ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ
Սիւնիքի վրայ յարձակման անցած կարմիր բանակը Կապանի շրջանին մէջ ծանր հարուած ստացած էր Գարեգին Նժդեհի մարտիկներէն: 10 հոկտեմբեր 1920-ին Կապան ազատագրուած էր, իսկ կարմիր բանակը քաշուած էր դէպի Գորիս:
Կարմիր բանակի շուրջ 500 զինուորներ գերի ինկած էին Նժդեհի մարտիկներուն ձեռքը:
Արցախի մարտական ուժերու հրամանատար Թեւան Ստեփանեան Կապանի մէջ Նժդեհի հետ զինուորական պատրաստութիւններ կը տեսնէր, նոր ուԺերով ու զէնքերով վերսկսելու համար պայքարը: Նժդեհ Թեւանի առջեւ առաջադրանք դրաւ Ղարաբաղի մէջ կեդրոնացած կարմիր բանակի միաւորները քշելու եւ ամէն գնով Արցախը մայր հայրենիքին վերամիաւորելու:
* * *
Հայ-թրքական ճակատին վրայ քանի մը օրէ ի վեր համեմատական հանդարտութիւն կը տիրէր: Թրքական բանակը հոկտեմբեր 10-ին կրկին յարձակման անցաւ, բայց չյաջողեցաւ էական յաջողութիւն արձանագրել:

Հայկական բանակի զօրամասերը սկսան հալածել քրտական հեծելազօրքը, իսկ թրքական բանակի ստորաբաժանումներու յարձակումը կասեցուեցաւ Կաղզուանի ուղղութեամբ: Հայկական զինուած ուժերը սկսան ռմբակոծել թրքական մատակարարման գիծերը:
* * *
Հայրենիքին սպառնացող վտանգին ի տես Հայաստանի կառավարութիւնը հոկտեմբեր 8-ին կոչ մը յղեց համայն մարդկութեան, ուր նշուած էր, որ օսմանեան կառավարութիւնը չի ցանկար հաշտուիլ ազատ Հայաստանի գոյութեան հետ եւ Քեմալի գլխաւորութեամբ յարձակման անցած է Կարսի, Օլթիի, Արտահանի եւ Սարըղամիշի ուղղութեամբ:

«Մշակ» թերթը 14 հոկտեմբեր 1920-ի թիւով կը գրէր. «Հայաստանի կառավարութիւնն այս ճգնաժամային րոպէին ամբողջ հայ ժողովրդի անունից դիմում է բովանդակ աշխարհի քաղաքակիրթ ժողովուրդներին եւ նրանց կառավարութիւններին` վճռական բողոք յայտնելով թուրք նացիոնալիստների սեւ մտադրութիւնների դէմ եւ ջերմ կոչ է ուղղում` օգնել Հայաստանին` իր հայրենիքի պատուի, ազատութեան ու անկախութեան համար հայ ժողովրդի մղած սրբազան պատերազմում»:
Թիֆլիսի մէջ Անդրկովկասի ֆրանսական հիւպատոս եւ գերագոյն կոմիսար Նեթեման, արձագանգելով Հայաստանի դիմումին, ըսաւ.
