Յօդուածներ

Արցախի Մէջ Պայքարը Վերսկսելու Առաջադրանք Հայաստանի Կառավարութեան Կոչը Համայն Մարդկութեան  Լեգրանի Վերջնագիրը Եւ Հայոց Դիմադրութիւնը Ճնշելու Մարտական Հրաման

Արցախի Մէջ Պայքարը Վերսկսելու Առաջադրանք Հայաստանի Կառավարութեան Կոչը Համայն Մարդկութեան Լեգրանի Վերջնագիրը Եւ Հայոց Դիմադրութիւնը Ճնշելու Մարտական Հրաման

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ Սիւնիքի վրայ յարձակման անցած կարմիր բանակը Կապանի շրջանին մէջ ծանր հարուած ստացած էր Գարեգին Նժդեհի մարտիկներէն: 10 հոկտեմբեր 1920-ին Կապան ազատագրուած էր, իսկ կարմիր բանակը քաշուած էր դէպի Գորիս: Կարմիր բանակի շուրջ 500 զինուորներ գերի ինկած էին Նժդեհի մարտիկներուն ձեռքը: Արցախի մարտական ուժերու հրամանատար Թեւան Ստեփանեան Կապանի մէջ Նժդեհի հետ զինուորական պատրաստութիւններ կը տեսնէր, նոր ուԺերով ու զէնքերով...

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող.  Յաղթանակները Հպարտ ու Արժանապատիւ Մարդկանց Ժառանգութիւնն Են

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող. Յաղթանակները Հպարտ ու Արժանապատիւ Մարդկանց Ժառանգութիւնն Են

Մայիսը աւանդաբար տօնական է եղել մեզ համար, հպարտութիւն են ներշնչել այս ամսին նուաճած պատմական յաղթանակները, շօշափելիօրէն զգացել ենք, որ մեր միասնականութեամբ ունակ ենք հրաշքներ գործելու: Այսօր մայիսը եւ մայիսեան յիշարժան օրերը անցկացնում ենք գլխիկոր, նուաստացած, սեփական կողմնորոշիչներն ու յենարանները կորցրածի շփոթմունքով: Սեփական իշխանութեան թշնամական լռութեան պայմաններում մի քանի կազմակերպութիւններ եւ անհատներ յիշեցին եռատօնի մասին, եւ վստահութիւն յայտնեցին, որ ոչինչ աւարտուած...

Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2025-ի Հինգերորդ Թիւը

Լոյս Տեսաւ ՀՅԴ Պաշտօնաթերթ «Դրօշակ»-ի 2025-ի Հինգերորդ Թիւը

Հրապարակուած է «Դրօշակ»-ի 2025-ի 5-րդ թիւը:  Աւանդաբար մայիսը հայութեան համար եղած է տօնական ամիս, եւ համապատասխան նիւթերն ու տրամադրութիւնները կ՛արտացոլան լրատուական եւ քարոզչական միջոցներուն մէջ: Բայց քանի մը տարիէ մայիսը կը դիմաւորենք ծանր ապրումներով, ճակատագրական կորուստներու չմարող ցաւը մեր ներաշխարհին մէջ է: Այս թեմաներն ու մտածումները, ինչպէս նաեւ այսօրուան իրականութեան ծնունդ տուած պատճառներու վերլուծումը կարմիր գիծի նման կ՛արտացոլան «Դրօշակ»-ի այս...

Կոչ` Լոս Անճելըսի Զօրակցութեան

Յայտարարութիւն

Հայ օգնութեան միութեան Կեդրոնական վարչութիւնը  խոր մտահոգութեամբ կը հետեւի Հայաստանի մէջ արձանագրուող վերջին  իրադարձութիւններուն եւ զարգացումներուն, որոնց կիզակէտը դժբախտաբար Հայաստանեայց առաքելական սուրբ եկեղեցին է: ՆՍՕՏՏ Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը տուեալ պահուն մարմնացումն է Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի պատմական, ազգային եւ կրօնական առաքելութեան: Վեհափառին անձին դէմ արձանագրուող իւրաքանչիւր կեցուածք եւ հասցէագրուած վերագրում` խորքին մէջ հարուած մըն է Հայաստանեայց առաքելական սուրբ...

Սփիւռքացմանաղէտը  Հայ Ազգի Քաղաքական  Օրակարգ Չէ, Ոչ Ոք Կը Պայքարի Անոր Դէմ

Աստ Եւ Անդ, Հայը Կը Գոհանայ Խօսքով

Յ. ՊԱԼԵԱՆ Հայկական լրատուամիջոցներ կը խօսին եւ կը գրեն  այս կամ այն երկրի քաղաքական յայտնի եւ նուազ յայտնի դէմքի եւ ժողովի` հայերու, Հայ դատի, Արցախի տեղահանուածներու եւ հայ բանտարկեալներու վերաբերող սիրտ հովացնող արտայայտութիւններու մասին` այդ խօսքերը յաղթանակ համարելով: Վարժ ենք լսելու ծիսական արտայայտութիւններ եւ աւանդական գոհունակութիւն ունենալ: Հարցում. խօսքերուն նախորդող եւ անոնց յաջորդող օրերուն միջեւ հայկական կացութեան վերաբերող տարբերութիւն եղա՞ծ...

Ոտնակոխ Տունը

Ընտրովի Մահաքուն Բ. Կատարում Եւ Մեկնաբանութիւն

ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ Ա.- Որմազդը.- Չոր ճաթռտած (մասնատուա՞ծ) տափաստանի (սփի՞ւռք) մէջ առանձին (արուեստագէ՞տ), ջլատուած կիզուած արմատներով (ածխացած անաւիշ աւա՞նդ) եւ ջարդուած ճիւղերով (յօտուած ապագա՞յ) ծառը ակնբախօրէն ՄԱ՛Հ , ոչնչացում կը թելադրէ, եւ ոչ` «կեանք»: Ո՛չ բարի: Այդ հակադիր է  «Պարոն Կարպիս»-ի ցանել մտադրած ծառին, որ գեղեցիկ խորհրդանիշ մըն է: Խորհրդանշական ծառ մը կը յայտնուի ներկայ թատերակին մէջ եւս` իբրեւ անխնամ մնացած...

«Ալիք»-ի Խմբագրատան Մօտ Պատահած Պայթումը  Ժամանակաւորապէս Կ՛առկախէ Թերթին Հրատարակութիւնը

«Ալիք»-ի Խմբագրատան Մօտ Պատահած Պայթումը Ժամանակաւորապէս Կ՛առկախէ Թերթին Հրատարակութիւնը

Իրանի վրայ իսրայէլեան յարձակումներուն երրորդ օրը, իսրայէլեան հրթիռ մը թիրախաւորեց Թեհրանի մեր պաշտօնակից «Ալիք» օրաթերթի խմբագրատունը: Պայթումը նիւթական ծանր վնասներ հասցուց խմբագրատան: Մարմնական վնասներ չարձանագրուեցան:

Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)

Իմ Սիւնակը – Ձեր Աշխարհը. Ապրեցա՛նք, Յաղթանակի Մեծութիւնը («Քնար» Պարախումբի Ելոյթին Առիթով)

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ Եթէ երբեք կատարելապաշտութիւնը դարերու խորերէն մեզի հասած մտքի ու հոգիի զուգընթաց աշխատանքի արտայայտութիւն է, իմացական դպրոց, դէպի վերելք տանող ճանապարհ, ապա` անոր հասնելու ձգտումը, ճիգն ու կամքը, հաւատամքը, էական տարրեր են` յաղթանակներ կերտելու եւ հաւաքական կեանքին ուժ եւ կորով սնուցելու: Միւս կողմէ ալ, ըսուած է, չէ՞, որ յաղթանակ հասկացութիւնը բազում իմաստ եւ համապարփակ «երես» ունի, երբ կը վերաբերի...

Անդրադարձ.  Քիչ Մը Գիտութիւն՝ «Անհրաժեշտ Բայց Ոչ Բաւարար»-ի եւ «Ներազդող»-ի Մասին, Որ Հաւանաբար Կը Լուսաբանէ Հայաստանի Ներկայ Իրավիճակը

«Դարձ Դէպի Թուրքիա. Ինչո՞ւ ՕԹԱՆ-ը Պէտք Է Թեքի Իր Յարաբերութեան Մէջ»

ՅԱՐՈՒԹ ՉԷՔԻՃԵԱՆ Ռէնտ ամերիկեան պետական-զինուորական հետազօտութեան 1850 պաշտօնեայ ունեցող ռազմավարական կեդրոնի աւագ վերլուծաբան Ռեպեքա Լուքըսի (1) 18 մարտ 2025-ի մեկնաբանութեան խորագիրն է վերոնշեալը (2): «Թուրքիոյ հետ ՕԹԱՆ-ի գործընկերութեան խորացումը մտածելակերպի փոփոխութիւն կը պահանջէ: Եւրոպացի առաջնորդները պէտք է հրաժարին այն պատրանքէն, թէ` Թուրքիան երբեւէ արեւմտեան արժէքներով առաջնորդուող դաշնակից մը կրնայ դառնալ, ինչ որ Եւրոպան կը փափաքի: Փոխարէնը` անոնք պէտք է գործ...

Սուրիա` Նոր Մարտահրաւէրներու Դէմ Յանդիման

Հայկական Գաղութները Միջին Արեւելքի Մէջ. Մարտահրաւէրներ, Հնարաւորութիւններ Եւ Գոյատեւման Ուղիներ

ՎԵՐԱ ԵԱԳՈՒՊԵԱՆ 1- Հայկական գաղութները Միջին Արեւելքի մէջ` պատմական շարունակականութիւն եւ ներկայի անորոշութիւն Հայկական գաղութները Միջին Արեւելքի մէջ կը ներկայացնեն սփիւռքի գոյատեւման եւ փոխակերպման եզակի օրինակ մը` իբրեւ հին, բազմաշերտ եւ միջինարեւելեան հասարակութիւններու յատուկ դիմագիծով սերտօրէն ձեւաւորուած փոքրամասնութիւններ: Այս գաղութները, որոնց ներկայութիւնը ունի դարերու խորք, վերածուած են ոչ միայն մշակութային ինքնութիւն պահողներու, այլեւ` տնտեսական, կրթական եւ երբեմն նաեւ քաղաքական հաւասարակշռութեան...

Ազրպէյճան Մտադիր Է Գրաւել Հայաստանը Եւ Ստեղծել «Արեւմտեան Ազրպէյճան»

Ժամանակն Է Դատ Բանալու Թուրքիոյ Դէմ. Ցեղասպանութեան Յաւելեալ Ճանաչման Կարիք Չկայ

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ 1915 թուականի Հայոց ցեղասպանութենէն ի վեր հայերը անդադար պայքարած են աշխարհին տեղեկացնելու Օսմանեան կայսրութեան կողմէ գործուած 1,5 միլիոն հայերու համակարգուած ոչնչացման մասին: Իբրեւ արդիւնք` աւելի քան 30 երկիրներ, շարք մը միջազգային կազմակերպութիւններ եւ առաջատար ցեղասպանագէտներ ճանչցած են Հայոց ցեղասպանութեան ճշմարտացիութիւնը: Այս բոլոր ճանաչումներէն ետք Հայոց ցեղասպանութիւնը դարձած է ընդունուած իրողութիւն` ուղղակի կշտամբանք Թուրքիոյ ժխտողական քարոզչութեան: Ցաւօք քանի մը...

Ոտնակոխ Տունը

Ընտրովի Մահաքուն Ա.

ՀՐԱՉ ՊԱՐՍՈՒՄԵԱՆ «Թեաթրոն» թատերախումբը 10-30 մայիսի ընթացքին, Սուրէն Խտըշեանի բեմադրութեամբ, լեցուն սրահներու դիմաց ներկայացուց Վահէ Պէրպէրեանի «Կեանք» թատերակը` հինգ ելոյթներով: Դիտած եմ վերջին երկուքը: Ողջունելի է հայկական ժամանակակից թատրերգութեան մը ընտրութիւնը: Այս մասին երկու կարծիք չկայ: Իսկ հեղինակին ներկայութեամբ նման բարդ գործով բեմ բարձրանալու փորձը կը ստանայ արիութեան երկաթեայ շքանշան: Շա՛տ բարի: Ցարդ հրապարակուած են հինգ գնահատական ակնարկներ: Պարզ է,...

