւորապէս առաջին հազարամեակի դարադարձին հետ, նախ` Բագրատունիներն ու ժամանակակիցները հիւծող արշաւանքներուն ազդեցութեան պատճառով, իսկ աւելի շեշտակիօրէն` Կիլիկիոյ թագաւորութեան տկարացման ու զուգահեռաբար` մեր մտածողութեան մէջ արձանագրուած փոփոխութեան շրջանին:
Հայկական Կիլիկիան «ստեղծած» Փիլարտոսն ու անոր անմիջական յաջորդները, գիտենք, օտարները ապաւէն չէին նկատեր, ինչպէս ըրին երկու դար ետք եկող իշխանաւորները: Քրիստոնեայ Եւրոպայէն, իսկ աւելի ուշ` քրիստոնեայ Ռուսաստանէն օժանդակութեան ակնկալութիւնները ունեցան իրենց երկար պատմութիւնը, զոր կերտեցին նշանաւոր դէմքեր` սկսելով Կիլիկիոյ Լուսինեաններէն ու անոնց ժամանակակից եկեղեցականներէն, մինչեւ Իսրայէլ Օրի, Աբովեան, Աշտարակեցի ու անմիջական յետնորդներ: Դաւիթ Բէկի ու Մխիթար Սպարապետի փակագիծները չենք անտեսեր:
Այս նշումները կը կատարենք զուտ քննական մօտեցումով. անցնինք առաջ:
Մեր Զարթօնքն ու ֆետայական շարժումը, որոնց նկարագիրին կազմաւորման մէջ հիմնական դեր ունեցան Խրիմեան Հայրիկն ու յեղափոխական դէմքեր, մասամբ վերափոխեցին հայուն մտածելակերպն ու հոգեբանութիւնը, զգալիօրէն վերականգնելով սեփական բազուկին վստահելու վարքագիծը: «Երկաթէ շերեփ» պատգամող Խրիմեան Հայրիկի ցոյց տուած ուղին իր արձագանգները գտաւ մեր ֆետայական շարժումին մէջ, որմէ ներշնչուած երգերը մինչեւ այսօր ալ կ՛արտացոլան արցախեան ազատամարտէն բխած հնչումներուն մէջ: Հիներէն յիշենք միայն մէկ օրինակ. իր Կիկոն ֆետայի արձանագրել ուզող հայրը սքանչելի պատգամ մը կը խտացնէ երկու տողի մէջ. «Օտարէն մեզ ֆայտա չկայ/Ելի՛ր, սազէ՛ քո թիւֆենք»:
Սեփական բազուկին վստահելու տեսութիւնը, պայմաններու բերումով, լիարժէքօրէն կարելի չէ եղած վերականգնել Ցեղասպանութեան օրերուն ու յաջորդող տարիներուն, թէեւ պէտք է տեսնենք եւ ընդունինք, որ նոյն այդ սեւ ու կարմիր տարիներուն այդ ուղին եղած է ինքնապաշտպանութեան, վերականգնումի եւ արդարահատուցման գլխաւոր, եթէ ոչ` միակ միջոցը:
***
Որպէսզի չբաւականանանք ընդհանուր հաստատումներով, արձանագրենք քանի մը իրականութիւն:
Ցեղասպանութեան օրերուն, հայուն սեփական բազուկն էր, որ կերտեց մեր յաղթական կամ արիւնալի հերոսամարտերը: Վանի ու Մուսա Լերան ճակատամարտերուն մէջ արտաքին օժանդակութիւնները փրկարար բաժին ունեցան անշուշտ, սակայն փրկութեան բուն գործը կատարուեցաւ ինքնապաշտպանութեան դիմած մարտիկներուն, ամբողջ ժողովուրդին ձեռքով:
Սարդարապատն ու զուգահեռ ճակատամարտերը բացառաբար հայու ձեռքով ու համահայկական ճիգերու լարումով ապահովեցին Հայաստանի ու հայութեան փրկութիւնը, գոյատեւումը, մեկնակէտ ծառայեցին մեր այսօրուան, նաեւ` վաղուան:
Ցեղասպան ոճրագործներուն հետապնդումն ու զգետնումը նոյնպէս իրականացաւ հայ արդարահատոյցներու բազուկով, այն օրերուն, երբ «Փոքր դաշնակիցը» քաղաքական սակարանին մէջ աճուրդի հանուած էր անո՛նց կողմէ`, որոնց կապուած էին հայութեան յոյսերուն մեծ մասը:
Փոքր Հայաստանի սահմաններուն ընդարձակումը: Ա. Հանրապետութեան օրերուն, ապա նաեւ` իբրեւ արդիւնք արցախեան պայքարին, նմանապէս կը պարտինք հայկական բազուկներուն, ինչպէս որ հայուն սեփական ձեռքը կարեւորագոյն դերակատարը եղաւ սփիւռքի կազմակերպման ու զարգացման մէջ: Ճիշդ է` նպաստամատոյցներ իրենց բարերար բաժինը ունեցան որբահաւաքի, փրկուած խլեակներու ապրուստի մատակարարման ու նման ասպարէզներու մէջ, սակայն պէտք է տեսնել մանաւանդ սեփական կարողութեա՛նց վստահելու մեր ունակութեան ճշմարտութիւնը, որ արտայայտութիւն գտաւ դարերու վասալութիւնը թօթափած ու «տկար» Հայաստանի Հանրապետութեան կարճատեւ կեանքին մէջ, նաեւ յաջորդ տասնամեակներուն, երբ հայութեան համար նոր հայրենիք դարձած երկիրներ ահաւոր փոթորիկներու խաղալիք դարձան: Իրանի, Լիբանանի երէկն ու Սուրիոյ այսօրը աղաղակող վկայութիւններ են:
Դիւանագիտական-քաղաքական գետիններու վրայ եւս, Ցեղասպանութեան 50-ամեակէն մինչեւ 100-ամեակ երկարող ժամանակաշրջանը բազմաթիւ վկայութիւններ ու փաստացի ապացոյցներ արձանագրած է, որ մեր Դատին ճանաչման, մեր իրաւուքներուն ի նպաստ աշխարհի կարծիքը կազմաւորելու վիթխարի գործին մէջ առաւելաբար սեփական բազուկն է, որ արդիւնք բերած է: Եւրոպական, ասիական, հարաւամերիկեան ու Միացեալ Նահանգներու բազմատասնեակ նահանգներուն մէջ ձեռք բերուած դրական շարժերը հայու սեփական բազուկներով կերտուած են, քաղաքական-դիւանագիտական եւ ուժական միջոցներով:
Այս ծիրին մէջ, գիտենք, որ մինչեւ այսօր ալ, «դուրս»-էն մեր ակնկալութիւնները երբեմն հիասթափութիւն պատճառած են մեզի, սակայն երբեք չենք մատնուած յուսահատութեան ու յուսալքումի:
Պատմութիւնը արձանագրած է, որ արտաքին աջակցութեանց ապաւինելու մեր «քաղաքականութիւնը» ընդհանրապէս քիչ արդիւնք բերած է, չէ արդիւնաւորուած այն տարողութեամբ, որ համապատասխան ըլլար մեր արդար իրաւուքներէն բխող սպասումներուն: Ու եթէ հոս ալ պէտք է քանի մը օրինակ թուել, կ՛արժէ յիշել Սան Սթեֆանոյի ու Պերլինի դաշնագիրներէն մինչեւ Ա. Աշխարհամարտի աւարտէն ետք Կիլիկիոյ վիճակուած ճակատագիրը, Սեւրն ու Լոզանը, Բ. Աշխարհամարտի օրերուն` Կարսի ու Արտահանի վերատիրացման գծով Մոսկուային կապուած յոյսերը, աշխարհէն այսօր ալ արդարութիւն սպասելու մեր հոգեվիճակը, մինչդեռ աւելի քան դար մը առաջ, մեր մէկ բանաստեղծը թքած ունէր «մարդկային արդարութեան ճակատին» (կրկնենք. այս տողերը չենք արձանագրեր «բացարձակապէս սպասում պէտք չէ ունենանք»-ի տրամաբանութեամբ):
***
Անխուսափելի հարցում մը կը ծագի այս բազմադարեան պատկերներէն. իբրեւ հայաստանաբնակ ու աշխարհասփիւռ հայութիւն, իբրեւ Հայաստան ու անոր սեւեռող ժողովուրդ` ո՞ւր կը կանգնինք սեփական բազուկի վստահելու հրամայականին նկատառումով:
Առաջին աղաղակող պատասխանը կու տան երէկ Արցախը Հայաստանին վերամիացուցած նորօրեայ ֆետայիներն ու այսօր Հայաստանի ու Արցախի սահմանները պաշտպանող մեր քաջարի զինուորները, սահմանային գօտին ապրեցնող մեր ֆետայի՛ ժողովուրդը: Ճիշդ է, որ քաղաքական-դիւանագիտական եւ ուժական գործօնները կ՛օգտագործուին ըստ կարելւոյն, սակայն պէտք է տեսնենք եւ ընդունինք, որ անոնց առաջին ու վերջին յենարանը մեր բազուկն է: Չենք մոռցած, որ այդ յենարանին շնորհիւ էր, որ միջազգային հաւասարումներուն վրայ ազդեցութիւն գործեցինք քառորդ դար առաջ, Հայաստան-Արցախ սահմանները վերագծելու օրերուն, եւ այդ` հակառակ մեզի դէմ փչող միջազգային հովերուն (անոնք չեն դադրած այսօր ալ):
Բնական հետեւութիւնը այն է, որ այսօր, վաղը եւ մի՛շտ մեր սեփական բազուկները պիտի ըլլան մեր փրկարար գործիքները` մեր ներազգային խնդիրներուն տնօրինման եւ դրացիներու ու արտաքին աշխարհին հետ յարաբերութիւններուն, գործակցութեան-ճակատումներու ոլորտներուն մէջ: Իսկ սեփական բազուկի ուղիին հիմնաքարը Հայաստանն է նախ եւ առաջ, որուն զօրակից-լծակից են ու պիտի մնան սփիւռքեան օճախները, Հայ դատի գործիչները եւ բոլոր անոնք, որոնք հնարաւոր միջոցներով լումաներ կը նետեն մեր լինելութեան պահպանման ու ծաւալումի աւազանին մէջ:
Հայաստանը է ու պիտի մնայ մեր սեւեռակէտը` «ներքին» տնտեսական, ընկերային ու քաղաքական բոլոր հանգոյցներուն լուծման մէջ: Հայաստանի պետութեան ու ժողովուրդին բազուկները առաջնահերթ տեղ ունին երկրի պահպանումին, վերականգնումին եւ զարգացման ոլորտներուն: Այս ճշմարտութեան գիտակցութեամբ ալ անյետաձգելի հրամայական է Հայաստանի բնակչութեան բնական աճի երաշխաւորումը, որ կ՛ըլլայ արտագաղթի ալիքներուն կասեցումով, ընդհակառակն, աշխարհասփիւռ հայութիւնը դէպի Հայաստան ներգրաւելով, որպէսզի բազմացող բազուկները լծուին նաեւ այսօրուա՛ն սահմաններուն ընդարձակման, մեր պատմական հողերու վերատիրացման գործնական պայքարին: «Փոքրիկ Արցախ»-ը պէտք է շարունակէ ապրիլ մեր մէջ…
Սփիւռքը, իր կարգին, շատ բան կ՛ընէ, սակայն նաեւ բազմապատիկը ընելիք ունի Հայաստանին նեցուկ կանգնելու ասպարէզներուն մէջ: Տարեկան թելեթոնները, անհատ գործարարներու ներդրումները եւ քաղաքական-դիւանագիտական ասպարէզներուն մէջ գործնական քայլերը բնականաբար պէտք ունին բազմապատկումի, բայց նաեւ անոր ճամբան հարթող` Հայաստանի պետութեան ճկուն վերաբերմունքին: Ճիշդ է. կարելի չէ անտեսել միջազգային օրէնքներն ու չափանիշները, սակայն նաեւ պէտք է յաղթահարել այնպիսի «մանրուքներ», որոնք կը լեցնեն չարաշահութիւններու եւ մասնակի շահերու խորխորատը:
***
Սեփական աչքերը պէտք է լայն բանալ մանաւանդ մեզ շրջապատող զարգացումներու վրայ, ըլլա՛ն անոնք Հայաստանի անմիջական շրջապատին մէջ, ըլլա՛ն Թուրքիոյ սահմաններէն ներս, ըլլա՛ն սփիւռքեան վտանգուած օճախներու պարագային: Հոս եւս սեփական բազուկները` հայկական ձեռքերն ու միջոցները, մէկ խօսքով, ու առաջին հերթին` հայ քաղաքական միտքը կը կանգնի ճակատագրական մարտահրաւէրներու դիմաց: Օրինակի համար`
Թուրքիոյ ներքին քաղաքական բեմին նորագոյն զարգացումները սկսած են ստեղծել այնպիսի հոսանքներ ու ալիքներ, որոնցմէ նախաձայներ կը լսուին թրքական գոյատեւող «կայսրութեան» մէկ նոր քայքայումին. Էրտողանի, Տաւութօղլուի եւ գործակիցներուն ստեղծած «միապետականութիւնը» ուժեղ մարտահրաւէրներու դիմաց կը գտնուի` ստեղծելով մթնոլորտ մը, որ կարգ մը գիծերով կը յիշեցնէ 60-ական եւ 80-ական տարիներու ներքին յեղաշրջումներուն օրերը: Հետզհետեէ աւելի բարձրաձայն կը հնչեն Թուրքիոյ մասնատման մասին նախատեսութիւններն ու մեկնաբանութիւնները (ինչ որ ալ ըլլայ բաղձանքի համեմատութիւնը): Թուրքիոյ հովանաւորները ուշ կամ կանուխ կրնան վերատեսութեան ենթարկել երէկի ու այսօրուան իշխանաւորներւոն անվերապահօրէն նեցուկ կանգնելու վարքագիծը, եթէ տեսնեն, որ նոր ստեղծուելիք պատկերին մէջ իրենց շահերը կրնան աւելի ապահով դառնալ. կրնան մինչեւ իսկ նպաստել նման ընթացքի. այդպէս չեղա՞ւ դար մը առաջ, երբ Եւրոպայի «Հիւանդ մարդ»-ը ի վերջոյ քաղաքական հիւանդանոցին մէջ անդամահատումի ենթարկուեցաւ: Իսլամ ծայրայեղականներուն Թուրքիոյ տրամադրած օժանդակութիւնն ու, հետեւաբար, կրակի հետ խաղը արդէն բացայայտուած է, դաշնակիցներուն զինուորական գործողութիւններուն դիմաց իր սահմանները բաց հռչակելու մարտավարութիւնը միայն բարեկամական-դաշնակիցի կապերու արտայայտութիւն չէ, այլ հոն կայ թաքուն պարտադրանքի բաժին մըն ալ…
Յարակից «սենեակ»-ի մը մէջ, քրտական բեմին վրայ զարգացումները նմանապէս նոր նախանշաններ ի յայտ կը բերեն. Թուրքիոյ ընտրական բեմին վրայ քիւրտերուն ու գործակիցներուն արձանագրած յառաջխաղացքները ոչ միայն ուշագրաւ նահանջի մատնեցին Էրտողանն ու գործակիցները, այլ նաեւ անոնց հարկադրեցին կանխահաս ընտրութիւններու ընտրանիքին դիմել, քայլերու, որոնց արդիւնքը երաշխաւորուած չէ այժմու իշխանութեան կողմէ:
Սուրիոյ իրադարձութիւններն ու հայկական մեր գաղութին վիճակուած աղէտը, իսլամացած հայերու հարցերը եւ տակաւին շարք մը այլ անմիջական խնդիրներ պատմական մարտահրաւէրներ են հայ քաղաքական միտքին համար:
Իբրեւ պետութիւն թէ ազգը կազմող միաւորներ` ընդհանուր առմամբ կը կանգնինք դրական կրաւորականութեան դիրքերու վրայ: Սխալ չհասկցուինք. ճիշդ է, որ այս դաշտերուն մէջ ալ, մասնաւորաբար Սուրիոյ հայութեան օգնութեան ձեռք երկարելու մէջ, պատկառելի աշխատանք կը տանինք, այլ գիծերու վրայ կը նախընտրենք բարձրաձայն չարտայայտուիլ, սակայն յիշեալ հարցերը չենք վերածած հիմնական ու համահայկական օրակարգի, զանոնք չենք դիտեր ու դիմագրաւեր այսօրուան նեղ սահմաններու շրջագիծէն անդին, հարց չենք տար, թէ ասկէ 5, 10 կամ 50 տարի ետք մեզ շրջապատող տարածքներուն մէջ ինչպիսի՞ հնարաւորութիւններ կրնան իրականանալ կամ չիրականանալ, ծայրայեղականութեան ալիքները կրնա՞ն աւելի ազդու դառնալ հայութեան ու Հայաստանի կեանքին վրայ (Սուրիոյ, Իրաքի ու ճակատագրակից երկիրներու գաղութներուն վիճակը գիտենք, մեր խօսքը նաեւ անոնցմէ անդին կ՛երթայ): Այս բոլորին համար բախտագուշակի բիւրեղապակեայ գնդակէն աւելիին պէտք ունինք, նոյն ատեն շատ լաւ գիտնալով, որ քաղաքական-ռազմական աշխարհին վրայ շատ բան ալ աննախատեսելի է:
Այլ խօսքով, պարտաւոր ենք սեփական միջոցներով լուծում բերել ներազգային հակամարտութեանց ու մեր շրջապատէն մեզի հասնող ճակատագրական հարցերուն:
***
Թէ՛ Հայաստանի, թէ՛ հայկական սփիւռքին, թէ՛ մեզի անմիջականօրէն սահմանակից կամ հեռաւոր աշխարհագրական տարածքներու մէջ միշտ ալ պիտի ըլլան դրական ու բացասական զարգացումներ. պատմութիւնը լաւագոյն դաստիարակն է եւ պատգամաբերը:
Ինչպէս որեւէ ժողովուրդ ու երկիր, մենք ալ պիտի աճեցնենք այն գիտակցութիւնն ու քաղաքական մտածողութիւնը, թէ մեր ճակատագիրը, մեր հիմնահարցերուն լուծման բանալին առաջին հերթին կը գտնուի մեր բուռին մէջ, հետեւաբար պէտք է առաջին հերթին վստահինք մեր բազումներուն, հզօրացնենք զանոնք կարելի բոլոր գետիններուն վրայ: Ասոր գիտակցութիւնը հաւանաբար ունինք ըստ բաւականին. նոյնքան հրամայական է անոր գործնական կենսագործումը, բոլոր սերուդներուն հոգիին ու մտածողութեան մէջ ամրագրումը: Կրկնենք, հին ժամանակներէն ի վեր, մեծ ու հզօր երկիր-ժողովուրդ հասկացողութիւնները անպայման հողային տարածութեամբ կամ բնակչութեան թիւով չեն չափուած:
Թող չստեղծուի այն տպաւորութիւնը, որ երազատես ենք, մենք զմեզ կ՛անջատենք աշխարհի տաժանաբեր իրականութիւններէն: Գիտենք, որ ամէն բան միայն մեզմէ կախեալ չէ. հոս ալ պատմութիւնը լաւ դասատու է: Պէտք է անդրադառնանք սակայն, որ կան որոշ մարտահրաւէրներ, որոնց դիմակալումն ու յաղթահարումը բացառապէս մեզմէ կախեալ է (իբրեւ մանր օրինակներ` արձանագրենք մշակոյթի, ներքին քաղաքական ու տնտեսական-ընկերային բեմերը): Իսկ այն դաշտերուն մէջ, ուր բազմաթիւ գործօններ ու արտաքին ազդակներ խաչաձեւումներ կը ստեղծեն, պիտի զարգացնենք խաղին համապատասխան ոճեր որդեգրելու «արուեստը», որուն համար կարեւոր կէտ է իմացութիւնը այն ճշմարտութեան, որ դրսեցիին հետ գործակցութիւն-մրցակցութիւն խաղին մէջ, հիմնական ազդակ է «միւս կողմ»-ին շահերուն իմացութիւնը: Հետեւաբար հոս եւս կարեւոր է շրջանցել դրական կրաւորականութեան գործելակերպը եւ տեսնել, որ եթէ այլոց դատերը տեղ մը կը համապատասխանեն մեր դատի ուղիին, առ-եւ-տուրի գործընթաց ստեղծենք տուեալ կողմին (կողմերուն) հետ, սակայն` առանց մոռնալու սեփական բազուկին վստահելու օրէնքը: Տակաւին, փորձը մեզի ցոյց տուած է, որ արտաքին աջակցութեանց դրական ձեւաւորման մէջ ալ հիմնական է սեփական բազուկի-ձեռքի-միտքի դերակատարութիւնը: Դիտենք մեզ շրջապատող այլ փոքր երկիրներու-ժողովուրդներու պարագան, անոնց ձեռք բերած մեծ ու փոքր յաջողութիւնները…
Վերջապէս, չարենցեան` «փրկութիւնդ միասնական ուժիդ մէջ է» պատգամը պէտք է դիտել տարբեր բովանդակութեամբ ու նորոգուած երանգաւորումով` անոր հիմնական խարիսխն ու մեկնակէտը նկատելով մեր վերանկախացած հայրենիքը:
Սեպտեմբեր 2015