«Ես համոզուած եմ որ Հայաստան անպայման կը յաղթէ թուրք ազգայնականներուն: Հայ զօրքը արժանի է ամէն գովասանքի, իբրեւ կարգապահ ու քաջարի զօրք: Ներկայիս ստեղծուած է դրութիւն մը, որ թոյլ չի տար դաշնակիցներուն իրենց ուժերը ուղարկելու Անատոլու` հայ ուԺերուն անմիջական ռազմական օգնութիւն ցոյց տալու համար: Դաշնակիցներու զօրքերը անհամեմատ օգտակար են միւս ռազմաճակատներուն վրայ»:
Փարիզ գտնուող Աւետիս Ահարոնեան հանդիպում ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու, Անգլիոյ, Ֆրանսայի եւ Յունաստանի ներկայացուցիչներուն հետ, տեղեկութիւններ տուաւ թրքական յարձակման մասին եւ օգնութիւն խնդրեց: Սակայն այդ պետութիւնները ոչ մէկ միջոց ձեռնարկեցին եւ բաւարարուեցան միայն բանաւոր յայտարարութիւններով:
* * *
Ռուսիոյ արտաքին գործոց ժողովրդական կոմիսար Գէորգի Չիչերին Պորիս Լեգրանի յայտնեց, որ հայ-թրքական պատերազմին միջամտելու կարիք չկայ, քանի որ թրքական զօրքերը կանգնած են Սարըղամիշ-Շահթախթ գիծին վրայ:
Իր կարգին Լեգրան Չիչերինի յայտնեց, որ կը պատրաստուի Հայաստանի կառավարութեան ներկայացնելու Թուրքիայէն տարածքներ գրաւելէն հրաժարելու եւ Խորհրդային Ռուսիան միջնորդ ճանչնալու պահանջը:
Լեգրան Չիչերինի հետ քննարկեց նաեւ Հայաստանը խորհրդայնացնելու հարցը` նշելով, որ ներկայ փուլին ատիկա կրնայ անցանկալի հետեւանքներ ունենալ: Մասնաւորաբար Չիչերին մտահոգուած էր հրոսակային կռիւներու եւ դիմադրութեան հանդիպելէ, որ կրնար խարխլել Ռուսիոյ հեղինակութիւնը:
Նոյն ժամանակ Հայաստանի համայնավար կուսակցութիւնը կոչ ուղղեց բանուորներուն եւ գիւղացիներուն` «Խորհրդային Ռուսաստանի պրոլետարիատի հետ միահամուռ ուժերով խորտակելու միջազգային իմպերիալիզմի հայկական-դաշնակցական լուծը»:
* * *
Հայաստանի կառավարութեան հետ բանակցելու նպատակով Պորիս Լեգրանի պատուիրակութիւնը հոկտեմբեր 11-ին Երեւան հասաւ:
Լեգրան երեք կէտերէ բաղկացած վերջնագիր ներկայացուց.
ա) Հրաժարիլ Սեւրի դաշնագիրէն.
բ) Թոյլ տալ խորհրդային զօրքերուն իրենց զինամթերքով անցնելու Հայաստանի երկաթուղագիծերէն ու խճուղիներէն` միանալու համար Մուսթաֆա Քեմալի զօրքերուն` դաշնակիցներուն դէմ կռուելու նպատակով.
գ) Հայաստանի եւ իրանցիներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող սահմանային վէճերու լուծումը յանձնել Խորհրդային Ռուսաստանի իրաւարարութեան:
Լեգրան Հայաստանի իշխանութիւններուն 48 ժամ պայմանաժամ տուաւ պատասխանելու համար:
Հայաստանի կառավարութեան պատասխանին վերջնական խմբագրուած տարբերակը կազմեց Համբարձում Տէրտէրեան եւ ներկայացուց խորհրդային պատուիրակներուն:
Համբարձում Տէրտէրեան Երեւանի անգլիական այգիին մէջ գաղտնի հանդիպում ունեցաւ Լեգրանի պատուիրակութեան անդամ Սահակ Տէր Գաբրիէլեանի հետ:
Սահակ Տէր Գաբրիէլեան ողջունեց Հայաստանի կառավարութեան մօտեցումը եւ ըսաւ, որ Լեգրան կը կարծէր թէ հայերը պիտի մերժեն իրենց վերջնագիրը, որմէ ետք խորհրդային զօրքերը Հայաստան պիտի ներխուժեն: Տէր Գաբրիէլեան նաեւ խորհուրդ տուաւ ձգձգելու բանակցութիւնները եւ այդ միջոցին, որքան որ հնարաւոր է, վերջ տալու թուրքերուն հետ սկսած պատերազմին:
* * *
Հայկական բանակը հոկտեմբեր 13-ին օդանաւով ռումբեր նետեց Գոլիվանդ գիւղին վրայ, ուր թուրքեր մեծ քանակութեամբ սայլեր հաւաքած էին:
Նոյն օրը երեկոյեան թրքական բանակը կրկին յարձակման անցաւ Հարամ-Վարդանի ուղղութեամբ, եւ յաջողեցաւ գրաւել Գարմալի եւ Ղարախաչ գիւղերը, ինչպէս նաեւ Սուրբ Եղիայի (Զիարէթ) բարձունքը: Սակայն թշնամին հայկական պահեստի գումարտակներուն հանդիպելով ետ շպրտուեցաւ եւ վերադարձաւ ելման դիրքեր:
Հոկտեմբեր 14-ին հայկական ուժերը հակայարձակման անցան:
* * *

Գարեգին Նժդեհի մարտիկները կարմիր բանակի շուրջ 500 զինուոր գերեվարած էին, որոնք շուտով մեծ դժուարութիւններ ստեղծեցին: Սննդամթերքի եւ պահակներու պակասի պայմաններուն տակ դժուար էր այդքան գերիներ կերակրել եւ պահպանել:
Նժդեհ Հայաստանի իշխանութիւններուն նամակ ուղարկեց, ուր կ՛ըսէր.