Յարգանք` Հայրենիքի Ազատութեան Համար Նահատակուած  Քսան  Կախաղաններուն

Յարգանք` Հայրենիքի Ազատութեան Համար Նահատակուած Քսան Կախաղաններուն

ԱՀԱՐՈՆ ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ Հայ ազգային ազատագրական    տարեգրութեան մէջ անմոռանալի թուական մըն է 15 յունիս 1915-ը (2 յունիս), ուր  ժողովուրդի զանազան խաւերէն սերած քսան անվեհեր գործիչներ քսան ողորկ  պարաններու ծայրը ճօճուեցան գաղափարի իրականացման ճամբուն վրայ: Իտէալը, որ պաշտեցին, եւ որուն համար զոհուեցան,   համահայկական եւ համամարդկային էր: Տառապանքը, անհանդուրժելի ատելութիւնը, բռնութիւնները եւ հայ ժողովուրդին հասցէին նախատինքը ժամանակի ընթացքին անպայման պիտի  ցնցէին իրաւազուրկ մեր ...

Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ

Տոմս. Տրամաբանութիւն Մի՛ Փնտռէք

Ս. ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ Թրամփի վարչամեքենան պատժամիջոցներ ճշդած է Միջազգային քրէական դատարանի (ICC) անդամներէն չորսին դէմ, որովհետեւ յանդգնած են քննութիւն բանալ կազացիներուն դէմ Իսրայէլի ոճրային արարքներուն դէմ: Այլ խօսքով, երբ աշխարհի չորս ծագերէն բողոքի եւ քննադատութեան ձայներ կը բարձրանան, թէ իսրայէլեան բանակն ու անոր քաղաքական եւ զինուորական ղեկավարները ամէն օր նոր ոճիրներ կը գործեն կազացիներուն դէմ, ցեղասպանութիւն կը գործեն, զանոնք մինչեւ իսկ...

«Մշակուած Են Ճարտարարուեստի Մարզի Սեփականատէրերուն Նպաստաւոր Պայմաններ Եւ Անոնց Աշխատանքը Դիւրացնող Ու Յաւելեալ Շահեր Ապահովող Նոր Դրութիւններ»   Շեշտեց Նազարէթ Սապունճեան

Նազարէթ Սապունճեանի Դամբանական

ՇԱՀԷ ԱՐՔ. ՓԱՆՈՍԵԱՆ Առաջնորդ Լիբանանի Հայոց «Եկէ՛ք, Հօրս կողմէ օրհնեալներ, եւ ժառանգեցէ՛ք այն արքայութիւնը, որ ձեզի համար աշխարհի սկիզբէն պատրաստուած է»: Մտթ. 25:34 Եւ երբ Մարդու Որդին իր փառքով գայ` բոլոր հրեշտակներուն հետ, պիտի նստի իր թագաւորական գահին վրայ: Բոլոր ազգերը պիտի հաւաքուին իր դիմաց, եւ ինչպէս որ հովիւը ոչխարները այծերէն կը զատէ, մարդիկը իրարմէ պիտի զատէ: Ոչխարները պիտի կանգնեցնէ...

Եռամիասնութեանց Ուղեւորը

Խստապահանջ ու Պարտաճանաչ Դաշնակցականը` Նազարէթ Սապունճեան

ՀՅԴ «ՀՐԱՅՐ ՄԱՐՈՒԽԵԱՆ» ԿՈՄԻՏԷ Սրտի խոր կսկիծով վերջին հրաժեշտը տուինք երկար տարիներու վաստակաշատ, պարտաճանաչ եւ բծախնդիր երէց ընկերոջ` Նազարէթ Սապունճեանին: Ան` իբրեւ տիրական դէմք, մեծ ներդրում ունեցած է բոլոր այն կազմերուն, կոմիտէներուն, ժողովներուն եւ կուսակցական թէ այլ յանձնախումբերուն մէջ, զորս ընդհանրապէս նախագահած է, կամ որոնց անդամակցած է: Ն. Սապունճեան միշտ եղած է խստապահանջ, կարգ ու կանոն, փրոթոգոլ պարտադրող, գրաւոր թէ...

Ազնիւ Եւ Նուիրեալ ՀՄԸՄ-ականը

Ազնիւ Եւ Նուիրեալ ՀՄԸՄ-ականը

ՀՄԸՄ-Ի ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԱՍՆԱՃԻՒՂ Այսօր կանգնած ենք լռութեան մէջ` այնպիսի եղբօր մը յիշատակին առջեւ, որ իր ողջ կեանքը ապրեցաւ ոչ միայն իր ընտանիքին, այլ նաեւ իր ժողովուրդին, հայրենիքին եւ ՀՄԸՄ-ին ծառայելու բարձր գիտակցութեամբ: Խոր տխրութեամբ եւ խոնարհ սրտով հաւաքուած ենք հրաժեշտ տալու մեր ՀՄԸՄ-ական սիրելի եւ երէց եղբօր` Նազարէթ Սապունճեանին, որ եղաւ ՀՄԸՄ-ի ա՛յն նուիրեալ անդամներէն մէկը, որուն կեանքը կենդանի վկայութիւնն...

Նազարէթ Սապունճեանի Յիշատակին

Նազարէթ Սապունճեանի Յիշատակին

ՀՐԱՆՈՒՇ ՅԱԿՈԲԵԱՆ ՀՀ սփիւռքի հիմնադիր նախարար, ՀՀ արտակարգ եւ լիազօր դեսպան, իրաւաբանական գիտութիւնների դոկտոր, փրոֆէսէօր Սապունճեանի գերդաստանի բոլոր անդամներին, սգակիր կնոջը` Սիլվային, սիրասուն զաւակներին, լիբանանահայ համայնքին Ցաւալի է, որ այսօր մեզ հետ չէ լաւագոյն հայ,  ազնուագոյն բարեկամ, ազգային գործիչ, հայրենասէր եւ ազգասէր Նազարէթ Սապունճեանը: Խորապէս վշտակցում  եմ Սապունճեան ընտանիքին, քեզ` սիրելի՛ եւ համեստափա՛յլ Սիլվա, գործունեայ եւ կարող որդիներ, հարսներ ու...

Քրիստոսաբոյր Արգասաբեր Կեանք Մը  (Յարութ Եղբ. Գարատաղլեանի Մահուան Քառասունքին Առիթով)

Քրիստոսաբոյր Արգասաբեր Կեանք Մը (Յարութ Եղբ. Գարատաղլեանի Մահուան Քառասունքին Առիթով)

ԿԱՐՕ ՍՐԿ. ԱՂԱԶԱՐԵԱՆ «Որովհետեւ ինծի համար կեանքը Քրիստոս է, եւ ուստի մեռնիլ` այդ կեանքը շահիլ կը նշանակէ» (Փիլիպպեցիս 1.21) Քրիստոնէական կեանքը ճշգրիտ ապրիլը մարտահրաւէր է բոլորիս համար: Եթէ պահ մը բաղդատենք անցեալի եւ ներկայի հաւատացեալները, ապա մեծ տարբերութիւն պիտի տեսնենք այս երկուքին միջեւ: Անշուշտ այս իրողութեան պատճառներն ալ կեանքի սրընթաց զարգացող արհեստագիտութիւնն ու մարդը Աստուծմէ հեռացնելու քայլերն են: Որքան հնչեղ...

Բա՛ւ Է Խօսինք. Աշխատանքը Կը Սպասէ Բոլորիս

Յանձնառու Պիտի Դառնա՞նք Վաղուան Ամբողջական Եւ Անկախ Հայաստանին…

ԱՀԱՐՈՆ  ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ Յանձնառու պիտի դառնա՞նք վաղուան   ամբողջական եւ անկախ  Հայաստանին... Ժողովուրդներու հիմնական մտահոգութիւնը իրենց գոյութեան պահպանումն է:  Քաղաքակիրթ եւ կազմակերպուած ժողովուրդներ իրենց գոյութիւնը եւ  բարգաւաճումը կը կազմակերպեն  համապատասխան ռազմավարութեամբ եւ  ղեկավարութեամբ: Ժողովուրդի մը գոյապահպանումը կախեալ է տուեալ  պետականութեան կենսունակութեան մակարդակէն: Նախ` ի՞նչ կը հասկնանք «ժողովուրդի մը  գոյութիւն» հասկացողութեամբ. անոր ֆիզիքական անվտանգութիւնը, ազգային, կենսական շահերու պաշտպանութիւնը,  երկրին տարածքային ամբողջականութիւնը,   գերիշխանութիւնը, անկախութիւնը, ...

Page 101 of 1110 1 … 100 101 102 … 1,110

Արխիւներ