ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ
Եթէ երբեք կատարելապաշտութիւնը դարերու խորերէն մեզի հասած մտքի ու հոգիի զուգընթաց աշխատանքի արտայայտութիւն է, իմացական դպրոց, դէպի վերելք տանող ճանապարհ, ապա` անոր հասնելու ձգտումը, ճիգն ու կամքը, հաւատամքը, էական տարրեր են` յաղթանակներ կերտելու եւ հաւաքական կեանքին ուժ եւ կորով սնուցելու:
Միւս կողմէ ալ, ըսուած է, չէ՞, որ յաղթանակ հասկացութիւնը բազում իմաստ եւ համապարփակ «երես» ունի, երբ կը վերաբերի ազգային պարունակին, հայ կեանքին, որ այս օրերուն կը դիմագրաւէ այլազան դժուարութիւն եւ մարտահրաւէր:
Փաստօրէն, գաղութահայ կեանքին բնորոշ իւրաքանչիւր գործունէութիւն, որ իր մէջ կը բովանդակէ մշակութային որակաւոր սերմեր ու կազմակերպչական յստակ եւ լուրջ մօտեցում, ծրագիր եւ աշխատանք, ինքնին նուաճում մըն է, որով պէտք է խանդավառուիլ, հպարտանալ, առաւել զօրանալ եւ ի մասնաւորի անդրադառնալ, որ լաւագոյնին, աւելի՛ն, կատարեալին հասնելու համար անհրաժեշտ են լուսաւոր մտքի ու հզօր կամքի տէր անհատականութիւններ, ընկերային ու հաւաքական կեանքին մէջ իրենց անյեղլի դրոշմը ամրագրած մասնագէտ-ուսուցողներ, որոնց ծառայութեամբ եւ նուիրումով կարելի պիտի ըլլայ վերանորոգուիլ, վերաշխուժանալ ու վերահայանալ:
Ի դէպ, կրնայ առարկուիլ, որ վերեւի տողերը չափազանցուած են, վարդագոյն ակնոցով դիտուած նկատումներ են, որոնք այդքան ալ գաղութահայ կեանքին իրական «դէմք»-ը ցոյց չեն տար, որովհետեւ սփիւռքացած հայու առօրեան յղփացած է յոռի երեւոյթներով` ապազգային վարքագիծ, յափշտակուած եսասիրութիւն, անտարբեր մօտեցումներու եւ ապրելակերպի «հանդէս»-ներ, ցուցամոլութիւն, հայկական շունչի եւ ոգիի ամլացում, ազգային արժէքներու ուրացում եւ այլն, եւ այլն:
Այդուամենայնիւ, մեր գաղութը ատենէ մը ի վեր, հակառակ երկրի դաժան պայմաններուն, կ՛ապրի որոշակի աշխուժութիւն` տարբեր ոլորտներու մէջ` կրթականի առընթեր, մշակութային-գեղարուեստական նկատելի յաջողութիւններ արձանագրելով:
Այս առումով` կենդանի եւ ոգեւորիչ յարացոյց մըն էր «Քնար» պարախումբի ելոյթը:
Արդարեւ յունիս 4-ին նման մտորումներու հրայրք մը ապրեցանք, երբ ականատես եղանք մշակութային որակաւոր ներկայացման մը, այս պարագային` ի դէմս Համազգայինի «Քնար» պարախումբի ելոյթին, որ Լիբանանի շքեղ սրահներէն` «Քազինօ Տիւ Լիպան»-ի մէջ, գեղեցկօրէն պատրաստուած յայտագիրով մը հմայեց աւելի քան հազար հանդիսատեսներ, որոնք եկած էին վայելելու ճոխ եւ գուներանգ ոճերով յագեցած պարարուեստի երեկոյ մը:
Իրօք, պարային համոյթ մը, որ բոլորին գնահատանքին եւ ջերմ զգացումներուն արժանացաւ, պարզապէս որովհետեւ իսկական ՅԱՂԹԱՆԱԿ մըն էր` նկատի առած աշխատանքին բազմապիսի ստորոգելիները:
