Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անդրադարձ. Երազենք Ու Աշխատինք, Որպէսզի Յառաջդիմենք Ու Ապրինք

September 22, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

vaho_9-21-15

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

Երէկ` երկուշաբթի, 21 սեպտեմբերին նշուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացման 24-րդ տարեդարձը: Համացանցի վրայ փնտռտուքի համար ամէնէն շատ օգտագործուող կայքը` «Կուկըլ»-ը այդ առիթով իր նշանակին վրայ զետեղեց Եռագոյն դրօշը: Մասնաւորաբար հետաքրքրական էր հայկական դրօշին ետին գոյութիւնը Արարատին:

Թուրքիոյ Հանրապետութեան մասնատման մասին մերթ ընդ մերթ հնչող շշուկներուն լոյսին տակ, «Կուկըլ»-ի դիտաւորեալ կամ ոչ դիտաւորեալ քայլը վստահաբար Թուրքիոյ մէջ, մասնաւորաբար ազգայնամոլական տրամադրութեանց աճի եւ նախընտրական ներկայ մթնոլորտին մէջ, պիտի յառաջացնէ աղմուկ եւ զայրոյթ, ինչպէս նաեւ` ազգայնական թեքում ունեցող կամ առնուազն այդպիսի թեքումի տէր քուէարկողները սիրաշահելու ձգտող կուսակցութիւններուն միջեւ զայն դատապարտելու մրցավազք:

Ինչ կը վերաբերի հայ ժողովուրդին, «Կուկըլ»-ի նշանակը յիշեցում մըն է, որ տակաւին չէ իրականացած մեր երազը` Ազատ, Անկախ եւ Միացեալ Հայաստանը: Այսօր ուրախ ենք, որ իրականացած է 70-ամեայ մեր երազը` վերանկախացած է Հայաստանի Հանրապետութիւնը, սակայն նոյնիսկ այդ երազը չէ ամբողջացած: Հպարտ ենք, սակայն նաեւ կ՛ընդունինք, որ այդտեղ, ինչպէս այլուր, գոյութիւն ունին լուծելի եւ յաղթահարելի քաղաքական ու տնտեսական հարցեր, ապրուստի դժուարութիւններ, արտագաղթ ու գործազրկութիւն:

Ահա թէ ինչու պէտք է շարունակել երազել: Ատիկա խթանն է յառաջդիմութեան: Վա՛յ այն օրուան, երբ ներկայ իրականութիւնը աւելի լաւ նկատենք երազէն: Զգացականութեան ծնունդ եղող այդ ինքնագոհութիւնը մեր հայրենիքի եւ ժողովուրդի ապագային նկատմամբ ոճիր է, անոնց յառաջդիմութեան մահն է:

Միւս կողմէ` այո՛, երազելը կարեւոր է, սակայն ոչ բաւարար: Յառաջդիմելու համար ոչ միայն պէտք է երազել, այլ նաեւ վերջինիս իրականացման համար աշխատիլ: Ուստի երազենք, որպէսզի մեր աշխատանքին նպատակը ներկայի պահպանումը չըլլայ, այլ աւելի լաւ ապագայի կերտումը: Կեանքին մէջ տեղքայլը բացառուած է. գոյութիւն ունի միայն երկու ընտրանք` նահանջել կամ յառաջդիմել, ուստի աւելի լաւին մասին երազենք ու ատոր համար աշխատինք, որպէսզի յառաջդիմենք ու ապրինք:

 

 

Նախորդը

Լիբանանի Քաղաքացիական Պատերազմի Նահատակներուն Նուիրուած Ձեռնարկ` Զահլէի Ակումբին Մէջ

Յաջորդը

Էրտողան Խորհրդարանին Մէջ «Միայն Տեղացի» Երեսփոխաններ Կ՛ուզէ Տեսնել

RelatedPosts

«Լուսատենչ»-ը`  Դպրեվանեան Ոգիի Լուստենչ Արձագանգը
Անդրադարձ

«Լուսատենչ»-ը` Դպրեվանեան Ոգիի Լուստենչ Արձագանգը

October 12, 2026
Ազգային Միացեալ Վարժարանը Հայրենի Հողն Է Հայուն
Անդրադարձ

Ազգային Միացեալ Վարժարանը Հայրենի Հողն Է Հայուն

October 12, 2026
Հայաստանի Քաղաքական Փակուղին Եւ Անոր Յաղթահարման Նախադրեալները
Անդրադարձ

Փաշինեանի Պայքարը Հայոց Կաթողիկոսին Դէմ

October 12, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.