«Տնտեսական սուր կրիզիսի շնորհիւ մենք հնարաւորութիւն չունենք սրանց մի աւելորդ օր անգամ կերակրելու:
Ես սրանց բաց թողնել, յանձնել աշխարհի չորս քամիներին չեմ կարող, որովհետեւ իրենք էլ` գերիները չեն թաքցնում, որ եթէ ընկան Ադրբեջան` այնտեղ նրանց նորից կը զինեն եւ կ՛ուղարկեն Ղափանի դէմ: Վերջապէս` այլեւս ինչո՞ւ եմ կռւում, երբ ստիպուած պիտի լինեմ վերցրածս գերիներին (ամբողջ գնդեր) բաց թողնելու»:
* * *
Գարեգին Նժդեհի ռազմական յաջող գործողութիւնները նպաստեցին տարբեր ուղղութիւններով հայկական ուժերու յառաջխաղացքին:
Պօղոս Տէր Դաւթեանի հրամանատարութեան տակ գործող հայկական ուժերը Վայոց Ձորէն յարձակման անցան եւ գրաւեցին Սիսիանի մեծ մասը:

Արցախի եւ Սիւնիքի մէջ կեդրոնացած տասնմէկերորդ կարմիր բանակի 28-րդ բաժանմունքի հրամանատար զօրավար Նիկիֆոր Նեստերովսկի 14 հոկտեմբերի գաղտնի գրութեան մէջ կը նշէր, որ Զանգեզուրի մէջ եղած քանի մը գունդերու հետ կապը ամբողջութեամբ կտրուած է: Գրութեան մէջ կը նշուէր. «Համարեա ամբողջ Զանգեզուրի մէջ ապստամբութիւն բռնկած է: Ապստամբած հայերը գրաւած են Անգեղակոթ-Ղարաքիլիսան, ամբողջ Ղափանի շրջանը եւ Օխչի չայի ու Մեղրի չայի աւազանները: Նիւվադի գիւղի շրջանին մէջ գործող 25 2-րդ հրացանաձիգ եւ Կովկասեան երկրորդ գունդին հետ կապը խլուած է»:
Բոլշեւիկները չէին կրնար համակերպիլ ծանր պարտութեան հետ, հետեւաբար անմիջապէս ձեռնամուխ եղան հակայարձակման: Նեստերովսկիի հրամանով մարտական գործողութիւններուն պէտք է մասնակցէին 83-րդ զօրամիաւորման երեք եւ 84-րդ զօրամիաւորման երկու գունդերը:
Նեստերովսկի զօրքերուն կը հրահանգէր խուսափիլ մարդասիրական միջոցներէ:
Մարտական հրահանգին մէջ կ՛ըսուէր. «Պէտք է դաժան ըլլալ ապստամբ բնակչութան հետ, որպէսզի անիկա զգայ բանուորական բռունցքին թափը: Դիմադրողները գերի չվերցնել եւ կենդանի բաց չձգել ոչ մէկ հրոսակ: Եթէ հանգամանքները կը ստիպեն` կանգ չառնել ամբողջ գիւղեր աւերելու առջեւ, յիշելով այն, որ աններողամտութիւնը եւ դաժանութիւնը, մանաւանդ Կովկասի մէջ, լաւ հետեւանքներու կը հասցնէ»:
Զօրավար Նիկիֆոր Նեստերովսկի մասնակցած էր Ազրպէյճանի մէջ խորհրդային կարգերու հաստատման եւ եղած էր Պաքուի կայազօրին հրամանատարը: 1920 յունիսին ան իր զօրքերով տեղափոխուած էր Ղարաբաղ:
Նեստերովսկի յոյս ունէր դաժան մի ջոցներով ճնշել հայոց դիմադրութիւնը եւ Ղարաբաղէն Զանգեզուր անցաւ, անձամբ վարելու համար մարտերը:
Զօրավար Նիկիֆոր Նեստերովսկի
Հայկական բանակի ինքնաթիռներ
Հայկական բանակի միաւորներ
Շուշիի