Արդար է արձանագրել եւ հպարտօրէն ընդգծել, որ երկրի ահաւոր եւ անորոշ կացութեան դէմ յանդիման, երբ տակաւին տնտեսական տագնապն ու պատերազմի անդոհանքը բոլորիս դռներուն է, երբ գաղութահայ կեանքը իր ուժականութենէն եւ ազգային առանձնայատկութենէն շատ բան զիջած է, երբ Հայաստանի քաղաքական երկնակամարը կ՛եռեւեփի, երբ Արցախի կորուստով` շշմած է ամբողջ հայութիւնը, երբ գաղութի ընդհանուր պատկերը` արտագաղթ, թուաքանակի նուազում, խառն ամուսնութիւնն ու օտարամոլութիւնը կը կրծէ մեր հաւաքական հոգեաշխարհը: Ահա այս բոլորի դիմաց, Համազգայինը` իր սրբազան առաքելութեան հաւատարիմ, կը շարունակէ իր նուիրական երթի ու հաւատամքի յանձնառութիւնը, տէր եւ թիկունք կանգնելով հայ մշակոյթին:
Արդ,
Ինչպէ՛ս չհրապուրուիլ ի տես երիտասարդական փաղանգի մը, որ սորվելէ եւ քրտինք թափելէ ետք, բեմին վրայ կը մատուցէ գեղարուեստական շունչով յագեցած պարային յայտագիր մը, որ ազգային-ազգագրականին առընթեր կ՛ընդգրկէր տարբեր ժողովուրդներու պարերն ու երաժշտութիւնը:
Ինչպէ՛ս չսքանչանալ ի տես գեղեցիկ ու վայելուչ տեսակաւոր տարազներու, որոնք ոճային իւրայատկութիւն ունենալով հանդերձ, տարբեր «բոյր»-ով համակած էին բեմի տղաքն ու աղջիկները:
Ինչպէ՛ս չխանդավառուիլ ի տես հարիւրէ աւելի անդամ հաշուող պարի խումբ մը, որ յախուռն կեցուածքով եւ ինքնավստահօրէն հանդիսատեսին կը ներկայացնէ գեղարուեստական բարձրորակ ելոյթ մը, արժանանալով ի սրտէ ծափողջոյններու:
Իսկ ամէնէն առինքնողը, լուսաւոր բեմին վրայ, հայկական ոգի ու կեանք սնուցող իւրաքանչիւր պարողի ժպիտով ցոլացող դէմքն էր, փայլփլող աչուըները, հայ մշակոյթի հանդէպ տածած սէրն ու լաւագոյնը մատուցելու ներքին մղումն էր, աւելի՛ն. խանդն ու պատրաստակամութիւնը, այլապէս ալ ՅԱՂԹԱՆԱԿ-ի բուրմունքը իր վաւերականութեամբ` իւրաքանչիւր հանդիսատեսի ներաշխարհին մէջ ամրագրելու հաստատակամութիւնը:
Կարելի՞ է յաղթանակի մասին խօսիլ, եթէ երբեք ատոր ետին կանգնած չտեսնել ճիգն ու ջանքը վաստակաւոր պարուսոյցներու` յանձինս Կարէն եւ Ժագլին Մակինեան ամոլին, որոնց շունչին, փորձառութեան, անդուլ աշխատանքին եւ կոչումին արգասիքն էր ելոյթը:
Հապա՞ յուզիչը, երբ պարախումբին միացան կրտսեր սերունդի տղաքն ու աղջիկները, շրջանաւարտ երէցները:
Երէցներ, որոնց դէմքին վրայ կ՛արտացոլային տարբեր տեսակի հպարտութիւն եւ յաղթանակի զգացողութիւն, որովհետեւ անոնք իրենց ժամանակին կրցեր էին տալ լաւագոյնը, իսկ այսօր կը տեսնէին այդ նուիրումին արդիւնքը` նորահաս սերունդի ներկայութեամբ:
Հուսկ,
Ի սրտէ ողջոյնի խօսք նաեւ բոլոր անոնց, որոնք իրենց ներդրումը ունեցած են նման ազգանուէր աշխատանքի մը կենսագործման ի խնդիր:
Այո՛, ըմբռնել է պէտք, որ կամաւոր, վարչական թէ կազմակերպչական որեւէ գործունէութիւն առաւել կ՛իմաստաւորուի եւ արդիւնաւէտ կը դառնայ, երբ անոր կը զուգորդուի ծրագրուած աշխատանք, երբ կ՛ունենայ տեսլական եւ հայեացքը կ՛ուղղէ սրբազան լեռ Արարատին, որպէսզի ամբարէ նախնեաց ներուժը եւ կերտէ նորանոր յաղթանակներ:
Աւարտին, թող պարարուեստի մասնագէտները քիչ ետք իրենց գնահատանքի թէ քննադատի խօսքը ուղղեն, բայց մեր կարգին արձագանգենք, որ հայաշունչ եւ հոգեթով մթնոլորտին շաղախուելով` իսկապէս ապրեցա՛նք հայ մշակոյթի, եւ ի մասնաւորի հայկական պարարուեստի յաղթանակը: